Պատմութեան զեղծարարներն ու գողերը

Keghart.org Խմբագրական, 10 Հոկտեմբեր 2022

Մեր թշնամիները մեր դէմ կը կռուին ոչ միայն ժամանակակից զէնքերով, այլեւ նավթատոլարներու առատ բաշխումով։ Անոնք աղաւաղել կու տան Հայ եւ այլ բնիկ ժողովուրդներու պատմութիւնները, կ’իւրացնեն անոնց դարաւոր մշակոյթն ու նուաճումները։ Այսպէս՝ յունահռոմէական, ասորական, արաբական եւ յատկապէս հայկական մշակութային արժէքները կը սեփականացնեն եւ կը փորձեն անոնց տէր դառնալ։ Դեռ աւելին, թաքուն եւ երբեմն ալ բացայայտօրէն կ’ոչնչացնեն զանոնք։ Այլ խօսքով՝ մեր թշնամիները լուրջ պատերազմ կը մղեն նաեւ այս ասպարէզէն ներս։

Կը բանանք Wikepedia-ն եւ UNESCO-ի Հաղպատ ու Սանահին համալիրներուն նուիրուած էջը: Կը յայտնաբերենք փշաքաղող աղաւաղումներ [*] եւ դիտաւորեալ բացթողումներ կամ «մոռացումներ»։ Կը կարդանք թէ Հաղպատի վանքային համալիրը, որ ծառայած է նաեւ որպէս միջնադարեան բարձրագոյն դպրոց (11-14-րդ դարեր, Ճեմարան, գոլէճ), ոչ աւելի եւ ոչ պակաս…բիւզանդական համալիր է. ո՛չ մէկ խօսք անոր հայկականութեան մասին։ Եւ այսպէս հազարաւոր խեղաթիւրումներ։

Եթէ համաշխարհային հանրային ուղղորդուած կարծիքը «մոռցած է» 2005 թ. հազարաւոր խաչքարերու եւ գերեզմանաքարերու անխնայ ոչնչացումը Արաքսի ափին, Ջուղայի մէջ, ապա մեր յիշողութեան մէջ տակաւին շատ թարմ կը մնայ պետականօրէն կազմակերպուած այդ նիւթական մշակոյթի ցեղասպանութիւնը։

Վերջերս ալ դիտեցինք ուրիշ տեսերիզ մը, որ կը պատմէր Նոյեան Տապանի փնտռտուքին մասին։ Ներկայացուած տեսերիզին մէջ տեղ մը կ’ըսուի թէ Տապանի շուրջ սփռուած քարերուն մէջ կան խաչանիշ, նախնական ձեւի մէջ գտնուող քարեր (բոլոր խաչերն ալ հայկական ոճին կը պատկանին…), մատուռներու կամ զոհասեղաններու հետքեր: Խօսնակը կ’ըսէ թէ տապանի գոյութեան մասին կան նաեւ «շատ տարօրինակ լեզուով արձանագրութիւններ»…եւ ցոյց կը տրուի հայերէն բեկոր մը: Կը յիշեցնեմ թէ փաստագրականը հովանաւորուած է Թուրքիոյ իշխանութիւններու կողմէ եւ խորքին մէջ ծաղրանք մըն է մեր ազգին դէմ։

Փաստերը հազարաւոր են։ Կարելի է յիշել Հայաստանի հարաւ-արեւմուտքը գտնուող քաղաքակրթութեան հնագոյն օրրաններէն մէկուն՝ ՊՈՐՏԱՍԱՐԻ (Քոփաքլի թեփէ) նուիրուած տեսերիզը Youtube-ի մէջ, եւ դժուար չըլլար համոզուիլ թէ թրքական յաջորդական իշխանութիւնները ինչպէս կազմակերպուած կերպով լաւագոյն պարագային կը սեփականացնեն, իսկ ինչ կը վերաբերի հայերուն, ապա ՈՉ ՄԷԿ ԲԱՌ իսկ կը յիշատակուի այդ մասին։ Եւ այսպէս խեղաթիւրուած կը ներկայացուին Նեմրութ լերան, Ուրարտու-Արարատեան (կամ Վանի) թագաւորութեան ամբողջ ծագումնաբանութիւնն ու պատկանելիութիւնը։ Կը յիշեցնենք թէ այս մասին Փրոֆ. Զ. Ս. Էնտրիւ Տեմիրճեան արտայայտուած է հանգամանալից կերպով՝ մերկացնելով թուրք պատասխանատուներու հեռուն գացող նպատակները։

Կրկին, վերջերս, 44-օրեայ պատերազմէն ետք Ալիեւ «նոր շունչ» տուաւ Արցախի հայկական պատմամշակութային յուշարձանները աղուանացնելով սեփականացնելու զօրաշարժին։ Ցաւալին այն է նաեւ որ Ռուս Ուղղափառ եկեղեցւոյ պատրիարքը տուաւ իր օրհնութիւնը այս գողութեան…

Այլ խօսքով՝ մարդկային ցեղասպանութեան զուգահեռ կը շարունակուի նիւթական եւ նիւթական-հոգեւոր մշակոյթի սպանդը։

Ի՞նչ կարելի է ընել։ Շատ բան։ Եթէ մենք հնարաւորութիւն չունինք զինական ուժերով կտրել թշնամիին ձեռքն ու լեզուն, այլ խօսքով, եթէ սփիւռքահայութիւնը ինչ ինչ պատճառներով մարմնապէս չի կրնար մասնակցիլ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի գոյատեւման պայքարին, գոնէ կրնայ արդիւնաւէտ պայքար տանիլ այս բնագաւառին մէջ՝ իր տունը նստած կամ գրասենեակէն, ինչո՞ւ չէ նաեւ գործի լծելով առցանց լրատուութեան եւ համակարգչային ունակութիւններու տիրացած աշակերտութիւնը եւ ուսանողութիւնը։

Մենք համոզուած ենք, որ կազմակերպուած եւ խնամուած ծրագրով մը կարելի կը դառնայ մերկացնել թուրքազերի եւ անոնց առատ կաշառքներէն գինովցած արեւմտաեւրոպական ու ամերիկեան զեղծարարներու ծառայութիւնները, որոնք ՈՃԻՐ ԵՆ ՄԱՐԴԿՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ։

[*] Wikipedia: “The two monastic complexes represent the highest flowering of Armenian religious architecture, whose unique style developed from a blending of elements of Byzantine ecclesiastical architecture and the traditional vernacular architecture of the Caucasian region.”

UNESCO, Monasteries of Haghpat and Sanahin: “These two Byzantine monasteries in the Tumanian region from the period of prosperity during the Kiurikian dynasty (10th to 13th century) were important centres of learning. Sanahin was renown for its school of illuminators and calligraphers. The two monastic complexes represent the highest flowering of Armenian religious architecture, whose unique style developed from a blending of elements of Byzantine ecclesiastical architecture and the traditional vernacular architecture of the Caucasian region.”
1 comment
  1. Unfortunately we are full of self-importance and expect others to appreciate our uniqueness and praise our heritage. It is important to realise that perhaps 95% of the world population has no clue where Armenia was and is today. They have no information about our history and in reality – why should they? How many of us Wikipedia readers have attempted to add, correct or moderate information in Wikipedia? Should we expect the world to bow before our ancient history if they have no clue that we have survived and still exist today, is it not our fault that today we sit at the byway of world history and beg the passers by to be generous and write a few words of praise on our behalf? And stop saying “they do not listen” to us; why should they if we do not forcefully dish out our own history and in the first instance to our own youth….

Leave a Reply

Comments containing inappropriate remarks, personal attacks and derogatory expressions will be discarded.

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You May Also Like