«Հերոսներու մահը չեն ողբար»

Արաբական աշխարհի, յատկապէս Լիբանանի, ամէնէն յարգուած ու վաւերական լրագրողներէն մէկն է եղած Ղասսան Թուէյնի (5 Յունուար 1926 – 8 Յունիս 2012)։ Ան կու գար յոյն ուղղափառ համայնքէն, քաղաքագէտ էր, դիւանագէտ եւ լաւ բարեկամ մը հայ համայնքին։ Իր գլխաւորած «ալ-Նահար» օրաթերթը կը վայելէր ժողովուրդին վստահութիւնը։ Մ. Ծիրանիի սոյն յուշապատումը կը յանձնենք մեր ընթերցողներուն ուշադրութեան՝ իր յատկանշական վերնագրին համար, որ կը պատկանէր այս Մեծ լիբանանցիին։ (ԽՄԲ.)

Ղասսան Թուէյնի

Մովսէս Ծիրանի, Երեւան, Ապրիլ 2023

Պէյրութ, 1992, «Noah’s Ark» Ցուցասրահ, ուշ աշուն:

Հեռաձայնը հնչեց.

–Մովսէ՛ս, Ղասսան Թուէյնիի տիկինը՝ Շատիա Նինին կ’ուզէ քեզ տեսնել, կարեւոր հարցով մը, հիմա կարելի՞ է:

«Sursock» Թանգարանի տնօրէն՝ Սիլվա Աճէմեանն էր: Անհամբեր էի հանդիպելու Թուէյնիի տիկնոջ: Ան չուշացաւ… սուրճը պատուիրելէ ետք, ժպտաց եւ հին ծանօթի նման սկսաւ մտերմաբար խօսիլ.

— Քանի մը օր առաջ Ղասսանը «Sursock» թանգարանին մէջ ցուցադրուած Caricaturist Stavro-ի դիմաքանդակի դիմաց  երկարօրէն կեցաւ ու հիացած դիտեց: Գիտե՞ս, շատ դժուարահաճ է, դիւրութեամբ բան չի հաւնիր, սակայն այս մէկը սիրեց ու հետաքրքրուեցաւ հեղինակով: Սիլվան ամէն ինչ ըսաւ քու մասիդ ու բացատրեց թէ դուն ո՞վ ես, ի՞նչ կ’ընես եւ թէ դուն ես քանդակագործ Մազմանեանի կապը: Ըսաւ նաեւ որ դուն ես զինք հրաւիրողը, իբրեւ Հայաստանի լաւագոյն քանդակագործը ու կը գործակցիս հետը. Ճի՞շդ է:

–Գործակցիլը ճիշդ է: Ճիշդ է նաեւ որ իմ ճանչցածներուս մէջ Հայաստանի երիտասարդ  քանդակագործներէն լաւագոյնն է, սակայն պաշտօնապէս զինք հրաւիրողը Համազգային Կրթական եւ Մշակութային Միութիւնն է:

— Լաւ, ի՞նչ կը կարծես, Մազմանեանը կը համաձայնի՞ գալ մեզ մօտ ու քանդակել զինք:

–Կը կարծեմ թէ կը համաձայնի, սակայն առանց իր կարծիքին չեմ կրնար վերջնական պատասխան տալ:

Երբ Մկոյին բացատրեցի թէ խօսքը ինչի՞ մասին է, ըսաւ.

–Սկզբունքով համաձայն եմ, սակայն պէտք է որ ճանաչեմ մարդուն..

— Կը ճանաչես անշուշտ, կը գնանք ու կը ծանօթանանք…

— Լաւ, բայց մի քիչ խօսայ իր մասին: Հետաքրքիր եւ արտայայտիչ դէմք ունի՞:

— Մկօ ջան՝ այդ մէկը դու պիտի որոշես: Անձնապէս նրան չեմ ճանաչել, սակայն Ղասսան Թուէյնին Լիբանանի այն հազուագիւտ լրագրող եւ մշակութասէր մտաւորականներից է, որ յարգուած ու գնահատուած է նաեւ իբրեւ քաղաքական գործիչ:

–Որ էդպէս է, հարց չկայ… գնում ենք…

Մ. Մազմանեանը աշխատանքի պահուն

Քանի մը օր ետք, Այն Սաատէ, «Maison de Poet»:

Թուէյնին առաջին հերթին պտտցուց մեզ տան կարգ մը սենեակներն ու յատկապէս գլխաւոր հիւրասրահը, որ իր շքեղութեամբն ու տարբեր տեսակի արուեստի գործերու հաւաքածոներով, թանգարանի տպաւորութիւն կը ձգէր…: Ապա առաջնորդեց իր գրադարանը, ուր նստեցանք  զրոյցի: «Հարցաքննելէ» եւ պէտք եղած տեղեկութիւնները ստանալէ ետք Մազմանեանէն, հերթը եկաւ ինծի.

— Սիլվան ըսաւ որ դուք միայն Հայեր «promote» կ’ընէք (կը քաջալերէք), ինչո՞ւ, լիբանանեան արուեստը չի՞ հետաքրքրեր ձեզ:

— Նախ ըսեմ որ ես միայն հայկական արուեստ չէ որ կը ներկայացնեմ, այլ նաեւ ռուսական ու լիբանանեանը: Իսկ  ձեր հարցին պատասխանելէ առաջ, կ’ուզէի գիտնալ, թէ  ինչո՞ւ շեշտը դրած էք Մազմանեանի ստեղծագործութեան վրայ:

–Այո, Stavro-ն լաւ կը ճանչնամ…, այդ կիսանդրին բացառիկ գործ է, տպաւորիչ եւ իւրայատուկ, սակայն այս պարագային խօսքը «Portraitist»ի (դիմանկարիչ) մասին է, այլապէս մենք ալ ունինք մեծ արուեստագէտներ, ինչպէս՝ Պասպուսները, Օմար Օնսին, Ժան Խալիֆէն, Արէֆ Ռէյյիսը, մանաւա՛նդ Շաֆիք Ապպուտն ու Փօլ Կիրակոսեանը, որոնք  միջազգային դէմքեր են արդէն:

Վիճաբանութենէ խուսափելու համար, ըսի.

— Փօլ Կիրակոսեանը շատ բարձր կարծիք ունի թէ՛ ձեր եւ թէ՛ ձեր առաջին տիկնոջ՝ բանաստեղծուհի Նատիա Համատէի մասին, որուն իր երփնագրած դիմանկարներէն քանի մը հատը շատ կը փափաքէր  հրատարակուած տեսնել իր երկրորդ պատկերագիրքին մէջ, սակայն ինծի անծանօթ պատճառներով այդ մէկը չիրականացաւ…:

–Ճի’շդ  է, այդ շարքը երեւոյթ է իր արուեստին մէջ: Փօլը իմ լաւ բարեկամս է եւ ամենանախընտրած արուեստագէտներէն մէկը: Իսկ դուն ի՞նչ կապ ունիս անոր հետ… ազգակա՞ն էք:

–Ոչ, մենք լաւ բարեկամներ ենք: Իր յանձնարարութեամբ ես գրեցի, խմբագրեցի ու հրատարակեցի իր երկրորդ պատկերագիրքը, սակայն առանց Նատիա Թուէյնիի դիմանկարներուն, որոնց բնօրինակները տեսնելու բախտը չեմ ունեցած… հակառակ բուռն ցանկութեանս:

Ապա ոտքի ելաւ, դարակներէն հանեց Կիրակոսեանի պատկերագիրքը, բերաւ դրաւ սեղանին ու աւելցուց.

–Ա՞յս գիրքի մասին է խօսքը: Մովսէս Ծիրանին դո՞ւն ես:

–Այո’:

–Հիմա կը հասկնամ… լաւ… իրաւունք ունիս, կարծեմ ժամանակը եկած է զանոնք հրապարակաւ ցուցադրելու:

Այս բոլորէն ետք Թուէյնիին վերաբերմունքը այնքան ջերմացաւ իմ հանդէպ, որ յետագային մեր յարաբերութիւնները սկսան  նոյնիսկ ընտանեկան բնոյթ ստանալ…:

Պատին վրայ կ’երեւին Նատիա Թուէյնիի դիմանկարները, գործ՝ Փօլ Կիրակոսեանի

Շաբաթ մը ետք, նոյն վայրը:
—————————————-

Թուէյնիի ապարանքին արեւոտ սենեակներէն մէկը վերածուած էր արուեստանոցի: Երբ Մկոն սկսաւ ծեփակերտել անոր կիսանդրին, նախ թարգմանիչի դեր կատարեցի եւ ապա սկսայ խօսեցնել զինք, որովհետեւ Մազմանեանը կ’ուզէր շարժման մէջ դնել անոր դէմքն ու ներաշխարհը: Ընթացքին, համարձակեցայ հարցնել նոյնիսկ իր կնոջ մահուան պարագաներու մասին: Պարզուեցաւ որ ան իր կողակիցն ու պատերազմի ընթացքին մահացած երկու երեխաները (աղջիկն ու տղան) իր առանձնատան բակը թաղած է… : Իսկ առաւել զարմանալին այն էր, որ ան առանց յուզումի կը խօսէր անոնց մասին: Յետագային, երբ Շատիային հարցուցի այս մասին, ըսաւ.

–Եա՜ Մովսէս, շատեր այդպէս կը կարծեն: Ճշմարտութիւնը հակառակն է: Ղասսանը շատ զգայուն է ու չափազանց կապուած իր հարազատներուն: Անոր հոգեկան հանգստութիւնը եւ ունեցած բարձր կորովը կը բխին իր ուժեղ անհատականութենէն ու մաքուր հաւատքէն: Ան կը հաւատայ հոգիի անմահութեան ու չի վախնար մահէն…:

Իսկապէս այդպէս էր Թուէյնին, կարծէք թէ «մտերմացած» էր մահուան հետ…: Երբ կիսանդրիին իրականացումը բարեյաջող աւարտեցաւ, շատ դժուար կը թուէր ըլլալ անոր  տեղադրելու տեղը որոշելը: Ամիսներ անց, երբ դարձեալ կ՚այցելէի իրեն, տեսայ որ կիսանդրին տակաւին կը մնար նոյն տեղը՝ գրադարանի սեղանին: Մինչեւ որ առիթ գտնեմ ու հարց տամ կիսանդրիի մասին, յանկարծ պատահաբար Իսամ Ֆարէսը ներս մտաւ: Անոնք անմիջապէս առանձնացան կողքի սենեակը, եւ ես  առանձին մնացի կնոջը՝ Շատիային հետ, որ կարծես թէ միտքս կռահեց ու ըսաւ.

–Ի՞նչ կը կարծես, ո՞ւր պէտք է դնենք Ղասսանի դիմաքանդակը: Զարմանալիօրէն չի կրնար  որոշել… շուարած է… ո՞ւր որ առաջարկեմ, իրեն յատուկ կտրուկ ձեւով կը մերժէ:

–Իրականութեան մէջ ինք որոշած է արդէն, միայն քու առաջարկիդ կը սպասէ.

–Որոշա՞ծ է, ո՞ւր…

— Նատիային եւ երեխաներու դամբարանը…

Շատիան պահ մը լռեց, ապա զարմացած ըսաւ.

–Օ՜, դո՞ւրսը… պարտէզի՞ն մէջ: Իսկ ինչո՞ւ այդպէս կը կարծես.

–Կարծելու հարց չկայ, երբ որ կիսանդրին տեղադրելու խօսքը բացուի, կ’երթայ կը կենայ Նատիայի գերեզմանին դիմաց ու կը լռէ… թերեւս կը զրուցէ հետը… գուցէ կ’աղօթէ…

Այն Սաատէ, 1996, Ձմեռ:

Թուէյնին ոչինչ կը խնայէր իր ապարանքի հաւաքածոները համալրելու եւ անոնց որակը բարելաւելու համար: Որոշած էր զայն նուիրել իր համայնքին, իր կնոջը՝ Նատիայի յիշատակին իբրեւ “Maison de Poet”:

Ամիսներ ետք, երբ դարձեալ կ’այցելէի իրեն, ամէնէն առաջ տարաւ ու ցոյց տուաւ կիսանդրին, որ զետեղուած էր ճիշդ հոն, ուր յաճախ կը տեսնէի զինք իր կնոջ դամբարանին դիմաց: Պահ մը լռելէ ետք, շուռ եկաւ եւ առաջնորդեց զիս այն սենեակը, որուն պատերէն կախուած էին Նատիա Թուէյնիի դիմանկարները: Որոշ բացատրութիւններ տալէ ետք ըսաւ.

–Այսօր սուրճը պիտի խմենք այս «գլուխ-գործոց»ներու հովանիի ներքոյ:

Ձախէն աջ՝ Մ. Հերկելիան, փոքրիկն Հերակ, Ղ. Թուէյնի եւ Շ. Նինի

Այն Սաատէ, 1997, Ամառ:

Նստած էինք իր առանձնատան բակը, լողաւազանի եզրին, Շատիայի եւ Իսամ Ֆարէսի  կնոջ՝ Հալայի հետ: Օրը Կիրակի էր, ջերմ ու հաճելի: Հալան եկած էր Թուէյնին եւ զիս առաջնորդելու Պաապտաթի իրենց պալատը, ցոյց տալու համար իր նոր ձեռք բերած կարգ մը սրբանկարներն ու խճանկարները:

Յանկարծ անտառի միւս դարպասէն մօտեցան Ժպրանն ու իր նոր ընկերուհին՝ Տինա Ազարը, այդ օրերու Լիբանանի գեղեցկուհին: Ժպրանը իր նախկին կնոջմէն ՝ Միրնա Մըրրէն ունեցած երեխաները ողջունելէ եւ անոնց հետ ողջագուրուելէ ետք, ուզեց տեսնել նաեւ հայրը: Շատիան տեղեկացուց.

–Ղասսանը ներսը հանդիպման մէջ է Իսամի եւ քանի մը այլ ընկերներու հետ, որոնք  համայնքային հարց մը կը քննարկեն…: Շատ չի տեւեր, քիչ ետք կու գայ:

Ծանօթացման ընթացիկ զրոյցէ ետք Ժպրանը ըսաւ.

— Հայրս իր դիմաքանդակը դրած է մօրս գերեզմանին ճիշդ դիմացը: Կը հասկնամ…: Կիսանդրին թէ՛ ինքնատիպ է, թէ՛ գեղեցիկ եւ թէ՛ արտայայտիչ…

Ֆարէսի կինը՝ Հալան առաջարկեց.

–Չե՞ս ուզեր որ քեզ ալ ծեփակերտէ… Ես շատ պիտի ուզէի որ Իսամն ալ քանդակէր…

Շատիան աւելցուց.

— Լաւ պիտի ըլլար Ժպրան… մտածէ…

Իսկ Ժպրանը կանխելու համար անոնց պնդումները ըսաւ.

— Իմ դիմաքանդակը չէ, բայց շատ պիտի ուզէի, նոյն ոճով ունենալ «Մալաք Ժպրայիլի» արձանը (հրեշտակ), որովհետեւ իմ «Հովանաւորն» է, ու բազմաթիւ փորձանքներէ փրկած զիս… :

Իմ հաւատացեալ ընթերցող՝ դժբախտաբար յետագային չկրցաւ փրկել զինք. ինչպէս յայտնի է, զոհ գնաց դաւադիր ռումբի մը, 2005-ի Դեկտեմբերին:

 

Այն Սաատէ, 1999. Ձմեռ:

Թուէյնին իբրեւ արուեստի գործերու հաւաքորդ, չափազանց բծախնդիր էր ու նրբաճաշակ… յատկապէս սրբանկարչութեան (iconography) պարագային: Յատուկ սէր ունէր «Մելքիթ» եւ մասնաւորապէս յունական սրբանկարներու հանդէպ…: Պատահեցաւ որ քովս բերեն «Սէնթ Նիկոլայի» մէկ յունական սրբանկարը, որ տարօրինակ էր թէ՛ յղացքով եւ թէ՛ ձեւով: Յաջորդ օրն իսկ տարի եւ դրի զայն իր գրադարանի սեղանին:

Տրուած ըլլալով, որ սրբանկարը կամ առհասարակ հոգեւոր սպասները առեւտուրի մէջ պէտք չէ չարաշահել, համաձայնած էինք, որ ես ճիշդ ինքնարժէքը պիտի ըսեմ, իսկ ինք առանց սակարկելու արդարօրէն պիտի որոշէ իմ բաժինը: Այդպէս ալ ըրի…: Ան սրբանկարը լաւ մը դիտելէ եւ խոշորացոյցով սերտելէ ետք զարմացած երեսիս նայեցաւ ու ըսաւ.

— Շատ լաւ, icon-ը թող մնայ, Սիլվայի կարծիքը կ՚առնեմ եւ յետոյ… կը խօսինք:

Քանի մը օր ետք, Շատիան հեռաձայնեց ու… հրաւիրեց: Գացի. հոն էր նաեւ Սիլվա Աճէմեանը: Հետաքրքրական ու շահեկան զրոյց ունեցանք սրբանկարչութեան, յատկապէս «Մելքիթ» արուեստի շուրջ: Երբ պիտի մեկնէի, Թուէյնին դուրս եկաւ հետս զիս ճանապարհելու, գրկեց զիս ու վերնաշապիկիս վերի գրպանը վճարագիր (check) մը զետեղեց ու ըսաւ.

— Հոս մի՛ ստուգեր, յետոյ կը նայիս, թէեւ վճարածս իր գինէն պակաս է, սակայն քու ակնկալածէդ շատ աւելին է:

Երբ ինկնաշարժ մտայ եւ ստուգեցի վճարագիրը, զարմանքով նկատեցի, որ իմ ակնկալածէս չափազանց շատ աւելին էր իր տուածը…:

Իմ հաւատացեալ ու պարկեշտ ընթերցող՝ այդպէս էր Ղասսան Թուէյնին, աստուածավախ, պարկեշտ ու արդարամիտ:

Ձախէն աջ՝ Ղասսան Թուէյնի, Սիլվա Աճէմեան, Շատիա Նինի եւ Մովսէս Հերկելիան

Այն Սաատէ, 2006, Ձմեռ:

Ժպրանի ահաբեկումէն ետք, ինծի համար չափազանց դժուար էր Թուէյնիի մօտ երթալը… ցաւակցութեան: Երկու երեխաներուն եւ կնոջը իր տան բակին մէջ թաղելէ ետք, կը կորսնցնէր նաեւ իր աւագ ու վերջին որդին, որուն քանի մը անգամ հանդիպած ըլլալու բախտը ունեցած էի: Ամիսներ ետք, հեռաձայնեցի Շատիային եւ ցանկութիւն յայտնեցի այցելելու «Ըսթէզը»: Ան ըսաւ որ խստիւ պատուիրուած է իրեն, որ ոեւէ հիւր չ’ընդունիր: Թերացած էի… յանցաւոր զգացի ու տխրեցայ… : Քիչ անց, սակայն Շատիան ի՛նք հեռաձայնեց եւ ըսաւ.

–Մովսէս, «Ըսթէզը» անհամբեր կը սպասէ քեզի:

Երեխայի պէս ուրախացայ… : Ամիջապէս հնդիկ վարորդիս՝ Շանգարին  թելադրեցի, որ քանդակագործ Ալեք Քոչարի մարմարակերտ «Հրեշտակը»  ինքնաշարժին մէջ դնէ: Բարձրացանք Այն Սաատէ: Առաջին անգամն էր, որ գրկախառնութեամբ կ’ընդունէր զիս… : Մխիթարանքի ոչ մէկ խօսք իմ կողմէս եւ յուզումի ոչ մէկ նշան ի’ր կողմէ… Նստեցանք…: Շանգարը «Հրեշտակ»ը բերաւ դրաւ սեղանին ու անխօս հեռացաւ…: Նախ՝ լաւ մը ուսումնասիրեց քանդակը…  մտածեց… ապա ճնշիչ լռութիւնը խզելով ըսաւ.

— Ինչո՞ւ հրեշտակ, եթէ ոչ թէ գրիչ կամ սուր մը…

— Ինք կը հաւատար որ «Մալաք Ժպրայիլը» իր պահապան հրեշտակն է… այս մէկը իբրեւ  Գաբրիէլ Հրեշտակապետ չէ յղացուած, սակայն կարելի է որեւէ անուն տալ անոր…: Գիտե՞ս… երանի անձամբ… ճանչցած… չըլլայի…

Ըսի ու չկրցայ շարունակել… բնազդաբար մեր աչքերը հանդիպեցան իրարու…։ Ան ուղիղ աչքերուս նայեցաւ ու ըսաւ.

Հերոսներու մահը չեն ողբար... Ես հպարտ եմ Ժպրանով… ե’ս այդպէս  դաստիարակած էի զինք… այս դժնդակ կացութեան մէջ ուրիշ կերպ չէր կրնար ըլլալՀայրենիքը նահատակներով կ’ապրի(Յապաւուած):

 

* Լեռնալիբանանի գիւղերէն մէկը, որ յայտնի է իր գեղատեսիլ դիրքով եւ առողջարար օդով։

Leave a Reply

Comments containing inappropriate remarks, personal attacks and derogatory expressions will be discarded.

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You May Also Like