Կինը ծաղի՞կ, թէ՞ ծաղիկ նուիրելու էակ

Cropped shot of a woman holding a bouquet of flowers in front of her face

Լիւսի Տէօքմէճեան, Երևան, 28 ապրիլ 2025

Կանանց նուիրուած տօները կեանքի, սիրոյ, գեղեցկութեան ու ստեղծագործութեան շարունակականութեան խորհուրդը ունին։ Այս խորհուրդը Հայաստանի մէջ վերածուած է ամբողջ ամիս մը երկարող տօնակատարութեան, որ կը կոչուի Կանանց միամսեակ:

Միամսեակի սկիզբը կ’ազդարարուի Մարտ 8-ին՝ Կանանց միջազգային օրը։ Եթէ աշխարհի մէջ այդ օրը հիմնականին մէջ կ’ընդգծէ կանանց իրաւունքները, ձեռքբերումներն ու հասարակական դերը, ապա Հայաստանի մէջ այդ տօնը ձեռք բերած է աւելի ջերմ ու ընտանեկան երանգ՝ դառնալով սիրոյ եւ յարգանքի արտայայտման իւրօրինակ առիթ։ Այս գեղեցիկ, տօնական փուլը իր աւարտին կը հասնի Ապրիլ 7-ին, երբ Հայ առաքելական եկեղեցին կը նշէ Մարիամ Աստուածածնի Աւետման օրը։ Այդ օրը հռչակուած է մայրերու եւ մայրութեան բերկրանքն սպասող կիներու օրհնութեան օր՝ արժեւորելով մօր կերպարը եւ կանանց առաքելութիւնը որպէս կեանք պարգեւողներ։ Այս երկու օրերուն երկար հերթեր կը գոյանան նամանաւանդ ծաղկավաճառներուն մօտ ու տղամարդիկ կարծես իրարու հետ կը մրցին, թէ ո՞վ ամենամեծ փունջով ծաղիկը պիտի նուիրէ իր կնոջ, սիրուհիին եւ/կամ նաեւ մօր:

Այս նախաբանը կու տայ այն գեղեցիկ տպաւորութիւնը, թէ Հայաստանի մէջ կինը անչափ գնահատուած ու յարգուած է: Բայց դժբախտաբար, իրականութիւնը այդքան ալ սիրուն պատկեր մը չի պարզեր: Կայ խտրականութիւն կանանց նկատմամբ, դեռ աւելին՝ կայ բռնութիւն: Եւ այնպէս չէ որ այս դէպքերը կ’արձանագրուին հանրապետութեան «յետամնաց» մարզերուն մէջ միայն. անոնք կան նաեւ մայրաքաղաք Երեւանի մէջ: Շատեր սեղաններու շուրջ կանանց մասին զարդարուն խօսքեր կ’ըսեն եւ կենացներ կը խմեն, բայց իրական կեանքին մէջ ճիշդ հակառակ վերաբերմունքը ցոյց կու տան իգական սեռին նկատմամբ:

Եթէ խօսելու ըլլանք խտրականութեան մասին, կանայք շատ յաճախ բարդութիւններ կ’ունենան թէ՛ աշխատանքի ընդունուելու ժամանակ, թէ՛ աշխատավայրին մէջ յառաջխաղացման, թէ՛ յղիութեան եւ ծննդաբերութեան պարագային աշխատատեղը պահպանելու համար։ Պատկերը տարբեր չէ նաեւ տան մէջ, ուր առաջին ու վերջին խօսքը տղամարդուն է, քանի որ այդ «կին արմատը» կը գտնուի հաւանաբար երրորդ կարգի վրայ՝ երկրորդ տեղը զիջելով սկեսուրին: Կան կանանց վերաբերեալ կարծրատիպեր, որոնց պատճառով կանայք բաւարար մասնակցութիւն չեն ունենար որոշումներու կայացման։ Կարծրատիպերն են նաեւ կանանց նկատմամբ բռնութեան նպաստող հիմնական գործօններէն մէկը։

Հասարակական կեանքի մէջ այնքան շատ են կիներու դէմ կիրառուած անարգանքի եւ բռնութեան օրինակները, որ պահ մը ապշած կը մնաս մեր ազգին մէջ այսպիսի վերաբերմունքի առկայութենէն: Եթէ միայն նկատի առնենք լրահոսին մէջ յայտնուած լուրերը, պիտի նկատենք, թէ մէկ շաբաթի կտրուածքով քանի՜-քանի՜ բռնութեան դէպքեր կատարուած են կիներու դէմ: Անոնցմէ ոմանք կը պատահին ոչ թէ որովհետեւ «զոհ»ը կին է, այլ որովհետեւ տուեալ տղամարդուն կինն է եւ տղամարդը ինքզինքին բացարձակ իրաւասութիւն կու տայ կնոջ հետ վարուելու ըստ իր «հայեցողութեան»: Մարմնական եւ խօսքային ճնշումներն ու բռնարարքները հասած են ընդհուպ մինչեւ սպանութեան հասնելու աստիճանին:

Ընտանեկան բռնութիւնը յաճախ կը դիտարկուի որպէս բացառապէս ընտանեկան խնդիր, իսկ հասարակութիւնը կը համարէ, որ ան պէտք է լուծուի ընտանիքէն ներս: Այս մօտեցումը կիները կը դարձնէ աւելի խոցելի, քանի որ բազմաթիւ ընտանիքներու մէջ կնոջ կարծիքը կը մնայ անտեսուած, իսկ անոր իրաւունքները պատշաճ պաշտպանութիւն չեն ստանար։

Ըստ Դեկտեմբեր 2024-ին Հայաստանի մէջ իրականացուած հարցախոյզի մը՝ մասնակիցներուն 35,7%-ը կը կարծէ, թէ ընտանիքը պահպանելու համար՝ կինը պէտք է հանդուրժէ բռնութիւնը, իսկ 27,7%-ը կը գտնէ, որ «կինը արժանի է ծեծի»։ Ըստ ոստիկանութեան տուեալներու, ընտանեկան բռնութեան արձանագրուած դէպքերուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը մարմնական բնոյթի է, եւ այդ դէպքերուն 2/3-րդը չէ յանգած քրէական գործերու յարուցման, տուժած կողմի բողոքի բացակայութեան պատճառով:

Հարկ է նշել, որ բռնութեան ձեւաւորումը պայմանաւորուած է բազմաբնոյթ գործօններով՝ կրթութեան ցած մակարդակը, ծնողներու միջեւ բռնութեան ականատես ըլլալը, երեխաներու նկատմամբ ոտնձգութիւնը, քանի մը զուգընկերներու առկայութիւնը կամ զուգընկերոջ անհաւատարմութեան կասկածը, ալքոհոլի գործածումը, տղամարդոց «արտօնեալ», իսկ կանանց ստորադաս կարգավիճակ տուող հասարակական կանոնները։

Ներկայացուածները յստակ պատկերացում կու տան, թէ Հայաստանի մէջ մեծ անհրաժեշտութիւն կայ բռնութիւններու կանխարգիլման համար կազմակերպել հանրային քարոզարշաւներ, որոնք կը քանդեն բռնութիւնը արդարացնող կարծրատիպերը։ Երիտասարդներու մէջ սեռային կրթութեան ընդհանուր ծրագրերու շրջանակներուն մէջ պէտք է իրականացուի սեռերու միջեւ հաւասարութեան սկզբունքին վրայ հիմնուած քարոզչական աշխատանք։

Ճիշդ է, մենք կը խօսինք Հայաստանի մասին, բայց այս չի նշանակեր որ աշխարհի այլ երկիրներու մէջ նման երեւոյթներ չկան կամ շատ տարբեր է պատկերը: Պարզապէս մենք հետաքրքրուած ենք մեզմով եւ ամէն առիթով կինն ու անոր դերը արժեւորելով: Պէտք է բոլորին մէջ փոխել կանանց նկատմամբ քարացած կարծրատիպերը եւ կին էակը դիտարկել ոչ միայն որպէս իր հօր, եղբօր կամ ամուսինին հրահանգներուն ենթարկուող, տան գործերը անթերի կատարող, ընտանիքին մէջ անկարեւոր դեր ունեցող անհատ, որ «բնական» է եթէ ենթարկուի անարգանքի ու ծեծի:

Միւս կողմէ կը տեսնենք, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ իգական սեռին կը վստահուին պետական նոյնիսկ բարձր պաշտօններ, ինչպէս առողջապահութեան, կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի, արդարադատութեան, ներքին գործերու նախարարութիւնները, գլխաւոր դատախազի, մարդու իրաւունքներու պաշտպանի եւ Արտաքին հետախուզութեան ծառայութեան ղեկավարի պաշտօնները, ինչ որ միայն գովելի երեւոյթ է: Գնահատելի է որ Հայաստանի իշխանութիւնները կը հաւատան իգական սեռի կարեւոր դերակատարութեան պետականաշինութեան մէջ, հետեւաբար, կը խթանեն կանանց դերը հասարակական ու քաղաքական կեանքին մէջ, որ, վստահաբար, իր դրական ազդեցութիւնը պիտի ունենայ հասարակութեան մէջ կանանց արժէքի բարձրացման վրայ:

***

Կինը միայն տօնական օրերուն ծաղիկ նուիրելու համար ծնած էակ չէ: Կինը ծաղիկ մըն է ոչ միայն իր գեղեցկութեան, այլեւ իր դիմացկունութեան եւ իւրայատկութեան համար։ Ոմանք կը ծաղկին ջերմութեան մէջ, մինչդեռ ուրիշներ՝ ամենաանպտուղ վայրերու մէջ, բայց միեւնոյնն է, կը ճառագայթեն իրենց հմայքն ու հմտութիւնները։ Կինը, ծաղիկի նման, բնականօրէն կը փայլի՝ իր սրտի մեղմութեան, հոգիի փափկութեան եւ իր էութեան մէջ թաքնուած ուժերուն միջոցով։

Leave a Reply

Comments containing inappropriate remarks, personal attacks and derogatory expressions will be discarded.

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You May Also Like