Տիգրան Տատրեան
Մովսէս Ծիրանի, Երեւան, Փետրուար 2023 (Յապաւուած)
Փարիզ, 1977, Յուլիս, «Յառաջ»ի Խմբագրատուն
Տեղաւորուելէ ետք մօրաքրոջս տղուն՝ Քրիստափորի (Պուրսալեան) բնակարանը (Saint-Denise), յաջորդ օրը գացի եւ այցելեցի «Cité Universitaire»ի Հայկական մասնաշէնքը (Մէզոն Արմէնիէն), ուր ծանօթ դասընկեր ունէի: Շէնքի տնօրէնը՝ Զաւէն Եկաւեան, շատ բարեացակամ գտնուելով թէ՛ ժամանակաւոր կացարան ապահովեց եւ թէ՛ սկսաւ ծանօթացնել հայ կերպարուեստագէտներու եւ գրողներու, որոնց շարքին նաեւ՝ բանաստեղծ Զուզալ Գազանճեանը: Զուլալը մուսալեռցի էր եւ հեռաւոր ազգականս: Ան յաջորդ օրն իսկ տարաւ զիս «Յառաջ»ի խմբագրատունը եւ ծանօթացուց խմբագիրին՝ Արփի Միսաքեանին, որ ջերմօրէն ընդունեց մեզ: «Յառաջ»ը մեզ՝ մուսալեռցիներուս համար յատուկ նշանակութիւն ունի, որովհետեւ, «Յառաջ» թերթի անունով մկրտուած է Այնճարի Յառաջ վարժարանը…: Յանկարծ բոլորովին պատահաբար Տիգրան Տատրեանը ներս մտաւ եւ այս անգամ Արփին ծանօթացուց մեզ՝ իրարու: Տիգրանը նախ տարաւ զիս իր բնակարանը, ուր տիկին Ֆրանսուազը հիւրասիրեց մեզի «սթէյք» ձիու միսով եւ ապա Ֆրանսական պանիրներու տեսականիով: Առաջին հարցը.
–Կարմի՞ր թէ ճերմակ գինի:
–Ինծի պիտի ներէք, Պրն. Տատրեան, ես գինի չեմ կրնար խմել:
–Ի՞նչ է, ապաշխարա՞ծ ես…
–Ոչ, պարզապէս խմիչք չեմ կրնար խմել. պէտք է բացատրեմ…
–Ի՞նչ պիտի բացատրես «պապամ», գինին ի՞նչ է որ չես կրնար խմել։ Ես Զահլէէն եմ, գիտեմ որ այնճարցիները խմող կ’ըլլան: Զահլէի օղի ալ ունիմ… կ’ուզե՞ս… առանց խմելու ի՞նչ արուեստ, ի՞նչ արուեստաբան, ի՜նչ այնճարցի, չեղա’ւ, այս մէկը չեղաւ… :
Առանց կարծիքս առնելու, լեցուց գաւաթս ու ըսաւ.
–Ասիկա խմէ եւ գլխացաւդ կ’անցնի: Յետոյ «վազ» անցիր «պարոնէն» ու Տատրեանէն, ես քեզմէ աւելի երիտասարդ եմ, Տիգրանը կը բաւէ…:
Հասկցայ որ խօսք չհասկցող՝ տարօրինակ արուեստագէտի մը հետ է գործս, որուն հարկաւոր է յարմարիլ: Ծրագիրներուս տեղեկանալէ ետք խոստացաւ օգնել, սակայն մերժեց «Լուվր» տանիլ, պատճառաբանելով.
–Այդ թանգարանները գերեզմանոցներ են, զիս չեն հետաքրքրեր:
–Բայց Պրն. Տատրեան…
–Տիգրան…
–Լաւ, Տիգրան ջան, բայց նկատի առ որ ես եկած եմ յատկապէս արուեստի պատմութիւնը ուսումնսսիրելու… առանց «Լուվր»ի չ’ըլլար, «Musée d’Orsay»ն ալ անհրաժեշտութիւն է, չե՞ս կարծեր…
–Հոս նայիր, դուն եկեր ես արուեստը ուսումնասիրելու ոչ թէ գերեզմանոցներ այցելելու, ի՞նչ գործ ունիս ժամանակավրէպ ու մեռած արուեստի հետ: Վաղը քեզի Փոմփիտուի կեդրոնը (Centre Beaubourg), կը տանիմ, ու կը տեսնես թէ ի՞նչ կ’անցնի կը դառնայ Փարիզի, աւելի ճիշդը աշխարհի մէջ:
Փարիզ, 1977, Յուլիս, Centre Beaubourg
Թէեւ ամէնէն առաջ կ’ուզէի Լուվրը այցելել ու անհամբեր էի, սակայն իր պնդումին վրայ յաջորդ օրն իսկ գացինք «Սէնթըր Պոպուր», ուր կարելի էր տեսնել այդ օրերու արուեստի ամենավերջին արտայայտութիւններն իսկ:
Նախ բարձրացանք երրորդ յարկը, ուր ցուցադրուած էին Տատաիզմէն ետք գոյացած գերիրապաշտ եւ վերացապաշտ արուեստի բացառիկ նմոյշներ, որոնց շարքին կային երեք հայեր՝ Արշիլ Կորքի, Եակուլով եւ Եր. Քոչար: Տիգրանը հպարտութեամբ մէկ մէկ ցոյց տուաւ զանոնք ու աւելցուց.
— Այս «Սէնթըր»ը աշխարհի ամենամեծ ժամանակակից արուեստի կեդրոնն է հիմա: Մենք ուրիշ արժանաւոր արուեստագէտներ ալ ունինք, սակայն հոս մտնելը այնքան ալ դիւրին չէ…:
Իմ արուետասէր ընթերցող, հետագայի ժամանակները ցոյց տուին որ Տիգրանը իրաւունք ունէր: Անկէ ետք հայ կերպարուեստագէտներէն միայն Փոլ Կիրակոսեանն է, որ արժանացած է այդ պատուին:
Իրաքանչիւր տաղաւարի մէջ տարբեր տեսակի անանկնկալներ կը դիմաւորէի…: Կարծէք թէ Տիգրանը գոհ էր, որ ես շշմած ու շուարած էի, ի տես արտառոց արուեստի գործերու: Մտայղացքային (Conceptual) արուեստի ամենազարտուղի նմոյշներն իսկ ցուցադրուած էին հոս: Կային զետեղումներ (Installation), որոնք այդ օրերուն շատերու համար կրնային նոյնիսկ «այլանդակ» թուիլ: Յոյժ հետաքրքրութենէ մղուած կ’ուզէի գիտնալ անոնց իմաստն ու գեղարուեստական արժէքը, սակայն Տատրեան զիս կանխած էր ու ըսած.
–Արուեստը բացատրութեան պէտք չունի, արուեստի գործը ի՛նքը պիտի խօսի, դիտողը ոչ թէ պիտի հասկնայ ու մեկնաբանէ գեղանկարը, այլ պիտի դիտէ, ընկալէ ու վայելէ զայն, դասական երաժշտութեան նման…:
Օրեր ետք, երբ աւելի ծանօթացայ Տատրեանին եւ իր ստեղծագործութիւններուն, հասկցայ որ խօսքը կը վերաբերի վերացականութեան, որուն իւրատեսակ ներկայացուցիչներէն մէկն էր ինք: Ու պարզուեցաւ որ ան կեանքին մէջ ալ կ’ապրի վերացական աշխարհի մը մէջ, այնպէս ինչպէս Սալվատոր Տալին կ’ապրէր գերիրապաշտ ոլորտներու մէջ: Ան առաջնորդս եղաւ Փարիզի մէջ ու օր մըն ալ տարաւ զիս իր արուեստանոցը, ուր միաժամանակ աշակերտներ կ’ընդունէր: Գեղանկարները ցուցադրելու ընթացքին, բացատրութիւններ չէր տար: Միայն ըսաւ.
— Շատեր զիս Pointillist կը համարեն, իսկ ուրիշներ՝ Tachist: Իրականութեան մէջ ես ձեւով միայն կը յիշեցնեմ զանոնք: Եթէ կ’ուզէք անպայման տեղաւորել իմ արուեստը ինչ որ իզմ-ի մը մէջ, ապա ինքզինքս Lyric Abstractionism կը համարեմ:
–Բայց դուն կեանքին մէջ այնքան ալ քնարական խառնուածքի տէր զգացական մէկը չես երեւիր:
–Էութեամբ այդպէս եմ, կը կատակեմ պարզապէս հեռանալու համար դաժան ճշմարտութենէն… :
— Իսկ արուեստի պարագայի՞ն…
— Արուեստը կատակ չէ: Երբ ես եւ toile-ը (կտաւ) առանձնանանք ու վրձինը ձեռքս առնեմ, կը մտնեմ ներաշխարհիս մէջ ու կ’անջատուիմ շրջապատէս: Ստեղծագործելու ընթացքին չեմ կրնար կատակել: Կեանքին մէջ կը կատակեմ՝ հեռանալու համար տաղտկալի առօրեայէն, որ ծանր է, բարդ ու ճնշիչ…
–Բայց դուն կենսասէր մարդ ես ու հայրենասէր…
— Սպասէ: Գիտեմ ու՛ր պիտի հասնինք: Այնպէս որ իմ գործերուս մէջ հայկականութիւն մի փնտռեր: Ամէն ինչ վերացական է քովս… ու զգացական…:
–Սակայն հաւանական է որ ենթագիտակցաբար ինչ որ գուներանգ կամ արտայայտչաձեւ դրսեւորուած ըլլայ կտաւներուդ մէջ:
–Ի՞նչ ի նկատի ունիս:
–Այս գործերուդ մէջ գորգարուեստի գոյներ ու ծաւալային բաժանումներ կր նշմարուին:
–Եթէ նման բաներ կան, ապա ես գիտակցաբար չեմ նկարած…
–Բայց բնաւ մտքովդ չէ՞ անցած որ օր մը հայկական թեմաներով ինչ որ բան երփնագրես:
–Մէկ վայրկեան սպասէ:
Տիգրանը արուեստանոցի անկիւններէն հանեց քանի մը նկարներ, դիմացս շարեց ու ըսաւ.
— Տե՛ս, ասոնք մեր դրօշակներն են եռագոյնը եւ Խորհրդային Հայաստանի երկագոյնը: Ասոնք նկարած ու Lithography-ով բազմացուցած եմ, որովհետեւ լաւ նուէր կ’ըլլան:
Ընթացքին ան վիմատիպ «Եռագոյն» մը զատեց, մակագրեց ու նուիրեց ինծի…
Իրականութեան մէջ Տատրեանը թէեւ իր ստեղծագործական ասպարէզը Կէտապաշտութեամբ (Pointllisme) սկսած է, ու Հպապաշտութեամբ (Tachisme) շարունակած, այնուամենայնիւ դուրս գալով անոնց սահմաններէն՝ ան ստեղծած է իր սեփական գունաշխարհը, պարուրուած՝ իւրայատուկ գունաբծերով ու երփներանգ քնարականութեամբ: Ան թէեւ մինչեւ հիմա գնահատուած չէ նաեւ իբրեւ այդպիսին, սակայն օրը կու գայ ու իր արուեստը եւս կը դրուի մեծերու կողքին, արժանաւոր պատուանդանի վրայ:
Եւ այսպէս, Տատրեանի հետ իմ կապս շարունակուեցաւ, եղանք ընկերներ ու հետագային կրնամ ըսել նոյնիսկ՝ մտերիմներ: Երբ Պէյրութ գար, անպայման կը հանդիպէինք իր փարիզեան ընկերներով ( Զ. Խտըշեան, Գր. Նորիկեան, Կիւվտէր, Յ. Թորոսեան, եւ ուրիշներ): Նոյնիսկ պատահեցաւ ցուցահանդես կազմակերպեցինք իրեն «Նոազ Արք»էն ներս (Noah’s Ark): Գործիս բերումով երբ Փարիզ այցելէի, անպայման կը տեսնուէինք…:
Եւ այսպէս. ինչպէս որ արուեստի պարագային, Տիգրանը չէր կրնար կատակել, այնպէս ալ կեանքին մէջ չէր կրնար չկատակել:
Մովսէս, Գր. Նորիկեան, Զաւէն Խըտըշեան, Տատրեան եւ Պերճ Ֆազլեան
Փարիզ, 2011, Հոկտ.
Քանի մը անգամ Տիգրանին հեռաձայնելէ ետք, ի վերջոյ ընկալուչը վերցուց.
–Մովսէսն է… Տիգրան…
–Օ՜, ո՞ւր ես, ու՞րտեղեն կը խօսիս.
–Նայի՛ր, Տիգրան, հոս ենք, Փարիզ, էլոյին հետն եմ, այս անգամ կ’ուզենք տունդ գալ…եւ…
–Տո՞ւնս… ի՞նչ գործ ունիք տունս, դուն ըսէ ու՞ր էք, ես կու գամ կը գտնեմ ձեզ:
–Տիգրա,ն, Օփերայի դիմացի նոյն «Օփերա» հիւրանոցը իջեւանած ենք, այս անգամ կ’ուզենք տունդ գալ եւ պաշտօնապէս ցաւակցութիւն յայտնել քեզի… կնոջդ մահուան առիթով:
–Ի՞նչ է, դուն ալ Զաւէնին կամ Նորիկին պէս կը կարծես թէ ես տխուր եմ…: Նայիր, հոս գալու պէտք չկայ, ես ուրախ եմ որ կինս մահացաւ, հիմա կու գամ եւ կը տօնենք… ցաւակցութիւնը ո՞րն է:
–Տիգրա’ն, ինչե՜ր կը խօսիս: Քիչ մը լրջացիր: Խմա՞ծ ես:
–Ի՞նչ խմած, ի՞նչ բան, ես ազատ եմ հիմա, արդէն նոր ընկերուհի ունիմ: Կատաղի էգ մըն է, եւ տզրուկի պէս սիրահարուած է ինծի: Ի՞նչ ցաւակցութի՜ւն, ի’նչ բան, հիմա կու գամ եւ միասին լա՜ւ մը կը խմենք… :
Թէեւ իմ չկարենալ խմելն ու Տիգրանի խմելու յարատեւ պահանջը խոտոր կը համեմատէին իրարու… այնուամենայնիւ լաւ կը հասկնայինք զիրար: Երբ եկաւ ձախ ձեռքը կապած էր ուսէն կախ վզնոցով մը, այնքան ալ գինով ըլլալու տեսք չունէր: Երբ դիտել տուի .
–Տիգրան, այդ ի՞նչ է ձեռքդ կապուած է, կինդ ալ չկայ որ ծեծած ըլլար քեզ:
–Հե՛չ մի՛ ըսեր, երէկ գիշեր նոր ընկերուհիս, անկողնէս հրեց զիս: Ահա ձեռքս ջարդուած է: Այդ կատաղի էգը կարծես թէ կ’ուզէր սպաննել զիս:
— Ինչո՞ւ:
— Կ’ուզէ մեռցնել զիս, որպէս զի նկարներս միլիոններով ծախէ…:
Տիգրանը այնքան բնական ու առանց ժպիտի կը խօսէր, որ դժուար էր կռահել թէ կը կատակէ՞ թէ՞ լուրջ կը խօսի: Ամենայնդէպս առաջքը առնելու համար որեւէ անախորժ կացութեան ըսի.
–Անօթի՞ ես:
–Առ այժմ ոչ, բայց խմիչք մը կ’առնեմ:
–Լաւ, եկուր խմիչքը վերապահենք ճաշին հետ, թէյ կամ սուրճ մը չե՞ս առներ հիմա:
–Այդ պարագային սուրճ մը:
Հեղինակը, Քրիսթին Անժելիէ-Գազանճեան, Էլօ Հերկելեան եւ Տատրեան
Եւ անմիջապէս մատուցողին կանչեց եւ «Irish Coffee» մը պատուիրեց: Թէեւ հսկայ գաւաթով մը զարդարուած եկաւ սուրճը, այնուամենայնիւ միտքս հանգիստ էր որ եղածը սուրճ է ի վերջոյ, հնարաւոր է որ հանդարտեցնէ զինք: Մինչեւ որ մենք պահ մը լրջանանք ու ցաւակցութիւն յայտնենք, ինք հարցերու տարափ մը տեղացուց մեր վրայ: Հարցուց Զաւէնին (Խտըշեան), Նորիկին (Գր. Նորիկեան), Սոնիային (Նիկոլեան) մասին եւ ապա անցաւ մեզի ու սկսաւ: Ինչո՞ւ եկած ենք, ի’նչ կ’ընենք, ու՞ր կ’ուզենք այցելել, զո՞վ կ’ուզենք տեսնել, ինչպէ՞ս կրնայ օգտակար ըլլալ , եւայլն, եւայլն…: Ի վերջոյ մոռցնել տուաւ կնոջ մահը, ու մենք չգիտցանք թէ իսկապէ՞ս ուրախ էր իր կնոջը մահուան առիթով՝ թէ՞ պարզապէս կը կատակէր: Տեղեկացուցինք որ հրաւիուած ենք մասնակցելու նոյն ինքն Լուվրի մէջ կազմակերպուած,’’Carrousel du Louvre” միջազգային ցուցահանդէսին, որուն բացումը տեղի պիտի ունենայ երկու օր ետք: Իսկ այսօր որոշած էինք այցելել իրեն…
— Վերջապէս Լուվրի տնօրէնութեան խելքը գլուխը եկաւ ու տարիներ առաջ ստեղծեցին ’’Carrousel du Louvre” ամենամեայ ցուցահանդէսը, ուր ոեւէ «Աճպարար» չի կրնար մուտք գործել: ’’Carrousel du Louvre”ը վերակենդանացուց այս «գերեզմանոցը»…:
Որոշեցինք որ այդ օր երթանք եւ տեսնենք իր վերջին գործերը, որոնք կը ցուցադրուէին «Centre Pompidou»ի մօտիկ ցուցասրահի մը մէջ, եւ այցելենք Ժան Գազանճեանի սեփական ցուցասրահը, որ կը գտնուէր (Place des Vosges), հրապարակին վրայ, Վիքթոր Հիւկոյի թանգարանին կից:
Այդպէս ալ ըրինք: Հանդիպեցանք նաեւ Ժանին կնոջ՝ Քրիսթինին եւ տղուն հետ: Պարզուեցաւ որ Ժան Գազանճեանին արուեստը մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծած է իր շուրջ Փարիզի մէջ, որովհետեւ բոլորովին նոր կերպարուեստի տեսակ մը յղացած էր, որուն մասին հարկաւոր է առանձինն անդրադառնալ: Տիգրանը մերժեց Հիւկոյի Տուն Թանգարանը մտնել ու ըսաւ.
–Մինչեւ որ դուք վերջացնէք Հիւկոյի «դամբարանը» դիտելը, ես դուրսը այս սրճարանը կը սպասեմ ձեզի:
Երբ դուրս ելանք Հիւկոյի տուն-թանգարանէն, տեսանք որ նստած դարձեալ «Irish Coffee» կը խմէ: Մենք ալ նստեցանք եւ ես ալ նոյն «սուրճ»էն պատուիրեցի…
Պարզուեցաւ որ Irish coffee կոչուածը տեսակ մը ուիսկի է, որուն բովանդակութիւնն ու քանակը դուն կ’որոշես:
Այսպէս էր Տիգրանը, բայց լաւը այն էր որ շատ դանդաղ կը խմէր ու հարբած ըլլալու տպաւորութիւն չէր ձգեր:
Վերջին անգամ լուր առի իրմէ նախանցեալ տարի, երբ Սոնիա Նիկոլեանի յուղակաւորութեան առիթով հանդիպեցայ Նորիկին: Ափսոսանքով յիշեցինք որ վերջին տարիներուն յաջորդաբար մեզմէ հեռացան արուեստագէտ մեր լաւաագոյն ընկերներէն շատերը (Պէրճ Ֆազլեան, Զաւէն Խտըշեան, Կիւտէր, Յարութիւն Թորոսեան….) որովհետեւ Տատրեանը իննիսունը անց էր արդէն, ընթացքին հարցուցի անոր մասին, Նորիկը ըսաւ.
–Այո՜, դեռ ողջ է, յարմարաւէտ հանգստավայրի մը մէջ կ’ապրի, երջանիկ է եւ ուրախ… վերջերս նոր սիրահարուած է եղեր: Եօթանասունհինգ տարեկան «երիտասարդ» ընկերուհի մը ունի, որուն ձեռքը բռնած կը պտըտի եղեր… ծովափին:
Իսկ հիմա, ի՞նչ կը կարծես իմ իմաստուն ընթերցող՝ «Կատակե՞լ թէ չկատակել», այս չէ՞ խնդիրը… :