ԱՅՍ ԸՆԹԱՑՔՈՎ՝ ԴԷՊԻ Ո՞ՒՐ…

Լուսարձակի տակ

ԳԵՂԱՐԴ, 10 Յուլիս 2020

Քանի մը օր առաջ, Հ. Հ.ի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարար Արայիկ Յարութիւնեանը յայտարարեց կրթական նոր մօտեցումները, որոնք Հ. Հ.ի մէջ պիտի կիրառուին յաջորդ ուսումնական տարիէն: Կը պարզուի, թէ հանրային դպրոցներէն կը հանուի «Հայ Եկեղեցւոյ Պատմութիւն» առարկան:

Ոմանք կրնան մտածել ու հարց տալ՝ պսակաձեւ ժահրի եւ ներքին քաղաքական կեանքի այս տակնուվրայութեան ու այլ ծանր մարտահրաւէրներու այս ժամանակաշրջանին՝ այս հարցը ի՞նչ կարեւորութիւն ունի, որպէսզի այս մասին գրէինք:

Խնդիրը ա՛յն է, որ այս որոշումը օղակը կը կազմէ շղթայի մը, որուն կրնանք տալ «սողացող ապազգայնականութիւն» բնորոշումը: Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութեան գալէն ետք ականատեսն ու ականջալուրը եղանք ու կ’ըլլանք մեր ազգային մտածելակերպին անյարիր երեւոյթներու, որոնք առնուազն մտահոգութիւն կը պատճառեն՝ սեռական շեղումներ ունեցողներու հանրային լկտի պահուածք եւ անոնց նկատմամբ իշխանաւորներու ակնյայտ բարեհաճութիւն, հակամշակութային դրսեւորումները իբրեւ մշակոյթ յայտարարում, եկեղեցականներու մէկ մասի՝ իրենց այդ հանգամանքին անվայել պահուածքի տարածում Հայ Եկեղեցւոյ ամբողջ կառոյցին վրայ, օտարատառ «հայերէն» առցանց գրագրութեան ընդունում, իշխանաւորներու պաշտօնական խօսքին մէջ ահաւոր մեղանչումներ պետական լեզուին ու «Լեզուի օրէնք»ին հանդէպ, եւ այլն: Եւ հիմա՝ «Հայ Եկեղեցւոյ Պատմութիւն» առարկայի շպրտումը հայրենական դպրոցներու առարկայացանկէն դուրս…

Կ’ակնկալէի որ այս առարկայի դասագիրքերու բովանդակութիւնն ու դասաւանդման եղանակները վերատեսութեան ենթարկուէին: Օրինակ, անոր դասաւանդման առաջին իսկ տարին, դեռ 10 տարեկան եղող հայ մանուկի ինչի՞ն են պէտք … հրէից պատմութիւնը՝ իր մովսէսներով, դաւիթներով ու սողոմոններով, այն պարագային, երբ ան հազիւ ծանօթացած է իր Սասունցի Դաւիթին, Մեծն Տիգրանին, Վարդան Մամիկոնեանին… Այս երկուութիւնը, զոր մենք «կրթական շիզոֆրենիա» կը կոչենք, մեծապէս վնասակար է հայ երեխայի մտային ու հոգեւոր կազմաւորման տեսակէտէն: Երկրորդ գլխաւոր թերութիւնը առարկայի դասագիրքերուն խճողումն է տարեթիւերով եւ անուններով: Կրթութեան նպատակը պէտք է ըլլայ մանուկին մէջ զարգացնել ՄՏԱԾԵԼՈՒ եւ ՎԵՐԼՈՒԾԵԼՈՒ կարողութիւնները. տեղեկութիւններու հայթայթումը ան կրնայ կատարել ինքնուրոյն՝ իր բջիջային սարքի կամ համակարգիչի ստեղները քանի մը անգամ սեղմելով…

Ինչպէս Հ. Հ.ի մէջ գրեթէ ամէն երեւոյթ, Արայիկ Յարութիւնեանի այս որոշումը եւս դարձաւ պատրուակ տարատեսակ եւ բազմագոյն ընդդիմութեան(ց) համար՝ հերթական խաչակրաց արշաւանքն սկսելու Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած իշխանութեան դէմ: Ընդդիմադիրները լաւապէս կ’օգտուին իշխանաւորներու կոպիտ սխալներէն, մանաւանդ անոնց՝ «մէյ մը փորձենք, յաջողեցա՞ւ՝ յաջողեցաւ, ձախողեցա՞ւ՝ ի՞նչ կայ որ, ուրիշ կերպ կը փորձենք» սկզբունքով առաջնորդուող վարուելակերպէն: Նման մտածելակերպը եթէ թոյլատրելի է սովորական մարդոց համար, պետական կեանքին մէջ ան յղի է մեծագոյն վտանգներով, որոնց հետեւանքները կրնան անդառնալի ու ծանրածանր ըլլալ: Ատոր լաւագոյն օրինակը պսակաձեւ ժահրի համաճարակին նկատմամբ իշխանութեան մօտեցումն է. «քորոնան ո՞ւմ շունն է» յայտարարած վարչապետը յետագային ընդունեց, որ սխալեր էր. բայց «բանը բանէն անցեր էր» արդէն…

Միւս կողմէ, դպրոցէն «Հայ Եկեղեցւոյ Պատմութիւն» առարկան հանելու որոշումը ցոյց տուաւ, թէ Հայ Եկեղեցւոյ Մայր Աթոռը չի գտնուիր իր բարձրութեան վրայ: Պարզուեցաւ, որ շուրջ մէկուկէս տասնամեակ այդ առարկային դասաւանդումը զգալիօրէն չէ փոխած հասարակութեան վերաբերմունքը քրիստոնէական կրօնքին նկատմաբ: Մարդիկ ինչպէ՞ս հաւատացեալ դառնան, երբ իրենց աչքերուն առջեւ կը տեսնեն ապականած «հոգեւորական»ներու հսկայական բանակ մը՝ 30 ՄԻԼԻՈՆ տոլար արժած պալատի մէջ ապրող աթոռակալով, «Պենթլի»ներ վարող եւ մութ գործարքներու մէջ մխրճուած «եպիսկոպոս»ներով, եւ այլն; Սակայն, Մայր Աթոռը համակած այս փտախտը պէտք չէ հիմք ծառայէ իշխանութիւններուն՝ հարուած հասցնելու հայ ազգի պատմութեան անբաժան մասնիկը դարձած Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան առարկայի դպրոցական դասաւանդումին:

Կը յուսանք, որ մինչեւ ուսումնական տարեմուտը, իշխանութիւնները կը վերանային իրենց որոշումը եւ աւելի կը մտահոգուին այդ առարկան աւելի որակեալ ու աւելի ազգային ոգիով Հ. Հ.ի հանրային դպրոցներուն մէջ դասաւանդումով:

1 comment
  1. Հարցը կը վերաբերի, «Քանի մը օր առաջ, Հ. Հ.ի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարար Արայիկ Յարութիւնեանի այն յայտարարութեան որ կը վերաբերի հանրային դպրոցներէն «Հայ Եկեղեցւոյ Պատմութիւն» առարկան չի դսաւանդելու մասին»:

    Նախ ըսեմ, որ հարիւր տոկոսով համաձայն գտնուելով հանդերձ յարգելի յօդուածագրի մտահոգութ-իւններուն ինչ կը վերաբերի «Հայ Եկեղեցւոյ Պատմութիւն» առարկային, պէտք ըսել նաեւ, որ Միջին Արեւելեան մտայնութեան արդիւնք է այն։

    Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ Միջին Արեւելքի մէջ, անձնական թէ պետական, ազգային թէ միութենական դպրոցներուն մէջ կը դասաւանդուի կրօնը։ Իսկ ինչ կը վերաբերի եւրոպական ու ամերիկեան դպրոցներուն, կրօնի ուսուցումը մաս չի կազմեր ուսումնական ծրագրին։

    Ու հակառակ այն իրողութեան, որ Միջին Արեւելքի դպրոցներուն մէջ կը կիրառուի կրօնի ուսումը, հայերուս պարագային նաեւ ունինք Քրիստոնէական Դաստիարակութեան այլ ծրագիր մը, որ կը կիրառուի Կիրակնօրեայ Դպրոցներէ ներս, ըլլան աոնք Միջին Արեւելքի մէջ թէ այլուր։

    Դժբախտաբար նման կառոյցէ զուրկ եղած է Հայաստան աշխարհը ու հետեւաբար Մայր Աթոռի ենթակայ ներքին թեմերը։

    Խնդիրը ա՛յն է, կ՛ըսէ յօդուածագիրը ու կ՛աւելցնէ․- «որ այս որոշումը օղակը կը կազմէ շղթայի մը, որուն կրնանք տալ «սողացող ապազգայնականութիւն» բնորոշումը: Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութեան գալէն ետք ականատեսն ու ականջալուրը եղանք ու կ’ըլլանք մեր ազգային մտածելակերպին անյարիր երեւոյթներու, որոնք առնուազն մտահոգութիւն կը պատճառեն՝ սեռական շեղումներ ունեցողներու հանրային լկտի պահուածք եւ անոնց նկատմամբ իշխանաւորներու ակնյայտ բարեհաճութիւն, հակամշակութային դրսեւորում-ները իբրեւ մշակոյթ յայտարարում, եկեղեցականներու մէկ մասի՝ իրենց այդ հանգաման-քին անվայել պահուածքի տարածում Հայ Եկեղեցւոյ ամբողջ կառոյցին վրայ, …»:

    Նկատողութիւնը տեղին է, սակայն։ Պետութիւն մը, որ կը փափաքի մաս կազմել ԵԽ-ին, կամայ թէ ակամայ ստիպուած կ՛ըլլայ տեղի տալ նման տխուր երեւոյթներու։

    Իսկ երբ եկեղեցին լուռ կը մնայ նման «անյարիր երեւոյթներու» նկատմամբ, այդ պարագային Մայր Աթոռը կը վխտայ միասեռական հոգեւորականներով։

    Որքան ճիշդ է սրտցաւ ազգայինը երբ կը գրէ․- «Միւս կողմէ, դպրոցէն «Հայ Եկեղեցւոյ Պատմութիւն» առարկան հանելու որոշումը ցոյց տուաւ, թէ Հայ Եկեղեցւոյ Մայր Աթոռը չի գտնուիր իր բարձրութեան վրայ: Պարզուեցաւ, որ շուրջ մէկուկէս տասնամեակ այդ առարկային դասաւանդումը զգալիօրէն չէ փոխած հասարակութեան վերաբերմունքը քրիստոնէական կրօնքին նկատմաբ: Մարդիկ ինչպէ՞ս հաւատացեալ դառնան, երբ իրենց աչքերուն առջեւ կը տեսնեն ապականած «հոգեւորական»ներու հսկայական բանակ մը՝ 30 ՄԻԼԻՈՆ տոլար արժած պալատի մէջ ապրող աթոռակալով, «Պենթլի»ներ վարող եւ մութ գործարքներու մէջ մխրճուած «եպիսկոպոս»ներով, եւ այլն; Սակայն, Մայր Աթոռը համակած այս փտախտը պէտք չէ հիմք ծառայէ իշխանութիւններուն՝ հարուած հասցնելու հայ ազգի պատմութեան անբաժան մասնիկը դարձած Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան առարկայի դպրոցական դասաւանդումին»:

    «Կը յուսանք, որ մինչեւ ուսումնական տարեմուտը, իշխանութիւնները կը վերանային իրենց որոշումը եւ աւելի կը մտահոգուին այդ առարկան աւելի որակեալ ու աւելի ազգային ոգիով Հ. Հ.ի հանրային դպրոցներուն մէջ դասաւանդումով»:

    Իսկ մենք ալ կը յուսանք, որ օր առաջ մաքրուի Հայ ազգի Սրբութիւն Սրբոցը պիղծ հոգեւորականութենէն, գլխաւորութեամբ՝ Գարեգին Կտրիչ Ներսիսյանի։

    Յարգանքներով՝
    Անթօ Սահակ

Leave a Reply

Comments containing inappropriate remarks, personal attacks and derogatory expressions will be discarded.

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You May Also Like