Դոկտոր Համբարձում Յարթունեան, Վիեննա, 6 Յունիս 2020
Եթէ պահ մը Հայրենիքին մէջ խօսուած արեւելահայերէնը մէկդի դնենք, կը նշմարենք, թէ արեւմտահայերէնը վերջին հարիւր տարիներուն անտէր-անտիրական մնացած է: Մխիթարեան միաբանութեան՝ արեւմտահայերէնի ձեւաւորման աշխատանքը հանրածանօթ պայմաններուն տակ անկարելի դարձաւ շարունակել ու զարգացնել: Աշխարհասփիւռ հայութիւնը գրեց ու խօսեցաւ իր ուզածին պէս՝ անտեսելով լեզուական տարրական օրէնքները: Ընթերցող հասարակութիւնը նուազեցաւ, իսկ հայերէնագէտ անհատները մնացին անկազմակերպ: Ազգային կազմակերպութիւններ ու Հայոց Եկեղեցին չկարողացան կազմել գիտական կաճառ մը, որ բարելաւէր ու զարգացնէր արեւմտահայերէնը: Շեշտեմ, որ ներկայիս գոյութիւն ունեցող հաղորդակցութեան նպաստաւոր միջոցները նման նախաձեռնութիւն մը դիւրութեամբ կարելի կը դարձնէին:
Այս կապակցութեամբ կ’ուզէի յիշել 2011 թուականին Մեծի Տանն Կիլիկոյ կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ ստեղծուած «Արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան յանձնաժողովը»: Ութ հոգինոց Գործադիր մարմինի կողքին հրաւիրուած էին 26 լեզուագէտներ ու լեզուաբաններ: Ինծի հասած պաշտօնական տեղեկութիւններէն կ’եզրակացնեմ, թէ այս 9 տարիներու ընթացքին Գործադիր մարմինը, ցաւօք սրտի, զգալի աշխատանք չէ տարած: Մանաւանդ վերջին երկու տարիներուն Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնն ալ ցաւալի դեր կատարած ըլլալու է: Այս առիթով կ’ուզէի իմանալ, թէ Գործադիր մարմինը հրաւիրուած 26 լեզուագէտներէն ու լեզուաբաններէն որո՞նց հետ մշտական շփման մէջ է:
Երբ Լիբանանի ընդհանուր կացութիւնը այսպիսի աննպաստ պայմաններ կը պարտադրէ, հարց կու տամ, թէ ինչո՞ւ չենք մտածեր յանձնախումբին նստավայրը այլուր (օրինակ` Սուրբ Ղազար կամ Վիեննա) տեղափոխելու մասին: Այս երկուքը համայն հայութեան մշակութային կեդրոններէն են, որոնց կը պարտինք, ի միջի այլոց, արեւմտահայերէնը: Այս կեդրոններուն մէջ պատրաստուած միաբաններն են, որ դասաւանդած են սփիւռքի հայաշատ համայնքներու մէջ: Բացառուած չէ, որ այդ մարմինին մէջ ներառուած ըլլան նաեւ Մխիթարեան նախկին սաներ:
Կա՞ն արդեօք այս առաջարկը չգործադրելու առարկայական պատճառներ: Եթէ կան, հասարակութիւնը պէտք է իմանայ: Եթէ չկան, իմ կարծիքով՝ բաւարար է, որ նախ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը, ապա Առաքելական, Կաթողիկէ ու Աւետարանական Եկեղեցիներու նուիրապետական կառոյցները տան իրենց օրհնութիւնը եւ … վե՛րջ:
Եթէ արեւմտահայերէնին հանդէպ չենք ուզեր վարուիլ ինչպէս կը վարուի մայր մը իր խորթ որդիին հանդէպ, ուրեմն ժամանակն է հաստատուն հիմքեր տալու անոր: Ծիծաղելի կը դառնանք օտար գիտնականներուն առջեւ (եւ ոչ միայն անոնց), երբ բառարաններ կը հրատարակենք, կոչելով զանոնք, օրինակ, «Անգլերէն-հայերէն բառարան», որու հայերէն մասը կա՛մ արեւմտահայերէն է, կա՛մ ալ արեւելահայերէն, իսկ հեղինակը կա՛մ «փրոֆեսէօր» այսինչեանն է, կա՛մ ալ «պրոֆեսոր» այնինչեանը:
Ոչ միայն հայերէն սորվող դպրոցականները, այլեւ նոյնիսկ չափահաս հայրենակիցները կը դժուարանան հայերէն բառերու ուղղագրութեան պարագային: Ցարդ հրատարակուած ու հնացած ուղեցոյցները գոհացուցիչ ըլլալէ հեռու են: Բացառութիւն կը կազմէ Մխիթարեան միաբան հայր Պօղոս Գոճանեանի հրատարակած «Ուղեցոյց դասական ուղղագրութեան» 46 էջնոց գրքոյկը (Վիեննա-Երեւան, 2006): Այս աշխատանքը նախատեսուած էր Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք լեզուաբանական համաժողովին համար: Բացի ուղղագրական ընդհանուր օրէնքներէն՝ հայր Գոճանեան բերած է նաեւ կարգ մը սրբագրութիւններու լուրջ առաջարկներ: Եկո՛ւր ու տե՛ս, որ հեղինակութիւն ունեցող համասփիւռքեան կառոյցի մը բացակայութիւնը կարելի չէ դարձուցած նման առաջարկներու մշակումը, հաստատումն ու հրապարակային յորդորումը:
Վերջին տարիներուն ազատ ժամանակս յատկացուցի հայերէն լեզուի ուսումնասիրութեան: Հրապարակուած ուղղագրական կարգ մը օրէնքներ ինծի անտրամաբանական կը թուէին: Պրպտումներուս արդիւնքը ինծի իրաւունք տուաւ: Ներկայ յօդուածով կը փափաքիմ երկու օրինակ տալ՝ «ճիշտ» բառը պէ՞տք է «դ»-ով գրել, «տժգոյն» բառը իսկապէ՞ս «տ»-ով պէտք է գրել:
Պատասխանս հետեւեալն է՝ ճիշտ եւ դժգոյն: Բացատրելէ առաջ շեշտեմ, որ արեւելահայերէնը ուղիղ ձեւով կը շարունակէ գրել ճիշտ եւ դժգոյն: Երեւանի համալսարանի քառահատոր բառարանը «տժ»-ով սկսող բառերէն տժգոհն ու տժգոյնը դրած է, բայց կը մատնանշէ «տե՛ս դժ…»
Ինչո՞ւ այդպէս է: Գրիգոր Շահինեանի՝ տրամադրութեանս տակ գտնուող թուայնացուած առձեռն բառարանը (մօտ 20.000 բառ) հնարաւոր կը դարձնէ արագօրէն պրպտելը: Ի դէպ, այս թուայնացուած բառարանին շատ բան կը պարտիմ: Այս առիթով կ’ուզեմ ո՛չ միայն իմ բարձր գնահատանքս հրապարակաւ յայտնել Ֆրանսայի «Մաշտոց բառարաններու կաճառ»-ին, այլեւ սրտաբուխ շնորհակալութիւններս յայտնել իրենց աշխատակազմին:
Ուրեմն, 281 բառ (ներառեալ ածանցներն ու բարդութիւնները) կը գրուին «շտ»-ով, իսկ հազիւ հինգը (որոնք կը պատկանին «ճիշդ» բառին) կը գրուին «շդ»-ով: Դպրոցներու մէջ դասաւանդուած՝ «բացառութիւն է, պէտք է իմանալ» մեկնաբանումն այլեւս անընդունելի է: Ինչո՞ւ չենք ընդունիր, որ «շդ» սխալ է ու հակառակ՝ հայերէնի հնչիւնաբանութեան օրէնքին:
Գալով «դժ»-ի եւ «տժ»-ի ուղղագրութեան հարցին՝ բառարանին մէջ կը գտնենք 31 բառ «դժ»-ով, իսկ հազիւ 9 բառ՝ «տժ»-ով: Այս վերջիններէն 6-ը պարզապէս «պատիժ» բառի ածանցն ու բարդութիւններն են, ուր «ի» հնչիւնը կը սղի: Այլ խօսքով՝ միայն երեք հատ կը մնան՝ տժգոյն-ը եւ անոր երկու ածանցները՝ տժգունիլ, տժգնութիւն: Ուրեմն պէ՞տք է խօսիլ բացառութեան մասին, թէ՞ համեստօրէն ընդունիլ սխալը ու ճշտել զայն:
Երկու աշխարհաբարները միաձուլելն անհնարին է ու անհեթեթութիւն, բայց միատեսակ ուղղագրութիւնը անհրաժեշտ ու կենսական է: Դեռ կան բազմաթիւ այլ հարցեր, որոնք համասփիւռքեան հեղինակութիւն ունեցող հաստատութեան մը կողմէ կրնան մշակուիլ ու հասարակութեան յորդորուիլ: Մանաւանդ հայկական դպրոցներն ու մամուլը կը կարօտին նման իշխանութեան մը ստեղծման:
Գրիգոր Շահինեան, Գործնական բառարան հայերէն-ֆրանսերէն, «Շիրակ» հրատարակչատուն, Պէյրութ, 1997: