Մովսէս Ս. Հերկելեան, Լիբանան, 1 Մայիս 2020
Սիրելի՛ ընթերցող,
Ի հեճուկս համաճարակին՝ կեանքը կը շարունակուի…: Ու պիտի՛ շարունակուի մինչեւ որ ան մարի, այնպէս ինչպէս պատմութեան անցած բազում ու բազմատեսակ համաճարակներ: Սակայն գլխաւոր մտահոգութիւնը կը մնայ անոր հետեւանքները (անգործութիւն, աղքատութիւն, թշուառութիւն) խոհեմաբար ու ճիշդ կերպով դիմագրաւելու եւ աղէտէն նուազագոյն վնասով դուրս գալու խնդիրը:
Փորձագէտներէն շատեր համոզուած են, որ անսպասելիօրէն ի յայտ եկած այս տնտեսական տագնապը հնարաւոր է որ աւեր գործէ ամենայառաջադէմ ու ամենաբարգաւաճ երկիրներու մէջ իսկ: Ըստ անոնց՝ եթէ այսպէս շարունակուի, կը նախատեսուի, թէ ասկէ ետք Երկրագունդի տարածքին սովամահութենէ կրնան մեռնիլ աւելի շատ մարդիկ, քան պսակաձեւ ժահրէն: Նկատի առէք, որ ըստ «worldinfo» կայքին, իւրաքանչիւր քսանչորս ժամուայ ընթացքին, այսինքն ամէն օր, աշխարհի տարածքին երեսուն հազարէ աւելի մարդ միայն անօթութենէ կը մեռնի:
Այո՛, օրապահիկով ապրող ժողովուրդին գոյատեւումը վտանգուած կը թուի ըլլալ ու ապագան՝ մռայլ: Անհաւանական չէ որ անկանխատեսելի տագնապներ եւս ստեղծուին տնտեսական, ընկերային, կենցաղային, նոյնիսկ առողջապահական ոլորտներուն մէջ, որոնց հետեւանքով մարդկային փոխյարաբերութիւններու չափանիշները վերատեսութեան ենթարկուին ու կեանքին մէջ (դրական թէ ժխտական) անսպասելի փոփոխութիւններ տեղի ունենան: Երեւոյթը մասնակի բնոյթ չունի. ան անխտիր կը շարունակէ տարածուիլ միջազգային ամենավստահելի կարծուած հարթակներու վրայ իսկ: Դժուար թէ մօտիկ ապագային կեանքը հունաւորուի ու ամէն ինչ յարաբերաբար հեզասահ ընթանայ առաջուան նման՝ թէկուզ նոր արժեչափերով: Այնուամենայնիւ, հազարամեակներու փորձը ցոյց տուած է, որ ժամանակը, իր անվերադարձ բնոյթով, կեանքը կ’ուղղորդէ ու կը ներդաշնակէ ըստ բնութեան տարերային օրինաչափութիւններուն: Իսկ բնութեան քմայքին ենթակայ Մարդը միշտ չէ որ հնարաւորութիւնը կ’ունենայ իր Ես-ի ներքին թելադրականութեան համապատասխան ապրելու ու գոյատեւելու: Ահաւասիկ հո՛ս է որ Ժամանակն ու Տարածութիւնը կը շեղին իրենց ծիրէն եւ Մարդ Արարածը կ’անճրկի, ահուդողի կը մատնուի, անդոհանքը կը շարունակուի ու կը տարածուի… Թէեւ ոչ անվերադարձ:
Բայց այդ նոյն հազարամեակներու փորձը ցոյց տուած է նաեւ, որ այդ նոյն անճրկած ու ահուդողի մատնուած Մարդը, շրջանցելէ ետք բոլոր տեսակի փորձութիւնները, կրցած է գոյատեւել ու շարունակել կեանքը՝ յենելով մարդկային նոր արժէքներու ու չափանիշներու վրայ, որոնք իրենց բարոյականութեան բնոյթով Բանական Մարդը կը զանազանեն անբան արարածներէն ու կեանքը կ’իմաստաւորեն՝ այս անգամ յենելով ոգեղէն համապատասխան սկզբունքներու եւ տեսլականներու վրայ:
Խօսքը ոգեղէն եւ նիւթեղէն արժէքներու միջեւ ընթացող յաւիտենական մրցակցութեան մասին է:
Իմ արուեստասէ՛ր ու լայնամի՛տ ընթերցող, գուցէ կարիք չկար այսքան խորանալու հարցին մէջ եւ մտնելու մարդկային խոր ու առեղծուածային ծալքերէ ներս: Սակայն եթէ վերջին տասնամեակներուն քիչ թէ շատ հետեւած ես միջազգայնօրէն ընդունուած ու գնահատուած տարբեր տեսակի (մասնաւորապէս յանձնառու) արուեստներու խթանման ու տարածման հոլովոյթին, նշմարած ըլլալու ես, որ թէ՛ ուղղակիօրէն եւ թէ՛ անուղղակիօրէն, մէկ կողմէ յառաջ կը մղուի մարդ անհատը առանձնացնելու, զայն աւելի անձնասէր ու հաճոյամոլ դարձնելու ձգտումը, միւս կողմէ աշխատանք կը տարուի ամրապնդելու Մարդը մարդկայնացնելու, ազնուացնելու եւ կեանքը գեղեցկացնելու գեղագիտական գործօնը:
Նիւթապաշտութեան ու ոգեղէն արժէքներու գնահատման միջեւ պայքարը ստեղծուած է նախամարդու մարդկայնացման ընթացքին եւ ցայսօր կը շարունակուի: Նիւթի եւ բարոյականութեան յաւիտենական «մրցակցութեան» մէջ, ուժային կշիռը գրեթէ միշտ թեքուած է նիւթապաշտութեան կողմը եւ մարդը մղած բացայայտելու ու զարգացնելու իր մէջ առկայ անասնական բնազդները, որոնք մէկ կողմէ մարդկային էութիւնը ապականելու եւ ոգեղէն արժէքները նսեմացնելու հակագեղագիտական գործընթացին կը ծառայեն, միւս կողմէ՝ ոչ միայն վայրագութիւնը կը խթանեն, այլեւ կ’աւերեն նոյնինքն մարդուն կողմէ եւ յանուն մարդուն բարօրութեան ստեղծուած ամբողջ մշակոյթը: Այս յոռի երեւոյթին հակազդելու համար, մարդուն բանականութիւնը հազարամեակներու ընթացքին ստեղծեց բազում եւ բազմատեսակ գաղափարախօսութիւններ, վարդապետութիւններ, կրօններ ու օրէնքներ, որոնք սակայն, մասամբ միայն յաջողած կը թուին ըլլալ իրենց մարդասիրական առաքելութեան մէջ: Այս ճգնաժամային օրերուն, եթէ իսկ մարդկային վերաբերումներն ըլլան նիւթական օգնութեամբ, բարոյական աջակցութեամբ, անձնազոհութեամբ ու մասամբ նորին, թէեւ ի զօրու են ու կը գործեն իրողապէս, այնուամենայնիւ, նիթապաշտութենէ ծնած ընչաքաղցութիւնն ու աթոռամոլութիւնը կը շարունակեն իրենց աւերները գործել, մեծապետական ամբաստանութիւններն ու զրպարտութիւնները նոր թափ կը ստանան, պատերազմները կը շարունակուին, համաճարակին շահագործումներու տեսակները կը բազմանան ու կը բազմապատկուին եւ մարդ անհատը կ’ենթարկուի ակամայ ստեղծուած «չարագործութեան» քմայքներուն:
Հարցը պարզեցնելու համար նշենք, որ համաճարակը ոչ միայն անկոչ ու տհաճ հիւրի նման եկած մտած է մեր տուներէն ու առհասարակ կեանքէն ներս, ոչ միայն ինքզինք կը պարտադրէ, այլեւ նոյնի՛սկ կը սպառնայ մեր կեանքին ու ի նպաստ նիւթապաշտութեան կը բանի անուղղակիօրէն: Մինչ ոգեղէն արժէքներու հաւատացողները կը փորձեն իրենց մէջէն վանել անասնականը, ընչաքաղցներն ու աթոռամոլները առիթը կ’օգտագործեն պարզապէս իրենց դիրքերը ամրապնդելու եւ իրենց վայրագ բնազդներուն յագուրդ տալու համար: Եւ այսպէս, պայքարը կը շարունակուի եւ ապագան յղի կը մնայ դրական թէ ժխտական նորութիւններով ու անակնկալներով:
Իմ լաւատե՛ս ընթերցող, հարկաւոր է հարցը դիտել նաեւ հակառակ կողմէն՝ նկատի առնել որ բնական աղէտները երբեմն դրական արդիւնքներ ալ տուած են: Օրինակի համար, Եգիպտոսի փարաւոնական ժամանակներուն, Նեղոս գետը ամէն գարնան կը յորդէր. զայն կը համարէին ԱՂԷՏ ու դժբախտ պատահար, որովհետեւ ամէն ինչ կ’աւերէր (ի դէպ, հին եգիպտացիները Նեղոսին յորդումը կ’անուանէին ու կը հնչէին «աշէտ» կամ ԱՂԷՏ, ճիշդ այնպէս ինչպէս հայերէնին մէջ: «Աղէտ» բառը միակ «պատահականութիւնը» չէ. կան լեզուական, պատմական թէ հոգեւոր բազմաթիւ ուղղակի առնչութիւններ հայկական ու փարաւոնեան մշակոյթներուն միջեւ, որոնք առանձին ուսումնասիրութեան կը կարօտին): Եգիպտոսի աղէտը յետոյ վերափոխուեցաւ ու համարուեցաւ «Աստուծոյ պարգեւ», որովհետեւ առանց Նեղոսի յորդառատ ու արգասաբեր ամենամեայ ողողումներուն, ո՛չ հազարամեակներու փարաւոնեան այդ հսկայ մշակոյթը պիտի ստեղծուէր, ո՛չ ալ Եգիպտոսը պիտի կարողանար մինչեւ այսօր գոյատեւել: Նոյնն են Եփրատ ու Տիգրիս գետերուն եւ շումերա-աքքատական մշակոյթին եւ Ինտոս ու Գանգէս գետերուն եւ հնդկական քաղաքակրթութեան առնչութիւններուն պարագաները:
Այս աղէտները թէեւ ուղղակիօրէն համեմատելի չեն պսակաձեւ ժահրի գործած աւերին հետ, սակայն պատմութեան ընթացքին ի յայտ եկած համաճարակներէն մարդ արարածը երբեմն քաղած է գիտական ու բարոյական դասեր եւ ստացած դրական արդիւնքներ: Օրինակ, մեր օրերուն, աշխարհի կրթական համակարգը սկսած է վերատեսութեան ենթարկուիլ. համալսարաններէն ու դպրոցներէն շատեր ուսուցումը կը կատարեն հեռակայ՝ Համացանցի միջոցով: Նոյն սկզբունքներէն մեկնելով, շատեր սկսած են տունէն աշխատիլ, ուրիշներ սկսած են նոյնիսկ միջազգային ժողովներ կազմակերպել Համացանցի միջոցով: Եթէ ուսուցման, աշխատանքի եւ խորհրդակցութեան այս կերպերը որդեգրուին ու համատարած դառնան, պատկերացուցէ՛ք, թէ ինչքա՜ն տարածք, ժամանակ, ուժանիւթ եւ մթնոլորտի ապականում պիտի խնայուին մարդկութեան:
Իսկ մեզի համար կայ աւելին: Ըստ պաշտօնական տուեալներու՝ պսակաձեւ ժահրին հետեւանքով, Մարտի սկիզբէն մինչեւ հիմա, այսինքն երկու ամիսէ պակաս ժամանակի ընթացքին Հայրենիք վերադարձած է աւելի քան 63.000 քաղաքացի: Եթէ հայրենադարձութիւնը առնուազն քանի մը ամիս եւս շարունակուի նոյն թափով, պատկերացուցէ՛ք, թէ ազգային գետնի վրայ ինչքա՜ն մեծ շահ ապահոված պիտի ըլլանք:
Ուրեմն, մեզի կը մնայ այս համամարդկային աղէտն ընդունիլ նաեւ իբրեւ փորձառութիւն՝ տալով անոր նոր իմաստաւորում ու նոր գնահատում, եւ փորձել դրական արդիւնքներ ու դասեր քաղել անկէ:
Իմ իրատե՛ս ընթերցող, եթէ կ’ակնկալես որ այս ընդհանուր տեսադաշտին վրայ գործող մարդկային փոխյարաբերութիւններն ու արժեչափերու խախտումները (ըլլան անոնք ժխտական թէ դրական) վերատեսութեան պիտի ենթարկեմ ու վերլուծեմ եւ համապատասխան կառուցողական լուծումներու առաջարկներ պիտի ներկայացնեմ, կրնամ յուսախաբ ընել քեզ, որովհետեւ այդ բոլորը համեստ ուժերէս վեր կը մնան: Այդ՝ տարբեր մասնագէտներու համադրուած ու բծախնդիր աշխատանք կ’ենթադրէ:
Իմ բանիմա՛ց ընթերցող, ես իմ համեստ մտածումներս շարադրեցի. եզրակացութիւնը առողջ դատողութեանդ կը վստահիմ: Այո՛, այս դժուարին օրերուն բոլորս անհրաժեշտօրէն պէտք ունինք ոչ միայն իրարօգնութեան, այլեւ կարծիքներու անկեղծ ու անշահախնդիր փոխանակման: Կարեւորը մարդկութեան ակամայ պարտադրուած այս տարօրինակ ու տհաճ կացութաձեւը խելամտօրէն դիմակայելն է ու համբերութեամբ խուսանաւելը…