ՓՈԽԵԼ ՌԱԶՄԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ Դասական ուղղագրութեան վերականգման մասին

Դոկտ. Համբարձում Յարթունեան, Վիեննա, 21 Յունիս 2020

Սփիւռքի լեզուաբան, լեզուագէտ ու սրտցաւ հայրենակիցները վերջին տարիներուն բազմաթիւ յօդուածներ հրապարակեցին՝ մամուլի մէջ եւ առցանց: Անոնք հայրենի իշխանութենէն կը պահանջէին վերականգնել դասական ուղղագրութիւնը, մատնանշելով  անոր միասնականութեան կարեւոր դերը:

Չնայած որ  այս նիւթի կապակցութեամբ հայրենիքի մէջ գործող եւ դրական մօտեցում ունեցող լեզուաբաններ  չեն պակսիր, մենք սփիւռքահայերս ցարդ չենք կարողացած համոզել ո’չ Հայաստանի իշխանութիւնը, ո’չ ալ հայրենի ընդդիմադիր մտաւորականութիւնը: Հասկնալի է, թէ  մեր երկրի ռազմական, տնտեսական եւ ընկերային ապահովութունը կենսական է: Եկուր ու տես, որ  տարիներ շարունակ իշխող կառավարութիւններու բացթողման հետեւանքով հայոց լեզուն, նոյնիսկ հայրենիքի մէջ մատնուած է վտանգի:

Քանի որ ազգային անվտանգութիւնը կենսական է ու սրբազան,  մինչեւ ե՞րբ մէկդի պէտք է դնել միասնականութեան ոգի ներշնչող դասական ուղղագրութեան վերականգնման պահանջը:  Երբ հայրենի իշխանութիւնը չ՚ուզեր նոյնսինկ հեռանկար մը տալ,  յուսահատ եւ յուսախաբ կ’ընէ սփիւռքահայութիւնը: Կա՞յ արդեօք ճանապարհ մը այս փակուղիէն դուրս գալու:  Իմ կարծիքով՝ այո՛: Պէտք չէ մեր պահանջին հրաժեշտ տալ, այլ ընդհակառակը՝ փոխել ռազմավարութիւնը:

Ընկերային գիտութեանց տարբեր մարզերու մէջ կը սորվինք, թէ մարդիկ կը մերժեն այն ինչ որ  անծանօթ կամ նորութիւն է: Շատեր կը վախնան, որ անծանօթը կամ նորութիւնը պիտի խանգարէ իրենց  կենցաղը:  Պահ մը վերյիշենք, թէ ինչպիսի՞ ընդդիմադրութիւն մը կար համակարգիչի գործածման շուրջ՝ ճարտարապետներու, երաժիշտներու, գրողներու եւ այլ արուեստագէտներու կողմէ:  Դասական ուղղագրութեան հանդէպ տարբեր չէ հայրենիքի լեզուաբաններու մեծամասնութեան կեցուածքը: Խօսքս մեծամասնութեան մասին է, քանզի կը բացառեմ հայրենիքի այն յարգելի լեզուաբանները, որոնք անկախութեան յաջորդող տարիներէն իսկ դասական ուղղագրութեան վերականգման ջահակիրները եղան:

Լեզուաբաններու այդ մեծամասնութիւնը ցաւօք սրտի սուտ կամ սխալ պատճառաբանութիւններ բերելով բացասապէս կ’ազդէ հանրային կարծիքի վրայ: Ի դէպ, անոնք կ’անտեսեն հանճարեղ հայու կարողութիւնը, քանի մը ժամուայ մէջ սորվելու՝ դասական ուղղագրութեան օրէնքները (տե՛ս՝ Մխիթարեան միաբան Հ. Պօղոս Գոճանեանի 2006 թուին Վիեննա-Երեւան հրատարակած  ”Ուղեցոյց դասական ուղղագրութեան”  46-էջնոց գրքոյկը) : Յիշեալ մեծամասնութիւնը կը տարածէ այն անհեթեթ միտքը, թէ իբր հայրենի ժողովուրդը, ներառեալ ”նոր սփիւռք”ը, պիտի դառնան անգրագէտ: Հոս կարիքը կը զգամ յայտնելու, թէ ֆրանսա ապրող հայագէտ յարգարժան հայրենակից Արմէն Միքայէլեանը Հայաստանի խորհրդարանի պատգամաւորներուն վերջերս յղած է  օրէնքի նախագիծ մը, որ շատ լուրջ մօտեցում մըն է:  Ըստ այդ նախագծի ո’չ ոք պիտի տուժէ դասական ուղղագրութեան վերականգման հետեւանքով:

Կա՞ն արդեօք այլուր բաղդատելի օրինակներ: Ի հարկէ կան: Նախկին սովետական պետութիւններ, որոնք իշխանութեան հեռատես քաղաքականութեան հետեւանքով փոխեցին իրենց օգտագործած գիրը: Շեշտը կը դնեմ ”հեռատես քաղաքականութեան” վրայ: Արդեօք ժողովուրդը միանգամէն անգրագէ՞տ դարձաւ: Մեր քով անգրագէտ դառնալու վախը երբեք չկայ: Արդեօք կա՞յ ուրիշ վախ մը, օրինակի համար  համալսարանի յարգելի դասախօսներու միանգամէն անգործ ու անպիտանի  դառնալու վախը, ինչպէ՞ս անոնք մէկ օրէն միւսը դարձան մարքսիզմ ուսուցող համալսարանի դասախօսներ: Մեր լեզուաբաններու համար անգործ կամ անպիտան ըլլալու ո’չ մէկ վտանգ կայ: Այդ հաւանական վախը վերածելու համար բաւ է, որ   հայրենի իշխանութիւնը անկեղծօրէն երաշխաւորէ այդ դասախօսներու նիւթական ապահովութիւնն ու ակադեմական պաշտօնը:

Երկրի մէջ նորութիւն բերել կամ բարեփոխում մտցնելը հնարաւոր է երկու ուղղութեամբ՝ այդ կ’ըլլայ կա՛մ իշխանութեան պարտադրումով, կամ ալ ժողովուրդի համոզումով: Պարտադրելու պարագային չկայ յաջողութեան երաշխիք: Վերջին հարիւր տարւայ պատմութեան մէջ մերձաւոր արեւելքի գրեթէ բոլոր իշխանութիւնները ճաշակած են այդ դառն փորձառութիւնը՝ վերէն ժողովուրդին պարտադրելով այս կամ այն բարեփոխումը:

Ուրեմն հայերէն ուսուցող տարրի գոյութեան կամ անպիտանութեան վախը կ’անհետանայ, եթէ հայրենի իշխանութիւնը իր բարոյական պարտքը կատարէ: Պէտք է վերջ տալ այն անընդունելի կեցուածքին, ուր փաստօրէն «փինկ-փոնկ» տեղի կ’ունենայ իշխանութեան եւ հայերէնի դասախօսներու միջեւ: Պէտք կը զգամ համեստօրէն յորդորելու, որ իշխանութիւնը երբեք չփորձէ դասական ուղղագրութեան վերկանգնումը՝ առանց նախապէս համոզելու, թէ’ հայրենի մտաւորականութիւնը, թէ’ ժողովուրդը:

Գալով հասարակութեան համոզման անհրաժեշտութեան, այս կէտի մէջ մեծ դեր կրնան կատարել հայրենի հանրային լրատուամիջոցները: Փոխանակ հեռատեսիլի մէջ ապարդիւն ու ժամավաճառ երկկողմ վիճաբանութիւններ կազմակերպելու, պէտք է պատրաստել յատուկ ծրագիրներ՝ առարկայական տուեալներով: Այս առիթով կ’ուզեմ նշել վաւերագրական-ուսուցողական շարժանկարի մը գոյութիւնը, որ Լեւոն Միրիջանեան Հիմնադրամի օգնութեամբ  պատրաստուած է, կարծեմ 2006 թուականին: Շարժանկարը մտայղացած է Հայաստանի «Մեսրոպեան ուղղագրութեան վերականգման կողմնակիցներու միաւորումը»:  Մէկ ժամ եւ չորս վայրկեան տեւողութիւն ունեցող այս գովելի ստեղծագործութիւնը (340 մեկապայթ ծաւալով) մի գուցէ տեղադրուած ըլլայ համացանցի մէջ: Երբ հարց մը համոզումով կը լուծուի, ան կը նստի ամուր հիմքերու վրայ:

Ենթադրենք, որ  հայրենի իշխանութիւնը վերականգնեց դասական ուղղագրութիւնը:  Արդեօք կարելի՞ է պնդել, թէ ինչ որ մենք արեւմտահայերս կը գրենք անսխալ է: Ո’չ, երբեք: Ուրեմն  հարկաւոր է, որ մենք ալ մեր տան պարտականութիւնը կատարենք:  Նախկին յօդուածիս մէջ այս կարեւոր կէտը մատնանշած էի: Անտէր արեւմտահայերէնը պէտք է անյապաղ ունենայ լեզուագիտական կաճառ մը, մաքրազտելու ուղղագրական ու ոճային սխալները, հրատարակելով այնպիսի դասագրքեր ու կցորդներ, ուղեցոյցներ, որոնք ոչ միայն դպրոցականներուն, այլ նաեւ հայերէն չուսանած չափահասներուն համար հասկնալի ըլլան:

Բացաստի, պէտք չէ խօսինք ու պահանջենք՝ բարձրացնելով մեր ցուցամատը: Հայրենի ժողովուրդը ո՛չ դպրոցական աշակերտ է, ո’չ ալ մենք սփիւռքահայրս՝ վարժապետ:  Կարեւոր կէտ մը եւս. դժուար թուացող, բայց ո’չ անհնարին է, եթէ ի ծնէ սխալ հնչիւնաբանութեամբ մեծցած սփիւռքահայութիւնը ջանայ յարմարցնել իր առոգանութիւնը  պարսկահայ կամ հայաստանցի հայրենակիցին: Օգտուինք այս հնարաւորութենէն, քանզի դասական սփիւռքը մանաւանդ վերջին երեսուն տարիներուն շաղախուեցաւ հայրենի ազգակիցներով: Անոնց համայնքային գործունէութիւնն ու թուային ներկայութիւնը միւս կողմէ ցաւօք սրտի կ’արագացնէ արեւմտահայերէնի նահանջը:

Համազգային մեծ նշանակութիւն ունեցող վերականգման հարցը պէտք չէ նիւթականի պակասութեան պատճառով տարիներ յետաձգել :  Երբ իշխանութիւն մը կը հանդուրժէ ապօրինի հարստացումն ու երկրի կողոպուտը, կրնայ նաեւ դրամ հայթայթել դասական ուղղագրութեան վերականգման  ծրագրի անյապաղ իրականացման:

2 comments
  1. Հայաստանցիները կ’ըսեն մենք պետութիւն ենք:

    Սփիւրքահայերը 8 միլիոն ըլլալով չէ որ մեծամասնութիւն են: Ուրե՞մն ….

  2. Դասական ուղղագրութեան վերականգումի վերաբերեալ այժմեայ ՀՀ կառավարութեան կրաւորական (մեղմ ըսած) կեցուածքը կը բացատրուի անոր խիստ ապիկար ըլլալու հանգամանքով: Այդ գնահատականը կը վերաբերի առաջին հերթին անոր ապիկար ամբոխավար վարչապետ Փաշինեանին:

    Ալեքսանտր Պրինքեն, Զուիցերիա

Leave a Reply

Comments containing inappropriate remarks, personal attacks and derogatory expressions will be discarded.

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You May Also Like