Օշին Էլակէօզ, Մարմարա, Պոլիս, 28 Ապրիլ 2014
Ապրիլ 23-ին երբ Թուրքիոյ մէջ կը տօնուէր Ազգային Գերիշխանութեան տօնը եւ հետաքրքրութեամբ կը սպասուէր 24 Ապրիլին ԱՄՆի նախագահ Օպամայի 1915-ի դէպքերու մասին ընելիք յայտարարութիւնը. Վարչապետարանի պաշտօնական կայքէջէն հրապարակուեցաւ Վարչապետ Էրտողանի ուղերձը, որուն մէջ ան ցաւակցութիւն կը յայտնէր Հայերուն 1915-ի դէպքերու ընթացքին զոհուած հայերուն համար:
Այս ուղերձը ռումբի ազդեցութիւն գործեց ոչ միայն Թուրքիոյ մէջ, այլ համայն աշխարհի վրայ, որովհետեւ Թուրքիոյ վարչապետի մը կողմէ 1915-ի դէպքերու մասին եղած այս յայտարարութիւնը շատ աւելի կարեւոր էր քան թէ ԱՄՆի նախագահինը:
Այս ուղերձէն վերջ ծանր քննադատութիւններ կատարուեցան որոշ Հայկական կազմակերպութիւններու եւ մտաւորականներու կողմէ: Անոնք կը քննադատէին Էրտողանը ըսելով թէ ան նոր բան մը չէր ըսած եւ իր ըսածները Թուրքիոյ կողմէ 1915-ի դէպքերու մասին մինչեւ այսօր եղած պետական յայտարարութիւններու վրայ նոր բան մը չէին աւելցներ:
Քանի մը քայլ ետ երթանք, որպէսզի աւելի լայն անկիւնէ մը դիտենք ընդհանուր պատկերը եւ տեսնենք թէ ի՞նչ նոր նշանակութիւններ կային իր ուղերձին մէջ:
– Առաջին անգամ ըլլալով Վարչապետի մը կողմէ ընդունուած եղաւ որ, 1915 ին աքսորի ենթարկուած Հայերուն մէջը գտնուած պայմանները <<անմարդկային էին, եւ անոնք այս պատճառաւ է որ մեռան>>: Մինչդեռ մինչեւ այսօր պետական թէզերը պաշտպանողները կըսէին թէ, աքսորեալներու համար ամեն թիւրութիւն մտածուած էր, իրենց ճամբու ծախսն անգամ պետութեան կողմէ ապահովուած էր: իսկ մեռնողները հիւանդութեան պատճառով է որ մեռած էին:
Կարենալ հասկնալու համար թէ ինչո՞ւ համար Վարչապետ Էրտողանին այս ուղերձը կարեւոր է, պէտք է ծանօթ ըլլալ Թուրքիոյ քաղաքական իրավիճակին: Նախ յիշեցնենք որ Օգոստոսին, Թուրքիոյ մէջ պիտի կատարուի Հանրապետութեան Նախագահի ընտրութիւնը, որ Վարչապետ Էրտողանի համար մեծ կարեւորութիւն ունի: Մեծ հաւանականութեամբ Էրտողան ալ թեկնածու պիտի ըլլայ նախագահութեան աթոռին: Պարզ է որ ժողովուրդին հակազդեցութեան պատճառ ըլլալիք սխալ մէկ յայտարարութիւն պատճառ պիտի ըլլայ քուէ կորսնցնելու եւ մենք գիտենք որ Էրտողան, իր առնելիք ամէն մեծ որոշումէն առաջ, իր մասնաճիւղին մէջ հմուտ կազմակերպութիւններուն հարցախոյզ ընել կու տայ, շօշափելու համար հանրային կարծիքը, որպէսզի սխալ քայլ մը չնետէ: Այս ալ կը նշանակէ որ թուրք համայնքը այլեւս մեծամասնութեամբ համաձայն է կամ ծանօթ է թէ 1915-ին եւ յաջորդող տարիներուն Թուրքիոյ մէջ հայերու դէմ ոճիր մը գործադրուած է: Զարգացում մը, որ ապագային այս նիւթի շուրջ իրականանալիք Հայ-Թրքական բանակցութիւններու համար խիստ կարեւորութիւն ունի՝ բան մը, որ տասը տարիներ առաջ երազելն իսկ կարելի չէր Թուրքիոյ մէջ:
Ի՞նչ նորութիւններ կրնայ բերել Էրտողանի ուղերձը
2 comments
Հաւասակշռուած յօդուած
Համասփիւռքահայ մամուլին մէջ Թուրքիոյ Վարչապետ Էրտողանի Ապրիլ 23-ի յայտարարութեան կապակցութեամբ առաջին հաւասարակշռուած յօդուածն է որ կը կարդամ:
Կը գնահատեմ keghart.com Օշին Էլակէօզի, Մարմարա, Պոլսոյ մէջ, 28 Ապրիլ 2014-ին հրատարակուած այս յօդուածը արտատպուած ըլլալուն համար:
Erdoghan 23 April
Էտողանի ծանօթ յայտարարութւնը հիմնապէս երկու ձեւով կ՝ընկալուի:
Ա- խումբը որ շարունակորդն է Օսմանեան դարաշրջանէն թրքական քաղաքացիութեան:
Բ- խումբը անոնք են որոնք Ցեղասպանութեան համը 1ՕՕ տարիներէ իրենց մորթին վրայ կը զգան, վճառած են գին մը որուն հետեւանքով պահանջատէր են իրենց կորուստի իրաւունքներուն եւ կարծր կը մնան իրենց դիրքին վրայ:
Ա-ը մինջ այդ՝ 1ՕՕ տարի է մնացած է Պատանդ, յոգնած է եւ ուժասպառ: Պատրաստ է որեւիցէ ձթենիի անճիւղ տերեւի մը տալ բարի կամքի մեկնութիւն: Օժտած է ինքզինք չափազանց ճկուն քաղաքականութեամբ կարենալ նախ իր կեանքը ապա ինչքը ապահովելու:
Սպասելի էր որ այս երկփեղկումը անշարժ մնար: Սակայն Հայաստանի անկախութեամբ նոր հարդակ մը ծնաւ որուն միջոցով անցեալի անել բեւերացումը կրնայ հիմնապէս փոխուիլ եթէ Հայրենի իշխանաւորները գիտակցին տէր կանգնիլ այս պահանջատիրութեան Մաքսայինէն եւ Եւրախորհուրդէն առաջ ուրոյն Սփիւռքին մերձեցումով եւ միացուլելով: Ասոր արդիւնքը միայն դրական կրնայ ըլլալ մինչեւ ճանաչում եւ լիիրաւ հատուցում: Այլապէս նման բաղդագուշակային յայտարարութիւններով մեզ հարիւր տարի մը եւս պիտի թմրեցնեն:
Comments are closed.