Յանձնառու հայ քաղաքացին

Սիլվա Կապուտիկեան

Մովսէս Ծիրանի, Այնճար, Օգոստոս 2023

Երեւան, Մաշտոցի պողոտայ, 1973, աշուն

Նոր հրատարակուած էր եղբօրս՝ Պետիկ Հերկելեանի առաջին գրքոյկը՝ «Պատուհանէն դուրս»ը, որմէ տրցակ մը տարած էի հետս Երեւան՝ բաժնելու համար ազգականներու, ընկերներու եւ կարգ մը գրողներու: Քանի որ Պետիկը նամակ մըն ալ գրած էր Յովհաննէս Շիրազին, որոշեցի առաջինը՝ այցելել անոր: Այն ատեն Շիրազը կ’ապրէր Լենինի (այժմ՝ Մաշտոցի) պողոտայի վրայ: Բարձրացայ երկրորդ յարկ եւ առաջին հայեացքէն յուսախաբ եղայ: Սահմանափակ ու հնամաշ կահոյք, մեծ սեղան մը, որուն վրայ ամէն ինչ կարելի էր տեսնել…: Բառին բուն իմաստով թափթփած ու «փնթի» բնակարան մը, որուն մէկ անկիւնը իրարու վրայ դիզուած թուղթեր (ձեռագիրներ) կային: Աղախինի տեսքով յղի կին մը ներս մտաւ, սկսաւ գետինը ցրուած իրերը հաւաքել քիթին տակէն դժգոհանքի խօսքեր մրթմրթալով…: Շիրազը անգիտանալով կնոջ ներկայութիւնը, նամակը ընդունեց ու ոտքի վրայ ըսաւ.

– Դուն ո՞վ ես, ինչո՞ւ եկար, կ’ուզե՞ս նստիլ:

Թէեւ հեռաձայնած էի, բացատրած՝ այցելութեան նպատակն ու ով ըլլալս, սակայն ան հարցերն ու հրաւէրը կ’արտասանէր այնպիսի առոգանութեամբ, կարծես թէ ըսել կ’ուզէր՝ «ընդունեցի նուէրներդ, հիմա կրնաս երթալ…»: Մինչ ես շուարած էի ու կը մտածէի դուրս ելլել, յանկարծ երիտասարդ մը ներս մտաւ: Շիրազի մռայլ դէմքը պայծառացաւ ու ծանօթացուց.

– Տղաս է, աւագը՝ Արան…

Արայիկը կացութիւնը փրկեց: Նախ հասկցուց որ հայրը «խանգարուած» է, ապա առաջ անցաւ, գրկեց հօրը, նստեցուց բազկաթոռին ու առաջարկեց.

– Լաւ կը լինի որ հիմի գնանք եւ աւելի յարմար մի օր գանք…:

Իջանք փողոց: Նախ բացատրեց.

– Հայրս ոչ թէ հարբեցող է, այլ մի քիչ խմելուց «խանգարւում» է, որի հիմնական պատճառը չգնահատուած ու հալածուած լինելու զգացողութիւնն է:

Ապա զրուցելով բարձրացանք օփերային կից գտնուող «Կազիրոք» սրճարանը, որու մէկ անկիւնը տեղաւորուելէ ետք, առանց կարծիքս առնելու, պաղպաղակ եւ սուրճ պատուիրեց: Բացատրելէ ետք թէ ինչո՞ւ իր հօր՝ Շիրազի երկրորդ կնոջ գլխաւոր պարտականութիւնը երեխաներ ծնիլն է, տուաւ առաջին հարցը.

– «Նագուլ»ին ճանաչո՞ւմ ես:

– Ի հարկէ, ազգականս է, այստեղ է սովորել, չէ՞…:

Պարզուեցաւ որ Տք. Յարութիւն Նագուլեանի մտերիմներէն է: Մեր զրոյցը թէեւ առաւելաբար ծանօթացման բնոյթ ունէր, սակայն հետաքրքրուեցաւ նաեւ Պետիկի գրքոյկով: Ըսի.

– Եղբայրս ղրկած է զանոնք՝ բաժնելու համար յատկապէս գրողներու: Կ’ուզենայի օրինակ մըն ալ տալ մօրդ՝ Կապուտիկեանին:

Ան առաւ ու խոստացաւ յանձնել մօրը:

Ժամանակ մը ետք, պատահաբար հանդիպեցանք «Դրամատիկական Թատրոնի» դիմաց: Կապուտիկեանի հեռախօսի թիւը գրել տուաւ ինծի ու ըսաւ.

