Ճրտգ. Համբարձում Մ. Աղպաշեան, Լոս Անճելըս, Դեկտեմբեր 2025
Ներածութիւն
Գաղտնիք չէ, որ Արհեստական բանականութիւնը, կամ այսպէս կոչուած ալգորիթմական գիտութիւնը, աշխարհի ապագան է։ Ան կը խոստանայ ապագային որակական վերածնունդ մարդկային կեանքի բոլոր բնագաւառներուն մէջ։ Ահա թէ ինչո՛ւ աշխարհի մեծ մասը կը ձգտի հասնիլ զարգացման հոսանքին ու օգտուիլ այս գիտական յառաջընթացէն՝ իւրաքանչիւրն իր հնարաւորութիւններուն չափով։ Հայաստան լուրջ մարտահրաւէրներու առջեւ կանգնած է այս ոլորտին մէջ, քանի որ տակաւին կը նկատուի ետ մնացած երկիրներէն մէկը, մինչդեռ ուրիշ երկիրներ, ինչպիսիք են Հնդկաստանը, Թայուանը, Ֆիլիփփինները եւ Եգիպտոսը, արդէն զգալի յառաջդիմութիւն արձանագրած են։ Իսրայէլ շատ առջեւ գացած է Արհեստականբանականութեան ոլորտին մէջ, աւելի շատ, քան եւրոպական երկիրներու մեծ մասը, եւ կարելի է ըսել, թէ երկրորդ տեղը կը զբաղցնէ Ամերիկայէն ու Չինաստանէն ետք։
Ի՞նչ է Արհեստական բանականութիւնը
Արհեստական բանականութիւնը այսօր դարձած է մեր ժամանակի ամենաազդեցիկ երեւոյթներէն եւ ուժերէն մէկը՝ փոխելով տնտեսութիւնները, հասարակութիւնները եւ կառավարման համակարգերը ամբողջ աշխարհով։ Ան մարդկային բանականութեան կեղծում, ձեւացում է մեքենաներու, գործիքներու մէջ, որոնք ծրագրուած եւ նախագծուած են մարդու նման մտածելու եւ գործելու, կատարելով այնպիսի առաջադրանքներ ու որոշումներ, ինչպէս որ են ուսուցումը եւ հրահանգները, դատողութիւնը եւ որոշումներու կայացումը: ԱԲ-ի շատ պարզ օրինակներէն են ինքնավար մեքենաները, խորհրդատու համակարգերը, բժշկական ախտորոշման կամ անվտանգութեան յառաջադէմ գործիքները, GPS-ը, Google-ը, GPT-ը, նոյնիսկ բնակարաններու մէջ օգտագործուած պարզ (Ալեքսա-Alexa-ի նման) էլեկտրոնային օգնականները, եւայլն:
Հայաստանը ո՞ւր է այս ոլորտին մէջ
Շատ երկիրներ, ներառեալ մեր հայրենիք Հայաստանը, կը մնան շատ ետ՝ սահմանափակ ենթակառուցուածքներու, նիւթական միջոցներու պակասի եւ նոր արհեստագիտութեան մասին գիտելիքի բացակայութեան պատճառով։ Հայաստանի առջեւ կանգնած հիմնական դժուարութիւններն են պետական ռազմավարութեան (strategy) բացակայութիւնը, դրամական միջոցներու պակասէն տառապող գիտահետազօտական հաստատութիւնները, համալսարաններու միջեւ համագործակցութեան շատ սահմանափակութիւնը, մարդկային շատ կարողութիւններու անօգուտ մնալը (այն պարագային, երբ երիտասարդութեան մէջ թաքնուած է մեծ ներուժ)։ Ասոնք բոլորը միատեղ Հայաստանը կը պահեն Արհեստական բանականութեան ոլորտի յետամնաց երկիրներու խումբին մէջ։
Ի՞նչ կարելի է ընել
Կրթութեան, հետազօտութեանց եւ մասնագիտական հմտութիւններու զարգացման մէջ ճիշդ ներդրումներով՝ Հայաստան կրնայ իր երիտասարդ սերունդը դարձնել այն շարժիչ ուժը, որ պիտի մասնակցի համաշխարհային թուային տնտեսութեան զարգացման։ Աւելի լաւ պիտի ըլլար համագործակցութիւնը սփիւռքահայ մասնագէտներու հետ, որոնք կարող են փոխանցել իրենց գերարդիական գիտելիքները եւ զանոնք աւելցնել տեղական գիտելիքներուն: Արհեստական բանականութեան ներդրումը գիւղատնտեսութեան, առողջապահութեան եւ կրթութեան նման բնագաւառներու մէջ, կրնայ խթանել նորարարութիւնը եւ նպաստել երկարատեւ ու կայուն զարգացման։
Այս բնագաւառին մէջ երիտասարդութեան ուսուցումը հիմնական քայլ է՝ մարդկային ներուժը վերածելու իրական առաջընթացի։ ԱԲ-ը իրենց զարգացման ռազմավարութիւններուն մէջ ընդգրկած երկիրները մեծ յառաջընթաց կ’ապրին բոլոր մարզերու մէջ։ Սակայն Հայաստան դեռ շատ ետ կը մնայ այս փոփոխութեան ընթացքէն։ Թէեւ ունինք մարդկային հզօր ներուժ եւ երիտասարդ, տաղանդաւոր սերունդ, բայց ներդրումներու, ենթակառուցուածքներու եւ տեղեկացուածութեան պակասը կը դանդաղեցնէ յառաջընթացը։
Եթե կարողանանք օգտագործել մեր մտաւոր ներուժը եւ ուսանողները կրթութեան միջոցով զինել արդի արհեստագիտական գիտելիքներով, մեր երկիրը կրնայ մտնել համաշխարհային թուային տնտեսութեան ոլորտ։ Արհեստական բանականութեան նկատմամբ ռազմավարական ու խելամիտ մօտեցումը կարող է դառնալ կայուն զարգացման եւ ազգային հզօրացման նոր ուղի։

Ներկայ դժուարութիւններն ու հնարաւորութիւնները
Հայրենական հասարակութեան մէջ ալ դեռ ցածր է ապագայի համար ԱԲ-ի կարեւոր դերի գիտակցութիւնը։ Կրթական ծրագիրներու մէջ բաւական չեն ներառուիր համակարգչային գիտութիւնը, տուեալներու վերլուծութիւնը եւ մեքենայական ուսուցումը։ Այնուամենայնիւ, Հայաստանի ժողովրդագրական կառուցուածքը՝ երիտասարդ եւ աշխուժ բնակչութիւնը, մեծ հնարաւորութիւն կը ներկայացնէ։ Կրթութեան, մասնագիտական հմտութիւններու զարգացման եւ թուային գրագիտութեան տարածման մէջ ծրագրուած ներդրումները կրնան ստեղծել նոր սերունդի մասնագէտներ, որոնք պիտի առաջնորդեն մեր երկիրը դէպի արհեստագիտական նոր ժամանակաշրջան։
ԱԲ-ի հնարաւոր նպաստը ազգային զարգացման
Երկրի հիմնական ոլորտներուն մէջ Արհեստական բանականութեան ներգրաւումը կրնայ արագացնել զարգացումը եւ բարելաւել կեանքի որակը։
Ա. Գիւղատնտեսութեան մէջ, օրինակ, ԱԲ-ի կիրառումները կրնան օգնել բերքի վերահսկման, ոռոգման համակարգերու բարենպաստ պայմաններու ընտրութեան եւ բերքատուութեան կանխատեսման՝ բարձրացնելով արտադրողականութիւնը եւ նուազեցնելով կորուստները։
Բ. Առողջապահութեան մէջ, ԱԲ-ը կրնայ աջակցիլ հիւանդութիւններու վաղ փուլերու մէջ յայտնաբերման, ճշգրիտ ախտորոշման եւ հեռաւոր շրջաններու մէջ բժշկական ծառայութիւններու մատչելիութեան բարելաւման։
Գ. Կրթութեան ոլորտին մէջ, խելացի ուսուցման հարթակները կրնան անհատականացնել ուսուցման գործընթացը, լրացնել միջոցներու բացը եւ խթանել ստեղծագործական մտածողութիւնը։ ԱԲ-ի խելամիտ եւ բարոյական կիրարկումը կրնայ ոչ միայն խթանել տնտեսական աճը, այլեւ նպաստել հասարակական արդարութեան եւ կայուն զարգացման։
Դ. ԱԲ-ը կարող է հզօր ձեւերով վերափոխել արդիւնաբերութիւնն ու արտադրութիւնը, որակը եւ նորարարութիւնները։ ԱԲ-ը կը վերահսկէ մեքենաները, կը նուազեցնէ անսարքութիւնները եւ թանկարժէք վերանորոգումները։ Խելացի ռոպոթները կը ստանձնեն վտանգաւոր, կրկնուող կամ ճշգրիտ առաջադրանքներ, կը բարելաւեն արտադրողականութիւնը եւ կայուն որակը։ ԱԲ-ը կ’օգնէ ճարտարագէտներուն ստեղծել աւելի լաւ արտադրանքի ուրուագիծ (design), կը նուազեցնէ պաշարներու վատնումը, ծախսերը, եւ՝ շատ աւելին։
Ի վերջոյ արեւը պիտի ծագի
ԱՄՆ-ի մէջ գործող Firebird.ai արհեստագիտական ընկերութեան, ԱՄՆ-ի Սիմի հովիտի (Simi Valley) մէջ գործող NVIDIA հսկայ ընկերութեան, ՀՀ կառավարութեան եւ Team Group-ի համագործակցութեամբ, 2025-ի յունիսին ներկայացուեցան Հայաստանի մէջ արհեստական բանականութեան նոր գործարանի եւ գերհաշուարկային (supercomputing) կեդրոնի կառուցման ծրագիրները։ Կը մասնակցին նաեւ Team Telecom Armenia-ի մայր ընկերութիւնը եւ Աֆէյեան հիմնադրամը։
Նախագիծը գրեթե 500 միլիոն տոլարի պետական-մասնաւոր գործընկերութիւն է, որ նպատակ ունի կառուցել Հայաստանի մէջ ԱԲ-ի նոր գործարան։ Ան պիտի ծառայէ որպէս ԱԲ-ի եւ տուեալներու մշակման տարածաշրջանային կեդրոն։ Գործունէութիւնը նախատեսուած է սկսիլ 2026-ին։ Ան պիտի օգտագործէ NVIDIA-ի Blackwell Graphics Processing Unit (GPU)-ի հազարաւոր տարբերակներ, որոնք նախատեսուած են Արհեստական բանականութեան հզօր հաշուարկներու համար։ 2025-ի նոյեմբերին Երեւանի մէջ ԱՄՆ-ի դեսպանատունը ողջունեց ամերիկեան Firebird ընկերութեան յայտարարութիւնը Հայաստանի մէջ 500 միլիոն տոլարի նախնական ներդրման վերաբերեալ, որ կ’իրականացուի NVIDIA-ի հետ համագործակցութեամբ։
Ըստ ԱՄՆ-ի Երեւանի դեսպանատան յայտարարութեան, սա՝ բազմամիլիոն տոլարնոց նախագծի սկզբնական փուլն է, որուն նպատակն է տարածաշրջան բերել Արհեստական բանականութեան բարձր արդիւնաւէտ գերհաշուարկային ենթակառուցուածքներ։ Այս զարգացումը նոր սկիզբ է ԱՄՆ-ի եւ Հայաստանի միջեւ համագործակցութեան՝ գերարդիական արհեստագիտութեան, նորարարութեան եւ ԱԲ-ի ոլորտներուն մէջ։
Հարկ է նշել, որ NVIDIA-ն արհեստագիտական յեղափոխութեան շարժիչ ուժերէն է, որու դրամագլուխը գերազանցեց երկու թրիլիոն տոլարի նշագիծը՝ դառնալով աշխարհի առաջին ընկերութիւնը, որուն արժէքը կը գնահատուի հինգ թրիլիոն տոլար՝ ըստ Forbes-ի։ Անոր համահիմնադիրն է Ճենսըն Հուանկը (Jensen Huang): Ան իր աշխատանքային կեանքն սկսած է 15 տարեկանին՝ որպէս աման լուացող, մատուցողի օգնական եւ մատուցող: Քալիֆորնիայի Սիլիքոնեան հովիտի (Silicon Valley) ճարտարագէտ դառնալէ ետք, ան սկսած է հիմնել այս ընկերութիւնը: Անկասկած, Հայաստանի մէջ կան հազարաւոր կարող երիտասարդներ, որոնցմէ ամէն մէկը Հուանկէն ոչ պակաս խելացի է: Մեզ ազգովին կը մնայ անոնց նեցուկ կանգնիլ, լաւ ուսում ապահովել անոնց, դաստիարակել զանոնք։ Վստահ ենք որ անոնք ջանասիրաբար պիտի աշխատին, հետազօտեն եւ նոր գիւտեր յայտնաբերեն։ Այդպիսով Հայաստանը պիտի ծաղկի ու յառաջդիմէ, եւ պիտի ունենանք ազգային վերածնունդի հնարաւորութիւն:
*****