Յակոբ Չոլաքեան, Երեւան, Օգոստոս 2020
Դոկտ. Յակոբ Չոլաքեան ծնած է Սուրիա, Քէսապ: Շրջանաւարտ է Երեւանի Պետ. Համալսարանի Բանասիրութեան բաժնէն: Ան հմուտ մանկավարժ է, բարբառագէտ, ազգագրագէտ ու սիրուած ուսուցիչ: Հեղինակ է բազմաթիւ բարբառագիտական եւ ազգագրական գիրքերու եւ ուսումնասիրութիւններու, որոնք յատկապէս կ’առնչուին հայրենի Քէսապի եւ շրջակայ հայկական գիւղերու հետ: Վերջին տարիներուն ան հաստատուած է Երեւան եւ կը վարէ դասախօսի պաշտօն:
Սոյն յօդուածը գրուած էր Օգոստոսին, բայց Սեպտեմբեր ամսուն Արցախի վրայ կատարուած թուրքպէյճանական նախայարձակումին հետեւանքով չհրատարակուեցաւ մեր թերթին մէջ: Այժմ ճիշտ ատենն է ընթերցողներուն ուշադրութեան յանձնել զայն, որովհետեւ յոյժ այժմեական են հոն արտայայտուած գաղափարները: Պատերազմի դադրեցումէն ետք տիրող անորոշութեան, հիասթափութեան եւ անվստահութեան պայմանները կրնան խիստ բացասական անդրադարձ ունենալ Արցախի եւ սահմանամերձ հայութեան վրայ: Հետեւաբար, փոխանակ աթոռակռիւի եւ զիրար մեղադրելու, հայրենի մեր քաղաքական գործիչները, մտաւորականութիւնն ու հասարակայնութիւնը իրենց ուժերը պէտք է կեդրոնացնեն Արցախի եւ Հայաստանի վերաբնակեցման վրայ: Խմբ.
Իսկապէս, ըսել ու լսել պէտք չէ, որ Հայրենիքը տարանցիկ կայան եղաւ հայրենիք եկած սուրիահայերուն եւ ատկէ առաջ՝ իրաքահայերուն համար: Վաղը, թերեւս, նոյնը ըլլայ լիբանանահայերուն համար: Գէշը այն չէ, որ հայրենիքը տարանցիկ ճամբայ եղած է անոնց համար, ատիկա նոյնիսկ առաւելութիւն մըն է հայրենիքին եւ առանձնաշնորհում մը՝ տեղափոխուող մեր հայրենակիցներուն համար: Գէշը հեռացողներուն ուղղուած բացայայտ թէ թաքուն մեղադրանքն է:
Շատեր եկան եւ հեռացան, որովհետեւ այստեղ չկրցան իրենց գոյութիւնը պահպանել, ընտանիք պահել, չկրցան այստեղ ապրիլ: Շատերը կը ճանչնամ անունով մականունով, կը ճանչնամ ընտանիքի անդամներով, իմացական կարողութիւններով, ազգային ըմբռնումներով, նիւթական տնտեսական վիճակով: Հայրենադարձութեան բոլոր քարոզները, կոչերը, հրաւէրները փուճ են, երբ հայրենադարձողներու մնալու հնարաւորութիւններն ու միջոցները սակաւ են կամ հայրենադարձներով զբաղելու քու միջոցներդ անբաւարար են: Ոչ միայն նորեկները կը վերադառնան, բնիկներն ալ կը հեռանան: Հացի խնդիր է: Արդէն մոռցանք Դից Մայրի անունով մկրտուած ու երբեք չապրած գիւղի մը պատմութիւնը: Արդէն մոռցանք, որ Դէպի Երկիր նշանախօսք մը կար: Մարդիկ հայրենիքի մէջ աղքատ մնալ ու բեռ ըլլալ չուզեցին, անկախ անկէ, որ այդ բեռը շալկող ալ չկար: ՛՛Ինտեգրման՛՛ եւ ՛՛ադապտացիայի՛՛ քու մեկնութիւններդ սանդի մէջ ջուր ծեծել է, պարապ տակառի աղմուկ: Մարդուս արժանապատուօրէն ապրելու իրաւունքը մարդու ամենասուրբ արժանապատուութիւնն է: Ի՛նչ կրնային ընել, երբ այստեղ չկրցան երկու ոտքի վրայ մնալ: Դուք ամեն նախկին ուսուցիչէ, պաշտօնեայէ, արհեստաւորէ, այս կամ այն մասնագիտութեան տէր մարդէ ու գործարարէ չէք կրնար ակնկալել, որ անպայման հոս յաջողի կամ կեանքի ընթացքը փոխէ՝ ասպարէզը, գործը, արհեստը…: Գիտեմ, թէ ոմանք ինչպէս դուռէ դուռ կ՛իյնային գործ մը հայթայթելու համար, թերեւս ալ երկու կամ երեք տեղ նոյնիսկ վազելու տրամադրութեամբ, որպէսզի այստեղ գոյատեւելու չափ միջոց ունենային…: Տարի մը, երկու դիմացան, թերեւս աւելի, շատեր կը շարունակեն մնալու եւ չհեռանալու կիրքով սեղմուիլ …:
Յետո՞յ…
Գացին: Լաւ ըրին:
Որովհետեւ նախ՝ տարտղնուած ու ցրուած ընտանիքները հիւրընկալ երկիրներու մէջ մէկտեղուեցան, գործ, տուն-տեղ ունենալու արագ միջոցներ հայթայթեցին կամ իրենց տրամադրուեցան: Սկսան ապրիլ: Շունչ քաշեցին այս երկար ու լլկիչ ոդիսականներէն ետք: Ինչ գէշ բան կայ ասոր մէջ: Խնդրեմ, հին ու նոր ընտանիքները համայնքային շրջագիծին մէջ ամբողջացան, իրարմով թարմացան, զօրացան, եկեղեցիով, ակումբով, միութիւններով, հայկական դպրոցներով պայմանաւորուած՝ պահպանեցին ու կը շարունակեն պահպանել մշակութային ժառանգութեան յարատեւութիւնը, բան մը, որ հայրենիքի մէջ ՛՛ինտեգրման՛՛ եւ ՛՛ատապտացիայի՛՛ գլաններու տակ առհասարակ նիւթ ալ չդարձաւ…: Ատիկա ուրիշ ցաւ է:
Ակամայ կը յիշեմ մեծն Շահան Շահնուրի «Նահանջը առանց երգի» վէպին չնահանջել փորձող վերջին հերոսը՝ Լոխումը, որ տեսնելով Փարիզի ուծացման ու այլասերման պայմանները՝ կ՛ուզէ Հայաստան ներգաղթել. «Ռուսական դեսպանատուն է գացեր Լոխում, պահանջելով, որ Հայաստան երթալու համար իրեն անցագիր տան: Մերժեր են: Ըսեր է, թէ կ՚ուզէ իր հայրենիքը ապրիլ. մերժեր են: Ըսեր է, թէ կ՚ուզէ ճահիճներու չորացումին եւ ջրանցքներու բացումին համար իր բազուկները տանիլ. մերժեր են: Ըսեր է նոյնիսկ, թէ կ՚ուզէ Արարատը տեսնել ու շնչել զայն. նորէն մերժեր են»:
Լոխում այս անգամ դիմեր է սարսափելիօրէն անհաւանականին, բայց մարդկայնօրէն ամենէն տրամաբանականին, վերադառնալ իր արմատներուն.«Այս անգամ վազեր է թրքական հիւպատոսարան: Մահիկաւոր դրօշը, անոնց գիրերը եւ թուրք գլուխները տեսնելով բոլորովին կատղեր է. պահանջեր է, որ անմիջապէս, անմիջապէս անցագիր տան իրեն… թէ մայրը մահամերձ է, պիտի մեռնի, թէ ինքն ալ հիւանդ է, ջղային նոպաներ ունի, թէ պէտք չէ, որ իր ապագան խորտակեն. իր տեղը հոս «ֆաբրիկա»ներուն մէջը չէ, թէ պէտք չէ, որ… Սկսեր է հայհոյել, ոռնալ, անիծել: Ստիպուեր են քանի մը հոգի մէկէն վրան իյնալ զինքը դուրս կարենալ նետելու համար»:
Այո՛, Լոխումը պիտի հարցնէ. «Ո՞վ եմ ես, ի՞նչ եմ, ո՞ր պետութիւնը պիտի զբաղի ինձմով, մեզմով»:
Հիմա համաշխարհայնացումի մեր օրերուն՝ հայը աւելի աշխարհաքաղաքացի է, քան 20-ական թուականները, այսինքն այդ տագնապները հիմա նոյն ծանրութեամբ չեն ընկերանար անոր. օտար երկիր, օտար մշակութային միջավայր, օտար լեզու եւ բազում այլ օտարոտի երեւոյթներ հայ մարդը կը դիտէ հաշտ կերպով, կը դարձնէ ճամբու ընկեր, առանց իր ինքնութենէն հրաժարելու: Բոլորին մէջ մէկ մագնիսական դաշտ կայ՝ ՀԱՅՐԵՆԻՔԸ, անով կ՛ապրի, անոր համար կ՛աշխատի, անոր վերելքին համար իր կարելին կ՛ընէ: Հայրենիքին ոչ ոք թիկունք դարձուցած է, պայմանով որ շարունակէ վստահիլ ու կառչած մնալ իր եկեղեցական, կրթական եւ միութենական կառոյցներուն, որպէսզի դիմանալ կարողանայ:
Չի բաւեր ունենալ հայրենիք, որուն տէրը օտար է, չի բաւեր ունենալ սեփական պետութիւն, որ անզօր է, ատոր համար ալ գացողներուն եւ մնացողներուն մեծագոյն ճիգը հայրենիքի պետականութեան հզօրացումն է կամ պէտք է ըլլայ: Առանց հզօր հայրենիքի՝ չի կրնար հայրենադարձութիւն ըլլալ:
Նկարը՝ Թերի Ճոհնսթընի (Terry Johnstone) «Ցեղախոմբերը կը ճամբորդեն» (Tribes Travel), Աւստրալիա.