Mira Yardemian, Public Relations Director, Haigazian University, Beirut, 4 February 2015
To access the Armenian text click here.
On the occasion of the centennial commemoration of the Armenian Genocide, and under the high patronage of the President of the Union of the Armenian Evangelical Churches in the Near East, Rev. Mgrdich Karageozian, a conference titled “Armenian Genocide Centennial: Addressing the Implications” was organized by Haigazian University and the Armenian Genocide 100th Anniversary Commemoration Lebanon Committee, from January 31 to Februray 1, 2015.
The auspicious opening, which was attended by ministers, members of parliament, officials, religious leaders, and academicians, featured guest speaker, prominent scholar and historian, Prof. Masoud Daher from the Lebanese University, on the topic of “the Armenian Question in the Age of Globalization: the Current Situation and its Prospects”.
Mira Yardemian, Public Relations Director, Haigazian University, Beirut, 4 February 2015
To access the Armenian text click here.
On the occasion of the centennial commemoration of the Armenian Genocide, and under the high patronage of the President of the Union of the Armenian Evangelical Churches in the Near East, Rev. Mgrdich Karageozian, a conference titled “Armenian Genocide Centennial: Addressing the Implications” was organized by Haigazian University and the Armenian Genocide 100th Anniversary Commemoration Lebanon Committee, from January 31 to Februray 1, 2015.
The auspicious opening, which was attended by ministers, members of parliament, officials, religious leaders, and academicians, featured guest speaker, prominent scholar and historian, Prof. Masoud Daher from the Lebanese University, on the topic of “the Armenian Question in the Age of Globalization: the Current Situation and its Prospects”.
The conferenced also witnessed parallel events: a worship service in the First Armenian Evangelical Church, with a special message by Haigazian University President, Rev. Paul Haidostian, in addition to two Arabic book launches and presentations, “100 years of the Armenian Genocide: 100 Testimonials”, by author Dr. Nora Arisian, and “Karabagh Dailies, Green and Black: no War no Peace”, by author Tatul Hakobyan.
The conference convened four sessions on two consecutive days, covering eight topics, presented by eight scholars coming from Armenia, Turkey, Syria and Lebanon.
Panelists were Dr. Suren Manukyan on “The Demographic, Cultural, Psychological, Geographic, Economic, Psychological and Political Consequences of the Armenian Genocide”, Dr. Vladimir Vardanyan on “Responsibility for the Armenian Genocide: International Legal Obligations of the Ottoman Empire Concerning its Armenian Population”, Dr. Zaven Messerlian on “the Reaction of the International Community during and after the Armenian Genocide”, Dr. Saleh Zahreddine on “the Blackmailing of Turkey by the Great Powers Regarding the Armenian Genocide”, Prof. Arsen Avagyan on “the Relations of Turkey and the Republic of Armenian (1991-2014), Mr. Tatul Hagopyan on “the Relations of Turkish-Armenian non-state Actors”, Dr. Bulent Bilmez on “the Position of the Turkish State vis-à-vis its Minorities (1923-2014)”, Dr. Hranush Karadian on “the Status of the Armenians in Contemporary Turkey: the Case of the Converted Armenians.”
Presentations and sessions were moderated by Dr. Antranig Dakessian and Mrs. Seta Khedeshian.
Հարիւրամեակ Հայոց Ցեղասպանութեան.
Հետեւանքներ Եւ Յառաջադրանքներ
Երկօրեայ Գիտաժողով Հայկազեան Համալսարանին Մէջ
Հովանաւորութեամբ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան Նախագահ Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանի, եւ կազմակերպութեամբ Հայոց Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակի Լիբանանի Կեդրոնական Մարմինին ու Հայկազեան Համալսարանին, Շաբաթ, 31 Յունուար եւ Կիրակի 1 Փետրուար 2015ին տեղի ունեցաւ «Հարիւրամեակ Հայոց Ցեղասպանութեան. Հետեւանքներ Եւ Յառաջադրանքներ» վերնագրեալ երկօրեայ գիտաժողովը, Հայկազեան Համալսարանին մէջ:
Գիտաժողովին պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ Շաբաթ օր, կէսօրէ ետք ժամը 4ին, Հայ Աւետարանական Առաջին Եկեղեցիին ներքնայարկը:
Ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեանի, Սուրիոյ եւ Լիբանանի Աւետարանական Համայնքներու Նախագահ Վեր. Սելիմ Սահիունիի, նախկին զօրավար Միշէլ Աունի ներկայացուցիչ Վեր. Էտկար Թրապուլսիի, Ուժանիւթի Նախարար Արթիւր Նազարեանի, Պետական Երեսփոխան Ժան Օղասապեանի, նախկին նախարարներու եւ երեսփոխաններու, Պուրճ Համուտի քաղաքապետին, լիբանահայ կուսակցութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներու, կրթական եւ մշակութային անձնաւորութիւններու, ինչպէս նաեւ հայ եւ օտար մտաւորական խաւի մը ու հիւրերու, Հայկազեան Համալսարանի Նախագահ Վեր.-Դոկտ. Փօլ Հայտօսթեան բարիգալուստ մաղթեց ներկաներուն: Ան իր խօսքին մէջ լուսարձակի տակ առաւ նահատակի գաղափարը, ընդգծելով որ Հայկազեան Համալսարանը ապրող օրինակ է այդպիսի նահատակութեան, որովհետեւ նոյնինքն՝ Վեր.-Դոկտ. Արմենակ Հայկազեանը, որուն անունով կոչուած է այս համալսարանը, նահատակ մըն է Ցեղասպանութեան:
Հայոց Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակի Լիբանանի Կեդրոնական Մարմինին անունով խօսք առնելով, Շահան Գանտահարեան ըսաւ, թէ պատահական չէ, որ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն շարքին առաջինը տեղի կ’ունենայ Հայկազեան Համալսարանի միջավայրին մէջ, ինչ որ կը պայմանաւորուի նշեալ վայրին համասփիւռքեան մակարդակի վրայ ակադեմական իւրայատուկ միջաջավայրի հանգամանքով։ Ան նկատել տուաւ, որ գիտաժողովով սկսիլը կը նախանշէ այն հիմնական շեշտադրումներն ու առանցքները, որոնք պիտի յատկանշեն Լիբանանի մէջ տեղի ունենալիք ձեռնարկներուն յետագայ աշխատանքները:
Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան ներկայացուց Լիբանանեան Համալսարանի երկարամեայ դասախօս, Ընկերային եւ Մարդասիրական Բաժանմունքի Դոկտորականի Բաժնի պատասխանատու Փրոֆ. Մասուուտ Տահէրը, որ հեղինակութիւն է լիբանանեան գիտական շրջանակներուն մէջ:
«Հայկական Հարցը Համաշխարհայնացումի Դարաշրջանին. Ներկան Եւ Հեռանկարները» վերնագրով իր դասախօսութեան մէջ, Փրոֆ. Տահէր, համառօտակի պատմական անդրադարձ մը կատարեց հայ-թրքական փոխյարաբերութեանց՝ նախաեղեռնեան շրջանին: Ապա, շեշտելով 1915ին հայոց դէմ թուրքերուն կողմէ գործուած Ցեղասպանութիւնը, ան այս Ցեղասպանութիւնը նկատեց քսաներորդ դարասկիզբի ամէնաամօթալի ոճիրներէն մին, պնդելով որ անոր ճշմարտացիութիւնը հաստատուած է թիւերով, փաստաթուղթերով եւ վկայութիւններով:
Ապա ան ներկայացնելէ ետք լայն գիծերը ժամանակակից համաշխարհային գործընթացներուն, անդրադարձաւ համաշխարհային եւ շրջանային տնտեսական, մշակութային եւ քաղաքական զարգացումներուն եւ ստուերագծեց Հայկական Հարցի լուծման հեռանկարները եւ ուղիները:
Փրոֆ. Տահէր կարեւորեց համայն հայութեան աճող ճիգը՝ ամէնուրեք կենդանի պահելու Հայկական Հարցը՝ բազմատեսակ ձեռնարկներով եւ միջոցառումներով, կառչած մնալու իրենց պահանջատիրութեան եւ պահպանելու իրենց ինքնութիւնը: Ան ընդգծեց որ այս յանձնառութիւնները կը միտին բարձրաձայնել արդար դատը՝ աշխարհի բարձրագոյն ամբիոններէն եւ որոշմնառու կեդրոններէն, որով թափ առնէ ճնշումը Թուրքիոյ վրայ՝ ճանչնալու Ցեղասպանութիւնը: Ան նշեց որ ամբողջ աշխարհի մէջ՝ Սփիւռքի, Հայաստանի Հանրապետութեան թէ Թուրքիոյ, հայութիւնը կողմնակից է Հայկական Հարցի խաղաղ լուծման՝ Թուրքիոյ հետ բնականոն յարաբերութեանց հաստատման՝ Ցեղասպանութեան ճանաչումով եւ վնասներու համակարգեալ հատուցումով ու հայոց աշխարհագրական, կրօնական, պատմական եւ մշակութային խորհրդանշաններու վերադարձումով:
Հուսկ, ան իր խօսքը փակեց հաւաստելով որ ապագան ա՛յն վճռակամ ժողովուրդներուն է, որոնք կը կառչին իրենց ինքնորոշման իրաւունքին՝ որքան ալ երկարի ժամանակը, եւ հարցադրեց «արդեօ՞ք հայկական հարցը իր արդար լուծումը կը գտնէ եթէ աշխարհը յաջողի պահպանել ժողովրդավարութեան առկայ մնացորդացը եւ աւելի մարդկայնական համաշխարհայնացումի մը անցնի»:
Պաշտօնական բացումը իր աւարտին հասաւ Վեր. Գարակէօզեանի փակման խօսքով: Ան յայտնեց, որ իբրեւ Հայոց Ցեղասպանութեան ականատեսի զաւակներ՝ Ցեղասպանութեան փաստեր հաւաքելով չէ որ պիտի զբաղինք, այլ մեր գիտական աշխատանքը պէտք է ծանրանայ հատուցման եւ արդար իրաւունքի պահանջքին վրայ: Վեր. Գարակէօզեան շեշտեց, որ քաղաքականութիւններ փոփոխութեան կ’ենթարկուին, պետութիւններ կու գան ու կ’անհետանան, քարտէսներ կը փոխուին, բայց արդարութիւնն ու ճշմարտութիւնը կը մնան անխախտ:
Կարճատեւ դադարէ մը ետք, սկիզբ առաւ գիտաժողովին առաջին նիստը, որ յատկացուած էր Ցեղասպանութեան հետեւանքներուն եւ անոնց վերացման միջազգային օրէնքի ուղիներուն:
Նիստին առաջին զեկոցող, Դոկտ. Սուրէն Մանուկեան (Փոխտնօրէնը ՀՀ ԳԱԱ Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան-Ինստիտուտի) զեկուցեց «Հայոց Ցեղասպանութեան Ժողովրդագրական, Մշակութային, Հոգեբանական, Աշխարհագրական, Տնտեսական եւ Քաղաքական Հետեւանքները» նիւթին շուրջ:
Դոկտ. Մանուկեան նշեց, որ «Ցեղասպանութիւնը ամբողջ մարդկութեան դէմ գործուած ոճիր է, սակայն անմիջական, բու՛ն թիրախը խիստ որոշակի ազգային, էթնիք, ցեղային կամ կրօնական խումբ է,- եւ թէ՝- Հայոց Ցեղասպանութեան բոլոր՝ hետեւանքները պէտք է դիտարկել իբրեւ մէկ ամբողջութիւն»։ Ան ընդգծեց, որ հայութեան կորուստները ճակատագրական էին եւ կրնային – շարք մը այլ ազգերու եւ էթնոսներու պարագային – ոչնչացնող ըլլալ, եւ թէ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքներու գնահատումը մարդկային եւ նիւթական կորուստներու պարզ հանրագումար չի կրնար ըլլալ ու թերի է խօսիլ միայն զոհերու թիւերու մասին: Ան աւելցուց, որ շատ պարագաներու մէջ հետեւանքները երկարաժամկէտ կորուստներ են եւ աւելի ուշ կը բացայայտուին։ Ան մատնանշեց, որ հայութեան ժողովրդագրական կառուցուածքին մէջ որակական փոփոխութիւններ յառաջացան եւ ձեւաւորուեցաւ ազգ մը, որուն մեծամասնութիւնը իր հայրենիքէն դուրս կ’ապրի, ասկէ բխող բոլոր հետեւանքներով:
Անդրադառնալով աշխարհագրական կորուստներուն, Դոկտ. Մանուկեան շեշտադրեց Արեւմտեան Հայաստանի հայազրկումը, որ կը բերէ ոչ միայն մշակութային ոչնչացում, այլեւ ժողովուրդը իր միջավայրէն կտրուելու պատճառով կը յառաջացնէ ստեղծագործական ընթացքի ընդհատում:
Երկրորդ եւ օրուան վերջին զեկուցողն էր Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրական Դատարանի անձնակազմէն Դոկտ. Վլադիմիր Վարդանեան: «Հայոց Ցեղասպանութեան Պատասխանատուութիւնը. Օսմանեան Կայսրութեան Միջազգային Իրաւական Յանձնառութիւնները Իր Հայ Բնակչութեան Հանդէպ» զեկոյցին մէջ, Դոկտ. Վարդանեան ներկայացուց ՄԱԿի Մարդկային Իրաւանց ու Ցեղասպանութեան հռչակագիրերուն կողքին առկայ միջազգային այլ փաստաթուղթերու գոյութիւնը եւ անոնց օգտագործումը՝ Միջազգային Օրէնքի ճամփով: Ան ելակէտ ընդունելով Թուրքիոյ Հանրապետութեան՝ Օսմանեան Կայսրութեան իրաւայաջորդ ըլլալու փաստը, լուսարձակի տակ առաւ Օսմանեան Կայսրութեան միջազգային իրաւական պարտաւորութիւնները՝ հայոց հանդէպ: Այս առումով, քննութեան նիւթ դարձան 1878ի Պերլինի Վեհաժողովի եւ շարք մը նման այլ միջազգային յանձառութիւններու եւ պարտաւորութիւններու իրաւաթուղթեր:
Համապարփակ, լուսաբանող եւ խոստմնալից հեռանկարներու հնարաւորութիւն բացող ճամփու մը արահետը կարծէք թէ գծուեցաւ, որ էական է զարգացնել, մանաւանդ որ այս ուղին շահեկան եւ կարեւոր նորութիւններ եւ հնարաւորութիւններ կ'ընծայէ Հայկական Հարցին միջազգային իրաւական երթին:
Շուրջ հարիւր մասնակիցներու երկար քննարկումներէ, լուսաբանութիւններէ ու արծարծումներէ ետք փակուեցաւ առաջին նիստը եւ գիտաժողովին առաջին օրը, երեկոյեան ժամը 7.30ին:
Գիտաժողովին երկրորդ օրը սկսաւ ժամը տասին, Հայ Աւետ. Ա. Եկեղեցիին մէջ տեղի ունեցած պաշտամունքով, ուր պատգամեց՝ Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտօսթեան, նիւթ ունենալով Մատթէոսի Աւետարանէն, ուր Յիսուս կը խօսի վախի մասին: Վեր. Հայտօսթեան մէջբերեց՝ «Մի՛ վախնաք որ ճշմարտութիւնը կորսուի» հատուածը, ու թելադրեց պարտականութիւն ստանձնել ճշմարտութեան առաքեալներ ըլլալով պատմելու եւ խօսելու ճշմարտութեան մասին: Ապա ան մէջբերեց «Մի՛ վախնաք անոնցմէ որ մարմինը կը սպաննեն» հատուածը, ու ընդգծեց որ պէտք չէ բաւարարուիլ հայկական մարմին ունենալով, այլ պէտք է հայկական հոգին կանգուն եւ արթուն պահել, որպէսզի ան նպատակ եւ առաքելութիւն տայ մեր կեանքին: Հուսկ, ան յառաջադրեց որ իբրեւ քրիստոնեայ հայ ժողովուրդ, մենք պէտք է միշտ փնտռենք Աստուծոյ ընկերակցութեան արժէքը մեր կեանքին ու գործունէութեան մէջ:
Ժամը 11.30ին սկսաւ գիտաժողովին Բ. նիստը՝ որ վերնագրուած էր «Միջազգային Ընտանիքին Հակազդը՝ Ցեղասպանութեան եւ Անոր Շահագործումը՝ Պետութիւններու Կողմէ»:
Լիբանահայ ականաւոր պատմաբան, ակադեմիկոս Դոկտ. Զաւէն Մսըրլեան զեկուցեց «Միջազգային Համայնքին Հակազդը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան Ընթացքին Եւ Անկէ Ետք» նիւթին շուրջ, այդ հակազդը դնելով պատմութեան խորապատկերին վրայ:
Դոկտ. Մսըրլեան, հաւաստեց, որ թուրք պետական ղեկավար շրջանակներու մէջ հայոց նկատմամբ ցեղասպանական միտումները գոյ էին Պերլինի Վեհաժողովէն ետք եւ փաստարկեց, որ Թուրքիոյ ղեկավար խմբակը շատ լաւ կը գիտակցէր թէ տեղահանութիւն հրահանգելով ազգի մը ցեղասպանումին վճիռը կ’արձակէր: Ապա ան անդրադարձաւ 1915 Մայիսի սկիզբին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գէորգ Ե.ի դիմումին՝ մեծ պետութեանց, կեցնելու հայոց ջարդերը:
Դոկտ. Մսըրլեան կարեւորեց այդ դիմումին ի պատասխան, 22 Մայիս 1915ին Դաշնակից Պետութիւններու ազդարարութիւնը՝ թուրք ղեկավարներուն, թէ՝ մարդկութեան դէմ ոճիրներու համար անձնապէս պատասխանատու պիտի ըլլան: Ան մատնանշեց որ այս փաստաթուղթը օգտագործուեցաւ Համաշխարհային Բ. Պատերազմէն ետք որպէս նախընթաց՝ դատելու համար նացի եւ ճափոնցի պատերազմական ոճրագործները եւ հիմք կազմեց Նիւրեմպերկի ու Թոքիոյի հրովարտակներուն:
