«Առանց մոլեգնութեան ոչինչ չի ծնւում»

Տիգրան Մանսուրեանը ուսանողներու հետ

Մովսէս Ծիրանի, Մոնթրէալ, Դեկտեմբեր 2022

Տիգրան Մանսուրեան

Երեւան, «Քոզիրեոք», 1979

Ընկերներով ժամադրուած էինք Մարտիրոս Սարեանի անուան զբօսայգին, ուր հանդիպեցանք նաեւ Տիգրան Մանսուրեանին: Ան շատ քիչ առիթներով միայն հանրութեան մէջ կ’երեւէր: Այդ օր եկած էր հոն նախ անոր համար որ առաջին անգամ ըլլալով գեղանկարչական բացօթեայ ցուցադրութիւն (Վերնիսաժ) կազմակերպուած էր եւ ապա հանդիպելու Արտաշէս Յունանեանին, որուն արուեստն ու յատկապէս հաւաքած գաւառական երգերը կը հետաքրքրէին զինք: Դիտելէ ետք ցուցադրուած կտաւները, (որոնք իրենց ոճով եւ արտայայտչաձեւերով խայտաբղէտ պատկեր մը կը պարզէին), տեղաւորուեցանք օփերային մօտիկ «Քոզիրեոք» (ռուսերէն՝ Գլխարկի շքոցիկ) սրճարանը: Այն ատեն շրջանին մէջ կային եւս երկու սրճարաններ «Բոբլավոք» (Նաւ-ճաշարան, ժողովուրդը զայն կը կոչէր «Առագաստ») եւ «Ըսքըվազնիաք» (Միջանցահովիկ), որոնք «Քոզիրեոք»ի նման, արուեստագէտներու եւ առհասարակ մտաւորականներու հաւաքավայր կը համարուէին:

(Ձ-Ա)՝ Հենրիկ Էդոյեան, Մ. Պոյաճեան, Մովսէս Հերկելեան, Տիգրան Մանսուրեան եւ Արտաշէս Յունանեան

Վերացապաշտ գեղանկարիչ Սէյրան Խաթլամաճեանը, որ աւելի ըմբոստ ու համարձակ կը թուէր ըլլալ, նորարարները գնահատելէ եւ «հին»երը (որոնք կ’ենթարկուէին ու կը հետեւէին «Սոցիալիստական ռէալիզմ»ի ուղղութեան) խստագոյնս քննադատելէ ետք, շարունակեց.

– Շատեր ստեղծագործական դիւրին միջոցների են դիմում յանուն փողի, պարզապէս իշխանութիւններին դուր գալու համար: Դա արդէն արուեստագէտի գործ չի:

Ճիշդ հասկցուելու համար հարկաւոր է փակագիծ մը բանալ եւ տեղեկացնել, որ այդ ժամանակներուն, ինչպէս Մոսկուայի եւ խորհրդային այլ քաղաքներու պարագային, Երեւանի մէջ եւս կային արուեստի նորարարական անպաշտօն «խմբակցութիւններ», որոնք մերժելէ ետք «Սոց-ռէալիզմ»ը, ազատօրէն ստեղծագործելու իրաւունքը կը պաշտպանէին: Երիտասարդ գրողներու առաջնորդ-գաղափարախօսը Ալեքսանդր Թոփճեանն էր, կերպարուեստագէտներունը՝ Հենրիկ Իգիթեանը. արուեստի միւս տեսակները թէեւ մասնաւոր առաջնորդ մը չունէին, սակայն բոլորը կը գործակցէին իրարու հետ: Այդ օր, երբ Վիգէն Թադեւոսեանն ու յատկապէս Արտաշէս Յունանեանը սկսան դժգոհիլ եւ բողոքել, որ խորհրդային իշխանութիւնները ոչ միայն չեն գնահատեր իրենց արուեստը (առաջինը վերացապաշտ էր, իսկ երկրորդը՝ գերիրապաշտ), այլեւ շատերու նման իրենք եւս հալածանքներու կ’ենթարկուին, Տիգրան Մանսուրեանը, որ մինչ այդ լուռ էր, միջամտեց.

– Այո՛, արուեստի նորարարական շեղումները դուր չեն գալիս իշխանութիւններին, սակայն, եթէ որակը բարձր լինի ու գնահատուի յատկապէս դրսի աշխարհի կողմից, ապա նրանք հանդուրժում են եղածը… հարկադրաբար: Իսկ բարձր որակ ստեղծելը այնքան էլ հեշտ չի, որովհետեւ «Իսկական Արուեստը ծնւում է տանջանքից»: Սակայն բոլոր պարագաներին մինչեւ այն ատեն որ ինձ չեն խանգարում, ես հարց չունեմ «նրանց» հետ:

Տրուած ըլլալով, որ երաժշտութիւնը իր բնոյթով շատ աւելի վերացական է քան միւս արուեստները, խորհրդայինները դժուարութիւն կ’ունենային հսկողութիւն սահմանելու անոնց վրայ: Այս պատճառով ալ երգահանները հնարաւորութիւն ունէին համեմատաբար աւելի ազատ ու համարձակ ըլլալու իրենց յօրինումներուն մէջ:

Ապա Արտաշէսը, որ գաղտնի պայմաններու տակ «Պահպանակը» կը գրէր այդ շրջանին ու ձեռագիրը տարբեր տեղեր կը պահէր, հաստատելէ ետք Տիգրանի բնութագրումը, թէ «Արուեստը ծնւում է տանջանքից», բազմաթիւ օրինակներ բերաւ, սկսեալ Փարաջանովէն ու Նարեկացիէն, հասնելով մինչեւ Վենսան վան Կոկ ու Սուամի Վիվեքանանտա:

(Ձ-Ա)՝ Ոտքի՝ Տիգրան Մանսուրեան, Համօ Սահեան, Արաքս Մանսուրեան, նստած՝ Հրանդ Մաթեւոսեան

Իսկ Հէնրիկ Էդոյեանը, որ Երեւանի Պետական Համալսարանի գեղագիտութեան ամպիոնի մեր դասախօսն էր, աւելցուց.

– Արուեստագէտը եթէ խուսափի դժուարութիւններից, թէկուզ՝ տառապանքից, ապա նա դատապարտուած է մնալու միջակ հարթակների վրայ: Ինչպէս կեանքում, այնպէս էլ արուեստում լաւագոյնին հասնելու համար, ճանապարհը միշտ էլ փշոտ է եղել… ու դաժան:

Առաջին հանդիպումէն ետք, տպաւորուած «Իսկական Արուեստը ծնւում է տանջանքից» իր բնութագրումէն, սկսայ հետաքրքրուիլ Մանսուրեանի նորարարական (յատկապէս՝ ֆիլմարուեստի) յօրինումներով, որոնց կիզակէտը կը համարուէր Փարաջանովի «Նռան Գոյնը» ժապաւէնի երաժշտութիւնը: Այդ օրերուն հայրենի մշակոյթը վերելքի մէջ էր: Հինի եւ նորի պայքարը թէեւ թէժ էր, սակայն միաժամանակ բեղմնաւոր էր ու արդիւնաւէտ: Մեր՝ խումբ մը ընկերներու խնդրանքով եւ Ալ. Թոփճեանի միջնորդութեամբ, կիսագաղտնի պայմաններու տակ, հնարաւորութիւն ունեցանք դիտելու «Նռան Գոյնը»ի ամբողջական տարբերակը, որուն երաժշտութիւնը իր նորարարական բնոյթով, նոյնքան խնդրայարոյց էր որքան Փարաջանովի ֆիլմարուեստի յղացքը: Ի դէպ, այդ օրերուն, բազմավաստակ եւ հմուտ գրականագէտ Ալ. Թոփճեանը ոչ միայն յառաջապահ գրողներու գաղափարախօս առաջնորդն էր, այլեւ հակամէտ էր պաշտպանելու նաեւ արուեստի միւս նորարարները, ըլլային անոնք կերպարուեստագէտ, երաժիշտ թէ թատրոնի ու ֆիլմարուեստի գործիչ: Եւ բնաւ պատահական չէր, որ ինք եւս Վիլէն Գալստեանի, Հենրիկ Իգիթեանի, Արտաշէս Յունանեանի եւ ուրիշներու նման, իբրեւ դերակատար, իր մասնակցութիւնը բերած էր «Նռան Գոյնը» ժապաւէնի իրականացման մէջ:

Այո, բացայայտ էր որ Տիգրան Մանսուրեան եղած էր յառաջապահներէն մէկը խորհրդային նորարար երգահաններու, որոնք շրջանցելէ ետք «Սոց-ռէալիզմ»ը, ստեղծագործական ազատութիւն ձեռք բերին ու իրենց հերթին դրական ազդեցութիւն ունեցան առհասարակ խորհրդային երաժշտական կեանքէն ներս:

Յաջորդ հանդիպումս Տիգրանին հետ դարձեալ պատահական էր: Ռազմիկի (Դաւոյեան) հետ գացած էինք բարեխօսելու Համօ Սահեանի մօտ՝ զինք եւ Հրանդ Մաթեւոսեանը հաշտեցնելու համար: Սահեանը, նոր բաժնուած իր նախկին կնոջմէն, բնակարան ստացած էր Տէրեան փողոցին կից, Աղայեան փողոցի վրայ, հարեւանութեամբը Սիլվա Կապուտիկեանի, Արա Շիրազի, Արտեմ Յարութիւնեանի, ինչպէս նաեւ Տիգրան Մանսուրեանի, որ այդ օր հոն կը գտնուէր: Ան մեր զրոյցներուն միայն հարեւանցի կը մասնակցէր եւ Ռազմիկի ու Սահեանի քիչ մը «վրան-բաց» սրամտութիւններուն գրեթէ չէր արձագանգեր: Միտքը ուրիշ տեղ էր կարծէք…:

Երբ Սահեանի բնակարանէն դուրս ելանք ու Ռազմիկի ուշադրութեան յանձնեցի Տիգրանի «անտրամաբանական» պահուածքը, ան ըսաւ.

– Տիգրանը թէեւ մարդկային է, համեստ ու ընկերասէր, սակայն իր չափազանց աշխատասիրութեան հետեւանքով մնում է ինքնամփոփ, ու հանրութեան մէջ, նո՛յնիսկ մեր ընկերական շրջանակներում շատ քիչ է երեւում: Շնորհիւ իր աշխատասիրութեան ու բացառիկ տաղանդին, նա կարողացաւ բարձրորակ երաժշտութիւն ստեղծել ու կարճ ժամանակի ընթացքում գնահատուել բոլորի, նոյնիսկ իշխանութիւնների կողմից: Դրա համար էլ իրեն տրուած պատուէրները չափազանց շատ են, յատկապէս ֆիլմարուեստի բնագաւառում:

Ռազմիկը միակը չէր, ընդհակառակը՝ իմ շրջապատիս մէջ Մանսուրեանի մասին բարձր կարծիք ունէին բոլորը, ինչպէս Սօս Սարգսեանը, Հրանդ Մաթեւոսեանը, Արտաշէս Յունանեանը, Ալեքսանդր Թոփճեանը, Մուշեղ Գալշոյեանը ու անոնց նման շատեր: Այդ պատճառով ալ ցանկութիւն ունէի անոր հետ վերստին հանդիպելու: Չեղաւ… մինչեւ որ 2019-ին, Արամ Վեհափառի հրաւէրով ան Պէյրութ ժամանեց:

Անթիլիասի Մայրավանք, 15 Փետրուար 2019

(Ձ-Ա)՝ Մովսէս Հերկելեան, Տիգրան Մանսուրեան եւ Ժիրայր Դանիէլեան

Սիրելի՛ ընթերցող,

Իմ լաւ ընկերներէս Ժիրայր Դանիէլեանը (նորոգ հանգուցեալ), որ այն ատեն տնօրէնն էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Կրթական-Հայագիտական Բաժանմունքին, հեռաձայնեց ու առաջարկեց.

– Տիգրան Մանսուրեանը հանդիպում պիտի ունենայ ուսանողներու հետ, լաւ կ’ըլլայ որ դուն ներկայացնես զինք:

Խոստացայ:

Առաջին հերթին, յիշողութիւնս թարմացնելու համար, վերընթերցեցի Տիգրան Մանսուրեանի կենսագրութիւնը: Պարզուեցաւ որ ան անկախութենէն ետք միջազգային շարք մը ամպիոններէ գնահատուած է եւ արժանացած ազգային ու միջազգային բազմաթիւ մրցանակներու եւ շքանշաններու: Անմիջապէս փնտռեցի ու գտայ պատճէնը այն լուսանկարին, որ ճիշդ քառասուն տարի առաջ ընկերներով նկարուած էինք Մարտիրոս Սարեանի անուան զբօսայգիին մէջ:

Հանդիպումը կայացաւ «Կիլիկիա» թանգարանի այն սրահին մէջ, ուր հայագիտականի դասաւանդութիւնները տեղի կ’ունենային: Յաւուր պատշաճի ներկայացնելէ ետք Մանսուրեանի ստեղծագործական կեանքը, եզրակացուցի.

– Շնորհիւ Արամ Վեհափառի նախաձեռնութեան, մենք բոլոս բախտաւոր ենք որ այսօր առիթը ունինք հանդիպելու եւ զրուցելու Տիգրան Մանսուրեանի նման բազմավաստակ ու համամարդկային արժէք ներկայացնող երգահանի մը հետ: Սակայն ինքզինքս աստիճան մը աւելի բախտաւոր կը համարեմ, որովհետեւ ան իմ վաղեմի ծանօթներէս մէկը եղած է…:

Տիգրանը թեքուեցաւ դէպի ինծի: Անոր հայեացքը պաղ էր ու անորոշ: Սակայն երբ մեր խմբանկարը ցոյց տուի անոր, քանի մը անգամ դէմքիս հետ համեմատելէ ետք, ուրախացած ոտքի ելաւ ու ըսաւ.

– Այո, ի հարկէ յիշում եմ, սա նուէ՞ր է ինձ…

– Ի հարկէ:

– Յիշատակներ… յիշատակնե՜ր…

Մթնոլորտը ջերմացաւ ու ամէն ինչ փոխուեցաւ: Ուսանողները, խանդավառուած, սկսան բազմաթիւ ու բազմակողմանի հարցեր տալ անոր: Մանսուրեան կը պատասխանէր ամենայն համբերատարութեամբ, ու թէեւ դանդաղ կը խօսէր, սակայն յստակօրէն կը բացատրէր ամէն ինչ: Երբ անոր հարց տրուեցաւ իր արուեստի հայկականութեան մասին, ըսաւ.

– Թէեւ ես որդեգրել եմ նաեւ արեւմտեան նորարարական արտայայտչաձեւեր, բայց երբեք չեմ կտրուել իմ ազգային արմատներից: Մարդ հարուստ կը լինի իր արմատներով:

Ապա ան հաստատեց որ ինք եւ քոյրը՝ օփերայի կայացած երգչուհի Արաքս Մանսուրեանը ծնած են Պէյրութ ու առաջին անգամ երաժշտութիւն լսած են իրենց տան մէջ (երբեմն իբրեւ աղօթք), ինչպէս նաեւ Պուրճ Համուտի փողոցներուն մէջ…

Իր խօսքի ամբողջ ընթացքին ան շեշտը դրաւ յարատեւ ու տքնաջան աշխատանքի վրայ ու եզրակացուց.

– Առանց մոլեգնութեան ոչինչ չի ծնւում:

(Ձ-Ա)՝ Գեղանկարիչ Սոնա Գաբրիէլեան, Արաքս Մանսուրեան, Մովսէս ու Էլօ Հերկելեաններ

Իմաստային գետնի վրայ «մոլեգին» բառի մէջ կայ թէ՛ կրքոտութիւն, թէ՛ մոլեռանդութիւն, թէ՛ խենթութիւն եւ թէ՛ բացառիկ նուիրուածութիւն: Կ’ենթադրեմ թէ Տիգրանը նախ կը փորձէր այդ բառն անջատել սեռային կրքոտութենէն ու կապել զայն մայրանալու երկունքին հետ, ապա կ’ուզէր շեշտել իր անմնացորդ նուիրումը արուեստին:

Իսկ երբ խօսք բացուեցաւ Հայաստանի քայլերգին մասին, ան պատասխանեց.

– Պետութեան հիմնը, պետութեան դրօշակի ու գերբի (զինանշանի) նման մեծ նշանակութիւն եւ իւրայատուկ տեղ ունի ազգային մշակոյթի մէջ: Հիմնը այնպիսի ոգեղէն արժէք է, որ մի կողմից պէտք է ազգային վարկը վառ պահի օտարի մօտ, եւ միւս կողմից սերունդներ ոգեւորի ու դաստիարակի: Դրա համար պէտք է լինի ազգային ու շեշտը դրուի որակի վրայ: Այն ինչ որ կայ այսօր, իր բովանդակութեամբ չի համապատասխանում մեր ազգային խառնուածքին ու իր որակով զիջում է մեր բարձրորակ մշակոյթին: Առանց քաղաքականացնելու հարցը, հարկաւոր է մերժել նախկին երկու տարբերակներն էլ ու նորը ստեղծել: Բանաստեղծութիւնը կա՛յ: Դա Չարենցի «Գովք Հայաստանի»ն է («Ես Իմ Անուշ Հայաստանի…»):

– Իսկ երաժշտութի՞ւնը:

– Այդ էլ կայ: Ես եմ յօրինել եւ դուք կարող էք այն լսել համացանցում:

Իմ երաժշտասէ՛ր ու արդարամիտ ընթերցող,

Ես ատակ չեմ գնահատելու Տիգրան Մանսուրեանի ո՛չ երաժշտական վաստակը, ո՛չ ալ անոր առանձին յղացքները: Ատիկա մասնագէտներու գործ է: Բայց դուք կրնաք լսել Մանսուրեանի յօրինումը, Չարենցի բառերով երգուած իբրեւ մեր ազգային օրհներգը, եւ ըստ ձեր երաժշտական ճաշակին ու առողջ դատողութեանը՝ եզրակացնել:

Իսկ ինչ կը վերաբերի իր ազգային մշակութային արմատներուն, աւելի համոզիչ ըլլալու համար, այս մասին պիտի չվկայակոչեմ հայ երաժիշտներու կարծիքը, այլ պիտի մէջբերեմ «Լոս Անճելոս Թայմզ»ի տեսակէտը, ուր կ’ըսուի. «Մանսուրեանի ոգեշնչող երաժշտութիւնը կ’արտացոլէ հայ ժողովուրդի 20-րդ դարու կացութիւնն ու մշտակայուն մշակոյթը»:

Այնուամենայնիւ իր մասին ընդհանուր համոզումը այն է, որ մեկնելով իր ազգային «մշտակայուն մշակոյթի» արմատներէն, Մանսուրեանի արուեստը ունի համամարդկային բնոյթ եւ տարողութիւն…

Leave a Reply

Comments containing inappropriate remarks, personal attacks and derogatory expressions will be discarded.

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You May Also Like