ԱԶԳԱՅԻՆԻ ՄԻՋՈՑՈՎ՝ ԴԷՊԻ ՀԱՄԱՄԱՐԴԿԱՅԻՆԸ. ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ՏՈՔԹՈՐ ՄԿՐՏԻՉ ՏԱՐԱԳՃԵԱՆԻ ՀԵՏ

Բժիշկը՝ նաեւ արուեստագէտ

Հարցազրոյցը վարեց Էլօ Հերկելեան, 10 Սեպտեմբեր 2020

Մոնթրէալաբնակ յայտնի բժիշկ Մկրտիչ Տարագճեան արդէն իսկ կայացած քանդակագործ է: Անոր տարբեր բնոյթի քանդակները մեծապէս գնահատուած են եւ հանգրուանած տարբեր թանգարաններու մէջ, ինչպէս Երեւանի մէջ Արամ Խաչատրեանի ու Շարլ Ազնաւուրի եւ Սարտարապատի ազգագրական թանգարաններուն մէջ: Այնուամենայնիւ ի մասնաւորի գնահատուած են անոր դիմաքանդակները, որոնց կարեւոր մէկ մասը վերածուած է յուշարձաններու եւ զետեղուած Հիւսիսային Ամերիկայի տարբեր քաղաքներու մէջ, ինչպէս Եուսուֆ Քարշի, Արմէն Գարոյի ու Կոմիտասի դիմաքանդակները համապատասխանաբար Օթթաուայի, Ուաշինկթոնի եւ Մոնթրէալի գլխաւոր հրապարակներուն վրայ:

Այս շարքին վերջինը Կոմիտասի կիսանդրիի բացումն էր Մոնթրէալի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ՝ հայ նոր երգարուեստի հիմնադրի ծննդեան 150-ամեակին առթիւ (Կոմիտաս ծնած է 1869-ին՝ Կուտինա/Քէօթահիա – խմբ.): Կիսանդրիի բացման զուգահեռ բացուեցաւ նաեւ Տարագճեանի՝ 20 հայ երեւելիներու դիմաքանդակներու ցուցահանդէսը Մոնթրէալի Համազգայինի «Կոնճեան» սրահին մէջ: Յիշելու համար քանի մը անուն՝ արձանագրենք. Կոմիտաս, Արշիլ Կորքի, Դանիէլ Վարուժան, Շարլ Ազնաւուր, Արամ Խաչատրեան:

Իր տեսակին մէջ իւրայատուկ այս ցուցահանդէսին ու Կոմիտասի կիսանդրիի յղացման մասին հարցազրոյց մը ունեցանք տոքթ. Տարագճեանին հետ, զոր կու տանք ստորեւ:

Ձեր արուեստը գեղանկարչութեամբ սկսած էք, քանդակին անցումը ինչպէ՞ս եղաւ:

Փոքր տարիքէս յատուկ սէր ունեցած եմ նկարչութեան հանդէպ: Մանկապարտէզի գիրքիս լուսանցքին վրայի գծագրութիւններս ուսուցչուհիներուս ուշադրութիւնը գրաւած են: Տնօրէնուհին ծնողքիս թելադրած էր զիս արուեստի դասերու արձանագրել: Հալէպի Հ. Բ. Ը. Մ.ի Սարեան Արուեստի Ակադեմիայի մանուկ աշակերտը դարձայ կարճ ժամանակուայ համար:

Դասարանի կաւիճները տաշելով՝ փոքր քանդակներ կը պատրաստէի եւ դասընկերներուս բաժնելով՝ զանոնք կ’ուրախացնէի:

Կը յիշէ՞ք Ձեր կերտած առաջին քանդակը. ե՞րբ էր, ի՞նչ թեմա կը շօշափէր:

Քանդակի լուրջ գործ մը առաջին պատրաստելս տասնամեակներ վերջ պատահեցաւ: Մեր տան դաշնամուրին վրայ հայ երաժիշտի մը քանդակը պատրաստելու ծրագրիս արդիւնքն եղան Սայեաթ Նովայի եւ Կոմիտասի կիսանդրիները: Նաեւ փորձեցի նկարչութիւնն ու քանդակը միատեղել՝ ինչպէս Հայաստանի մէջ քրիստոնէութիւնը պետական կրօն հռչակելու 1700-ամեակի գործս, որ չորս պաստառներու համադրում մըն է՝ մէջտեղը տեղադրուած քանդակով:

Ձեր քանդակները ընդհանրապէս համամարդկային հարցեր եւ իրավիճակներ կը ներկայացնեն եւ փիլիսոփայական որոշ խորք ունին: Կրնա՞ք խօսիլ Ձեր ներշնչման աղբիւրներուն եւ նիւթերու ընտրութեան մասին:

Ինքզինքս յանձնառու արուեստագէտ կը նկատեմ: Գործերս ազգայինի միջոցաւ նաեւ համամարդկային արժէքներ կը դաւանին: Այո՛, ամէն գործ պէտք է մարդկային իրավիճակ ներկայացնելով փիլիսոփայական խորք մը ունենայ, այլապէս պարզ զարդարուեստ կը դառնայ:

Քանդակներու նախագիծը մտքիս մէջ կը ծնի, ապա կը զարգանայ: Քանդակները կը սկսիմ կերտել առանց գծագրական նախագիծ մը ունենալու: Յաճախ քանդակը ինքնին ինծի որոշ ուղղութիւն կու տայ, ինչպէս անուշադրութեանս պատճառով ջարդուած Սայեաթ Նովայի կիսանդրին, որ աւարտեցաւ սազը անոր գլխուն յենարանը դառնալով: Այս մօտեցումը սկսաւ գերիշխել գործերուս մէջ: Առհասարակ, իրենց կառոյցով, քանդակներս ամբողջական չեն, բայց դիտելով՝ ամբողջական կ’երեւան: Ըսածիս վկայութիւնն է ցուցահանդէսներէս մէկուն այցելուի մը գրառումը՝ «I am not missing the missing parts»:

Նկատելի է որ Ձեր քանդակներուն ոճը դասական չէ. զանոնք կարելի է համարել գերիրապաշտական բնոյթի գործեր, ուր կերպարներու (բնորդներու) ոչ ամբողջական ուրուագծումը բնաւ չի խանգարեր անոնց ամբողջական ընկալման. օրինակ՝ «Ընթերցողը», «Մաէսթրօ», «Սոնաթօ» եւ այլ գործեր:

Ստեղծագործութիւններուս մէջ գերիրապաշտական ոճը կը տիրապետէ: Նպատակս դիտողը հիացնելը չէ միայն, այլ նաեւ զայն ներգրաւելը քանդակի խորհուրդի ընկալման մէջ:

Գեղանկարչութեան մէջ ամէնէն դժուարը դիմանկարի կերտումն է: Կը թուի, թէ Դուք լաւապէս դրսեւորած էք այդ, յատկապէս քանդակներու պարագային. դիմաքանդակներ, որոնք բացարձակապէս կը բնորոշեն բնորդին դիմագիծերը առանց երբեք «լուսանկարչական» մանրամասնութիւններու: Անոնց մէջ առկայ է նաեւ հերոսին նկարագիրը, երբեմն նաեւ մասնագիտութիւնը:

Կ’ուզէի՞ք խօսիլ Ձեր ընտրութեամբ դիմաքանդակի մը մասին ու զայն մեկնաբանել մեր ընթերցողներուն համար:

Դիմանկարին նման, դիմաքանդակը եւս չի փոխարիներ լուսանկարը: Այսօր մարդոց դէմքին կաղապարը հանելու եւ մոմէ թանգարանային արձաններու նման կրկնօրինակը պատրաստելու միջոցներ գոյութիւն ունին: Բայց այս արդէն արուեստ չէ: Յաջող դիմաքանդակը, բնորդին նմանութենէն անդին, պէտք է անոր նկարագի՛րը արտացոլէ: Պէտք է հոն ապրում եւ կենդանութիւն ըլլան: Համաչափութիւնները յարգելը պայման չէ, այլ՝ դիտողին վրայ ձգած ընդհանուր տպաւորութիւնն է կարեւորը:

Դիմաքանդակներու մասին խօսելով չենք կրնար չանդրադառնալ Ձեր յուշակոթողային (մոնումենթըլ) այն գործերուն, որոնք զետեղուած են կարգ մը կարեւոր քաղաքներու հրապարակներուն վրայ: Խօսեցէ՛ք խնդրեմ Ձեր վերջին իրագործումին՝ Կոմիտասի յուշարձանին ու անոր բացման մասին, որ տեղի ունեցաւ վերջերս՝ Մոնթրէալի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ

Իմ կերտած յուշարձաններէս երեքը անհատներու նուիրուած են: Անոնք ունին նոյն լուծումը՝ պատուանդանները պարզ յենարաններ չեն, այլ միաձուլուած են բնորդի մարմնի մասերուն եւ կը ստեղծեն տինամիք վիճակ մը. Օթթաուայի Եուսուֆ Քարշը իր լուսանկարչական գործիքով՝ նկարելու պահին. Ուաշինթոնի մէջ Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան դեսպան Գարեգին Փաստրմաճեանը պատուանդանին վրայ պինդ բռնած է գլխարկը, որու տակէն դուրս եկած է Պանք Օթոմանի պայթուցիկի պատրոյգը, որ կը բնորոշէ նոյն ինքը՝ յեղափոխական Արմէն Գարոն: Իսկ նորագոյն գործիս՝ Կոմիտասի մարմինը սեւ կրանիթեայ պատուանդանն է, որու առջեւէն՝ սքեմի թեւերէն դուրս ելած ձեռքերով երաժշտական արձանագրութեան ոլորուած էջ մը բռնած է: Կոմիտասի ծննդեան 150-ամեակին նուիրուած այս յուշարձանը արդէն ձուլուած էր մէկ տարի առաջ՝ բացումը անոր ծննդեան տարեդարձին օրը կատարելու համար: Բայց չէինք երեւակայեր, որ քաղաքապետարանին հետ գործ ունենալու բարդութիւնները այսքան երկար կրնային տեւել:

Նախ՝ ճամբայ ելանք թոյլտուութիւն խնդրելով հանրապատկան «Հայաստան» զբօսայգիին (Parc de l’Armenie) մէջ տեղադրելու համար: Պատասխան-մերժումը չափազանց անհեթեթ էր. վերջերս նորոյթ դարձած՝ հանրայայտ անձերու հասցէին սեռային ոտնձգութիւններու կամ ցեղապաշտական արտայայտութիւններու ամբաստանութեանց տարափին պատճառով, քաղաքապետարանը արգիլած է անհատներու արձաններ կանգնեցնել… Պուրակին դիմացը մեզի պատկանող հողին վրայ իսկ յուշարձանը կանգնեցնելու արտօնութիւն ստանալը եօթը ամիսէ աւելի տեւեց: Արձանը յաջողեցանք զետեղել 2019-ի Դեկտեմբերին միայն, բայց մնացեալ շրջապատին գործը, նախ ձմեռնային եղանակին, ապա պսակաձեւ ժահրին պատճառով կարելի եղաւ աւարտել անցեալ շաբաթ միայն:

 Զուգահեռաբար բացուած է նաեւ Ձեր կերտած դիմաքանդակներու փունջի մը ցուցահանդէսը Համազգայինի «Կոնճեան» սրահին մէջ: Կերպարի ընտրութեան մէջ մասնաւորապէս ի՞նչն է Ձեզ հրապուրողը՝ անոր ազգային արժէ՞քը, մասնագիտութի՞ւնը, դէմքի արտայայտչականութի՞ւնը, թէ՞ այլ դրդապատճառներ:

Ցուցահանդէսիս բացումը տեղի ունեցաւ Մոնթրեալի Հայ Կեդրոնին մէջ՝ Գանատայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան հովանաւորութեամբ: Այդ հաւաքածոն 23 տարիներու աշխատանքիս արգասիքն է: Հոն ներկայացուած են ականաւոր հայոց 20 դիմաքանդակներ եւ 5 կիսանդրիներու պատկերներ՝ այդ անձերու կենսագրութեանց ընկերակցութեամբ:

Բնորդներուս ընտրութիւնը եղած է տարբեր մղումներով՝ անձնական նախասիրութիւն, արտայայտչական ինքնատիպութիւն կամ հաստատութենէ մը պատուէր: Ինծի համար՝ ամենակարեւորը այդ անհատին արժէքն է եւ անոր ներդրումը մեր ազգային կեանքին մէջ:

Այստեղ ցուցադրուած են նաեւ իմ նոր տիպի գործերս՝ երկչափ քանդակները, որոնք լաւագոյնս կը դիտուին յատուկ լուսաւորումով:

Կարելի է ցուցահանդէսը այցելել առցանց՝   Matterport կապին միջոցով:

Շնորհակալութիւն:

Leave a Reply

Comments containing inappropriate remarks, personal attacks and derogatory expressions will be discarded.

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You May Also Like