Ան անդրադարձաւ Հռոմի Բենեդիկտոս ԺԵ. Պապին եւ Մեքքէի Շերիֆ Հիւսէյնի նամակներուն, ինչպէս նաեւ չէզոք եւ պատերազմիկ երկիրներու մեծերու յայտարարութիւններուն, որոնցմով կը յստականար թէ անոնք կը գիտակցէին թէ կատարուածը ազգի մը բնաջնջումն է: Դոկտ. Մսըրլեան բացատրեց որ Դաշնակից երկիրներու ղեկավարներ խոստումներ ըրին հայոց, բայց չգործադրեցին: Ընդհակառակը, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ճգնաժամին անոնք ոչ միայն օգնութեան չհասան, այլեւ փորձեցին զայն շահագործել: Ան նշեց նաեւ որ Օսմանեան պետութեան յետ-պատերազմեան սկզբնական կեցուածքը նոյնպէ (քննութիւն, դատ, մամուլի մէջ բացայայտումներ) շրջադարձ ունեցաւ քեմալականներու իշխանութեան գալով:
Հուսկ, Դոկտ. Մսըրլեան եզրափակեց որ միջազգային օրէնքի հիմամբ պէտք է հետապնդել հողային, նիւթական եւ բարոյական հատուցման հարցը՝ օգտագործելով ազգի մը հողին տիրելու համար ազգի մը բնաջնջումը ծրագրելու եւ գործադրելու փաստը:
Նիստին երկրորդ զեկուցաբերն էր լիբանանցի ծանօթ պատմաբան, Դոկտ. Սալէհ Զահրէտտին, որ ներկայացուց «Հայոց Ցեղասպանութեան Չարաշահումը Պետութիւններու Կողմէ՝ Թուրքիոյ Դէմ» նիւթը:
Դոկտ. Զահրէտտին հաստատեց որ Արեւելեան Հարցը իր աւարտը չունեցաւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան հռչակումով: Ընդհակառակը, անիկա մասնատուեցաւ ենթաՀարցերու, որոնք նոր ձեւ եւ տարողութիւն ստացան ու գոյատեւեցին տարբեր ազդեցիկութեամբ: Ան լուսարձակի տակ առաւ Հայոց Ցեղասպանութեան չարաշահումը՝ շրջանային թէ մեծ պետութիւններու կողմէ, որոնք զայն կ’օգտագործեն իբրեւ ճնշամիջոց՝ Թուրքիոյ դէմ: Ան վերլուծեց ճնշամիջոցի այս քաղաքականութեան վերաձեւաւորումը՝ Պաղ Պատերազմի աւարտէն, Ծոցի Երկրորդ Պատերազմէն, Պերլինի պատի փլուզումէն եւ Գերմանիոյ միացումէն ետք, ծանրանալով անոր քաղաքական, տնտեսական, զինուորական եւ դիւանագիտական դրսեւորումներուն վրայ:
Դոկտ. Զահրէտտին վերլուծեց Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ եւ Յունաստանի չարաշահումի այս քաղաքականութիւնը, ներկայացնելով իւրաքանչիւր երկրի առանձին դրսեւորումներու օրինակներ՝ թէ՛ ներթրքական եւ թէ՛ միջպետական յարաբերութիւններու եւ շփումներու ծիրին մէջ: Ան անդրադարձաւ նաեւ Թուրքիոյ՝ Եւրոպական Միութեան միանալու խնդրով վերջինիս վարած երկակի քաղաքականութեան մանրամասնութիւններուն, ինչպէս նաեւ քիւրտերու քաղաքականութեան՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման առնչութեամբ: Դոկտ. Զահրէտտին եզրակացուց որ վերոյիշեալ քաղաքական միաւորներուն կողմէ որդեգրուած ճնշումի այս քաղաքականութիւնը հիմնուած է անոնց շահերուն վրայ, ուր Հայկական Ցեղասպանութեան հարցը իր տարբեր երեսակներով կ’օգտագործուի իբրեւ ճնշամիջոց՝ ուրիշ հարցերու կողքին:
Ծաւալուն քննարկումներէ ետք, երկրորդ նիստը փակուեցաւ եւ ներկաները անցան ճաշի դադարի:
Գիտաժողովին երրորդ նիստը նուիրուած էր Հայ Թրքական Յարաբերութիւններուն:
Առաջին զեկուցողն էր Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարարութեան կազմէն Փրոֆ. Արսէն Աւագեան, որ հանգամանալից ներկայացուց «Հայաստանի Հանրապետութիւն-Թուրքիա Յարաբերութիւնները 1991-2014» նիւթը:
Փրոֆ. Աւագեան ընդգծեց որ հաշուի առնելով պատմական անցեալի, հայերու հայրենազրկումի եւ Թուրքիոյ կողմէ անոնց գոյքին եւ ունեցուածքին տիրանալու, Մեծ Եղեռնէն ետք հայերու սփիւռքածին ազգ հանդիսանալու հանգամանքները՝ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները իրենց բնոյթով աւելի բարդ են եւ համակողմանի, քան սովորական երկու դրացի պետութիւններու միջեւ յարաբերութիւնները: Ան այդ յարաբերութիւնները պայ-մանականօրէն բաժնեց երեք փուլերու:
1991էն սկսեալ հայ-թրքական շփումները միքանի փուլեր անցած են, որոնք չեն յանգեցուցած խնդիրներու կարգաւորման եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման: Ընդհակառակը՝ 1992ին, թրքական կողմի ընթացքով, անոնք թեւակոխած են Թուրքիոյ կողմէ Հայաստանի շրջափակումի, ճնշումի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան միջամտութեան փորձերու շրջան: Փրոֆ. Աւագեան բացատրեց, որ այս իրավիճակը որոշ, ոչ-էական փոփոխութիւններով կը շարունակուի մինչեւ այսօր, աւելցնելով որ 1995էն սկսեալ կարգաւորման փնտռտուքներն ու նախաձեռնութիւնները շեշտաւորուեցան Թուրքիոյ մնայուն նախապայմաններով, որովհետեւ Թուրքիան հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորումը կը կապէր հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման:
Փրոֆ. Աւագեան վերլուծեց որ Թուրքիա՝ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը եւ անկէ բխող հետեւանքները կը նկատէ իր ազգային անվտանգութեան սպառնացող խնդիր, ընդգծելով որ այդ առումով կարեւոր դեր ունի թրքական ազգային մտածելակերպին մէջ տեղ գրաւած «Սեւրի բարդոյթ»ը:
Եզրափակելով իր խօսքը, Փրոֆ. Աւագեան նշեց որ ներկայիս Թուրքիա կը վարէ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը խոչընդոտելու «խելացի ժխտողականութեան» քաղաքականութիւն, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Սփիւռքի գործունէութիւնը կը դիտարկէ իբրեւ միասնական եւ համակարգուած եւ հայութիւնը իր ազգային ապահովութեան վտանգ կը սեպէ ու ըստ այդմ կը մշակէ իր պայքարի մարտավարութիւնը:
Երրորդ նիստին երկրորդ զեկոյցով, Թաթուլ Յակոբեան ներկայացուց «Հայ-Թուրք Ոչ-Պետական Յարաբերութիւնները» նիւթը:
Մամուլի հանրածանօթ եւ վաստակաւոր գործիչ Թաթուլ Յակոբեան 1991էն՝ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութենէն սկսեալ հայ-թրքական ոչ-պետական շփումները բաժնեց երեք պայմանական փուլերու՝ 1991-2001, 2001-2008 եւ 2008-2014:
Յակոբեան նշեց որ մինչեւ 2001 հայ-թրքական ոչ-պետական շփումները աշխուժ չեն եղած: Այդ շրջանի ամէնէն յայտնի նախաձեռնութիւնը Թուրք-Հայկական Տնտեսական Զարգացման Խորհուրդն էր, որ ստեղծուեցաւ 1997ին: 2001ին ստեղծուեցաւ Թուրք-Հայկական Հաշտեցման Յանձնաժողովը, որ ամէնէն երկարակեաց նախաձեռնութիւնը եղաւ: 2008ի «ֆութպոլային դիւանագիտութիւն»ով, հայ-թրքական ոչ-պետական շփումները մտան նոր փուլ, որ կը շարունակուի մինչեւ այսօր:
Յարգելի փորձագէտը անդրադարձաւ նաեւ այս շփումներուն նկատմամբ միջազգային, սփիւռքեան, հայաստանեան եւ թրքական արձագանգներուն, որոնք միանշանակ չեն եղած: Ան եզրափակեց իր զեկոյցը բացատրելով այդ շփումներուն թէ՛ նպաստաւոր եւ օգտակար եւ թէ՛ աննպաստ ու վտանգաւոր միտումները, աւելցնելով որ անոնց ապագան պայմանաւորուած է միջազգային կազմակերպութիւններու եւ առանձին երկիրներու դրամաշնորհներով:
Աշխուժ քննարկումէն ու սուրճի դադարէն ետք գիտաժողովը անցաւ իր վերջին նիստին, որ վերնագրուած էր «Թուրքիոյ Հանրապետութիւնն Ու Թուրքը՝ Յաչս Երկրին Փոքրամասնութիւններուն»:
Առաջին զեկոցողն էր Իսթանպուլի Պիլկի Համալսարանի պատմութեան ամբիոնի վարիչ Դոկտ. Պիւլենթ Պիլմէզ, որ ծաւալուն եւ լուսաբանական վերլուծութեամբ ներկայացուց Թուրքիոյ Հանրապետութեան քաղաքականութիւնը՝ երկրին ոչ-քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններուն հանդէպ՝ 1923-2014 տասնամեակներուն:
Դոկտ. Պիլմէզ ընդգծեց, որ Թուրքիոյ մէջ «փոքրամասնութիւն» եզրը իրաւականօրէն կ’օգտագործուի միայն ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններուն, հակառակ անոր որ գոյութիւն ունին այլ կրօնական եւ էթնիք փոքրամասնութիւններ եւս, որոնք կարեւոր դեր խաղացած են Թուրքիոյ պատմութեան մէջ:
Յարգելի բանախօսը լուսաբանեց այդ փոքրամասնութիւններուն՝ թուրք ազգի կերտումին մէջ դերն ու տեղը: Ան նշեց որ այդ դերը կը ծառայէր ձուլումի, ցեղային մաքրագործումի եւ կամ ոչնչացումի քաղաքականութեան, որուն սկիզբը կը հանդիսանար Հայոց 1915ի Ցեղասպանութիւնը:
Դոկտ. Պիլմէզ անդրադարձաւ թուրք ազգի մտայնութեան, հաւաստելով որ Թուրքիոյ պետական քաղաքականութիւնը խորապէս արմատաւորուած է ոչ միայն ժողովուրդներու, այլեւ ընդդիմադիր քաղաքացիական-մտաւորական շարժումներու դէմ Օսմանեան Պետութեան անհաւասար քաղաքականութեան մէջ եւ եզրակացուց որ Թուրքիոյ մէջ փոքրամասնութիւններուն հանդէպ քաղաքականութեան ժողովրդավարացումը խոչընդոտող գլխաւոր գործօն մըն է Թուրքիոյ իսլամ մեծամասնութեան մէջ տիրող egalophobiaն (հաւասարազօրութեան վախ), որ կը ներկայացուի իսլամա-թուրքիստական ներկայ կառավարութեամբ:
Գիտաժողովին վերջին նիստին զեկուցեց հանրածանօթ ազգագրագէտ Դոկտ. Հրանուշ Խառատեան՝ «Հայերուն Կարգավիճակը Ժամանակակից Թուրքիոյ Մէջ. Իսլամաց(ու)ած Հայերը» նիւթով:
Դոկտ. Խառատեան բացատրեց որ հայերը մասնաւոր պաշտօնական կարգավիճակ մը չունին Թուրքիոյ մէջ: Լոզանի Խորհրդաժողովի տրամադրութիւնները՝ Թուրքիոյ «ոչ-մահմետական փոքրամասնութիւններու»ն խնդրով, կը պարտաւորեցնեն Թուրքիան որ անոնք ունենան իրենց համայնքային դպրոցները, ապահովութիւն՝ իրենց կրօնական հաստատութիւններուն շուրջ եւն.: Ան նշեց, սակայն, որ որ Ազգերու Լիկան իրաւունք չունէր վերահսկելու Թուրքիոյ ոչ-մահմետական փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու գործադրման եւ աւելցուց, որ Թուրքիոյ հայերու կարգավիճակը յաճախ փոխուած է թէ՛ թուրք ներքին քաղաքականութեան եւ թէ՛ Թուրք-Սովետական յարաբերութիւններուն հիմամբ: Օրինակ, 1937-38ի հայերու եւ ալեւիներու կոտորածը Տերսիմի մէջ կը զուգադիպի Խորհրդային Հայաստանի եւ Վրաստանի սահմանամերձ շրջաններու արեւմտահայերու աքսորին: Ըստ երեւոյթին, արեւմտահայոց դէմ սովետական քաղաքականութիւնը կ’ազդուէր Թուրք-Սովետական յարաբերութիւններէն:
Դոկտ. Խառատեան հանգամանօրէն ներկայացուց Թուրքիոյ հայ փոքրամասնութեան ենթարկուած ճնշումները, ինչպէս՝ ա) Գաւառահայութեան տեղաշարժի արգիլում, բ) Գաւառահայութեան նոր աքսորներ՝ 1930-40ականներուն, գ) Երկրորդ Աշխարհամարտի առաջին տարին գործադրուած պարտադիր զինուորագրում, դ) Ծանր հարկատուութիւն, որ հայոց սնանկացումը կը նպատակադրէր, ե) Պատմութեան դասագիրքերու մէջ հայոց դաւաճան, բացասական կարծրատիպի ստեղծում եւ հանրայնացում, զ) Հայկական մշակութային արժէքներու ծրագրաւորուած ոչնչացում, է) Հայերու ունեցուածքի վերասեփականում՝ ոչ-հայերու կողմէ, ը) Թուրքիոյ ներքին հակամարտութիւններուն մէջ «հայկական մասնակցութեան յայտնաբերում» եւ պատժամիջոցներու գործադրում…:
Այս բոլորը յառաջացուցին հակահայ թշնամանքի ու ատելութեան մթնոլորտ, որուն հետեւանքով յատկապէս գաւառահայերը զօրացուցին իրեն ինքնութեան քօղարկումը՝ իրական կամ կեղծ կրօնափոխութեամբ եւ այլապէս: Անոնք առաւել լուսանցքայնացան, կղզիացան եւ ապրեցան այն ընկալումով որ միակ հայերն էին աշխարհի վրայ:
Դոկտ. Խառատեան մատնանշեց որ 1980ականներուն, Թուրքիոյ մէջ «ինքնութիւններու թոյլատրութեան» շրջանին, քօղարկուած հայերը չշտապեցին բացայայտել իրենց ինքնութիւնը, բայց մօտեցան ընկերվարական գաղափարախօսութեան: Անոնք ինքնութեան հարցը՝ քաղաքականութիւն, իսկ ընկերվարական գաղափարախօսութիւնը՝ ապաքաղաքականութիւն նկատեցին:
Եզրափակելով իր զեկոյցը, Դոկտ. Խառատեան հաւաստեց որ իսլամաց(ու)ած հայերու խնդիրի արծարծումը թափ առաւ 21րդ դարու սկիզբին, մանաւանդ Հրանդ Տինքի սպանութենէն ետք: Այսօր իսլամաց(ու)ած այս հայերէն խումբ մը կը միտի պահպանել իր հայութիւնն ու իսլամութիւնը: Ուրիշներ, սակայն, էթնիք եւ կրօնական դաւանափոխութեան հարցը վերստին օրակարգի նիւթ կը դարձնեն:
Այս նիստի ելոյթներուն համապարփակ քննարկումէն ետք, գիտաժողովը հասաւ իր աւարտին:
Պէտք է ըսել, թէ գիտաժողովը Լիբանանի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան նիւթի արծարծումը նոր հարթակի վրայ դրաւ: Արծարծուեցան նիւթեր, որոնք ցարդ հրապարակային նման քննարկումի չէին արժանացած, բացայայտուեցան մանրամասնութիւններ, եղան լուսաբանական բացատրութիւններ, մեկնաբանութիւններ, որոնք վստահ ենք՝ պիտի ծառայեն հանրութեան մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան զանազան երեսակներուն մասին կարծիքներու, տեսակէտերու վերամշակման, վերաթարմացման եւ պատշաճեցման՝ Հայոց Ցեղասպանութեան, հայ-թուրք յարաբերութեանց, Թուրքիոյ այլեւայլ փոքրամասնութիւններու մասին մեր ունեցած պատկերացումներուն, մտածումներուն եւ կեցուածքներուն առումով:
Գիտաժողովը յատկանշուեցաւ նաեւ միտքերու ազատ փոխանակումով, քննարկումներու խորութեամբ՝ փոխադարձ յարգանքի ենթահողին վրայ, ուր տինամիզմ մը շեշտուեցաւ Պոլիս-Երեւան-Պէյրութ կարծիքներու, մտածումներու եւ տեսակէտերու դրսեւորման առումով: Գիտաժողովը հազուադէպ իրողութիւն էր նաեւ Հայկական Հարցը՝ Լիբանանի բեմէն լսելի դարձնելու՝ որոշ շերտաւորում ունեցող Իսթանպուլի ժողովրդավար, երեւանեան պետական եւ լիբանահայ պահպանողական տեսակէտերու եւ մտածումներու համատեղման առումով եւս:
Վստահ ենք, որ այս գիտաժողովը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի լիբանահայ ձեռնարկներուն գիտական այս առջինեկը իր ոճական, բովանդակային եւ կշռութային բնորոշումը պիտի դնէ գալիք ձեռնարկներուն վրայ:
Զոյգ Գիրքերու Շնորհանդէս
Գիտաժողովը իր լրումին հասաւ արաբերէն զոյգ գիրքերու շնորհանդէսով մը, Կիրակի, 1 Փետրուար 2015ի երեկոյեան ժամը 7:00ին, Հայկազեան Համալսարանի Մուկար Արուեստից Սրահին մէջ:
Արդարեւ, Հայկազեան Համալսարանի Հրատարակչատունը արաբ հանրութեան սեղանին կը դնէր Դոկտ. Նորա Արիսեանի Հարիւր Արաբ Վկայութիւն՝ Հայոց Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակին Առթիւ գիրքը: Երկրորդ գիրքը Ղարաբաղի հակամարտութեան նուիրուած Թաթուլ Յակոբեանի Սեւ Եւ Կանաչն էր, զոր թարգմանած էր Դոկտ. Նորա Արիսեան:
Շնորհանդէսին բացումը կատարեց Հայկազեան Համալսարանի Առեւտրական Վարչագիտութեան Բաժնի տեսուչ, Դոկտ. Ֆատի Ասրաուի, որ արաբերէնով ողջունեց ներկաները եւ անդրադարձաւ ձեռնարկի շարժառիթին ու նպատակին, համառօտակի ներկայացուց Դոկտ. Արիսեանը եւ լրագրող-փորձագէտ Թաթուլ Յակոբեանը: Ապա ան խօսքը փոխանցեց Դոկտ. Արիսեանին:
Դոկտ. Արիսեան նախ արաբերէնով, ապա հայերէնով անդրադարձաւ Թաթուլ Յակոբեանի Արցախեան Օրագիր, Կանաչ Ու Սեւ, Ո՛չ Պատերազմ, Ո՛չ Խաղաղութիւն գիրքին, յայտնելով, որ գիրքը կարդալով ինքնաբերաբար մղուած է զայն թարգմանելու: Եզրափակելով իր խօսքը, Դոկտ. Արիսեան շեշտեց. «Ան որ կ'ուզէ գաղափար առնել արցախեան հերոսամարտին մասին, պէտք է կարդա՛յ Թաթուլ Յակոբեանի այս գիրքը»:
Շնորհանդէսի երկրորդ մասով Դոկտ. Ասրաուի կենսագրական հակիրճ տեղեկութիւններով ներկայացուց լիբանանեան խորհրդարանի անդամ երեսփոխան Ղասսան Մուխայպէրը:
Երեսփոխան Մուխայպէր արաբերէնով արտասանած իր խօսքին մէջ ի միջի այլոց գիրքը նկատեց ցեղասպանութեան արհաւիրքը ապրած ու անկէ ճողոպրած վկաներու յիշողութիւն: «Ծագումով հայ չեմ, սակայն երկու հանգամանքներ զիս կը մղեն զօրակցելու Հայ Դատին: Նախ եւ առաջ՝ հայ ժողովուրդին դէմ պատահածը միայն հայ ժողովուրդին դէմ չէր, այլեւ՝ համայն մարդկութեան դէմ կատարուած ոճիր էր: Երկրորդ՝ դէպքէն հարիւր տարիներ ետք, տակաւին ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի նաեւ այլ ժողովուրդներու նկատմամբ՝ Իրաքի, Պաղեստինի մէջ եւ այլուր: Առ այդ, պէտք է գրի առնել դէպքերու ականատեսներուն յիշողութիւնն ու վկայութիւնները: Ան որ կը մոռնայ իր անցեալը, ապագայ չունի»: Ան եզրափակեց իր խօսքը պնդելով, որ «նման ոճիր ո՛չ միայն հայերուն, այլեւ համայն մարդկութեան դէմ է ու՝ բոլո՛րս հայ ենք»:
Աւարտին կատարուեցաւ զոյգ գիրքերու մակագրութիւն:
Հայկազեան Համալսարան