– Մայրս ուզում է հանդիպել քո հետ…

Նոյն օրն իսկ հեռաձայնեցի…:

Երեւան, Տէրեան փողոց, 1973, ձմեռ

Կապուտիկեանը ընդունեց զիս հին ծանօթի նման, եւ ինչպէս Արայիկը, ինք եւս առաջին հերթին հարցուց Յարութիւն Նագուլեանի եւ անոր տիկնոջ՝ էմմայի մասին: Հոս ամէն ինչ հակապատկերն էր Շիրազի բնակարանին: Կապուտիկեանը թէյը բերաւ ու սեղանին շարեց հատապտուղով քանի մը տեսակ «մուրապա»ներ ու հարցուց.

– Արայիկը ասաց որ Պետիկ Հերկելեանը եղբայրդ է, սակայն չիմացայ թէ քանի՞ տարեկան է եւ կամ ի՞նչ կրթութիւն ունի:

– Փոքր եղբայրս է, նոր է աւարտել Այնճարի երկրորդական վարժարանը:

– Ինչո՞ւ եմ հարցնում: Բանաստեղծութիւններ կան, որոնք սկսնակի թոթովանքներ են, իսկ ուրիշներ հասուն բանաստեղծի տպաւորութիւն են թողնում:

– Այո, բայց նկատի առէք որ բանաստեղծութիւնների մեծ մասը նա գրել է 14-15 տարեկան հասակում:

– Իսկ ես կարծում էի որ նա քո մեծ եղբայրը պիտի որ լինէր…. Զգում ես որ նա գրելու շնորհ ունի ու խառնուածքով «արթիսթ» է:

Այնուհետեւ մեր խօսակցութիւնը աւելի «հարցաքննութեան» բնոյթ ստացաւ քան՝ «բարեկամական զրոյցի»: Ամէն ինչ կ’ուզէր իմանալ: Երբ նկատեց թէ պատասխաններս քիչ մը զուսպ են ու ոչ ամբողջական, ըսաւ.

– Իմ հայրս էլ Վանում եղել է դաշնակցական ազգային գործիչ, կարող ես վստահել ինձ:

Յետագային երբ իր մասին հարցուցի Վազգէն Մանուկեանին, ըսաւ.

– Տիկին Սիլվայի հետ ծանօթացել եմ իմ ուսանողական տարիներին Մոսկուայում, Համօ Ակիմիչի (Համազասպ Յովակիմի Յարութիւնեան) տանը, նրա միջոցով: Մենք մինչեւ հիմա համագործակցում ենք…: Այո, կարող ես վստահել նրան:

Նախ պէտք է նշեմ որ խորհրդային տարիներուն Հայաստանի մէջ «պարոն» կամ «տիկին» արտայայտութիւնները գոյութիւն չունէին, բոլորը «ընկեր» էին իրարու, բայց մենք Կապուտիկեանին կը դիմէինք «Տիկին Սիլվա»յով, առ ի յարգանս իրեն: Իսկ Համազասպ Յարութիւնեանը այն անձնաւորութիւնն է, որ մեծ հեղինակութիւն ունէր խորհրդային քաղաքական բարձրագոյն շրջանակներէ ներս, եւ միաժամանակ Մոսկուայի մէջ կը հովանաւորէր Վազգէն Մանուկեանի ղեկավարած ուսանողական շարժումը:

Ձախէն աջ՝ Ուիյըմ Սարոյեան, Վարդգէս Պետրոսեան եւ Սիլվա Կապուտիկեան

Երեւան, Տէրեան փողոց, 1974, գարուն

Այս անգամ Լուտվիկ Խաչատրեանի միջոցով լուր ստացայ, որ Տիկ. Սիլվան Լիբանան մեկնելէս առաջ կ’ուզէ զիս տեսնել: Գացի: Հետս առի նաեւ «Բագին» ամսագրի հերթական մէկ համարը: Մինչեւ որ ես իրեն բացատրեմ թէ կարդալէ ետք ինչպէ՞ս պիտի փոխանցէ ուրիշի մը, խօսքս կտրեց ու ըսաւ.

– Մովսէս ջան, ես «Մշակութային Կապերի Կոմիտէում» հնարաւորութիւն ունեմ «Բագին» ընթերցելու: Լաւ կը լինի որ մի այլ մտաւորականի տաս որ տարածուի…:

Այդ օրերուն, նոր հրատարակուած էր իր «Քարաւանները դեռ քայլում են» խնդրայարոյց հատորը, որ ոչ միայն լայն տարածում գտած էր ըլլայ Հայրենիքի թէ Սփիւռքի մտաւորական շրջանակներէ ներս, այլ նաեւ «աղմուկ» ստեղծած: Օրինակ մը երկարեց ինծի ու ըսաւ.

– Քանի որ Պէյրութ ես գնում, խնդրում եմ այս մէկը տանես եւ յանձնես «ձերոնց»:

Թէեւ անուն չտուաւ, ես տարի եւ «Ազդակ Շաբաթօրեակ»ի խմբագիր Սարգիս Զէյթլեանի թելադրութեամբ յանձնեցի «Բագին»ի խմբագրութեան:

Զրոյցի ընթացքին պարզուեցաւ, որ ան բաւական տեղեկութիւններ ստացած էր Վազգէնէն (Մանուկեան) եւ Լուտվիկէն (Խաչատրեան) իմ մասին, որմէ ետք մեր հանդիպումները առաւելաբար տեղի կ’ունենային «Թարգմանչաց տօներու» ընթացքին, միշտ ջերմ ու բարեկամական մթնոլորտի մէջ:

Ծաղկաձոր, Մերկելեանի անուան «Պանսիոնատ», 1979, աշուն

«Թարգմանչաց տօներու» միջոցառումները տեղի կ’ունենային ամէն տարի, աշնան, կազմակերպութեամբ Վազգէն Մանուկեանի եւ ընկերներուն, որոնց նպատակը նախ՝ համախմբել էր հայրենի մտաւորականութեան վերնախաւը, եւ ապա քննարկել ազգային գաղափարական հարցեր, պաշտպանելու եւ պահպանելու համար հայ ազգային ոգեղէն արժէքները խորհրդային պայմաններու տակ: Այդ տարի, խօսքը հայրենասիրութեան գործնական արտայայտութիւններու մասին էր: Զրոյցները տեղի կ’ունենային կերուխումի սեղաններու շուրջ, միշտ երկու սեղանապետներու՝ Սերօ Խանզադեանի եւ Սիլվա Կապուտիկեանի ղեկավարութեամբ: Իրերայաջորդ երեք օրերու ընթացքին, քննարկուեցաւ խորհրդային պայմաններու տակ գործող՝ «Հայրենասիրութեան» թեման: Ճարտարապետներ Արթուր Թարխանեան, Արմէն Զարեան, Ճիմ Թորոսեան եւ ուրիշներ կը պնդէին թէ հնարաւորին չափ շատ եւ մեծ կառոյցներ հարկաւոր է իրագործել, այն իմաստով որ Հայաստանի անկախացումէն ետք այդ կառոյցները պիտի մնային հայութեան: Օրինակ կը բերէին այն շինութիւնները, որոնք միայն Հայաստանի ուժերով կարելի չէր իրագործել, ինչպէս «Հրազդան» ֆութպոլի դաշտը, ընդյատակեայ գնացքը (մեթրօն), «Արփա-Սեւան» փապուղին եւ կամ Ծիծեռնակաբերդի Մարզահամալիրը, որուն իրագործումը նոր սկսած էր:

Երկրորդ օրը խօսք առին գիտնականներ Սերկէյ Մերկելեանը, Անտրոնիկ Եոսիֆեանը, Գրիգոր Գուրզադեանը եւ ուրիշներ: Այդ տարիներուն յիշեալ երեք ականաւոր գիտնականներուն զուգահեռ ունէինք նաեւ համամիութենական արժէք ներկայացնող այլ գիտնականներ, որոնք մասնագիտացած էին Ռուսաստանի մէջ, սակայն իրենց անձնական ջանքերով գիտահետազօտական կեդրոններ կառուցած էին Հայաստանի մէջ, որոնք թէեւ կը ծառայէին Խորհրդային Միութեան ընդհանրապէս, սակայն թէ՛ Հայաստանը կը շէնցնէին եւ թէ՛ ռուսերը ինչ որ չափով կախեալ կը պահէին մեզմէ:

Երրորդ օրը երեկոյեան, նախքան ընթրիքը, որու ընթացքին տեղի պիտի ունենար «Հայ մշակոյթին» նուիրուած զրոյցը, հանգստատան նախասրահին մէկ անկիւնը նստած էի Սերկէյ Մերկելեանի, Գրիգոր Գուրզադեանի, Արմէն Զարեանի եւ Արթուր Թարխանեանի հետ, որոնք հետաքրքրուած էին լիբանանահայութեամբ եւ առհասարակ Սփիւռքով: Յանկարծ դիմացէն մօտեցաւ Կապուտիկեանը: Բնազդաբար բոլորս ողջունեցինք զինք սիրալիր, որմէ ետք ան տեղ գրաւեց մեր մէջ ու խօսքը ուղղելով գիտնականներուն, ըսաւ.

Դուք գիտութիւն էք զարգացնում եւ երկիր էք կառուցում, ճիշդ էք անում, դա էլ հայրենասիրութիւն է եւ կարեւոր, սակայն եթէ մենք չկարողանանք յանձնառու քաղաքացի ձեւաւորել, եւ այն էլ հայ ազգային քաղաքացի, ապա Հայաստանը կը մնայ իբրեւ Ռուսաստանի մի նահանգը… առանց հայի: Իսկ հայ ազգային քաղաքացի կերտելու միակ միջոցը մնում է հայ մշակոյթի խթանումն ու տարածումը, ընդ որում առաջին հերթին գրականութեան զարգացումն ու լեզուի մաքրագործումը…:

Գուրզադեանը պատասխանեց.

Ես ձեզ հասկանում եմ: Առանց մշակոյթի՝ ԱԶԳ գոյութիւն չի կարող ունենալ: Բայց դուք ձեր գործը պիտի անէք, մենք՝ մերը: Դրանք իրար չեն խաչաձեւում, այլ պարզապէս ամբողջացնում են:

Այդ գիշեր Տիկ. Սիլվայի հետ խօսք առին նաեւ Ռաֆայէլ Իշխանեանը, Սերօ Խանզադեանը եւ ուրիշներ…:

Ի դէպ, այս ոչ-պաշտօնական բնոյթի զրոյցները այնքան ալ հեզասահ չէին ընթանար: Ռուսական կրթութիւն ստացած մտաւորականներէն ոմանք կարգ մը ազգային արտայայտութիւններ ծայրայեղական եւ ոչ-գործնական կը համարէին: Այդ օր Տիկ. Սիլվայի ելոյթը այնքան թելադրական էր ու ազգային գետնի վրայ՝ շահեկան, որ առաջարկուեցաւ սոյն թեմայով հանդէս գալ նաեւ պաշտօնական ամպիոններէն:

Հոս հաrկաւոր է նշել, որ Կապուտիկեանը եւ ներկաներէն շատեր թէեւ կ’ուզէին անջատուիլ Խորհրդային Միութենէն ու անկախանալ, սակայն միաժամանակ Ռուսաստանը կը համարէին դաշնակից, որու հետ յարաբերութիւնները պէտք է մնային բարեկամական:

Յետագային, 1981-ի Մայիսին տեղի ունեցած Հայաստանի Գրողներու Միութեան ութերորդ համագումարի ընթացքին, Կապուտիկեանը ի նպաստ Հայոց լեզուի եւ հայապահպանութեան բացառիկ ճառ մը արտասանեց, որ ոչ միայն ցնցիչ տպաւորութիւն ձգեց ներկաներուն վրայ, այլեւ իր խիստ խնդրայարոյց բնոյթին հետեւանքով քննադատուեցաւ ու չհրատարակուեցաւ Հայրենիքի մէջ: Սակայն կարճ ժամանակ մը ետք հասաւ Լիբանան ու Սարգիս Զէյթլեանի թելադրանքով հրատարակուեցաւ անստորագիր, ու տարածուեցաւ Սփիւռքի այլ գաղութներէ ներս եւս:

Ձախէն աջ՝ Համո Սահեան, իր երկրորդ կողակիցը, Մուշեղ Իշխան եւ Ս. կապուտիկեան

Պէյրութ, «Նոազ Արք» ցուցասրահ, 1996, աշուն

Կապուտիկեանը երկրորդ անգամ ըլլալով կ’այցելէր Լիբանան: Թէեւ հրաւիրողը անհատ մըն էր` գրող, հրապարակախօս եւ խմբագիր Սամ Ռագուպեանը, սակայն գրկաբաց ընդունուեցաւ ու մեծարուեցաւ համագաղութային տարողութեամբ: Շատեր նոյնիսկ «Ամենայն Հայոց Բանաստեղծուհի» տիտղոսը շնորհեցին իրեն, որ այն ատեն քիչ մը շատ թուեցաւ ինծի:

Այդ օրերուն, «Նոազ Արք» ցուցասրահին բացումը երեւոյթ էր Լիբանանի մէջ, որովհետեւ ցուցադրութեան դրուած էին ռուս եւ հայ քսանէ աւելի «Անհեթեթ Գերիրապաշտ» (Absurd Surrealist) գեղանկարիչներու գործերը, որոնք նորութիւն էին առհասարակ արուեստի պատմութեան մէջ: Իսկ ես այդ շրջանին բազմազբաղ էի բառին բուն իմաստով: Բանաստեղծուհիին հետ կայացած հանդիպումներէն միայն մէկուն կրցած էի ներկայ գտնուիլ, եւ այն ալ առանց զինք կարենալ տեսած ըլլալու: Երբ իր մեկնելու օրերը մօտեցած էին եւ կը մտածէի, թէ ինչպէս հանդիպիմ անոր հետ, յանկարծ Տք. Նագուլեանը հեռաձայնեց ու տեղեկացուց որ յաջորդ օրը Կապուտիկեանը քովս պիտի բերէ…:

Եկան: Տիկ. Սիլվան ցուցահանդէսը ուշի ուշով դիտելէ եւ բացատրութիւններս լսելէ ետք, ըսաւ.

– Այս ցուցահանդէսից միայն մի քանիսին գիտեմ (Վրոյրը, Հենրիկ Էլիբեկեանն ու Վաղարշակ Արամեանը), միւսների գործերը նոր եմ տեսնում: Յարութ ջան, զարմանում եմ: Ուրեմն, Պէյրո՞ւթ պէտք է գանք Մովսէսի մօտ, որպէսզի հայրենի ժամանակակից արուեստին ծանօթանանք: Այդ ինչպէ՞ս է եղել, Մովսէս ջան:

– Իրականութեան մէջ, այս ձեռնարկի նախաձեռնողը եղել է Հենրիկ Իգիթեանը: Իրենց նիւթաբարոյական օժանդակութեամբ մեզ օգնել են նաեւ երկու արուեստասէր ընկերներ՝ Ռուբէն Աւագեանն ու Մհեր Սահակեանը:

– Ա՜յ քեզ բան, Հայաստանում այդպիսի արուեստասէր մեկենասներ կան, եւ մենք լուր չունենք:

Նագուլեանը իր իւրայատուկ հիւմորով պատասխանեց.

– Սիլվա ջան, Հայաստանում դեռ ինչե՜ր կան, որոնցից դու «խապար» չես: Մովսէսի մօտ գալով, թէ՛ Հայաստանի ժամանակակից արուեստին ծանօթացար եւ թէ՛ նոր մեկենասներ գտար…:

– Դու գիտես, որ անկախ ամէն ինչից, ես Մովսէսին ուզում էի տեսնել… ու առանձին զրուցել հետը:

– Ոչինչ, Շաբաթ օր մեզ մօտ կը հաւաքուենք եւ այնտեղ կը խօսէք:

Շաբաթ օր Նագուլեաններու բնակարանն էինք: Յարութի կողակիցը՝ Էմման եւ հարեւանը՝ Սեդա Կանաչեանը զբաղուած էին սեղանը պատրաստելով: Բացի ինձմէ եւ Էլոյէն, ներկայ էին նաեւ Սամ Ռագուպեանը, Ռաֆֆի Սիսլեանը, Պարոյր Աղպաշեանն ու Ժիրայր Դանիէլեանը, բոլորն ալ իրենց տիկիններով: Սեղանի շուրջ մեր զրոյցը կ’ընթանար ջերմ ու բարեկամական մթնոլորտի մէջ: Ընթացքին Կապուտիկեանը դառնալով ինծի, ըսաւ.

– Վաղը մեկնում եմ Այնճար, գալո՞ւ ես…

– Ի հարկէ, Այնճարում եթէ ես չլինեմ քո կողքին, ո՞վ է լինելու…

– Շատ լաւ: Յիշիր մի հարց կայ քո հետ, այնտեղ կը խօսենք:

Դարձեալ Նագուլեանը սրամտեց.

– Երեւի քո եւ Մովսէսի միջեւ ինչ որ բան կայ, որ մենք չգիտենք: Տես, այնճարցիք տարբեր հայեր են, յանկարծ նոյն ճառերը չարտասանես: Նրանք չեն ների քեզ:

Մեր մէջ, իբրեւ Սիլվայի եւ Արայիկի հին մտերիմներէն մէկը, Յարութիւն Նագուլեանը միակն էր, որուն կը թոյլատրուէր Կապուտիկեանի հետ նման կատակներ ընել…:

Կապուտիկեան յաջորդ օրը Այնճար մեկնեցաւ Երուանդ Փամպուքեանի ուղեկցութեամբ: Թէ՛ այնճարցիները գոհ մնացած էին իր արտասանած ճառէն եւ թէ՛ ինք՝ անոնցմէ: Հակառակ անոր, որ իսկապէս կ’ուզէի մեկնիլ Այնճար, սակայն հարկադրաբար մնացի Պէյրութ, ու չգիտցայ թէ ինչի՞ մասին պիտի խօսէր հետս:

Յարգելի եւ միաժամանակ սիրելի Տիկ. Սիլվա,

Այս յուշագրութիւնը ստորագրելէ առաջ, որոշ ճշդումներ կատարելու համար, գրող, հրապարակախօս ու հմուտ խմբագիր Լուսիա Մեհրապեանի հետ այցելեցի Սիլվա Կապուտիկեանի տուն-թանգարան, ուր ծանօթացայ երկու վաստակաշատ մտաւորական տիկիններու` թանգարանի տնօրէնուհի Արմենուհի Դէմիրճեանին ու գիտաշխատող Սեյրանուհի Գեղամեանին: Հոն շատ բան իմացայ քու մասին, սակայն ինծի համար յատուկ հետաքրքրական էր հօրդ պարագան. ցաւալի էր իմանալ անոր կանխահաս մահն ու անոր ձեռագիրներու հրդեհումի պատմութիւնը… քու սեփական ձեռքերովդ: Միւս կողմէ սակայն, «Էջեր փակ գզրոցից» գիրքին մէջ հպարտութեամբ կը մէջբերէիր այն կարծիքներն ու տպաւորութիւնները, որոնք պատմած էին քեզի հօրդ ընկերներն ու ծանօթները Վանի մէջ կատարած իր ազգային յեղափոխական գործունէութեան մասին: Այնուամենայնիւ, անոնց մէջ չհանդիպեցայ Արամ Մանուկեանի վկայութեան, ուրկէ կը պարզուի, որ հայրդ ու հօրեղբայրդ եղած են դաշնակցական արժանաւոր ազգային գործիչներ, եւ աւելի հասկնալի կը դառնայ մեզի համար, թէ ինչո՛ւ դուն մինչեւ վերջ հաւատարիմ մնացիր քու մարդկային ու ազգային սկզբունքներուդ… կենսական համարելով ձեւաւորել «Հայ ազգային յանձնառու քաղաքացի» միութիւն, որուն պակասէն կը տառապի այսօր Հայ ազգը, ըլլայ Հայրենիքի թէ Սփիւռքի ամբողջ տարածքին..(յապաւուած)

Ձախէն աջ՝ Մետաքսիա Սիմոնեան, Սիլվա Կապուտիկեան եւ Սերկէյ Մերկելեան, «Թարգմանչաց Տօներու» օրերուն

Leave a Reply

Comments containing inappropriate remarks, personal attacks and derogatory expressions will be discarded.

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You May Also Like
Read More

Պատերազմի Մշակոյթներ

Մկրտիչ Պուլտուքեան, Պէյրութ, 12 Փետրուար 2011 Նախորդ ամսուան սկիզբը Ֆրեզնոյէն հիւրընկալեցի լիբանանահայ դասընկերոջս բարեկամը՝ պարոն Ա. Ճ. զբօսաշրջիկ:…
Read More