Շնորհակալութիւն Ուրուկուայ Gracias Uruguay

Keghart.org Խմբագրական, 10 Մայիս 2022

Մինչ Հայաստանի Հանրապետութեան (ՀՀ) մայրաքաղաքին մէջ «ընդդիմութիւն» կոչուած «նախկիններու» աղմկարար ցոյցերը կ’ապականեն մայիսեան գարնանային «խաղաղ» մթնոլորտը, ուրիշներ, այսպէս կոչուած «փաշինեանականներ» սարսափ կը տարածեն ըսելով թէ՝ վարչապետն ու իր իշխանութիւնը տապալելու պարագային հաւանաբար վերադառնան շուրջ քառորդ դար երկիրը կողոպտած նախկին վարչակարգերը իրենց ստորոգելիներով: Անդին, հազարաւորներ, համարեայ թէ անտարբեր են՝ բոլորը համարելով նոյն կերպասէն կարուած զգեստներ: Քիչ չէ նաեւ անդիմագիծ, յամր ու չխօսկան «չէզոքներու» թիւը, արհամարհելի քանակ մը չեն նաեւ յուսահատած, անտարբեր, «ով ուզում ա գայ» մտայնութեամբ օրուան ապրուստին ետեւէն վազող մեր հայրենակիցները:

Հապա ի՛նչ արժեւորում տալ քաղաքական վերիվայրումներու տարերքներուն ձգուած, իր ուղղութիւնն ու փարոսները կորսնցուցած խայտաբղէտ սփիւռքի քաղաքական, հասարակական, մշակութային ու հոգեւոր ղեկավարութեան կեցուածքին, եթէ ունին նման բան մը (աս ալ ուրիշ նիւթ մըն է ուսումնասիրելու եւ վերլուծելու):

Բայց ահաւասիկ, ուրկէ ուր, Ուրուկուայի շուրջ 20.000 սպանախօս հայութեան երրորդ եւ չորրորդ սերունդի մեր հարենակիցները գովասանքի արժանի էջ մը բացին հայկական հարցի հետապնդման եւ պահանջատիրութեան՝ խութերով լի մեր երթին մէջ:

Ուրուկուահայ մեր հայրենակիցները ՄԷԿ մարդու պէս պաշտպանեցին հայութեան պատիւն ու արժանապատւութիւնը՝ մեկդի դնելով անցեալէն ժառանգուած գաղափարախօսական եւ կուսակցական հակառակութինները:

Ի՞նչ էր պատահած: Եղած էր պարզապէս թրքական իշխանութիւններու հակահայ պայքարի դրսեւորումներէն մէկը: Այսինքն, ոչ պատահականօրէն ցեղասպան պետութեան մը ժառանգորդ պետութիւնը ոչ միայն չի ճանչնար ու կը հերքէ ահաւոր ոճիրը եւ երբեմն ալ վերջնագիրներ կու տայ, ապա նաեւ ռազմական հսկայական օգնութիւն ցոյց կու տայ Արցախի ու Հայաստանի Հանրապետութեան վրայ նախայարձակումներ կատարող Ատրպէյճանին, տարուան 365 օրերուն մէջ ամենէն յարմար օրը կը գտնէ Թուրքիոյ նոր դեսպանատունին բացման հանդիսութիւնը կատարել… Ապրիլ 23-ին, երբ Հայաստանի մէջ արդէն Ապրիլ 24 է եւ ջահերով երթ կը կատարուի…

Մնացեալը բոլորին յայտնի է արդէն թէ ինչպէս հայերու բողոքին իբրեւ պատասխան, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը բացէ ի բաց ցոյց կու տայ Թուրքիոյ ամենէն վայրագ ու ցեղակրօն «Գորշ գայլերու» նշանը: Եւ ի՜նչ հեգնանք, այսպիսի պետութեան մը հետ ՀՀ իշխանութինները լորձնաշուրթն կը ջատագովեն «բարի դրացիական» յարաբերութիւններ ստեղծելու պատրաստակամութիւնն ու անհրաժեշտութիւնը:

Ուրուկուայի հայութիւնը արթուն էր սակայն եւ անցաւ քաղաքակիրթ հակադարձութեան՝ որպէս լիիրաւ քաղաքացի` դիմելով պատկան մարմիններուն, որոնք ալ իրենց կարգին չզլացան թիկունք կենալ իրենց (ծագումով հայ) քաղաքացիներուն եւ անոնց ընկերացած ոչ-հայ ցուցարարներուն:

Ինչպէս յայտնի է, Ուրուկուայը ԱՌԱՋԻՆ պետութիւնն էր, որ 1965-ին ճանչցաւ եւ դատապարտեց Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ կազմակերպուած Հայոց ցեղասպանութիւնը: Ի հարկէ մեր ժողովուրդը այն ատեն իր երախտագիտութեան խօսքը ըսաւ Ուրուակուայի պետութեան եւ ժողովուրդին, այլեւ միշտ յիշեց ու գնահատեց ուրուկուահայութեան տարած անխոնջ, նպատակասլաց եւ միասնական ջանքերը: Մինչեւ օրս հաւատացած ենք որ Հարաւային Ամերիկայի հայութեան միասնական ջանքերը  պէտք է ուղենիշ հանդիսանան մնացեալ համայնքներուն՝ Քանատայէն մինչեւ Եւրոպա եւ Միջին Արեւելքէն մինչեւ Աւստրալիա: Մէկ ծրագիր, մէկ հարթակ եւ մէկ բանաձեւ՝ փոխանակ տարբեր ծրագիրներու, պահանջատիրական դիմումներու, զանազան ու զարմանազան կոչերու, որոնց վերը եւ վարը կը շեշտուին կազմակերպութիւններու անունները…

Յստակ էր Ուրուկուայի կեցուածքը, որ արտայայտուեցաւ երկրի Ծերակոյտին կողմէ առնուած որոշմամբ. բաց աստի, երկրի նախագահն ու այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարին տգեղ քայլը արժանացուցին ուժեղ քննադատութեան: Այստեղ հետաքրքրական է նշել Թուրքիոյ մէկ պաշտօնակատարին հրապարակ նետած «մեղմացուցիչ դէպք յանցանաց մը», ըստ որուն Չաւուշօղլուի նշանը իբր թէ ընդունուած բարեւի ձեւ մըն է եղեր իր երկրին մէջ…: Ծերակոյտի բանաձեւին մէջ կ’ըսուի թէ Ծերակուտականները կը շեշտեն՝ որոշումը որեւէ առնչութիւն չունի դեսպանի պաշտօնին թեկնածուի անձին հետ եւ կը դիմեն երկրի արտաքին գործոց նախարարութեան յետաձգել Թուրքիոյ մօտ Ուրուկուայի դեսպան նշանակելու գործընթացը:

Ահաւասի՛կ պետութիւն մը, հանրապետութիւն մը եւ ժողովրդավարութիւն մը, ուր տարբեր կարծիքներ եւ մօտեցումներ կրնան քով քովի գոյատեւել եւ տնտեսական շահերու սիրոյն չեն զոհուիր մարդկային բարձր սկզբունքներ:

Շնորհակալութիւն Ուրուկուայ.  Gracias Uruguay.

1 comment
  1. Dr. Dikran, you again indirectly expressing your biases to keep Pashinyan on power. Whoever comes to power is better with what we have who promises but couldn’t deliver because of his inexperience, weakness and readiness to give more land in order to keep his corrupt government.

Leave a Reply

Comments containing inappropriate remarks, personal attacks and derogatory expressions will be discarded.

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You May Also Like