Մովսէս Ծիրանի, Զալքա, Լիբանան, 1 Յունիս 2020
Սիրելի ընթերցող,
Կ’ենթադրեմ որ քեզի համար ալ հետաքրքրական պիտի ըլլար իմանալ, թէ արուեստգէտները ի՞նչ կ’ընեն եւ կամ ինչպէ՞ս կը դիմագրաւեն այս համընդհանուր եւ բոլորիս համար տհաճ ու տարօրինակ ապրելակերպը:
Օգտուելով տունը մնալու հանգամանքէն` կապ հաստատեցի բազմաթիւ կերպարուետագէտներու, որոնց շարքին նաեւ կարգ մը գրողներու հետ եւ պարզուեցաւ որ անոնց մեծամասնութիւնը իրենց կամքէն անկախ տրամադրութիւն չունին աշխատելու, որովհետեւ պէտք ունին ներշնչման, որ ստեղծագործական լիցք եւ մտքի կեդրոնացում կ’ենթադրէ:
Ռուբէն Աբովեան
Ասոնց զուգահեռ սակայն կան բազմաթիւ արուեստագէտներ, որոնց համար համաճարակի հետեւանքով ակամայ ստեղծուած այս կացութիւնը պարզապէս առիթ է փակուելու արուեստանոց եւ աշխատելու: Զարմանալիօրէն ոմանք նոյնիսկ խանդավառ կը թուին ըլլալ: Օրինակի համար երբ Ռուբէն Աբովեանին հարց տուի այս մասին, ըսաւ.
– Իմ առօրեայում գրեթէ բան չի փոխուել: Առաջ էլ սնունդ ապահովելու համար երբեմն տնից դուրս էի գալիս, հիմա էլ անում եմ նոյնը: Մնացած ժամանակը տրամադրում եմ կա՛մ նկարելու կամ էլ ուսումնասիրութիւններ կատարելու:
Ան տարիներէ ի վեր գրեթէ խզած է կապը արտաքին աշխարհի ու ընթացիկ կեանքի հետ, որովհետեւ կարծէք թէ «մտերմացած» է իր կերտած կերպարներուն ու «մերուած» անոնց անսովոր առօրեային, ուր կ’ապրի, կը զրուցէ, այլեւ երբեմն «կը կատակէ» նաեւ անոնց հետ:
Ընդոծին տաղանդի ու զօրաւոր անհատականութեան տէր այս գեղանկարիչը, հակառակ անոր որ շարունակաբար նոյն թեմաներուն կ’անդրադառնայ, ոչ միայն ինքզինք չի կրկներ, այլեւ անսպառ ըլլալու տպաւորութիւն կը ձգէ: Անոր գերիրապաշտական բնոյթի երկերէն ներս էապէս թափանցելն ու ըմբռնելը, թէեւ առաջին հայեացքէն մշակութային որոշ խորացում կ’ենթադրէ, սակայն այնքան ալ դժուար չէ: Դժուար չէ, որովհետեւ հոն պատկերուած կերպարները, իրենց ոչ սովորական կենցաղով ու խառնուածքով, մեզի համար համակրելի ու «հարազատ» կը թուին ըլլալ:
Մայիս Մխիթարեանի վերջին իւղանկարը
Իր սեփական միջավայրն ու արտայայտչաձեւերը ունի նաեւ Մայիս Մխիթարեանը, որուն ստեղծագործութիւնները հայ մանրանկարչական գեղագիտական լաւագոյն աւանդութիւններով պարուրուած ըլլալով հանդերձ, խիստ ժամանակակից հնչողութիւն ունին, նոյնի’սկ սրբանկարչական յղացքներու պարագային: Անոր սրբանկարչական արուեստի վառ արտայայտչականութիւնն ու համոզիչ ծիսականութիւնը պայմանաւորուած են ոչ միայն իր մաքուր ու խոր հաւատքով, այլեւ ամուր անհատականութեամբ ու երփնագրելու բացառիկ ընդունակութեամբ: Ծիսականութեամբ թաթաւուն են գրեթէ բոլոր գործերը, որոնց առընթեր յատուկ վերաբերմունք կը տածէ յատկապէս իր թատերական ձեւաւորումներուն հանդէպ: Երբ հարց տուի անոր, թէ թարմանալու կամ նորութիւններ յայտնաբերելու դժուարութիւն չ’ո՞ւնենար, պատասխանեց.
– Եթէ պատահէր որ Աստուած երեք կեանք էլ շնորհէր ինձ, պիտի չկարողանայի աւարտել ներկայի ծրագիրներս:
Այս կարգի արուեստագէտները մշտական ներշնչման մէջ կը թուին ըլլալ: Ասոնց համար ստեղծագործական հենքը իրենց ներաշխարհէն ներս անթեղուած (թէկուզ ենթագիտակցաբար) յոյզերն ու վիճակներն են, որոնք կա՛մ առհաւականօրէն ժառանգուած են եւ կա՛մ ալ ժամանակի ընթացքին կազմաւորուած իբրեւ ստեղծագործական հունտ: Այս վերջինները իրենց հերթին երկու տեսակ են: Առաջինները առաւելաբար դիմանկարիչներ, բնանկարիչներ կամ անկենդան բնութեան վարպետներ են, որոնք թէեւ տեսածն ու զգացածը կը պատկերեն, սակայն գեղարուեստական որոշ «սրբագրութիւններով» իրենց անհատական դռոշմը կը դնեն անոնց վրայ: Այս բնոյթի արուեստագէտներէն էր Յակոբ Յակոբեան, որ երբ այցիլէինք իրեն, ան մէկ կողմէ մեր հետ կը զրուցէր եւ միւս կողմէ կը շարունակէր երփնագրել:
Յակոբ Յակոբեանի վերջին գործերէն մէկը
Իսկ երկրորդ տեսակի ներկայացուցիչները իրենց տեսածով ու զգացածով չեն բաւարարուիր: Անոնք հզօր երեւակայութեան ու ստեղծագործական անսպառ կիրքի տէր՝ «արկածախնդիրներ» են, որոնց համար կեանքը արուեստ է ու արուեստը՝ կեանք: Իբրեւ այս ոլորտի ամենակարկառուն դէմքերէն մէկը կրնանք յիշել Եուրոզը, որուն եւս մտերմութիւնը վայելելու առիթը ունեցած եմ ու ըմբոշխնած իր ստեղծագոծական պահն ու երփնագրելու ընթացքը: Կիրքը այնքան անհանդարտ, աշխոյժ ու թելադրական է անոր մէջ, որ չի կրնար հանգիստ կենալ առանց աշխատանքի: Անընդհատ պէտք է որ ստեղծագործէ: Նոյնի’սկ ճաշի ժամանակ երբեմն որեւէ թուղթ կամ լաթի կտոր կը գտնէ ու կը սկսի նկարել անոր վրայ: Այս օրերուն, ան կը շարունակէ իր մէջ կուտակուած անհատնում տեսլականներն ու ծաւալատարածական յղացքները դրոշմել պաստառին կամ կաւի վրայ։
Եուրոզ – Անաւարտ ստեղծագործութիւն մը
Նոյն տեսակին պատկանող յաջորդ արուստագէտը որ անհրաժեշտաբար պէտք է յիշեմ, Պերճ Չաքէճեանն է: Անոր համար 2018-ն ու 2019-ը եղան միջազգայնօրէն արժեւորման ու գնահատման տարիներ: Ան առանց շլանալու բարձր ու հեղինակաւոր դրուատանքներէն, փակուած իր տնամերձ արուեստանոցէն ներս, ամենայն պատասխանատուութեամբ ու նոր եռանդով, սկսած է գերիրապաշտական նոր ոլորտներ պեղել ու յայտնաբերել ուրոյն տիսիլքներ, զորս կը դրսեւորէ անշփոթելի արտայայտչամիջոցներով ու արտայայտչաձևերով: Ան շրջանցելէ ետք համաճարակային խժդժութիւնները, վերջին երկու ամսուայ ընթացքին արդէն իսկ երկվեցեակէ մը աւելի նոր գեղանկարներ իրագործած է ու նոյն թափով կը շարունակէ…:
Պերճ Չաքէճեանի վերջին ստեղծագործութիւնը
Յաջորդ արժանաւորը որ պէտք չէ մոռցուի, մասնագիտութեամբ բժիշկ, սակայն օժտուածութեամբ քանդակագործ՝ Մկրտիչ Տարագճեանն է: Այս աննպաստ համարուած ժամանակաշրջանին, ան իր պատրաստած յատուկ դիմաքանդակի նուիրուած ցուցահանդէսը ժրաջանութեամբ կը շարունակէ համալրել նոր յօրինումերով: Երբ մենք բոլորս այս տարի հարկադրաբար տունը մնացինք ու տարբեր երկիրներու մէջ, տարբեր միջոցառումներով վառ պահեցինք Մեծ Եղեռնի յիշատակն ու վերանորոգեցինք պահանջատիրութեան մեր ուխտը, ինք՝ ճիշդ Ապրիլ քսանչորսի օրը երկու թոռնիկները իր հետ առած, այցելեց Մոնթրէալի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ հանդիպակաց պուրակին մէջ զետեղուած, եւ իր իսկ հեղինակութեամբ կերտուած՝ Կոմիտասի յուշակոթողը ու խոհրդանշական ծաղիկներ դրաւ անոր դիմաց, որուն բացումը ծրագրուած էր կատարել նոյն օրը, սակայն կը յետաձգուէր համաճարակի հետեւանքով: Ի դէպ, այս մէկը Տարագճեանի յղացած միակ կոթողը չէ: Ան շարք մը կիսանդրիներ, դիմաքանդակներ եւ այլ գործեր ունի դրուած Գանատայի եւ ԱՄՆ-ի տարբեր հրապարակներու եւ հայրենի բազմաթիւ թանգարաններու մէջ:
Մկրտիչ Տարագճեան – Կոմիտաս
Նմանօրինակ այլ տաղանդաւոր քանդակագործ մը եւս ունինք, յանձինս Յակոբ Ճանպազեանի, որ թէ՛ յուշարձաններ (որոնց շարքին նաեւ Եղեռնի ու մեր հերոսամարտերուն նուիրուած) եւ թէ՛ դիմաքանդակներ ունի զետեղած Գանատայի, ԱՄՆ-ի, Հայաստանի եւ Լիբանանի մէջ: Այս աննպաստ օրերուն ան եւս կը շարունակէ իր ստեղծագործական աշխատանքը, որ կը յատկանշուի նաեւ Նիկոլ Աղբալեանի, Լեւոն Շանթի եւ կամ Սարգիս Զէյթլեանի նման ազգային եւ մշակութային գործիչներու կիսանդրիներու կերտումով: Յակոբ ճանպազեանը վերջին տարիներուն գրեթէ ամբողջութեամբ նուիրուած է ծաւալատարածական արուստին, ուր լուսաստուերի հմուտ լուծումներով կրցած է կերտել թէ’ դիմաքանդակներ եւ թէ’ մնայուն արժէք ներկայացնող ճարտարապետական բնոյթի վեհ ու սլացիկ կոթողներ: Իմ կապ հաստատած արուեստագէտմերուն մէջ ան միակն է, որ այլ յղացքներու կողքին անդրադարձած է նաեւ համաճարակի թեմային, խորագրելով զայն «Ձախորդ օրերը կու գան ու կ’երթան»:
Յակոբ Ճանպազեան – Լեւոն Շանթ
Թէ իր տաղանդի ուժգնութեամբ եւ թէ յարատեւ աշխատունակութեամբ, հայրենի ժամանակակից արուեստի մէջ իւրայատուկ երեւոյթ է Գէորգ Եղիազարեանը, այն իմաստով որ ան իր ստեղծագործական խիստ զբաղուածութեան զուգահեռ կրցած է իրականացնել իր տարիներու երազը, վերակենդանացնելով մեր ազգային մշակոյթի ամենակենսական երակներէն մէկը՝ Գոթահեայի Ճենապակիի արուեստը, զոր մեր թշնամիները մինչեւ հիմա կը շարունակեն ներկայացնել իբրեւ իրենցը: Այս ցաւոտ ու կնճռոտ հարցին հարկաւոր է անդրադառնալ առանձինն ու հանգմանօրէն: Գէորգ Եղիազարեանը իր դրսեւորած զօրաւոր անհատականութեան եւ բացառիկ արտայարտայատչականութեան շնորհիւ, փնտռուած անուն մըն է այսօր, յատկապէս՝ ամերիկեան արուեստի անդաստանէն ներս: Ան իր ողջ ստեղծագործական կեանքի ընթացքին ժամանակի անբաւարարութենէ «տառապած» կը թուի ըլլալ, որովհետեւ ոչ միայն յղացքներու անսպառ հանք մը կը յամենայ իր ենթագիտակիցի ալքերէն ներս, այլեւ իրեն համար երփնագրելը «լիցքաթափման» ու գեղագիտական բաւարարուածութեան միջոց է նաեւ: Այս օրերուն «կամովին» բանտարկուած իր քանի մը արուեստանոցներէն մէկուն մէջ, սկսած է վերաթարմացնել իր արուեստը նոր ու յատկանշական յղացքներով …:
Յարութիւն Արմէնեան – Ջրանկար
ԱՄՆ-ի մէջ ունինք վարպետ ջրանկարիչ մը՝ Յարութիւն Արմէնեան, որ հակառակ անոր որ մասնագիտութեամբ միջազգայնօրէն յայտնի համաճարակաբան է, եւ շատ լաւ կրնայ պատկերացնել «Քորոնա» ժահրի վտանգի տարողութիւնն ու գործած աւերը, ան ոչ միայն կը շարունակէ երփնագրել ու աւելի բիւրեղացնել իր արուեստը, այլեւ իր գործերէն
էլնամակով գեղեցիկ նմոյշներ կ’ուղարկէ իր արուեստի սիրահարներուն, որոնք պատկառելի թիւ մը կը կազմեն: Տրուած ըլլալով որ ջրաներկի նրբութիւններուն տիրապետելն ու սեփական վրձինին զայն ենթարկելը այնքան ալ դիւրին չէ, իրեն պէս միայն ջրաներկով ստեղծագոծող գեղանկարիչ գրեթէ չունինք: Թէեւ վարպետ ջրանկարիչներ ունինք եւ անցեալին ալ ունեցած ենք: Ինչպէս. Արշակ Ֆէթվաճեան, Արտաշէս Յունանեան, Տէրվիշ (պարսկահայ), Փոլ Կիրակոսեան, Թորոս Տէր-Յակոբեան եւ ուրիշներ:
Երբ այս յօդուածը կը գրէի, քիչ առաջ, մեր օրերու հայրենի յայտնի գեղանկարիչներէն Ալբերդ Յակոբեանը հեռաձայնեց ու տեղեկացուց որ ինք եւս իր հերթին կը շարունակէ ստեղծագործել, պատկերելով խառն արհեստագիտութեամբ «կրաֆիգներ»: Անմիջապէս անոնց լուսապատճենները էլնամակով ղրկեց, ու պարզուեցաւ որ անոնք պայծառ գուներանգներով ու ինքնավստահ եւ ճկուն գիծերով իրագործուած վերացապաշտական հակումներով գործեր են: Ան այս շարքէն ետք ծրագրած է սկսիլ այս անգամ իւղաներկով նոր շարք մը՝ նոյն ոգիով, բայց տարբեր բովանդակութեամբ: Ինչպէս միւսները, Ալբերդ Յակոբեանը եւս մշտական աշխատունակութեան մէջ կը թուի ըլլալ:
Նկատի առնելով որ համաճարակի հետեւանքով ժամանակակից մեր կերպարուեստագէտներու կեանքի կշռոյթը շեղած է իր հունէն, ակամայ ամլացած վիճակ մը ստեղծուած է շատերու մօտ, որու հետեւանքով ստեղծագործելու տրամադրութիւն չունին: Սակայն որպէսզի սխալ չհասկցուինք, անմիջապէս յստակացնենք որ ասոնցմէ մէկը միւսի վրայ առաւելութիւն չունի: Ի վերջոյ ստեղծագործութեան մակարդակն ու որակն է կարեւորը. պարզապէս անոնց ստեղծագործելու կերպերն ու միջոցները կը տարբերին:
Աշո’ւշտ մեր արժանաւոր կերպարուեստագէտներու ցանկը ոչ միայն այսքանով չ’աւարտիր, այլ նաեւ ընդհանուր ձեր տպաւորութիւնը թերի կը մնայ, եթէ ի նկատի չունենանք, որ ստեղծագործողներուն զուգահեռ, բազմաթիւ ու բազմազան կերպարուեստագէտներ ունինք, որոնք ստեղծագործելու տրամադրութիւն չունին եւ տարբեր ձեւերով կ’իմաստաւորեն ու կը լեցնեն իրենց ժամանակը: Մէջերնին կան, որոնք ոչ միայն փիլիսոփայական յատուկ մօտեցում կը ցուցաբերեն համաճարակային կացութեան նկատմամբ, այլ երբեմն քով-քովի գալով, արուեստին զուգահեռ տարբեր բնոյթի ու բովանդակութեամբ հարցեր կը քննարկեն նաեւ, որոնց ընթացքին բացառուած չէ որ նոյնի’սկ խնճոյքներ եւս կազմակերպուին: