Ռաֆֆի Տուտագլեան, 5 Օգոստոս 2020
Լիբանան անդառնալիօրէն կ’երթայ կործանման ճանապարհով:
Լիբանանի մէկ ոտքը անդունդի մէջ է, եւ բոլորն ալ արդէն կը գիտակցին՝ փրկութիւնը պիտի ըլլայ չափազանց դժուար, գրեթէ անհնար: Սա շատ ցաւալի է մանաւանդ մեզի՝ Լիբանան ծնած եւ մեծցածներուս, ու դեռ Լիբանանի մէջ ապրող հայերուն համար: Տարիներու տքնաջան աշխատանքով ստեղծուած ազգային կառոյցները, որոնք տասնամեակներ շարունակ ամբողջ Սփիւռքի հայկականութեան ամէնօրեայ սնունդը մատակարարեցին, այսօր կը քանդուին մեր իսկ աչքին առջեւ: Հայութիւնը կը գտնուի ծայրայեղ բարդ վիճակի մէջ, եւ տարիներէ ի վեր տնտեսական, ապահովական անյոյս գոյամարտ մըն է որ կը մղէ, իսկ յաղթանակի յոյս արդէն չկայ: Նոյնիսկ խոստումներ բաշխող, յոյս ու հաւատք քարոզող ղեկավարները չեն հաւատար իրենց ըսածներուն եւ կ’անդրադառնան, որ բանը բանէն վաղուց անցած է արդէն:
Մէկ խօսքով, Լիբանան անկումի մէջ է, եւ իւրաքանչիւր լիբանանցի մէկ մտահոգութիւն ունի միայն՝ ինչպէ՛ս փրկուիլ այս դժոխքէն: Տիւ ու գիշեր փրկութեան մասին կը մտածեն լիբանանահայ մեր եղբայրներն ու քոյրերը, որոնց մեծամասնութիւնը, երկրի տնտեսական-ֆինանսական ճգնաժամին պատճառով, զրկուած է իր նիւթական հնարաւորութիւններէն: Հանապազօրեայ հաց ճարելը արդէն կենաց-մահու պայքար է շատ-շատերու համար:
Լիբանանահայերէն շատեր, առաջին իսկ պատեհ առիթով, պիտի հեռանան իրենց ծննդավայր Լիբանանէն: Արեւմտեան երկիրներու քաղաքացիութիւն ունեցողները պիտի մեկնին Եւրոպա կամ Ամերիկա ու Գանատա: Ոմանք արդէն տուն գնած են Հայաստանի մէջ եւ պիտի գան Հայրենիք: Կայ մեծամասնութիւն մը սակայն, որ չի գիտեր ի՞նչ ընէ, ինչպէ՞ս ապրի, ո՞ւր երթայ: Այս մեծամասնութիւնը խօսք ու խոստում լսելէ յոգնած է վաղուց եւ փրկութիւն կ’ակնկալէ իր ղեկավարութենէն, լիբանանահայ գաղութի հոգեւոր ու քաղաքական ղեկավարներէն:
Իսկ հիմա, այս ղեկավարներուն համար, վճռական որոշում առնելու պահն է: Անձնական եւ նեղ-կուսակցական շահերէ անդին՝ անվախ եւ համարձակ որոշում առնելու պահը, այո՛, ՀԻՄԱ՛ է: Լիբանանահայութեան ճակատագրին վրայ ամէնէն շատ ազդեցութիւն ունին Հայ Եկեղեցին եւ քաղաքական կուսակցութիւնները: Իսկ անոնցմէ կ’ակնկալուի ամենախիզախ, ամենաանշահախնդիր եւ ամենահայանուէր որոշումի կայացում: Թողե՞լ, որ հայութիւնը մաշի Լիբանանի մէջ կամ հեռանայ դէպի այս ու այն երկիր՝ անկազմակերպ ու ինքնագլուխ, թէ՞ համարձակութիւնն ունենայ ընդունելու Լիբանանի տապալումը եւ համատեղ ջանքերով հայութեան համար ՆԵՐԳԱՂԹ կազմակերպել դէպի Հայաստան: Ընդունի՞լ հայերու Լիբանանէն դէպի Արեւմուտք արտագաղթը, թէ՞ Հայաստանի իշխանութիւններուն հետ սերտ գործակցութեամբ ՀԱՅՐԵՆԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆ կազմակերպել նախ Լիբանանի, յետոյ Միջին Արեւելքի միւս գաղութներուն համար: 1975-ին, երբ Լիբանանի մէջ քաղաքացիական պատերազմն սկսաւ, հայկական գաղութին ղեկավարները Լիբանանէն արտագաղթը չքաջալերելու որոշում կայացուցին ո՛չ միայն որովհետեւ չէին ուզեր դատարկել գաղութը, այլեւ կը հաւատային, որ հայութիւնը պէտք չէ հեռանայ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՀԱՅՐԵՆԻՔի մօտիկ երկիրներէն:
Այսօր լիբանահայութիւնը հացի եւ ջուրի չափ կարիք ունի նաեւ խիզախ, անշահախնդիր, իւրաքանչիւր հայի ճակատագիրը փրկելու վճռականութեամբ լեցուած ղեկավարներու:
Իսկական ղեկավարները անոնք են, որոնք տագնապի ու ճգնաժամի պահուն խիզախ, համարձակ եւ նոյնիսկ անսովոր որոշումներ կը կայացնեն եւ իրենց կեանքի՛ն գնով կը պայքարին այդ որոշումներուն իրականացման համար:
Այո՛, այսօր լիբանանահայութիւնը պէտք ունի խիզախ եւ քաջ որոշումներ տուող, հայութեան ՓՐԿՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆի մէջ տեսնող հոգեւոր եւ քաղաքական ղեկավարներու:
Սա՛ է պահու հրամայականը: Սա՛ է ղեկավարութեան՝ ամենապատասխանատու մակարդակին վրայ բարձրանալու եւ ժողովուրդը դէպի Հայրենիք առաջնորդելու անյետաձգելի պահը: