Ռազմիկ Դաւոյեան

Յանձնառու մարտիկը

Մովսէս Ծիրանի, Երեւան, Փետրուար 2022

Սիրելի՛ ընթերցող,

Հակառակ անոր որ Ռազմիկը աւելի քան ընկեր էր ինծի համար, ցարդ առիթ չեմ ունեցած իր մասին գրելու:  Ամէն բանէ առաջ գաղափարի գորըծնկերներ էինք: Սակայն սխալ չհասկցուելու համար, տեղեկացնեմ որ Ռազմիկին ոչ միայն «Բագին» կը տրամադրէի, այլեւ իր հետ այնպիսի գեր-գաղտնի գործեր ըրած ենք, որ եթէ բռնուէինք (յատկապէս մէկի պարագային, որուն Ռաֆայել Իշխանեանը նոյնպէս մասնակից էր), Աստուած գիտէ թէ ի՞նչ կ’ըլլար մեր ճակատագիրը…. Մանաւանդ որ ան Ծաղկաձորեան ամենամեայ «Թարգմանչաց տօներ»ու հաւատարիմ մասնակիցներէն էր: Այո, հակառակ անոր որ իր հանդէպ որոշ «վերապահութիւններ» կային, մեր մտերմութիւնը փոխադարձ վստահութեան վրայ հիմնուած էր…:

(Ձ-Ա) Սերկեյ Մերկելեան, Մովսէս Հերկելեան, Անդրանիկ Իոսիֆեան, Վերա Յակոբեան, Յասմիկ ու Ռազմիկ Դաւոյեաններ, Յակոբ ու Մարի Յակոբեաններ, Ծաղկաձոր 1978-ին

Երեւան, 1974, Սեպտեմբեր

-Օ՜… եռագո՞յն… հո՞ս… Դաւոյեանի գրասեղանի՞ն… :

Ռազմիկը վարժ էր նման արտայայտութիւններու: Ան, հպարտ իր եռագոյնով… ոտքի ելաւ, մտերմաբար ժպտաց… գիրքը յանձնեց Յակոբին ու անոնք ողջագուրուեցան, զիրար նոր գտած գաղափարակից ընկերներու նման…, որոնց բարեկամութիւնը շարունակուեցաւ մինչեւ վերջերս՝… շուրջ երկու ամիս առաջ… Երբ Ռազմիկը առյաւէտ բաժնուեցաւ մեզմէ…:

Իմ գաղափարակից ընթերցող,

Այո, խոհրդային օրերուն եռագոյն տեսնելը հայրենիքի մէջ, առաջին անգամ Արարատը տեսած ըլլալու նման՝ խորհուրդ ու ազգային ներուժ կը պարունակէր իր մէջ: Գրեթէ նոյն արտայայտութիւնը ունեցած էին մեր ընկերներէն շատեր, ինչպէս Ժան ֆարրան, Մարտիկ Պոյաճեանն ու Պօղոս Գասապեանը, երբ առաջին անգամ Վարուժան Խտըշեանի հետ տարի զիրենք Ռազմիկի մօտ… :

Այն ատէն այդպէս էր Ռազմիկը: Իսկ այս առիթով «յետագայի» մասին անդրադառնալը պատշաճ պիտի չըլլար…: …Անցնինք:

Ռազմիկի ու Յակոբեանի բնակած շէնքին երրորդ յարկը կ’ապրէր նաեւ արժանաւոր այլ հայորդի մը՝ Վահէ Օսկանեանը… : Ռազմիկը, առանց Յակոբին կարծիքը առնելու, հեռաձայնեց Վահէին ,հրաւիրեց ու սկիզբէն տեղեկացուց.

-Վահէ ջան, Մովսէսին Գանատահայ մէկ ազգականը էստեղ է եւ  շատ է ուզում հանդիպել քո հետ…:

Յակոբը երբ լսեց որ առանց իր կարծիքը առնելու, Ռազմիկը իր անունով մէկը կը հրաւիրէ, զարմացած՝ մեր Մուսալերան բարբառով հարցուց.

-Է՞ուվի, իս գիտէ՞յմզը: (Ո՞վ է, ես կը ճանչնա՞մ զինք):

Շատ չանցած Վահէն վար իջաւ: Երբ Յակոբը իմացաւ որ ո՞վ է ան,  յուզումնալից խանդավառութիւնը  իր գագաթնակէտին հասաւ… :

Այո, Վահէ Օսկանեանը ոեւէ մէկը չէր… իրականութեան մէջ «Օսկանեան» ալ չէր: Ան Հարաւսլավիոյ Պելկրատի Աստղադիտարանի տնօրէնն էր, երբ 1964-ին Վիքթոր Համբարձումեանը, միջազգային գիտաժողովի մը ընթացքին կը հանդիպի անոր ու կը հրաւիրէ Հայրենիք… :

Իմ համբերատար ընթերցող,

Հարկաւոր է յատուկ արժեւորել ու գնահատել այս ազգանուէր ու ազնուասիրտ Հայը ոչ միայն անոր համար որ ան Սողոմոն Թէհլիրեանի հօրեղբօր հարազատ թոռն էր, այլ յատկապէս անոր համար որ ան անսալով Վ. Համբարձումեանի հրաւէրին, նախ՝ զգուշութեան համար կամովին կը հրաժարի իր պապենական Թէհլիրեան ազգանունէն, ապա լքելէ ետք փառք, հագստաւետ կեանք ու ամէն ինչ, 1966-ին ընտանիքին հետ կը տեղափոխուի  Խորհրդային Հայաստան, ուր կ’ապրի ու կը ստեղծագործէ… ցմահ…. թէկուզ՝ կենցաղային նուազագոյն պայմաններով:

Ան շարունակելով իր գիտական որոնումները, «Աստղային բռնկումներու» ասպարէզէն ներս, կ’արձանագրէ նոր ու այնպիսի  կենսական նուաճումներ, որոնք մեծապէս կը նպաստեն հայրենի աստղաֆիզիքայի զարգացման ու հայ ազգային վարկի բարձրացման՝ միջազգային գիտական շրջանակներէ ներս: Շատ քիչեր միայն գիտէին անոր ով ըլլալը: Անշուշտ այդ քիչերէն մէկը Ռազմիկն էր, որու միջոցով ծանօթացայ հետը, որմէ ետք ոչ միայն մենք լաւ ընկերներ եղանք, այլեւ ան թոյլատրեց որ պատկերահանեմ Սողոմոն Թէհլիրեանի քանի մը անտիպ լուսանկարները, որոնք ատենին  լոյս տեսան «Բագին»ի եւ «Ազդակ»ի մէջ… :

Դաւոյեաններու տան մէջ. (Ձ-Ա) նստած՝ Վ. Թէքեան, Մ. Դաւոյեան, Մարտիրոս Գուշակճեան, եւ Յ. Յակոբեան, ոտքի՝ Ռ. Դաւոյեան, Ն. Յակոբեան եւ Մովսէս Հերկելեան

Երեւան, 1977, Գարուն

«Ասպիրանտուրայ»ի երկու ղեկավարներէս մէկուն՝ (ստալինեան հալածանքներէն տաղուած իբրեւ նախկին յեղափոխականի ժառանգորդ) արուեստաբան Վահան Յարութիւնեանի թելադրանքով, յօդուած գրեցի Յովսէփ Փուշմանի ծննդեան հարիւրամեակի առիթով, ու տարի «Սովետական Արուեստ»ի խմբագրատուն: Պատասխանատու խմբագիրը, (կը խնայեմ իր անուան) նախ ջերմութեամբ ընդունեց, իմ ներկայութեան ընթերցեց ու թելադրեց, որ Սփիւռքահայ այլ արուեստագէտներու մասին եւս գրեմ… տարբեր առիթներով: Առաջին յօդուածս էր, գոհունակ սրտով դուրս ելայ…, սակայն օրեր ետք Պարոյր Սեւակի առաջին կինը՝ Մայա Աւագեանը, ընկերուհիներէս մէկուն միջոցով լուր ղրկեց որ յօդուածէս կարեւոր բաժին մը մկրատուած է… ու իմաստը փոխուած: Անմիջապէս հեռաձայնեցի Ռազմիկին, որ պատուիրեց.

– Նախ գնայ եւ ստուգիր, եթէ աննշան բան է, բանի տեղ մի դիր… գլխացաւանք է, իսկ եթէ կարեւոր է, փորձիր վերականգնել: Նկատի առ որ դու դրսի մարդ ես… նրանք չեն ուզենայ քեզ նեղացնել:

Սրբագրելու պատրուակին տակ գացի, կարդացի ու տեսայ որ ոչ միայն հանած են այն պարբերութիւնը, ուր Փուշմանի Խորհրդապաշտութիւնը (mysticism) մեկնաբանած եմ, այլեւ մէջբերման մը մէջ «Խորանարդապաշտութեան դէմ եմ» եզրը վերածած են «Խորհրդապաշտութեան դէմ եմ՝» «միսթիսիզմ»ի, որ բոլորովին հակառակ իմաստը կու տայ: Թէեւ զայրոյթէս սկսայ քրտնիլ, սակայն ինքզինքս զսպելով մտայ կերպարուեստի բաժնի վարիչին մօտ, որ համբերութեամբ լսելէ ետք առարկութիւններս՝ պատասխանեց.

-«Միսթիսիզմ»ը հակասում է մեր գաղափարախօսութեան, այնպէս որ ելք չկա… սա պէտք է որ հրատարակուի մեր արժեչափին համապատասխան: Հարկաւոր է  յարմարուել …:

Դող մը եկաւ վրաս: Ատամներս սեղմեցի ու պատասխանեցի.

-Եթէ այդպէս է… իմաստ չունի… ետ տուէք, կը տանեմ:

-Չի լինի, Կենտկոմի որոշումն է, ժամանակ չկայ…, այս յօդուածը պիտի հրատարակուի այս համարին մէջ… դա պարտադիր է:

Կարծէք թէ դիմացը «կոմսոմոլ» մը նստած էր, ու հետս կը վարուէր կուսակցապետի նման: Առարկեցի.

– Գրածս բոլորովին սխալ կը հասկցուի… Փուշմանը ոչ միայն «ՄԻսթիք» արուեստագէտ է, այլեւ առաջին անգամ արեւելեան միթիսիզմը ինք է ներկայացրել ԱՄՆ-ի մէջ… դրա համար էլ բարձր են գնահատում նրան… :

-Դա կարեւոր չի…: Էստեղ «Պարտկոմ» կայ, «Կենտկոմ» կայ… հասկանո՞ւմ ես… որոշումը որոշում է… յօդուածդ լոյս կը տեսնի այնպէս ինչպէս կայ… պա՞րզ է….

-Պարզ է… հիմա արդէն հասկանում եմ… Էստեղ «Պարտկոմ» կայ, «Կենտկոմ» կայ, լա’ւ եմ հասկանում… Այդ պարգային իմ անունս ջնջեցէք եւ ի՞նչ կ’ուզէք ստորագրեցէք տակը.. .այս յօդուածի տակ ես չեմ ստորագրելու:

Ատամները իրար քսելով, սինիք ու դժպհի ժպիտ մը գծագրուեցաւ դէմքին: Բառերը յստակ եւ հատ հատ շեշտելով, ըսաւ.

-Լսի’ երիտասարդ… այս յօդուածը հրատարակուելու է այս համարի մէջ… նոյնութեամբ՝ եւ… քո անունով… յստա՞կ է: Հիմա կարող ես հանգիստ գնալ ու… սպասել… :

-Բայց ես կը բողոքեմ…

–Օհօ,՜ արդէն երկարացնում ես… Ի հարկէ կարող ես բողոքել որտեղ կամենաս… ազատ երկրի մէջ ենք ապրում… իսկ հիմա… ժամանակ չունեմ… խնդրեմ… ինձ մենակ թողէք:

Իմ խոհեմ ու գիտակից ընթերցող,

Եթէ իմ տեղս ըլլայիր ես չեմ գիտեր թէ դուն ի՞նչ կ՚ընէիր… : Ես՝ բնազդաբար բռունցքով սեղանին ուժեղ խփելէ ետք, կատաղած ոտքի ելայ… հայեացքս մխրճեցի աչքերուն խորքը ու դուռը շռխկացնելով երեսին, դուրս ելայ…: Իջայ փողոց ու առաջին պատահած հեռաձայնի տնակէն զանգեցի Ռազմիկին: Լսելէ ետք զայրալից բողոքներս սկսաւ քա՜հ-քա՝հ խնդալ: Ես շարունակեցի.

-Ի՞նչ ես յիմար-յիմար ծիծաղում, չե՞ս տենում ի՞նչ վիճակի մէջ եմ:

-Նախ հանդարտիր եւ առանց յիմարութիւններ դուրս տալու ինձ հանգիստ լսի: Հիմա հասկանո՞ւմ ես թէ մենք ի՜նչ «դժոխքից» ենք անցնում, մինչեւ որ մի բան յաջողացնում ենք… հրատարակել: Բողոքելդ անիմաստ կը լինի: Նոյն իսկ ղեկավարիդ մի տեղեկացրու: Առ այժմ դու ոչ մի բան էլ մի առա, ես կը փորձեմ մի բան անել:  Սպասի մինչեւ որ ես գնամ ու խօսեմ նրանց հետ…

Խոստացայ, բայց  չդիմացայ: Ջղագրգիռ վիճակի մէջ էի… նախ  Յարութիւնեանին հեռաձայնեցի, տունը չէր: Ապա բնազդաբար քայլերս ուղղուեցան դէպի համալսարան, ուր ներկայացայ արտասահմանցիներու բաժնի վարիչին՝ Ընկ. Խտըրեանին, որ մինչ այդ տեղեկացուած կը թուէր ըլլալ… : Ընդունեց զիս յարգանքով ու ամենայն սառնասրտութեամբ լսելէ ետք բողոքներս, ըսաւ.

-Մովսէս ջան, դրա մէջ վատ բան չկայ, խմբագիրը պարզապէս պաշտպանել է քեզ ու քո սխալը ուղղել…

-Այդ ի՞նչպէս…

-Եթէ դու «Միսթիսիզմ»ը պաշտպանես, քո ապագայի համար լաւ չի լինի:

Յետոյ ձայնը ցածցնելով աւելցուց.

-Քեզ համար ասում են որ դու հանրակացարանում, քո սենեակում մոմ ես վառում ու խունկ ծխացնում…

-Այո, յետոյ ի՞նչ, ես իմ սենեակում ազատ չե՞մ…

– Ճիշդ է, մենք ազատ երկրի մէջ ենք ապրում եւ ուրիշների համար էլ ենք պայքարում: Բայց դու «միսթիսիզմ» ես տարածում… եւ մի՛ մոռացի, որ սա քո առաջին յօդուածն է, սրանով դու սկսում ես քո «կարիէրան» ու յայտնի ես դառնում: Յետոյ, Մովսէս ջան՝… փող էլ ես ստանալու…

Հերկելեան ընտանիքը Ռ. Դաւոյեանի հետ. Այնճար 1990-ին

Հոս զգացի որ ինքնատիրապետումս կը կորսնցնեմ… ու յիշեցի Ռազմիկին անբռնազբօս ծիծաղն ու, իմ հերթին սկսայ քա՜հ- քա’հ խնդալ… ապշեցնելով ու մեծ զարմանք պատճառելով «արտասահմանցի ուսանողներու ջերմ պաշտպան»՝ ընկ. Խտըրեանին: … Անխօս դուրս ելայ ու դարձեալ հեռաձայնեցի Ռազմիկին… երբ դրամի մասին լսեց այս անգամ աւելի եւս բարձրաձայն ծիծաղեց ու շարունակեց.

– … Ա՜յ հիմա աւելի լաւ կ’իմանաս թէ մենք ինչպէս՞ ենք ապրում այս երկրում: Եւ ի՞նչ զիջումներ ենք անում… այո՜, փող էլ ենք ստանում…:

Թէեւ «փող ստանալու» բաժինը հեգնանքով արտասանեց, սակայն պէտք է ընդունինք, որ համեմատաբար լաւ կը վճարուէին գրողները: Ռազմիկը նախ խոստացաւ որ կ’երթայ խմբագրի՝ իր «ընկերոջ» մօտ, եւ կը փորձէ փրկել յօդուածս, եւ ապա  առաջարկեց, որ յաջորդ յօդուածը տամ Ալբերտ Կոստանեանին, որ ոչ միայն կը ճանչնայի, այլեւ «Բագին» կը տրամադրէի իրեն: Ան «Սովետական Գրականութիւն» ամսաթերթի արուեստի բաժնի խմբագիրն էր: Թէեւ Խորէն Տէր Յարութեանի մասին գրած յօդուածս հրատարակուեցաւ նոյնութեամբ, սակայն (ի հեճուկս իր խոստումին ու Ռազմիկի ուղղակի միջամտութեան) առանց Ուիլեամ Սարոյանէն փոխ առնուած բնաբանի, ուր կ’ըսուէր. «Կ’ատեմ բռնութիւնը ու կ’արհամարեմ զանոնք, որ կը գոծադրեն զայն»:

Իմ ազատախոհ ու արդարամիտ ընթերցող,

Այո, խոհրդայինները տեսականօրէն կը պայքարէին բռնութեան դէմ, սակայն գործնապէս բռնատիրական վարչախումբով կը կառավարէին այդ հսկայ կայսրութիւնը: Չէ՞ք կարծեր, որ մեր օրերուն նոյնի’սկ մեծապետական պետութեւնները (առաւել կամ նուազ չափով) բռնատիրական վարչախումբեր են… ժողովրդավարութեան պիտակի տակ:

Ռազմիկը նոյնի’սկ իր դիրքն ու ապագան վտանգելու գնով, նմանօրինակ պարագաներու…  յաճախ կը պաշտպանէր իմ եւ իմ նմաններուս իրաւունքները… : Այդ պատճառով ալ ան ինծի համար Ուիլյամ Սարոյեանի, Խորէն Տէր Յարութեանի եւ միւսներու նման մնաց նաեւ՝ իբրեւ բռնութեան դէմ ծառացող յանձնառու մարտիկ մը…

Իմ հաւատարիմ ընթերցող,
Կրնա՞ս բացատրել թէ ինչո՞ւ այսօր հրապարակի վրայ գրեթէ չունինք, բռնութեան դէմ ծառացող գրողներ, արուեստագէտներ ու առհասարակ մտաւորական մարտիկներ … :

(Ձ-Ա) Վ. Խտշեան, Ռ. Դաւոյեան, Մ. Հերկելեան, Ռ. Յովսէփեան Գորիսի եւ Սիսեանի Ռայկոմի քարտուղարներուն հետ՝ Տաթեւի վանքին բակը, 1979-ին

*****

ՍՐՏԱԳԻՆ ԿՈՉ ԵՒ ՍՏՈՐԱԳՐԱՀԱՒԱՔ ՓՐԿԵՆՔ ՀԱՅԵՐԷՆԸ

Leave a Reply

Comments containing inappropriate remarks, personal attacks and derogatory expressions will be discarded.

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You May Also Like