Լուսարձակի տակ
Դոկտ. Գէորգ Եազըճեան, Երեւան, 30 Յունուար 2020
Անցնող աշնան հայրենական օրակարգի թեժ նիւթերէն եղաւ դպրոցներու դասացուցակէն «Հայ Եկեղեցւոյ պատմութիւն» առարկան հանելու, նաեւ՝ համալսարաններուն մէջ հայագիտական առարկաները ոչ-պարտադիր դարձնելու Հ.Հ.ի Կրթութեան, գիտութեան, երիտասարդութեան եւ մարմնամարզի նախարարութեան ՄՏԱԴՐՈՒԹԻՒՆը: Թէեւ երկու պարագաներուն ալ վերջնական պարզութիւն չմտաւ, սակայն այս հարցերը դարձեալ պիտի թեժանան ուսումնական նոր տարեշրջանի նախօրեակին:
Իրենց սաղմնային վիճակին մէջ իսկ, այս երկու նախաձեռնութիւնները յառաջացուցին ազգայնականութիւն կեղծող, 2018-ի «Հայկական Գարուն»ի հակայեղափոխականներու եւ յետադիմականներու բուռն հակազդեցութիւնը: Հ.Հ.ի նոր իշխանութիւնները հերթական անգամ ամբաստանուեցան ազգային արժէքներու անարգումով, Սորոսի պատուէրը կատարելու դաւաճանութեամբ եւ նման մեղադրանքներով:
Այս ամբողջ աղմուկի ետին կան թաքնուած բազմաթիւ մութ ծալքեր, որոնցմէ ոմանց վրայ փորձենք լոյս սփռել:
– Ո՞րքան տրամաբանական է «Հայ Եկեղեցւոյ պատմութիւն» անուան տակ հայ երեխային իբրեւ այդ առարկայի առաջին տարուան դասագիրքի նիւթ սորվեցնել հրեաներու պատմութիւնը, աբրահամներու, մովսէսներու եւ յակոբներու դեգերումներն ու խաբէութիւնները, երբ հայ երեխան դեռ անտեղեակ է իր իսկ ազգի պատմութեան եւ նոյնիսկ լսած չէ Հայկ Նահապետի ու Սասունցի Դաւիթի անունները:
– Այդ նիւթին նպատակը եթէ հայ նոր սերունդին քրիստոնէութեան վարդապետութիւնը ջամբելն է, ո՞րքանով կարելի է այդ նպատակին հասնիլ զանոնք դասաւանդող ուսուցիչներով, որոնց զգալի մասը առհասարակ անհաւատ է կամ թերահաւատ՝ թէկուզ աւարտած ըլլայ Երեւանի պետական համալսարանին աստուածաբանութեան բաժանմունքը:
– Ըստ Շիրակի թեմի առաջնորդ Միքայէլ Աջապահեանի ու անոր նման մտածողներու, նոր սերունդը պէտք է քրիստոնէական դաստիարակութիւն ստանայ, որպէսզի (եղե՜ր) այդ կրօնի կանոններով ապրի: Եթէ այդպէս ըլլար, 15 տարիէ ի վեր այդ նիւթին դասաւանդումէն ետք, այսօր Հ. Հ.ի եկեղեցիները պէտք է բերնէ բերան լեցուն ըլլային 20-25 տարեկան դարձած, այդ առարկան երկար տարիներ «սորված» երիտասարդներով, մինչդեռ եկեղեցիներէն բացակայ ամենահոծ զանգուածը երիտասարդներն են:
Իրականութեան մէջ, անկրօնութեան, աւելի ստոյգ՝ Հայ Եկեղեցւոյ նկատմամբ ժողովուրդի մեծագոյն մասի անտարբերութեան բուն մեղաւորները նոյնինքն այսպէս կոչուած հոգեւորականներն են: Երբ շուրջ 35 տոկոս աղքատութիւն ունեցող երկրի մարդիկ իրենց աչքին առջեւ կը տեսնեն, թէ ինչպէս կաթողիկոս մը 30 միլիոն տոլար կը ծախսէ իր վեհարանը բարեզարդելու համար, երբ սրբազան (?!!) արքեպիսկոպոս մը Պենթլի ինքնաշարժ ունի, երբ աջապահեաններու բերնէն կը լսէ՝ «Եթէ Քրիստոս քեասիպ (աղքատ – խմբ.) էր, ի՞նչ է, մե՞նք ալ քեասիպ պէտք է ապրենք» եւ նման բաներ, կը տեսնէ ուիսքի խմող, սիկառ ծխող, վիլլաներ ունեցող, ցոփակեաց բարձրաստիճան ու ցածրաստիճան «հոգեւորական»ներ (անոնցմէ շատերու սեռական անբարոյականութեան մասին չխօսինք…), այդ երկրին մէջ հրաշքի համազօր պիտի ըլլար եթէ մարդիկ հաւատացեալ դառնային մեծ տոկոսով:
Համալսարաններուն մէջ հայագիտական առարկաներու դասաւանդումը ոչ-պարտադիր դարձնելու ձգտումը ու անոր դէմ բուռն հակազդեցութիւնը եւս ունին տրամաբանական ու անտրամաբանական երեսակներ: Նշենք անոնցմէ քանի մը հատը.
– Եթէ այդ նիւթերու դասաւանդման մեթոտաբանութիւնը հաճելի ըլլար, ուսանողները ոչ միայն պիտի չուզէին հրաժարիլ այդ դասաժամերուն ներկայ ըլլալէ, այլեւ հաճոյքով պիտի մասնակցէին անոնց: Համալսարաններուն բուն առաքելութիւնը պէտք է ըլլայ ՄՏԱԾԵԼ ՍՈՐՎԵՑՆԵԼ ուսանողներուն եւ ոչ թէ անոնց ուղեղները ծանրաբեռնել անուններով ու տարեթիւերով, որոնք անոնք կրնան իմանալ հաշուած երկվայրկեաններու մէջ՝ սեղմելով իրենց բջիջային սարքերու քանի մը կոճակները: Ուսանողները պէտք է մղուին մտածելու, թէ այս կամ այն երեւոյթը ԻՆՉՈ՞Ւ այդպէս եղած է:
– Այդ նիւթերու դասաւանդումը պէտք է բարձր – չըսելու համար բարձրագոյն – մակարդակի վրայ ըլլայ դպրոցներո՛ւն մէջ, մինչդեռ նախկին իշխանութիւնները (հանրապետականներ, դաշնակցականներ ու բարգաւաճականներ, որոնք ամէնէն բարձրը կը պոռան նախարարութեան այս մտադրութեան դէմ) ԵՐԿՈՒ ՏԱՍՆԱՄԵԱԿ քարուքանդ ըրին հայրենական հանրակրթութիւնը՝ հոն ներմուծելով Համաշխարհային Դրամատան ու նման ապազգային-հակազգային-անդրազգային փողատէր կառոյցներու պարտադրանքները: Ի տարբերութիւն հիմնարար գիտելիք տուած խորհրդային հանրակրթութեան, փտածութեան ախոյեան հանրապետականներն ու դաշնակցականները հայրենի դպրոցը վերածած էին իրենց իշխանութեան վերարտադրութեան գործիքի՝ ծնողներուն պարտադրելով ընտրութեանց ատեն քուէարկել իրենց ցանկերուն…
Չերկարենք: Ինչպէս Հ.Հ.ի կեանքի բոլոր ոլորտները, Հայ Առաքելական Եկեղեցին, հանրակրթութիւնն ու համալսարանական կրթութիւնը նախորդ երեք տասնամեակներուն ճահճացան ու նեխեցան վերէն վար փտածութեան պատճառով: Այդ ոլորտներն ու Հայ Եկեղեցին կարիքն ունին անյետաձգելի ԲԱՐԵԿԱՐԳՈՒԹԵԱՆ: Իսկ ինչպէս յայտնի է, իւրաքանչիւր բարեկարգութիւն ցաւցնող է, յաճախ՝ սխալներով ու փորձարարութիւններով ուղեկցուող: Սակայն առանց այդ տուրքը վճարելու՝ անհնար է յառաջանալ օրէ օր արագացող կշռոյթով ընթացող համաշխարհային մեր այսօրուան հետ:
Հայրենի ժողովուրդը այս մարզերուն մէջ ալ կուտակուած ցաւերը ցաւերո՛վ բուժելէն այլ ընտրանք չունի: