Խմբագրական, 10 Ապրիլ 2023
Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմի Լենինկրատի շրջափակման կրկնօրինակը կը տեսնենք Հայաստանի պատմութեան մէջ։ Լենինկրատցիք սառոյցներու վրայով կրցեր էին անցք մը բանալ, իսկ մենք չկրցանք ասեղի ծակ մը նոյնիսկ յաջողցնել։ Ալիեւեան մեքենան անխափան կ՚աշխատի՝ սեղմելով շրջափակման օղակը, ամէն պատեհ առիթով թիզ առ թիզ յառաջանալով եւ մեթր-մեթր մտնելով ՀՀ սահմաններէն ներս։ Թուրքազերիները արդէն հասած են «տեղ», այս պարագային սահմանամերձ Տեղ գիւղը, որմէ ետք թշնամիներուն յաջորդ քայլը «սարի ետեւը» գտնուող Գորիս քաղաքն է…
Այս յառաջխաղացումներուն մասին կը գրուէին, կը խօսուէին, կը զգուշացուէին, բայց շատեր անհաւատալի եւ անհաւանական կը գտնէին։ Խնդրեմ՝ մեր թշնամիները մի՞թէ չմօտեցան Ջերմուկի մերձակայ բարձունքներուն ու հասան Սեւ լիճ, իսկ հիմա՝ անոնք Գորիս քաղաքէն թնդանօթազարկ մը հեռու են միայն։
Ինքնաբերաբար հարց կու տանք՝ մենք պետութիւն ունի՞նք, նուազագոյն զօրքը ունի՞նք, մատնաչափ մը մտահոգութիւն կ՚արտայայտե՞նք, բացի քանի մը կամաւոր ու արիասիրտ հայրենակիցներէ, որոնց մէջ եւ քաջասիրտ հայ կանայք…
Խաղաղապահները կը շարունակեն անտարբեր մնալ, միջազգային դիտորդները պարզապէս կը դիտեն ու կը զեկուցեն։ Այսքա՛ն։
Ի՞նչ է Թուրքպէյճանի նպատակը։ Աչքի լոյսի պէս յստակ է՝ հայաթափել Արցախը, Նախիջեւանի հետ Սիւնիքի վրայով ազատ հաղորդակցութեան մէջ մտնել, ծառայութիւններ մատուցել Իզրայէլին՝ ռազմագիտական կարեւոր դիրքեր դնելով վերջինիս տրամադրութեան տակ։ Նպատակադրուած է յաջորդ տասնամեակներու ընթացքին շարունակել պատառ-պատառ տէր դառնալ նաեւ ՀՀ-ի այլ տարածքներու։ Վերջերս բացայայտուելու վրայ է նաեւ վաղուց ծրագրուած նոր հարուած մը, այն է՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը նոր ու ամեհի պարտքի տակ դնել։ Արդարեւ Ազրպէյճան կրկին անգամ մեզմէ քանի մը քայլ առաջ անցնելով ոչ միայն յաջողեր էր Խոջալուի զանգուածային մարդասպանութիւնը վերագրել «հայկական գրաւող ուժերու» եւ զայն ներկայացնել որպէս ցեղասպանական արարք, այժմ արդէն պատրաստ է հսկայական դատական հայց մը ներկայացնել Միջազգային դատարանին՝ ՀՀ-էն պահանջելով աւելի քան 250 միլիարդ տոլարի վնասուց հատուցում մը, քանի որ, ըստ այդ հայցի, ՀՀ-ն աւելի քան 25 տարի իբր «զաւթած» ըլլալով ատրպէյճանական տարածքներ, զանոնք քար ու քանդ է ըրած, շահագործած է, եւ մօտ մէկ միլիոն արարած (ազերի-թաթար) անօթեւան ու խեղճ վիճակի մէջ թողած։
Նպատակը յստակ է՝ անընդհատ ճնշումներու տակ դնելով մեր հանրապետութիւնը՝ շատ բան զիջելու պարտադրանքի տակ դնել։
Ինչո՞ւ ոչ մէկ դիմադրութիւն ցոյց կը տրուի, ինչո՞ւ Ռուսական Դաշնութիւնը ոչինչ կ՚ընէ եւ բառերով կը խաղայ, բայց մատ կը թօթուէ արդէն իսկ շուարած իշխանութեան մը եւ անոր ղեկավարին վրայ։ Ըստ քաղաքական կարգ մը վերլուծաբաններու, ՌԴ-ի նպատակը ուրուագիծէ մը անդին անցնելով յստակ դիմագիծ կը զգենու արդէն՝ Սիւնիքի միջանցքը իրականացնել եւ Ատրպէյճանի, Նախիջեւանի ու Թուրքիայի վրայով այլընտրանք մը ստեղծելով հարաւէն ալ կարեւոր ելք մը ունենալ դէպի Միջերկրական ծով ու Եւրոպա։ ՌԴ-ի եւ Ատրպէյճանի շահերը կը համընկնին այս հանգրուանին։ Միւս կողմէ՝ Արեւմուտքը խօսքէ ու դատապարտումներէ անդին չ՚անցնիր, մինչ անցեալին արեւմտեան ուժեր դիմած են ռազմական քայլերու։ Մեզի «շրթնային ծառայութիւններ» պէտք չե՛ն։
ՀՀ-ի իշխանութիւններու կրաւորական վիճակը ոսկի առիթ մը կու տայ մեր թշնամիներուն անարգել յառաջանալու իրենց ցանկացած ուղղութեամբ։ Բացի այդ, այդ նոյն իշխանութիւնները եւ «հինգերորդ շարասիւն» կոչուածը ընդյատակեայ աշխատանքներ կը տանին եւ կը փորձեն ուղեղալուացում կատարել, ըսելով թէ ՀՀ-ն ուժ չունի դիմադրելու «հակառակորդին» (իրենց պաշտօնական արտայայտութեամբ) եւ չի փափաքիր նոր զոհեր տալ։ Դեռ աւելին, անոնք տակաւին խլրդային աշխատանք տանելով կը տարածեն այն գաղափարը, թէ Արցախը միշտ ալ «գլխու ցաւ» եղած է ՀՀ-ի համար եւ կամ սա կամ նա գիւղը ատրպէյճանաբնակ եղած է 1989-էն առաջ։
Եզրակացնելով՝ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչակարգը ձախողած կառոյց մըն է, ուր ամէն տեսակ հատուածական պայքարներ, օտար աղբիւրներէ սնուող ԶԼՄ-ներ, կրօնական աղանդներ կը գործեն ազատ ու անխափան։ Ո՞ւր կ՚երթայ մեր Հայրենիքը։
Կա՞յ ելք անելանելի այս իրականութենէն։ ԱՅՈ՛։ Ան համազգային հոգեւոր-բարոյական զարթօնքն է եւ, անյապաղ, համաժողովրդական ինքնապաշտպանութեան պատրաստութիւնը։ 14-60 տարեկան բոլոր հայերը, հայրենաբնակ թէ սփիւռքահայ, պէտք է ռազմական պատրաստութիւն անցնին յանուն Հայրենիքէն մնացած այս կտոր մը հողի պաշտպանութեան։ Համազգային մեծագոյն ամօթ է, որ այսօր 70 հազար հայազգիներ ռուսական, 30 հազար ալ ուքրաինական բանակին մէջ, զիրար կը սպաննեն…։ 100 հազա՜ր եղբայրասպան…։
1982-ի ամառը Իզրայէլ Լիբանան ներխուժեց, գրաւեց երկրին երկու երրորդը եւ պարտադրեց 17 Մայիս 1983-ի «Խաղաղութեան» համաձայնագիրը։ Լիբանանի ժողովուրդին մեծ մասը, մասնաւորաբար շիիները, կոմկուսը եւ ղովմիները մերժելով մերժեցին այդ համաձայնագիրը եւ ժողովրդային դիմադրական շարժումով ու անձնասպանական գործողութիւններով, այդ ստորացուցիչ համաձայնագիրը պատմութեան աղբանոցը նետեցին, գրաւման ուժերն ալ սահմանէն անդին շպրտեցին։
Թունուզցի բանաստեղծ Ապու Կասեմ ալ-Շապպին գրած է.
Եթէ ժողովուրդն ապրիլ ուզեց՝ ճակատագի՛րն իսկ կ՛ենթարկուի անոր,
Եւ գիշերուան խաւարը կը վերանայ եւ շղթաները կը փշրուին»:
1 comment
Մեր ժողոսվրդի ԲԱՑԱՐՁԱԿ ՄԵԾԱՄԱՍՆՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԾԻՔՆ ԱՅՍՕՐ Ա՛ՅՆ ԱՆԺԽՏԵԼԻ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆՆ Է, ՈՐ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ 1988 թ. ի վեր սանձազերծած ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՂԸ այդ պատերազմում ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՐԴԻ ՈԽԵՐԻՄԱԳՈՅՆ ԹՇՆԱՄԻ ՌՈՒՍ ԴԻՒԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆՆ Է: ՀՀ բնակչութեան մեծամասնութիւնը այն կարծիքին է նաեւ, որ ՀՀ հակառակորդը ՄՇՏԱՊԷՍ թուրք-ազէրիներին համարողները ՅԱՏՈՒԿ ԾՐԱԳՐՈՎ ԽԱԲՈՒՄ-ՄՈԼՈՐԵՑՆՈՒՄ ԵՆ ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՐԴԻՆ: ԱՅՍԻՆՔՆ՝ նմանները Ռուսաստանի գործակալներն են մեր մէջ, որոնց պիտի յայտարարենք այս պատերազմում հայութեան թշնամիներին ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԻՑ-ԶԻՆԶԿԻՑՆԵՐը ,ԱՅՍԻՆՔՆ՝ ինքնապաշտպանութիւն-ազատամարտ մղող հայութեան ԴԵՄ ՊԱՏԵՐԱԶՄՈՂ ՀԱԿԱՌԱԿՈՐԴԻ լրտեսները, որոնց պէտք է յայտարարենք Հայոց պետականութիւնը ոչնչացնող թշնամու ՀԱՅԱԿՈՐԾԱՆՈՒՄԸ ԽԱՓԱՆՈՂ ազատապայքարի ելած հայ ժողովրդի ոխերիմ թշնամին: