Հակառակ իր սահուն ֆրանսախօսութեան, անգլերէնով այս արտայայտութիւնը կը գործածէր Տոքթ. Յարութիւն Եոզկաթեան, ամէն անգամ որ կը բարկանար անհաճոյ ու մտահոգիչ լուրէ մը, խօսքէ մը, թերացումէ մը կամ օրինազանցութենէ մը, որ տեղի կ՝ունենար իր միութենական-կուսակցական անմիջական շրջանակէն ներս:
Թէքէեան Մշակութային Միութեան հիմնադիր-վաստակաւորներէն՝ Տոքթ. Յովսէփ Եոզկաթեան որդին՝ Յարութը, որ ծնողական երդիքին տակ կոփուեցաւ հայրենասիրական ու գաղափարախօսական յորդուն դաստիարակութեամբ, կրնա՞ր այլ ուղի մը գտնել, բացի հետեւելու ու հարազատ մնալու այդ անխառն ոգիին:
Թէքէեան Մշակութային Միութեան հիմնադիր-վաստակաւորներէն՝ Տոքթ. Յովսէփ Եոզկաթեան որդին՝ Յարութը, որ ծնողական երդիքին տակ կոփուեցաւ հայրենասիրական ու գաղափարախօսական յորդուն դաստիարակութեամբ, կրնա՞ր այլ ուղի մը գտնել, բացի հետեւելու ու հարազատ մնալու այդ անխառն ոգիին:
Յախուռն էր, կրքոտ, բայց բարեսիրտ, փափանկատ եւ ծառայասէր, վկայութեամբը իր հայ թէ օտար բարեկամներուն, որոնք իր սեփական դարմանատան մէջ կը վայելէին իր մարդասիրական ու ընկերասիրական վերաբերմունքը, ջերմ ու մտերմիկ տրամադրութեան մէջ, ուրկէ ամէն ոք դուրս կու գար գոհունակութեամբ ու հաճելի պահեր ապրած ըլլալու զգացումներով:
Նոյնը կարելի է ըսել նաեւ ազգային, կուսակցական, միութենական կեանքին համար, սակայն, այն տարբերութեամբ, որ պարտազանցութիւններու, անկարգապահութիւններու եւ անիրաւութիւններու պարագային, Եոզկաթեանը աններող եւ անզիջող էր միանգամայն, ոգեւին պոռթկալով.
“Enough is enough…”:
պարզապէս ցոյց տալու ու հասկցնելու համար, թէ այլեւս անհանդուրժելի է համակերպիլ անօրէնութիւններու եւ… համբերութեան բաժակը յորդած է:
Եոզկաթեան, իր ուսումնական կրթութիւնը ստացած էր ֆրանսերէնով, սակայն, ընտանեկան-տնային ազգային հայաբուրութիւնը իր մէջ դրոշմուած ըլլալով, ազգային կեանքին մէջ վերակենդանացուց, զարգացուց իր հայերէնագիտութիւնը եւ այդ էր պատճառը, որ ան դարձաւ նաեւ գործի ու խօսքի գործիչ, ամէն ատեն որ առիթը կը ստեղծուէր:
Իր գրաւոր խօսքերը, անթերի ու տպաւորիչ դարձնելու համար, կը տքնէր, կը տառապէր, որպէսզի դառնայ հաղորդական եւ ուսանելի: Զարմանալի թէ ոչ, Եոզկաթեանը, շատ յաճախ, իր յանպատրաստից եւ անգիր ելոյթներուն մէջ, իր կարողական սահմաններուն մէջ կը դառնար… ճառախօս, բեմբասաց:
Երբեք բարդոյթը չունէր, թէ այս կամ այն հարցը չէր գիտեր, նիւթին ծանօթ չէր: Կը սորվէր ու կ՝իւրացնէր՝ նոյնհետայն, բայց, միշտ իր դատողութիւնն ու ինքնամտածողութիւնը ներմուծելով անոնց մէջ:
Զարմանալի համակրանք մը ունէր երիտասարդութեան նկատմամբ (եւ փոխադարձաբար), իսկ երէցներուն՝ յարգալիր եւ երախտապարտական:
Այդ էր պատճառը, որ յատուկ պատկառանք ունէր Փրոֆ. Բարունակ Թովմասեանի, Մեթր Հրաչեայ Սեդրակեանի, Երուանդ Պապայեանի հանդէպ, որոնցմէ սորվելիք շատ բան կը տեսնէր ու կ՝ուզէր շարունակել այդ ուղին, իսկ մեր՝ երիտասարդութեան նկատմամբ, ամբողջական սէր ու գուրգուրանք, որովհետեւ կը հաւատար սերնդափոխութեան հրամայականին:
Պատերազմի թեժ օրերուն, մայրաքաղաքի մէկ կողմէն միւս անցնիլը իրեն համար ՙխաղ՚ մըն էր, չէր վախնար կոյր ռմբակոծումներէն եւ առեւանգումներէն, հակառակ որ, օր մը, այդ դառնութիւնը ապրեցաւ երբ իր ինքնաշարժը բռնագրաւողները, քիչ մնաց զինք ալ… տանէին:
Բազմաթիւ առիթներ ունեցաւ, այդ շրջանին, արտասահման արտագաղթելու ու հաստատուելու, բայց, համոզումով մերժեց, որովհետեւ, նախ՝ ազգային պատասխանատուութեան գիտակցութիւն ունէր, ապա՝ կը հաւատար հայրենիքէն դուրս, Լիբանանի անփոխարինելիութեան:
Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը իր ՙհոգեկան պարտէզ՚ն էր, Թէքէեան Վարժարանը, իր ՙոգիին բաբախուն շունչը՚, իսկ Բարեգործականը՝ իր ՙծննդավայր՚ը, ինչպէս կը սիրէր խօսիլ ատոնց մասին, անոնց մէջ, յետագային ունենալով պատասխանատու պաշտօններ:
Իսկ ՌԱԿ Լիբանանի շրջանակի ղեկավարութիւնը, երբ որ իրեն վստահուեցաւ, կուսակցական պատասխանատուներու անվերապահ զօրակցութեամբ, Եոզկաթեան կրցաւ իր շուրջը հաւաքել երիտասարդ ջահակիրներու խումբ մը եւ յաջողեցաւ իր դերին մէջ, հակառակ երկրին մէջ տիրող խիստ ձգտուած կացութեան:
Դժուարին պատասխանատուութիւն մը, դժուարին օրերու, որոնց դիմանալու համար, անհրաժեշտ էր կամք, վճռորոշութիւն ու հաւատք, զորս Եոզկաթեան կրցաւ լաւագոյնս դրսեւորել:
Եոզկաթեան իր տան դռները նաեւ միշտ լայն բացած էր, նոյնիսկ կէս գիշերէն ետք կամ առաւօտեան ժամերուն, որեւէ հրատապ հարցերու պարագային, խորհրդակցելու ու համապատասխան որոշումներ առնելու համար:
Հայաստանի անկախութեան նախօրեակին եւ անկէ ետք, հայրենիքին օգնութիւն հասցնելու համար, Լիբանանի օդակայանը փակ ըլլալուն պատճառով, երկա՜ր ճամբորդութիւններ կատարելու պարտաւորութեան տակ գտնուելով, կը հասնէր Երեւան, անգին գոհունակութիւնը ապրելով, իր եւ իր կուսակցութեան ու միութեան անունով, նպաստ մը բերելու համար Հայաստանի ծով կարիքներուն:
Եոզկաթեան, իր սերունդի ղեկավար այն քիչերէն էր, որ գիտէր յարգել իր շրջանակի զինուորագրեալները, անձամբ եւ իր անձնական հիւրասիրութեամբ ներկայ գտնուելով այդ հոգեպարար արարողութիւններուն, բայց երբեք չմոռնալով ՙenough is enough՚ի տրամաբանութիւնը, հաւատալով որ բան մը կրնայ փոխուիլ կամ պէտք է փոխուի:
Ափսո՜ս, Եոզկաթեանը դարձաւ վաղամեռիկ, երբ իր ՙenough՚ները կրնային որոշ սթափեցումներ ու բարեկարգումներ առաջացնել այսօրուան տիրող մռայլ կացութեան մէջ:
Այսօր, կա՞ն այդ ՙenough՚ներու տրամաբանութեամբ գործողներ, որոնք կրնան բան մը ընել կամ… չընել: