Պէյրութի մեր վաղեմի գաղափարակից ընկերներէն Մարտիրոսի եւ Ալեքսի միջեւ յաճախ ասպիսի փոխանակումներ կը կատարուին, որոնք երբեմն կը ղրկուին նաեւ մեզի եւ փոխադարձաբար։ Խմբագրութիւնս իրենց արտօնութեամբ յարմար գտաւ վերջինը յանձնել իր ընթերցողներուն ուշադրութեան՝ յետ կարգ մը լեզուական միջամտութիւններու։ ԽՄԲ. 10 Մայիս 2022
Ալե՛քս, յստակեցում մը իմ կողմէս իմ մասիս՝ ընթացիկ հարցերու շուրջ։
Եթէ ոչ 100%, ապա գրեթէ անոր մօտ համաձայն գտնուած եմ քու քաղաքական, հասարակական, ընկերային եւ ազգային խնդիրներու շուրջ եւ տարբեր ցամաքամասերու մէջ ապրելու դատապարտուածներս զիրար լրացուցած ենք։ Այս մասին յուսամ ոչ մէկ կասկած ունիս։ Կրնայ ըլլալ մօտեցումներու մէջ միայն նուրբ տարբերութիւններ ունենանք։ Այդքա՛ն։
Ուրեմն՝
Ա) Կը մնամ այն հաստատ կարծիքին որ Ն.Փ.ն շատ հեռու է ճիշդ մարդը ըլլալէ, որպէս ՀՀ-ի ղեկավար, այդ ուրիշ խնդիր է որ ինչ ինչ լոզունգներով հրապարակ իջաւ, եւ դեռ հարց է ինծի համար, թէ որքանո՞վ իրատեսական էին իր կոչերը՝ տեղի եւ ժամանակի առումով։
Բ) Ինծի քաջ յայտնի են այնպիսի մարդոց կարծիքները, որոնք ԱՌԱՋԻՆ մէկ օրէն պատրաստ գտնուեցան եւ փորձեցին օգտակար ըլլալ իրեն, բայց ինք արհամարհեց եւ իրմէ հեռացուց զանոնք։ Ասիկա թոյլ կու տայ ինծի ըսել՝ թէ ինք ապիկար մըն է եւ անհեռատես մը, կամ «անյայտ» մը։ Ըստ իմ եւ գաղափարակիցներուս կարծիքին, ան քաղաքական հոտառութիւն չունենալով, յեղափոխութեան ալիքներու վրայ բարձրանալով հասաւ հոն, ուր կը գտնուի ինք եւ իր հետ նաեւ մենք՝ ակամայ։
Գ) Պատեհապաշտ մը դարձաւ Ն.Փ.-ն եւ օգտագործեց «էժան» պատրուակներ իր դիրքը ամրապնդելու համար։ Մնաց «գաւառական» եւ «մերոնքական» մտածելակերպի նեղ շրջանակներու մէջ եւ այդ մօտեցումով ալ սկսաւ նշանակել նախարարներ, հրամանատարներ եւ պետական այրեր։
Դ) Եւ որովհետեւ քաղաքագիտական եւ միջազգային հարցերու գծով բոպիկ է ինքը (չեմ մեղադրեր զինք որ առիթ չէ ունեցած), ահրելի սխալներ կատարեց, երբեմն one man show ըրաւ, առանց փորձառուներու հետ նախապէս քննելու, ուսումնասիրելու, քննարկելու, վերլուծելու….
Ե) Ռուսաստանն (ՌԴ) ու մեր թշնամիները օգտագործեցին այս առիթը։
Զ) Ի հարկէ ՌԴ-ական ազդակէն բացի մեր դժբախտութեան մէջ մեծ դեր ունին կռփողական դրամատէրերը – օլիգարխները -, որոնց համար ազգ-մազգ եւ բարոյական սկզբունքներ գրոշի արժէք չունին։ Ասոնք սունկի պէս աճեցան Ա. նախագահի անպատրաստ եւ խիստ զբաղած ըլլալուն պատճառով, բայց յատկապէս Քոչարեանի եւ իրեն յաջորդած վարչակարգերու տարիներուն։ Այդպէս է որ մեր երկրի հարստութիւնները քամիին տրուեցան։ Ուրեմն մեր պայքարը նաեւ դասակարգային է եւ եթէ առիթ ունենամ, անխնայ կը գտնուիմ այսպիսիներու հանդէպ։
Է) Ինչպէս գիտես ԱՄՆ-ը եւ իր լծակները, Արեւմուտքը իմ աչքիս լոյսը չեն – մենք մեր բերանին համը առած ենք շատոնց – միւս կողմէն ալ ՌԴ-ն բազմամիլիարդատէրերը, մանաւանդ Փութլերի (Փութին) տարիներուն անխնայ կողոպտեցին երկիրը, անոնց հետեւեցան նաեւ միւս հանրապետութիւններու նմանօրինակ արկածախնդիր ու անհայրենիք սակաւապետերը։ ԵՐԲԵՔ Փութլերը լրջօրէն չզբաղեցաւ ՌԴ-ն եւ իր արբանեակ երկիրները դեմոկրատականացնելու հարցով, որովհետեւ կը մտածէր ՍՈՎԵՏԻ ՆԱԽԿԻՆ «չինովնիք»ի (պետական քաղքենի պաշտօնեայ) նման, որ շատ տարբեր չէ ցարական «չինովնիք»ներէն։ Է՛հ, այս պայմաններու տակ, ի հարկէ ՆԱԹՕ-ն կ՚օգտագործէ առիթը եւ կը փորձէ ՆԵՐՍԷՆ պայթեցնել։ Արդէն կը յաջողի կարծես։ Ի հարկէ կռուող կողմերն են ՌԴ-ն եւ ՆԱԹՕ-ն՝ a la ամերիկեան երաժշտութեան ու խմբավարութեան տակ։ Կը ցաւիմ որ ՌԴ-ն շատ պիտի կորսնցնէ. մեղք են ռուս ժողովուրդն ալ ուկրաինացիներն ալ։
Ը) Իմ կարծիքով ԱՄՆ-ը կարեւորութիւն սկսած է տալ ՀՀ-ին, հակառակ որ պետականօրէն մենք ընդհանրապէս հեռու կեցանք երկարած ձեռքէն՝ վախնալով որ «քէօթակ» (ծեծ) մըն ալ ուտելէ Կրեմլինէն՝ Ատրպէյճանի գաւազանով։ Եւ այսպէս ետ կը մնանք ու մնացինք զարգացումներէն։ Ատրպէյճանը արդէն սկսած է խլրտումներու նշաններ ցոյց տալ եւ շատ կարեւորութիւն չտալ Կրեմլինին՝ վերջինիս զբաղուածութեան պատճառով։ Իսկ մենք՝ կ՚ուշանանք, ալ չեմ խօսիր այն մասին որ Կրեմլինի հայ սմսեղուկները կ՚ուզեն ճողոպրիլ, փրկել ինքզինքնին՝ իշխանութիւնը զաւթելու գնով։
Թ) Զիս զայրացնողը մեր ազգի (սփիւռք եւ ՀՀ) անասնական անտարբերութիւնն ու «հոգս չէ»ականութիւնն է։
====================
Mardiros jan,
I am so glad for the clarity; you have summarized in points form.