Հայրենադարձներու թիկունքին կանգնող կա՞յ

Ցուցակ՝ սղաճը (գիներու բարձրացում) Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ

Խմբագրական, 3 յուլիս 2023

Հայրենիքէն հեռու ապրող բազմաթիւ սփիւռքահայերու համար հայրենադարձութիւնը, արմատներուն վերադարձը եղած է բաղձանք: 1946-1948 թուականներուն Խորհրդային Միութիւնը կազմակերպեց եւ իրագործեց արտասահմանի մէջ ապրող շուրջ 90.000 սփիւռքահայի տեղափոխումը Խորհրդային Հայաստան։ Այս երեւոյթը ստացաւ «Մեծ հայրենադարձութիւն» անուանումը։ Հետագային, այդ տարողութեամբ եւ կազմակերպուած հայրենադարձութեան ծրագիր չէ իրականացուցած Խորհրդային Հայաստանի պետութիւնը: Այսօր, անկախութեան հռչակումէն նոյնիսկ 32 տարի ետք, երբ հայրենական պետութիւնը աւելի կայացած է եւ ունակ իր տուն կանչելու եւ զանոնք իր մայրական գուրգուրոտ գիրկին մէջ պատսպարելու, վիճակը կը մնայ նոյնը:

2008 թուականին ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան ստեղծմամբ Հայրենիք-Սփիւռք յարաբերութիւնները պետական քաղաքականութեան մէջ նոր մակարդակի բարձրացան: Նախարարութիւնը իր ուշադրութեան կեդրոնը պիտի պահէր Հայրենիք-Սփիւռք կապերու ամրապնդումը: Պետական այդ նոր կառոյցին գլխաւոր նպատակն ու առաքելութիւնն էր, գործակցութեան զարգացման համահայկական նպատակային ծրագիրներ մշակելու եւ իրականացնելու կողքին, աշխարհասփիւռ հայերու հայրենադարձութիւնը: Նախարարութիւնը, որ հետագային դարձաւ Սփիւռքի գործերով յանձնակատարի գրասենեակ, առայժմ չկրցաւ կազմակերպուած հայրենադարձութեան ծրագիր մը մշակել ու իրագործել, որպէսզի օտարութեան մէջ ապրող հայերը խրախուսուին եւ հայրենադարձութեան որոշում կայացնելու համար ամուր յենարաններ գտնեն Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ:

Հայրենադարձութեան ծրագրի գլխաւոր պահանջներն են աշխատանքային ու ապրուստի պայմաններու մասամբ ապահովումը, ինչ որ չիրականացաւ, հակառակ անոր որ սուրիական պատերազմի առաջին տարիներուն երկրէն փախուստ տուած եւ ՀՀ հաստատուածներուն համար որոշ դիւրութիւններ ընծայուեցան՝ մանաւանդ սեփական աշխատանք հիմնելու առումով:

Սակայն, դժբախտաբար, այդ դիւրութիւններն ունեցան իրենց աւարտը: Հետագային, Լիբանանի տնտեսական տագնապէն եւ ի մասնաւորի Պէյրութի նաւահանգիստի 4 օգոստոս 2020-ի մահաբեր պայթումէն ետք Լիբանանը լքած եւ իրենց ուղղութիւնը ՀՀ-ն ընտրած հայորդիները չստացան որեւէ շօշափելի աջակցութիւն: Բայց չէ՞ որ 2020 թուականին Երեւան եկող օդանաւերուն մէջ հայերուն կը տրամադրուէին թղթիկներ, որ ի շարս այլ հարցումներու, նաեւ կ’ընդգրկէր կարիքներու մասին հարցում մը, ըլլայ այդ բնակարանի, աշխատանքի թէ դեղորայքի վերաբերեալ: Գուցէ կար պետական ծրագրի նախագիծ մը, որ 44-օրեայ պատերազմին ահաւոր հետեւանքներուն բերումով չիրականացա՞ւ: Այդ պարզ չէ:

Պատերազմի բոցերուն մէջ այրող կամ տագնապալից երկիրներու ահաւոր վիճակէն իրենց գլուխը ազատած եւ հայրենի երկինքին տակ ապաստան գտնելու յոյսով ՀՀ փոխադրուած, սահմանափակ եկամուտով հայերը, չստանալով որեւէ աջակցութիւն, միայն կարճ ժամանակ կրցան տոկալ, ապա սկսան բախիլ ֆինանսական զանազան խնդիրներու, իսկ մանաւանդ 2022-ի Փետրուարին ռուս-ուքրաինական պատերազմին բռնկումով, շատեր յայտնուեցան մութ փակուղիի մէջ:

Փաստօրէն, 44-օրեայ պատերազմին յաջորդած ճգնաժամին, երկրի սահմանին տիրող անվտանգային պայմաններուն եւ համաշխարհային սղաճին պատճառով, հայրենական պետութեան տատանող ալիքներուն մէջ խարիսխ նետած հայրենադարձները մօտաւորապէս 1 տարիէ ի վեր դէմ-յանդիման կը գտնուին յաւելեալ անել կացութեան՝ երկրին մէջ բնակարաններու մեծ պահանջարկին ընդառաջ: Նոյնիսկ ախոռի նմանող տուներու տանտէրերը կը դրսեւորեն ծակաչք ու ընչասէր մօտեցում, եւ տքնաջանութեամբ գործ մը ճարած ու օրը-օրին ապրող մարդը իր վարձակալած տունէն դուրս կը դնեն, որովհետեւ ՀՀ ապաստանած ուքրաինացիներն ու մանաւանդ ռուսերը պատրաստակամ են վճարելու տան վարձի իսկական եւ տրամաբանական արժէքին համարեա կրկնապատիկը, երբեմն՝ նաեւ աւելին: Վիճակը աւելի կը ծանրանայ այն փաստով, որ ՀՀ-ի մէջ վարձքերու օրէնք ընդհանրապէս գոյութիւն չունի, եւ վարձակալ-տանտէր յարաբերութիւնները բացարձակապէս կախուած են տանտէրերու քմահաճոյքէն:

Ճիշդ է, Հայաստանն է հայուն տունը եւ հայրենադարձութիւնը սփիւռքահայուն վերջնական նպատակը պէտք է ըլլայ, բայց իրենց ծննդավայրէն, իրենց տունէն-տեղէն, ընկերներէն ու սովորութիւններէն հրաժարած հայրենադարձները կարիքն ունին խրախուսանքի՝ պետական թէ հասարակական մակարդակներով: Վերջին երկու տարուան ընթացքին քանի՜-քանի՜ ընտանիքներ վերադարձան կենցաղային ահաւոր ծանր պայմաններու մէջ գտնուող Սուրիա եւ Լիբանան, որովհետեւ արդէն սահմանափակ ու անբաւարար աշխատավարձերու կողքին, տուներու վարձակալութեան աստղաբաշխական թիւերուն դիմաց անճար մնացին ՀՀ-ի մէջ:

Ցաւալի է հոս արձանագրել, թէ ի դիմաց այս յոյժ կարեւոր, ազգային զանազան մարզերու վրայ բացասական ազդեցութիւն գործող իրականութեան, ո՛չ հայրենի պետութիւնը, ո՛չ հայոց կրօնական առաջնորդները եւ ո՛չ սփիւռքահայ կառոյցները այս խնդիրին կ’անդրադառնան, ուր մնաց թէ լուծումներու ուղղութեամբ ծրագիրներ մշակէին ու զանոնք իրականացնելու քայլեր առնէին: Կարծէք վարձքերու խելացնոր բարձրացման պատճառով ՀՀ-էն հայրենադարձներու եւ տեղաբնակ հայութեան ակամայ արտագաղթը ոչ թէ անմիջականօրէն կը վերաբերի ՀՀ-ին եւ ընդհանրապէս համայն հայութեան, այլ ափրիկեան կամ լատինամերիկեան պանանային երկրի մը ու անոր բնակչութեան…

Այո՛, Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ապրիլը մեծագոյն զոհողութիւն կը պահանջէ թէ՛ հայրենաբնակ, եւ թէ՛, մասնաւորաբար, հայրենադարձ հայէն: Օտարութեան մէջ ծնած, հոն երկար տարիներ ապրած, ապա ինքնակամ, կամ հանգամանքներու բերումով ստիպուած, հայրենադարձութեան որոշում կայացուցած սփիւռքահայը Հայրենիքի մէջ առանց այդ ալ կը բախի տարատեսակ խնդիրներու. լեզուի, կենցաղի ու մտածելակերպի տարբերութիւններ, նոր միջավայրին ընտելանալու դժուարութիւններ եւ շարք մը այլ հարցեր: Այս բոլորով հանդերձ, ան հայրենասիրութիւնն ու հայրենատիրութիւնը գերազանց նկատելով, կը վերադառնայ իր արմատներուն: Բայց երբ չգտնէ իր կայացուցած որոշումը քաջալերող, գոնէ նիւթական դժուարութիւնները յաղթահարելու համար իրեն թիկունք կանգնող մը, ապա որոշ ժամանակ դիմադրելէ ետք, ուժասպառ ու յուսահատ՝ կրնայ յանձնուիլ, եւ ինքզինք անտէր ու անտիրական զգալով՝ վերադառնալ օտարութեան մէջ իր «համեմատաբար լաւ» կամ «նուազ վատ» կեանքին:

Միւս կողմէ դիտուած, տանտէրերու սանձարձակ ախորժակին ու ընչաքաղցութեան առաջքը առնել կարելի չէ՞: Օրէնքով չկա՞յ միջոց մը այս ապերեսանութիւնը զսպելու: Մինչեւ ե՞րբ օրապահիկով ապրող մարդը պիտի ենթարկուի անխիղճ պահուածք դրսեւորող տանտէրերու, միջնորդ գործակալութիւններու, վաճառականներու քմահաճոյքին: Զսպող մեքանիզմ մը կարելի չէ՞ մշակել, որպէսզի այս չարաշահումները ի վերջոյ առաստաղ մը ունենան:

Կը խօսին ՀՀ-ի մէջ բարեկեցիկ կեանք ապահովելու, պաշտպանուած ու երջանիկ ապրելու, իր սիրած գործով զբաղելու եւ անոր շնորհիւ իր սեփական ու երկրին բարեկեցութիւնը ապահովելու հրամայականին մասին: Խօսքը կը վերաբերի նաեւ արդէն ՀՀ-ի մէջ բնակութիւն հաստատած հայրենադարձներուն: Բայց խնդրեմ՝ ֆինանսական փակուղիի մէջ յայտնուած հայրենադարձի թիկունքին կանգնող կա՞յ, կամ առհասարակ անոր մասին մտածող կա՞յ: Թէ՞… եղունգ ունիս, գլուխդ քերէ՛:

Ցուցակ՝ սղաճը (գիներու բարձրացում) Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ:

1 comment
  1. ՀԱՅՐԵՆԱԴԱՐՁ ԿԱՄ ՀԱՅԱՍՏԱԲՆԱԿ – Ժամանակն է որ հայրենադարձ բառը դատարկուի իր պատմական նշանակութիւնէն։
    Կար ժամանակ հայրենադարձ ըլլալ կը նշանակէր Հայաստան վերադարնալ եւ Հայաստանի քաղաքացին ըլլալ, ինչպէս էր պարագան 1947-ի մեծ հայրենարձութեան։
    Բայց պարագան նոյնը չէ ներկայիս։ Անհատ մը կրնալ հայրենադարձ ըլլալ եւ հոն օրինապէս երկար ժամանակուայ համար բնակութիւն հաստատել, բայց Հայաստանի քաղաքացի չըլլալ։
    Գաղտնիք մը չէ որ հայ ծնողքներ որոնք հայրենադարձ կ’ըլլան, կը սպասեն մինչեւ որ իրենց զաւակը կամ զաւակները 28 տարեկան ըլլան եւ յետոյ դիմեն քաղաքացիութեան խնայելու համար իրենց զաւակները պարտադիր զինուորագրութիւնէն։

Leave a Reply

Comments containing inappropriate remarks, personal attacks and derogatory expressions will be discarded.

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You May Also Like