Մովսէս Ծիրանի, Երեւան, Նոյեմբեր 2021
Սիրելի ընթերցող,
Սօս Սարգսեանի մասին կարելի է գիրքեր գրել… առանց կրկնութիւներ ընելու: Պիտի փորձեմ ներկայացնել զինք իբրեւ սեղանապետ, որ առանձին մասնագիտութիւն է, որ տաղանդ, բանիմացութիւն եւ ինչ որ տեղ նաեւ ուշիմութիւն կ’ենթադրէ: Պէտք է ընդունինք որ սեղաններու շուրջ, յատկապէս խմիչքի ազդեցութեան տակ արտասանուած բաժակաճառերը, ոչ միան կրկնութիւններ կ’ըլլային (ու կը շարունակեն ըլլալ) այլ յաճախ իրենց տափակութեամբ ձանձրոյթ ու տաղտուկ կը պատճառեն ներկաներուն: Սօսի պարագային այդպէս չէր: Ընդհակառակը՝ անոր բաժակաճառերը թէ՛ հետաքրքրական էին եւ թէ՛ ուսանելի միաժամանակ: Ան ներկաներուն իւրաքանչիւրին կու տար այնպիսի բնորոշ ու իւրօրինակ գնահատանքներ, որոնք ոչ միայն ենթական կը մղէին ինքնագիտակցութեան ու ինքնավստահութեան, այլեւ իր մէջ կ’արթնցնէին գնահատուած ու մեծարուած ըլլալու գոհունակութիւն: Ան կ’ըսէր. «Գինին միայն խմելու համար չէ, այլ նաեւ բաժակաճառ արտասանելու, որովհետեւ մենք պէտք ունենք իրարու մէջ Մարդն ու Հայը ճանաչելու ու արժեւորելու, առանց սակայն մոռանալու թէ խմելն էլ արուեստ է ու իր չափն ու բարոյականութիւնը ունի… »: Իր ներկայութեան ուրիշ թէկնածուի հարց չէր կրնար ըլլալ… :
***
Սյդ տարին Սարգիս Կիրակոսեանը եկած էր Հայաստան յատուկ առաքելութեամբ: Ես «պարտականութիւն» ունէի զինք ծանօթացնելու գրողներու, արուեստագէտներու եւ առհասարակ կարեւոր անձնաւորութիւններու, որոնցմէ շատերու հետ ան հարցազրոյցներ ձայնագրեց…: Այդ օրերուն Սարգիսը սիրահարուած էր ոմն Սիլվայի, որուն նուիրած էր բանաստեղծութիւն մը, որ խորքին մէջ, թէ՛ յաջող էր և թէ՛ բովանդակալից էր: Ան տկարութիւնը ունէր այդ բանաստեղծութիւնը ընթերցելու ամէն տեղ: Նոյնի’սկ երբ օր մը երկսեռ խումբով որսի կ’երթայինք Սեւանայ լիճի կողմերը, Սարգիսը «Վանին» մէջ ընթերցեց այն, որ թէեւ կրկին լսելը այնքան ալ տհաճ չէր, սակայն ճանապարհի խորտուբորտ ըլլալուն պատճառով բառերը յստակ չէին հասկցուէր, տաղտուկ պատճառելով … յատկապէս Վարուժան Խտըշեանին:
Դերասան Ալիք Խաչատրեանի տիկնոջ՝ դերասանուհի Ալիս Գաբլանջեանի ծննդեան տարեդարձն էր: Ներկայ էին նաեւ այլ դերասան-դերասանուհիներ ու մտաւորականներ: Թէեւ իրենց բնակարանը տարողութեամբ համեստ էր, սակայն սեղանը բաւականին մեծ էր ու ճոխ: Երբ կենաց խմելու հերթը Սարգիսին եկաւ, Սոսը գնահատելէ ետք անոր տարած խմբագրական ու առհասարակ մշակութային աշխատանքները, անդրադարձաւ նաեւ Սիլվային նուիրուած բանաստեղծութեան, զոր մինչ այդ ինք եւս քանի մը անգամ լսելու առիթը ունեցած էր: Երբ խօսք տրուեցաւ Սարգիսին, ան ձեռքը տարաւ ետեւի գրպանը… Վարուժանը աչքով-հունքով հասկցուց որ արգիլեմ: Ես որ Սարգիսի քովի աթոռը կը զբաղեցնէի, անմիջապէս ձեռքը բռնեցի ու ցած ձայնով ըսի «Ո’չ… տեղը չէ»: Սարգիսը կամաց մը ետ սահեցուց բանաստեղծութիւնը եւ ոտքի ելաւ…: Սօսը նշմարելէ ետք այս բոլորը, ըսաւ.
– Սարգիս ջան, մի հրաշալի բանաստեղծութիւն ունես սիրոյ մասին: Խնդրում եմ ընթերցես, որպէսզի ներկաները եւս իմանան թէ ի՜նչ տաղադաւոր բանաստեղծ ունի Պէյրութը:
Սարգիսը յաղթական հայեացք մը նետելէ ետք վրաս, այս անգամ անմիջական ու հաղորդական առոգանութեամբ կարդաց, աւելի ճիշդը ասմունքեց Սիլվային նուիրուած բանաստեղծութիւնը ու արժանացաւ բուռն ծափահարութիւններու:
Շատ չանցած, երբ ուրիշ օր մը, երեքս առանձին էինք Վարուժանի «Բաղրամեան» փողոցի բնակարանը, Սօսը յանդիմանեց մեզ, մեր անմարդկային վարմունքին համար… : (Իբրեւ երէց եղբայր ու հեղինակութիւն ան այդ իրաւունքը ունէր… մեր մէջ): Վարուժանը փորձեց առարկել).
– Բայց… «եավրում» հազար անգամ եղաւ որ կը կարդայ նոյն բանը…«գլուխ կը շինէ» կոր…
Սօսին պատասխանը.
– Նախընտրելի է որ մի քանի րոպէի համար մեր բոլորիս «գլուխը շինուի», քան թէ Սարգիսի նման զգայուն բանաստեղծի սիրտը կոտրուի…նա նոր է սիրահարուել: Չէ՞ք տեսնում ի’նչ ապրումով ու նուիրումով է կարդում…:
Ես սկիզբէն խոհեմաբար լռած էի, Վարուժանն ալ լռեց ու հարցը փակուեցաւ յօգուտ հայ բանաստեղծի մը մարդկային անեղծ զգացումներուն… :
Սօսը այդպէս էր: Ան իր մարդկային վերաբերմունքը երբեք չէր կորսնցներ, որեւէ առիթի եւ որեւէ արժանաւոր մարդու պարագային:
***
Ուրիշ օր մը դարձեալ երեքով նոյն տեղն էինք, այն տարբերութեամբ որ, այդ շաբաթ լորամարգի յաջող որս ըրած էինք և հիւրեր պիտի ունենայինք: Մարտիկը գացած էր բանջարեղէնն ու ջրեղէնը ապահովելու, իսկ դուրսը՝ Ժանօն կրակը կը պատրաստէր: Յանկարծ Սօսի դուստրը՝ Անուշիկը ժամանակէն առաջ ներս մտաւ: Ան իսկապէս անունին տէրն էր թէ՛ արտաքինով, թէ՛ ներքին հմայքով, եւ թէ՛ իր բարեհամբոյր ու մարդամօտ բնաւորութեամբ: Երբեմն ինք եւս ներկայ կ’ըլլար մեր հաւաքներուն, արժանանալով՝ բոլորիս համակրանքին ու յարգանքին: Ջերմօրէն ընդունելէ ետք զինք, ան հօրը կողքին նստեցաւ ու գլուխը հենեց անոր ուսին: Յոգնութենէ աւելի յուզուած կը թուէր ըլլալ: Բնականաբար օղին կար սեղանին: Սօսը Անուշիկի բաժակը եւս լեցնելէ ետք, առանց բան մը հարցնելու, գրկեց զինք խանդաղատանքով ու մեր ներկայութեան ըսաւ.
– Նախքան մեր հիւրերի գալը պէտք է մեր մայրերի կենացը խմենք, որովհետեւ, եթէ կնոջ համար ամուսնանալը պայման չէ, ապա մայրանալը ոչ միայն պայման է, այլեւ անհրաժեշտութիւն… յատկապէս՝ հայուհիների պարագային: Ամուսնացիր, երեխաներ ծնիր և եթէ չկարողանաս ամուսնուդ հետ «յոլա գնալ», բաժանուիր… բայց մայրանալուց յետոյ միայն: Դա ամօթ չէ… : Ամօթն ու վատը կեղծ բարոյականութեան զոհ լինելն է… :
Հայր ու աղջիկ զիրար լաւ կը հասկնային…: ՅԵտագային այդպէս ալ ըրաւ Անուշիկը… : Սօսը այդպէս էր, ան ընկերային, ազգային ու մարդկային հարցերը ընդելուզելով իրարու, կրնար քանի մը խնդիր լուծել… միաժամանակ:
* Շարունակելի՝ Սեղանապետը՝ Սօս Սարգսեան (մաս Բ)
Ընկերացող նկարը՝ (Ձ-Ա) Անուշիկը, Մարոն, Վիքթորիան, Սոսը իր թոռնիկն ու նախկին կինը