Դոկտ. Աբէլ քհնյ. Մանուկեան, Ժընեւ, 28 հոկտ. 2023
… Ո՞ր օրէնքն է, որ կրնայ կարգաւորել Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Հայց. առաք. սուրբ եկեղեցւոյ յարաբերութիւնները։ Կա՞յ արդեօք այդպիսի օրէնք մը։ ՀՀ սահմանադրութիւնը այս մասին ոչինչ կը բնորոշէ։ Այլ խօսքով՝ սահմանուած չէ օրէնք մը, որ կը ճշդէ պետութիւն եւ եկեղեցի յարաբերութեան ձեւաչափերն ու գործընթացը։
Այս ուղղութեամբ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի որոշումով եւ Գարեգին Բ. կաթողիկոսի գործակցութեամբ` 3 մայիս 2019 թուականին կը կայանայ աշխատանքային մասնաւոր յանձնախումբի մը առաջին նիստը՝ կարգաւորելու համար պետութիւն եւ եկեղեցի փոխյարաբերութիւնները։ «Հրապարակ» թերթը այս մասին կը հաղորդէ.
«Յունուարի 29-ին հրապարակուեց ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի որոշումը, որով ստեղծւում է աշխատանքային խումբ՝ կարգաւորելու համար պետութեան եւ Հայ առաքելական եկեղեցու միջեւ յարաբերութիւններում առաջ եկած խնդիրները։ Որոշման մէջ մասնաւորապէս ասւում է. «Ղեկավարուելով «Կառավարութեան կառուցուածքի եւ գործունէութեան մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքի 7-րդ յօդուածի 16-րդ մասով՝ ստեղծել Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցու յարաբերութիւններին առնչուող հարցերով աշխատանքային խումբ եւ հաստատել դրա անհատական կազմը՝ համաձայն յաւելուածի»:
Մայր Աթոռը, ի դէմս իր խօսնակ Վահրամ քահանայ Մելիքեանի, արդէն հասցրել է ողջունել այդ յանձնաժողովի ստեղծումը` հետեւեալ յայտարարութեամբ. «Ողջունելի է ՀՀ իշխանութիւնների յանձնառութիւնը Ազգային եկեղեցու առջեւ ծառացած հարցերին լուծումներ գտնելու հարցում յանուն մեր ազգային ու հոգեւոր զարթօնքի։ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրամանով յունուարի 29-ին ստեղծուած աշխատանքային խումբը ձեւաւորուել է Ամենայն հայոց կաթողիկոսի եւ ՀՀ վարչապետի քննարկումների արդիւնքում` փոխադարձ համաձայնութեամբ։ Վստահ ենք, խմբի աշխատանքը, Աստծոյ կամօք, կը նպաստի եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւնների առաւել արդիւնաւէտ ծառայեցմանը մեր հայրենիքի եւ աշխարհասփիւռ ժողովրդի շահերին»։
Սոյն յայտարարութեան առնչութեամբ «Հրապարակ» թերթը կը նշէ.
«Առաւել ստանդարտ եւ ոչինչ չասող յայտարարութիւն երեւի թէ դժուար կը լինէր պատկերացնել»։
Արդարեւ, ի՞նչ արդիւնքներու հասաւ այս յանձնաժողովը, կամ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցիին յարաբերութիւններուն առնչուող հարցերով ան ինչպիսի՞ օրինակարգ մը կրցաւ ապահովել՝ դժուար է ըսել։ Այսօր մէկ իրողութիւն կարելի է հաստատել, որ պետութիւն եւ եկեղեցի փոխյարաբերութիւնները, նաեւ գործակցութիւնը կը գտնուին ամենավատ եւ լարուած վիճակի մը մէջ։ Դժբախտաբար, Հայաստանի մէջ ստեղծուած արտաքին եւ ներքաղաքական պառակտուած կացութիւնը եւ Արցախեան Բ. պատերազմին չարաբաստիկ աղէտը միանգամայն չնպաստեցին պետութիւն եւ եկեղեցի յարաբերութիւններու կայացման, այլ ընդհակառակը՝ ստեղծեցին խիստ լարուած, չըսելու համար «թշնամական» իրավիճակ մը։
Պարագան ի՛նչ ալ ըլլար, արդեօ՞ք կաթողիկոսը Արցախեան 44-օրեայ պատերազմին վերջ դրած զինադադարէն գրեթէ ամիս մը ետք՝ 8 դեկտեմբեր 2020 թուականին, պէտք է պահանջէր ՀՀ վարչապետին հրաժարականը։ Մի՞թէ ան ունի նման իրաւալիազօրութիւն մը, որ արձանագրուած է ՀՀ սահմանադրութեան կամ թէկուզ եկեղեցական որեւէ կանոնագիրքի մը մէջ։ Ըսել, թէ հայրենիքի եւ հայ ժողովուրդի գոյութեան վերաբերող հարցեր եկեղեցիին եւ անոր ընդմէջէն եկեղեցւոյ վերնախաւին կամ ուղղակի կաթողիկոսին ալ կը վերաբերին՝ բաւարար չէ։ Նման պատասխանատու քայլ մը պէտք է անպայման օրինական հիմք ունենայ, որուն համար գոյութիւն ունին ՀՀ նախագահ, Հայաստանի Ազգային ժողով, ժողովրդավարական կարգեր, ընտրութիւն կազմակերպելու եւ ատոր միջոցաւ Հայաստանի քաղաքացիներուն կամքը արտայայտելու օրինակարգ եւ այլն։ Հարց պէտք է տալ՝ Հայաստան կը ներկայացնէ բացարձակ միապետութի՞ւն մը, կրօնապետութի՞ւն մը, թէ, – իր բոլոր թերութիւններով հանդերձ,– սահմանադրական պետութիւն մը։ Կը կասկածիմ, եթէ եկեղեցին հոգեւոր-բարոյական ոլորտէն բացի` իրաւասութիւնը ունենայ վերոնշեալ օրինաչափութենէն վեր ինքզինքին վերապահելու զուտ քաղաքական հանգամանք ունեցող լիազօրութիւն մը։
Եկեղեցիին հեղինակութիւնը միանշանակ հոգեւոր-բարոյական հանգամանք ունի՝ «սէր սերմանելու հոն, ուր ատելութիւն կայ, ներում շնորհելու հոն, ուր վիրաւորանք կայ, միութիւն բերելու հոն, ուր տարակարծութիւն կայ, ճշմարտութիւն բացայայտելու հոն, ուր սխալ կայ, հաւատք ներշնչելու հոն, ուր կասկած կայ, յոյս տալու հոն, ուր յուսահատութիւնը կ’ընկճէ, լոյս սփռելու հոն, ուր խաւարը կ’իշխէ, մխիթարութիւն բերելու հոն, ուր տրտմութիւնը արցունք կը քամէ»։
Եկեղեցին կուսակցութիւն մը չէ, որ կողմ բռնէ։ Կաթողիկոսը զգուշ պէտք է ըլլայ կամայ թէ ակամայ դառնալու կուսակցապետ մը։ Կաթողիկոսին առաջին եւ կարեւորագոյն յատկանիշը իր հայկազուն հօտին հոգեւոր հայր ըլլալն է, անոր համար ալ ան կը կոչուի «հայրապետ»։ «Հայր» եւ «պետ» գոյականներէն կազմուած այս բառակապակցութիւնը պէտք չէ սահմանափակել լոկ եկեղեցական հայրերուն պետը ըլլալու դրութեամբ, այլ բոլոր այն հաւատացեալներուն, որոնք անդամ կը նկատուին Հայց. առաք. սուրբ եկեղեցիին։ Այլապէս ան կը կորսնցնէ իր զաւակներուն միջեւ հօր մը հաշտարար դերակատարութիւնը եւ ազգին կողմէ իրեն վստահուած արժանահաւատ բարձրագոյն հեղինակութիւնը։
Այսօրուան վիճակով, մեր շատ մը պակասներու կարգին, կարեւորագոյններէն մին՝ արժանահաւատ հեղինակութեան մը հաշտարար գործին եւ պատկառազդու խօսքին էական կարիքն ունէինք, ներքաղաքական պառակտուած եւ հակոտնեայ կիրքերէ հրկիզուած դաշտին վրայ հայրական սէր եւ գուրգուրանք ցօղելու։ Այս առնչութեամբ ինչքան յատկանշական է, որ Հռոմէական կաթողիկէ եկեղեցւոյ քահանայապետին՝ Հռոմի պապին բարձրագոյն տիտղոսը՝ «pontifex maximus» է, որ բառին բուն իմաստով ոչ այլ ինչ՝ քան գերազանցապէս «ամենամեծ կամուրջ ստեղծող» կամ «ամենամեծ կամուրջ կառուցող» կը նշանակէ։ Իւրաքանչիւր ճշմարիտ հոգեւորական իր ծառայական առաքելութեան մէջ պէտք է, որ այս կոչումը կրէ, որպէս մարդկային յարաբերութիւններու մէջ կամուրջ կառուցող, հեռաւորութիւններ իրարու մօտեցնող, տարաբնոյթ բազմազանութիւններուն եւ այլազանութիւններուն մէջ միութիւն եւ ներդաշնակութիւն ստեղծող։ Ներկայ ժամանակներու մեր իրականութեան մէջ այս կարեւորագոյն բացը լրացնելու հանգամանքն ու պատասխանատւութիւնը Ամենայն հայոց կաթողիկոսին վերապահուած էր, իբրեւ անկողմնակալ եւ կուսակցական հատուածականութիւններէ վեր՝ հաղորդակցութիւն եւ միութիւն ստեղծող հոգեւոր-բարոյական հեղինակութիւն մը։ Դժբախտաբար, ան կորսնցուց այս բախտորոշ առիթը՝ առաւել քան սնանկացնելով եկեղեցիին քրիստոնէական առաքելութեան եւ ծառայական հեղինակութեան դարաւոր կալուածը։
Պետութիւն եւ եկեղեցի յարաբերութիւնները կարգաւորելու հարցով նաեւ պէտք է նկատի ունենալ այն կարեւորագոյն հիմնախնդիրներէն մէկը, որ բոլոր կրօնական կազմակերպութիւններն ու եկեղեցիները առանց բացառութեան, ներառեալ Հայց. առաք. սուրբ եկեղեցին, պէտք է անպայման ներգրաւուին հարկային դաշտին մէջ։ Սակայն սոյնը ծաւալուն եւ առանձին նիւթ մըն է, որուն հանդէպ այլազան մօտեցումներ ցուցաբերած են պետական մարմիններն ու եկեղեցին, եւ այս նիւթին շուրջ լայնօրէն անդրադարձած է հայ մամուլը։ Բայց եւ այնպէս առկայ հիմնախնդիրը ցայսօր կարգաւորուած չէ, եւ այս ալ մեր շատ մը անորոշութիւններու շարքին վերջնական հանգուցալուծումի մը կը կարօտի։
Յաւարտ բանիս, կ’արժէ այստեղ անգամ մը եւս տալ հարցումը. ինչպէ՞ս է կարգաւորուած Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Հայց. առաք. սուրբ եկեղեցիին միջեւ փոխյարաբերութիւնը։ Փաստօրէն` պետութիւնը եւ եկեղեցին, ըստ ՀՀ սահմանադրութեան, իրարմէ անջատ են։ Պետութիւնը կը ճանչնայ Հայ եկեղեցիին ունեցած բացառիկ առաքելութիւնը հայ ժողովուրդի հոգեւոր կեանքին, առանձնապէս անոր դերակատարութիւնը ազգային մշակոյթի զարգացման եւ ազգային ինքնութեան պահպանման գործին մէջ, սակայն ցայսօր տակաւին ամենեւին ճշդուած չէ, թէ ի՞նչ օրինակարգով կամ ո՞ր օրէնքով կը կարգաւորուին Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Հայ եկեղեցիին միջեւ յարաբերութիւնները։