Սփի՞ւռք, թէ համայնքներ

Keghart.org, Խմբագրական, 25 Օգոստոս 2022

«Տարբե՜ր ես դուն մեր երազէն. – աւելի՛ լաւ…
Աւելի լա՛ւ կ՚ըսեմ այո՛, անզիղջ, անգութ,…»
(«Ներկայ Հայաստանին», Վահան Թէքէեան, 1933 թ.)

Արդեօք ի՞նչ պիտի գրէր Վահան Թէքէեան ա՛յս օրերուն…Կամ՝ արդեօ՞ք պիտի գրէր այս տողերը։

Արդարեւ, յատկապէս արեան գնով նուաճուած եւ ազատագրուած պատմական հողերու անփառունակ կորուստէն ետք (2020), հայրենի ժողովուրդին չափ անկումային տրամադրութեան եւ ընկճուածութեան մէջ մխրճուած է «սփիւռք» կոչուած այն հայութիւնը, որ Մայր Հողի վրայ չ՚ապրիր զանազան պատճառներով կամ հանգամանքներու բերումով։

Եթէ անցեալին սփիւռքը, որ յատկապէս բաղկացած էր ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայերով եւ անոնց զաւակներով ու թոռներով, այսօր այդ բաղադրութիւնը ի հիմանց փոխուած է եւ կը ներկայացնէ տարբեր պատկեր մը։ Այսօր, առաջին իսկ հարեւանցի հայեացքով դիտելու պարագային՝ «սփիւռք» կոչուածը խայտաբղէտ եւ անղեկ հաւաքականութիւններու հաւաքածոյ մըն է, զոր կը փորձեն ղեկավարել սիրողական մակարդակի մարդիկ՝ աշխարհիկ թէ հոգեւոր։  Ապացո՞յց՝ սփիւռքի անդամալուծուած, բազմաձայն, հակասական եւ իրարամերժ խմբակներէ բաղկացած «եաները» կամ «յաները»։

Չանտեսելով առարկայական պատճառները, կը գտնուինք անմխիթար փաստի մը առջեւ՝ հայ ժողովուրդի բացարձակ մեծամասնութիւնը ոչ միայն իր հայրենի փրկուած տարածքին վրայ չ՚ապրիր, այլ կը միտի լքել «անիծեալ երկիրը» (շատերու բերանէն քաղուած խօսք մը)։

Ռուսական Դաշնութեան մէջ այնքան հայ հաստատուած է որքան կ՚ապրի ՀՀ-ի մէջ։ Հիւսիսային եւ Լատինական Ամերիկաներու, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի համայնքները ուռճացան ո՛չ թէ բնական աճի շնորհիւ, այլ Մայր Հողէն եւ Միջին Արեւելքի հայահոծ ու հայախօս գաղութներէն դուրս եկած հայութեան հաշուին։ Արեւելքի հայութիւնը աւելի լաւ հայ մնալու պայմաններէն փոխադրուած է ֆիզիկապէս եւ տնտեսապէս աւելի նպաստաւոր պայմաններ ունեցող երկրամասեր, բայց հոս տեղի կ՚ունենան այնպիսի գործընթացներ, որոնք հայութիւնը կը հեռացնեն իր արմատներէն «գլխու պտոյտ տուող արագութեամբ»։ Այսպիսով՝ ողջ մնալու բնական  եւ բնազդային պահանջներէն փրկուելով ինկած ենք մեր հայ ինքնութիւնը կորսնցնելու ստոյգ իրականութեան մը գիրկը։ Հայախօսութեան անկումը, խառն ամուսնութիւնները, ազգային կարգ մը աւանդութիւններու մարումը եւ անցեալէն կտրուիլը լաւագոյն ապացոյցերն են մեր ըսածին։

Այս իրականութիւնը քաջ գիտնալով, անցնող տասնամեակներուն մեր ղեկավարութիւնը, մտաւորականութիւնը եւ առանձին անհատներ որոշ յոյս մը կապած էին «մեր երազէն տարբեր, բայց աւելի՛ լաւ» հայրենիքի մը հետ։ Յոյս ունէին, որ անկախացած ՀՀ-ն կամաց-կամաց ապահով հանգրուան մը պիտի ըլլար մեր զաւակներուն եւ թոռներուն համար, որոնք ստեպ-ստեպ հոն երթալով, շաղուելով հողին վրայ ապրող ու ստեղծագործող հասակակիցներուն հետ, պիտի  դառնային հայախօս, կառչէին իրենց արմատներուն եւ ի վերջոյ շատեր հոն պիտի զարգացնէին իրենց տաղանդը…

Սակայն «տան հաշիւները շուկային մէջ չբռնեցին»։ Հիմա նորէն շուարած, անճրկած, հարցական, սպասողական ու անտարբեր վիճակի մը մատնուած կը թուինք ըլլալ։ Հիմա նորէն պէտք է նոր ուղիներու եւ ռազմավարութիւններու դիմենք, նոր ծրագրումներու մասին մտածենք եւ դարձեալ երգենք «սփիւռքի կեանքը քիչ մը աւելի երկարացնելու» հին երգը։

Հոս նորէն կը ծագի «հայ սփիւռք» կոչուածը սահմանելու խնդիրը, որովհետեւ տարբեր ցամաքամասերու մէջ, նոյնիսկ նոյն ցամաքամասի տարբեր երկիրներու, մինչեւ իսկ նոյն երկրին   մէջ գոյացած են այնպիսի գաղութներ ու համայնքներ, որոնք,  բացի քանի մը նմանութիւններէ, կը պարզեն նաեւ զգալի տարբերութիւններ եւ առանձնայատկութիւններ։ Մեր կարծիքով պէտք է աշխատիլ նմանութիւններու վրայ հիմնուելով հասարակ յայտարարներ գտնելու ուղղութեամբ։ Այս առումներով հետեւեալները կը յանձնենք հայութեան ուշադրութեան, յուսալով որ սկիզբ կ՚առնէ առողջ եւ կառուցողական երկխօսութիւն մը սփիւռքի տարբեր գաղութներու տարբեր հոսանքներու եւ շահագրգիռ կողմերու միջեւ։

ա) Դպրոցաշինութի՞ւն, թէ՞ եկեղեցաշինական մոլուցք։ Կը հաւատանք թէ դպրոցի՛ն պէտք է տրուի նախապատուութիւնը, որովհետեւ հայկական դպրոցին մէջ ալ կարելի է նոր սերունդին ջամբել հայ քրիստոնեայի դաստիարակութիւն։

բ) Հեռու մնալ այլամերժումներէ։ Հրաժարիլ «մեր եկեղեցին» եւ «անոնց եկեղեցին» հասկացութիւններէ եւ այդ հողի վրայ ալ ստեղծուած զիրար մերժելու աւանդոյթէն։ Նմանապէս պէտք է խուսափիլ կուսակցական այլամերժութիւններէ։

գ) Բացայայտել եւ բացատրել այլասերող գաղափարախօսութիւններու եւ աղանդաւորական շարժումներու ժխտական ազդեցութիւնները։

դ) Քաջալերել եւ ընդարձակել երիտասարդական ցանցերու հնարաւորութիւնները համացանցային նոր աշխարհի մէջ եւ դիւրացնել այնքա՛ն անհրաժեշտ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ, որ ի վերջոյ կրնայ հասցնել ցանկալի համագործակցութեան։

ե) ՄԱՄՈՒԼ. «Ո՛չ» կուսակցականացած մամուլին, որ յաճախ լռեցուցած է ազատ խօսքի իրաւունքը։ Փորձը ցոյց տուած է, որ անկուսակցական մամուլը չէ հանդուրժուած կուսակցական ղեկավարութեան կողմէ եւ անոր դէմ հալածանքին մէջ ցոյց տրուած է «տիպար» համագործակցութիւն…։

Ստեղծել ազատ մամուլի ներկայացուցիչներու միջեւ կայուն հաղորդակցութիւն։

զ) Համա-հայկական ներկայացուցչական մարմին։ Անցեալին եղած են նման փորձեր, բայց ձախողութեան են մատնուած նախ եւ առաջ կուսակցական նեղմտութեան եւ զանազան միջամտութիւններու եւ ճնշումներու պատճառով։

է) Անհողդողդ մնալ ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐՈՒԹԵԱՆ մէջ եւ մեր ամբողջ ներուժը «չծախսել» միայն ցեղասպանութեան ճանաչման վրայ։ Կարեւոր է յիշեցնել թէ սփիւռքը մնայուն իրականութիւն մը չէ, հետեւաբար  պէտք է նոր սերունդները դաստիարդակել հայրենիք վերադառնալու տեսլականով, իսկ «հայրենիք» հասկացութեան մէջ կը մտնէ ոչ միայն Հայաստանի Հանրապետութիւնը, այլ անկէ կամայականօրէն փրցուած Արցախը, Նախիջեւանը, Ջաւախքը, Կարսի, Արտահանի եւ Սուրմալուի նահանգները եւ անշուշտ  Պատմական Հայաստանը՝ ներառեալ Հայկական Կիլիկիան։

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

3 comments
  1. Շատ ճիշտ դատողություններ են ու մտահոգություններ, հատկապես չձուլվելու և հային հայ պահելու,դպրոցներ ստեղծելու վրա ուշադրությունը սևեռելու առումով ևս: Կարծում եմ ճիշտ առաջարկություն է համահայկական խորհուրդներ ստեղծելու առաջարկը ևս, սակայն կարծում եմ սկզբում դա պետք է արվի յուրաքանչյուր երկրում, որտեղ կան հայկական համայնքներ, որոնք կբացահայտեն ու կվերլուծենն համայքի խնդիրներն ու դրանց լուծման հնարավոր ուղիները, հետո նոր միայն դրանք կարելի է միավորվեն մեկ ընդհանուր խորհուրդ կազմելու համար։

  2. Ըստ իս եօթ այս սռաջարկները պէտք է պարզացուին քանի Սփիւռք կոչուածը գերբարդ է: Հիմնականօրէն, կան Ա-Պատմական, Բ-Ցեղասպանութենէն Վերապրած, Գ- Հայրենիքը Դասալքած սփիռքներ: Այս երեք շերտերէն ամենազարհուրելին եւ մտահոգիչը վերջինն է, որը կամովին կը շարունակէ լքել հայրենիքը: Ա եւ Բը կառավարելի եղած են, Գ-ը կը մնայ բարոյապէս անկառավարելի։ Ինչ՞ ընելը կենսահարցն է։

Leave a Reply

Comments containing inappropriate remarks, personal attacks and derogatory expressions will be discarded.

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You May Also Like