Ինչպէ՞ս եղաւ եւ ի՞նչը չեղաւ …

Մովսէս Ծիրանի, Երեւան, յուլիս 2023

Հուրիկ Սուրուզեան

Գահիրէ,1988, Փետրուար

Սիրելի ընթերցող,

Անհամբեր էի Հուրիկին հանդիպելու… : Շաքէն (Մխճեան), որ կապ հաստատած էր  «Յուսաբեր» ակումբի վարչութեան եւ իմ միջեւ, (որոնք հրաւիրած էին զիս շարք մը դասախօսութիւններ տալու), իր հետ բերած էր նաեւ Գահիրէի Պատմութեան Թանգարանի պատկերագիրքը, որուն գլխաւոր հեղինակը Հուրիկ Սուրուզեանն էր: Ես ալ, իմ հեղինակութեամբ «Փօլ Կիրակոսեան» նոր լոյս տեսած պատկերագիրքը ղրկած էի իրեն: Հուրիկը ցանկութիւն յայտնած էր որ ինք դիմաւորէ զիս, որուն համար շոյուած կը զգայի: Ես խուսափած էի Հուրիկի տարիքի կամ արտաքինի մասին հետաքրքրուելու…: Կը պատկերացնէի թէ Շաքէի նման ներկայանալի տիկինի մը պիտի հանդիպիմ: Սակայն երբ օդակայանէն դուրս ելայ, ամբոխին մէջէն գեղեցիկ պարմանուհի մը ձեռքով նշան կ’ընէր…: Հակառակ անոր որ զիրար ճանչնալու ոչ մէկ տեղեկութիւն փոխանակած էինք իրարու, ես վստահ էի որ ինքն է… մօտեցայ… , ջերմաբար ողջագուրուեցանք եւ առանց հարցնելու թէ ես Մովսէսն եմ թէ ոչ, թեւս մտաւ ու առաջնորդեց դէպի իր ինքնաշարժը: Կարծես թէ հինէն կը ճանչնայինք իրարու…:

Հիւրանոցի փոխարէն, նախընտրած էի մնալ ասպնջական Յովակիմեաններու բնակարանը, որ թէ՛ յարմարաւէտ էր եւ թէ՛ թանգարանի մը բնոյթը  ունէր…: Արուեստի գործերու բուն հաւաքորդն ու «մասնագէտը» Պերճն էր՝ Շաքէի ամուսինը, արուեստասէր, բանիմաց ու վեհանձն անձնաւորութիւն մը, որ կը ջանար ամէն կերպ գոհ ձգել զիս: Սակայն որովհետեւ գործի բերումով չէր կրնար միշտ ընկերանալ ինծի, այդ բացը կը լրացնէր իր շնորհալի դուստրը՝ Գարոլինը, որ հակառակ տարիքով փոքր ըլլալուն (նոր աւարտած էր Նուպարեան Ազգային Վարժարանը), զարմանալիօրէն լաւատեղեակ էր Գահիրէի միջնադարեան մշակոյթին ու պատմութեանը, յատկապէս գիտէր թէ ու՞ր, ո՞ր մէկ թանգարանին մէջ, Ղպտական ո՞ր եկեղեցիին եւ կամ ո՞ր մէկ մզկիթի հիմքերուն կամ շրջակայքը հայկական հետքեր կան:

Հուրիկի-յայտնաբերած-քանդակներէն-մաս-մը

Հուրիկը իմ տուած չորս դասախօսութիւններուն ալ ներկայ եղաւ: Իր դիպուկ հարցումներով ցոյց կու տար որ թէ՛ կը հասկնայ եւ թէ՛ լուրջ հետաքրքրութիւն ունի Հայ մշակոյթի հանդէպ: Առանձնապէս տպաւորուած էր Փարաջանովի «Նռան Գոյնը» ժապաւէնով, որ նոյնի՛սկ ցանկութիւն յայտնեց անգամ մը եւս դիտել զայն առանձինն… իր բնակարանը: Իսկ ես հետաքրքրուած էի թէ՛ հին Եգիպտական արուեստով եւ թէ՛… իր ուշիմութեամբ: Առաջին դասախօսութենէն ետք (Արշիլ Կորքիի մասին), երբ նստած կը զրուցէինք, հարցուց.

Ծրագրա՞ծ ես թէ ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս պիտի տեսնես եւ ուսումնասիրես փարաւոնական մշակոյթը, մէկը ունի՞ս որ ընկերանայ քեզի:

Կը մտածեմ նախ թանգարանը այցելել: Հաւանաբար Պերճը կամ Գարոլինը պիտի տանին զիս:

Քու պարագայիդ ես պէտք է որ ընկերանամ քեզի, որովհետեւ դուն արուեստաբան ես եւ եթէ լաւապէս չուսումնասիրես հնագոյն մշակոյթները, յատկապէս՝ Եգիպտականը, չես կրնար ճշգրտօրէն ըմբռնել, վերլուծել ու մեկնաբանել ժամանակակից արուեստը:

Նման համարձակ միտք առաջին անգամն էր որ կը լսէի: Երբ աչքերուն նայեցայ գոհունակութեամբ, ան շարունակեց.

Ես պատրաստ եմ հետդ գալու, սակայն նկատի պիտի առնես որ ամէն օր հազիւ բաժին մը միայն  կրնանք աւարտել:

Այդպէս ալ ըրինք: Հիացած էի Հուրիկի բանիմացութեամբ  ու տպաւորուած՝ իր ջերմ վերաբերմունքով ու նաեւ… գիտցածը փոխանցելու անվերապահ պատրաստակամութեամբ:

Գահիրէ ժամանումէս մօտ երկու շաբաթ ետք

Երբ արդէն դասախօսական պարտաւորութիւններս աւարտած էի, որոշեցի մեկնիլ հնավայրեր…: Մինչ այդ Հուրիկի առաջնորդութեամբ թանգարանէն բացի, այցելած էի նաեւ Սագգարայի եւ Կիզայի բուրգերը ու հասած մինչեւ իսկ մեծ բուրգի «Թաղման Սենեակը»: Անհամբեր էի տեղւոյն վրայ շարունակելու ուսումնասիրութիւններս… :

Ոչ միայն սկսած էի սիրել, այլեւ ուղղակի կլանուած էի հին եգիպտական մշակոյթով… շնորհիւ Հուրիկին, որուն խորհուրդներուն պէտք ունէի հիմա: Շաքէն տարաւ զիս անոր մօտ: Ան ոչ միայն ամենայն մանրամասնութեամբ տեղեկութիւններ տուաւ, այլ նաեւ խոստացաւ հոն եւս ընկերակցիլ ինծի…:

Վերադարձի ճամբուն վրայ սկսայ հետաքրքրուիլ Հուրիկով ու իր ընտանեկան պարագաներով: Շաքէն տեղեկացուց.

Հուրիկի  քոյրը՝ Զեփիւռ Սուրուզեան յայտնի արուեստագէտ է եւ մաս կը կազմէ Իտալիոյ ջրանկարիչներու միութեան: Ան հոս է հիմա եւ լաւ կ’ըլլայ որ հանդիպիս իրեն… :

Սիրով Շաքէ ջան, դուն Հուրիկի հետ կազմակերպէ եւ ես կը յարմարիմ…:

Նայիր Մովսէս, կարեւոր բան մըն ալ պիտի ըսեմ, միայն թէ սխալ չհասկնաս զիս: Հուրիկը Boy Friend ունի… գերմանացի շատ մեծ հնագէտ մըն է… ան ալ հոս կ’ապրի, անոնք նշանուած կը համարուին եւ նկատի առ որ գերմանացիները շատ խանդոտ կ’ըլլան…:

Հուրիկի գիրքերէն նմոյշ մը

Այո, Շաքէ՝ շնորհակալ եմ: Բայց դուն ալ նկատի առ որ ես ալ նորապսակ եմ եւ կողակիցս   բանաստեղծուհի է: Թէեւ շատ բնական բան մըն է ատիկա, բայց լաւ է որ զգուշացուցիր… բոլոր պարագաներուն նկատի կ’առնեմ…:

Գարոլինի կարգադրութեամբ, քանի մը օր ետք մեկնեցայ Լիւքսոր… զբօսանաւով: Ճանապարհին զբօսաշրջիկներու հետ հանդիպեցանք Թէլ Ամարնա, Ապիտոս եւ Տէնտերա հնավայրերը: Երբ հասայ Լիւքսոր, անմիջապէս մասնագէտ ուղեկից (guide) մը վարձեցի Ռամի անունով: Յաջորդ օրն իսկ պարզուեցաւ որ ինձմէ աւելի բան չի գիտեր ու շատ աւելի արժեւորուեցաւ ու բարձրացաւ աչքիս Հուրիկը, որ յաջորդ օրն իսկ առաւօտեան հեռաձայնեց ու ամէն ինչ փոխուեցաւ: Եկաւ «ճիփով» մը: Նախ տարաւ գերմանական կեդրոնը ու ներկայացուց զիս իբրեւ իր ազգականը: Զիս ընդունեցին հարազատի նման, իբրեւ մասնագէտ, իբրեւ իրենցմէ մէկը: Շաբաթէ մը աւելի անոնց հետ անցուցի: Ընթացքին Հուրիկը ծանօթացուց զիս նաեւ  Դոկտ-Փրոֆ. Ռայնըր Սթատըլմէնին… իբրեւ հաւատարիմ ու հմուտ գործընկեր: Թէեւ հետագային պարզուեցաւ որ անոնց կապը լուրջ էր ու ամուսնացան, սակայն Ռայնըրը խանդի ոչ մէկ դրսեւորում ունեցաւ: Ընդհակառակը՝ օր մը, երբ Հուրիկը զբաղած էր, ի՛նք տարաւ զիս Ռամսէս Երրորդի տաճար-սրբավայրը (Ramezium), որուն պեղումները իրեն վստահուած էին: Ան ամենայն համբերատարութեամբ ամէն ինչ բացատրելէ ետք, մօտեցուց զիս գետնին տապալած չափազանց մեծ գլխաքանդակի մը ու բացատրեց.

 Ռամսէս երրորդի ջարդուած այս գլուխը դիտմամբ այսպէս ձգած ենք իբրեւ նմոյշ, որպէս զի այցելուն գաղափար մը ունենա,յ թէ ինչքան աւերներ գործած են երկրաշարժներն ու թշնամիները: Տես սակայն, այս վիճակի մէջ իսկ թէ՛ գեղեցիկ է եւ թէ՛ վեհ ու կոթողային, այնպէս ինչպէս, առհասարակ եգիպտական արուեստը:

Ըսել կ’ուզէք որ բոլոր պարագաներուն եգիպտական արուեստը վեհ է ու կոթողային:

Ի հարկէ, եգիպտական արուեստի  գեղեցկութիւնը նախ եւ առաջ իր աստուածային վեհութեան մէջ է: Օրինակի համար Նեֆերթիթին, նուրբ, հմայիչ ըլլալով հանդերձ միաժամանակ վեհ է ու կոթողային:

Երբ  Նեֆեդիթիի անունը տուաւ, առիթէն օգտուելով  հարցուցի.

Ի՞նչ կը կարծէք Նէֆերթիթին ո՞վ է ձեզի համար, Եգիպտացի՞ էր թէ ….

Չեմ հասկնար….

Խօսքը կը վերաբերի Թէլ Ամարնայէն յայտնաբերուած Միտանի երկրի թագաւոր՝ Տուշրատտասի նամակին, ուրկէ կարելի է ենթադրել թէ Ամէնհոթէփ երրորդի մայրը՝ Դիին Տուշրատտասի քոյրն է իսկ Նէֆերթիթին՝ իր աղջիկը…:

Նէֆերթիթիի եւ Դիիյի նման ուժեղ անհատականութեան տէր թագուհիներու ինքնութիւնը կարելի չէ որոշել միակ «նամակով» մը, որուն վերծանումն ու անուններու ճշդումը տակաւին վիճելի են… :

Զգացի որ անշահախնդիր ու իրատես գիտնականը կը խօսի իր մէջ ու… լռեցի:

Ըլլայ գերմանական թէ առհասարակ եգիպտական հնագիտական ասպարէզէն ներս, Հուրիկի հեղինակութիւնն ու իր հանդէպ յարգանքը շատ մեծ էր: Ի պատիւ իրեն՝ բոլոր արգիլուած ու փակ դուռերը կը բացուէին իմ դիմաց: Նոյնի՛սկ կրցայ այցելել Նէպամունի Դամբարանի նման փոքր մատուռներ, ուր չափազանց տպաւորիչ էին զուարճանքի տեսարաններուն մէջ պատկերուած՝ «Երկարամազ Մերկուհիներու Պարերը»:

Թէեւ հնաւորութիւն չունիմ խօսելու բոլոր հնավայրերու մասին, սակայն չեմ կրնար շրջանցել արուեստագէտներու դամբարանադաշտը, ուր այն ատեն բացառիկ մասնագէտներ միայն կրնային այցելել եւ ան ալ յատուկ արտօնութեամբ: Հուրիկը  այնպիսի խանդաղատանքով կը խօսէր արուեստագէտներու մասին, որ կարծես թէ իր մօտիկ ընկերներն էին ու անոնց աշխատանքի պահուն հոն եղած էր… անոնց կողքին:

Հուրիկի հեղինակած Գահիրէի Թանգարանի պատկերագիրքի շնորհահանդեսի առիթով. Ձախէն աջ՝ Հրատարակիչը՝ Ֆոն-Զապերն, Հուրիկ Սուրուզեան, Թանգարանի տնօրէն՝ Մուհամմետ Սալէհ եւ Լուսանկարիչը՝ Եորկըն Լիփ

Հոս էր որ Հուրիկը խօսեցաւ արուեստագէտի ազատութեան անհրաժեշտութեան մասին ու շեշտեց.

Այս արուեստագէտները իրենց սեփական դամբարանները նկարազարդելու ընթացքին, աւելի ազատօրէն կը ստեղծագործէին, որովհետեւ հաշուետու չէին պատուիրատուներուն: Միւս պարագաներուն, միայն արքայական որսի տեսարաններու մէջ է որ անոնք հնարաւորութիւն ունէին խախտելու աստուածային անբեկանելի օրէնքները եւ ազատօրէն արտայայտուելու…

Եւ իսկապէս, (ըլլայ բարձրաքանդակներու թէ որմնակարներու պարագային), երբ Հուրիկը ցոյց կու տար խառն ի խուռն երամներու թռիչքն ու անշարժ կեցած յարակից կերպարները, անոնց մէջ  արտայայտչական տարբերութիւնը ակնյայտօրէն կ’երեւէր ու բացայայտ կը դառնար ազատօրէն ստեղծագործելու առաւելութիւնը:

Լիւքսոր ժամանումէս տասը օր ետք

Երբ արդէն պէտք է մեկնէի Ապու Սիմպէլ, Հուրիկը տեղեկացուց որ պիտի չկարողանայ հետս գալ, որովհետեւ Գերմանիայէն հնագէտներու խումբ մը եկած է ու իրմէ խնդրած են որ ուղեկցի անոնց: Մեկնեցայ առանձին… ինքնաշարժով ու… դժկամութեամբ: Ճանապարհին այցելեցի Էտֆու եւ Գոմ Օմպօ հնավայրերն ու Էլեֆանթին կղզին:

Ինչ մեղքս պահեմ, արդէն վարժուած էի Հուրիկի մասնագիտական վերլուծութիւններուն ու մեկնաբանութիւններուն, առանց իրեն ամէն ինչ թերի էր ու անհամ…: Երբ հասայ Ասուանի ամբարտակը, ուրկէ պէտք է որ մեկնէի Ապու Սիմպէլ, արդէն իսկ յոգնած ու անտրամադիր էի: Որոշեցի վերադառնալ Գահիրէ:

Հուրիկը շոգեկառքի տոմսս պատուիրած էր Ապու Սիմպէլէն ուղիղ Գահիրէ: Թէեւ իմացայ որ  կրնայի նոյն տոմսով Ասուանէն վերադառնալ, բայց ես  տխուր էի… ու անտրամադիր:

Երեկոյեան առաջնորդեցին զիս առաջին կարգի (Lux) սենեակ մը…: Թէեւ Հուրիկի հոգատար տրամադրութիւնը բարելաւեց, սակայն մտահոգ էի թէ գիշերը ի՞նչպէս պիտի անցընեմ մինչեւ հասնիմ Գահիրէ:

Հասանք  Լիւքսորի հերթական կանգառը: Շոգեկառքը հազիւ ճամբայ ելած էր, յանկարծ դուռը զարնուեցաւ… բացի… Աստու՜ած իմ… եթէ ըսեմ որ Հուրիկն էր… կը հաւատա՞ս: Համեմատաբար թեթեւ հագած, նոյն ժպտուն ու բարձր տրամադրութեամբ կենսայորդ աղջիկը…: Ան իրեն համար վարձած էր ճիշդ իմ կողքի սենեակը…: Լաւ տրամադրութեան մէջ, մոռցուեցան շոգեկառքի աղմուկն ու ցնցումները, զրուցեցինք ու խօսեցանք ամէն ինչի մասին… մանրամասնօրէն: Ու երբ սկսանք բացուիլ իրարու ու մեր զրոյցը աւելի մտերմական բնոյթ ստացաւ, համարձակութիւնը ունեցայ հարցընելու.

Մարիամ Յարութիւնեան եւ Հուրիկ Սուրուզեան Երեւանի մէջ, 1989-ին

Հուրիկ ջան՝ բան մը ալ կայ որ չեմ հասկնար:

Ըսէ նայիմ:

Այդ ի՞նչպէս կ’ըլլայ որ գեղեցիկ, կենսասէր եւ ուշիմ պարմանուհին, լքէ Փարիզի պէս կեանքով լեցուն արուեստի կեդրոն մը, եւ գայ այս կիզիչ աւազուտքներուն մէջ, շնչէ այստեղի փոշին՝ ու ապրի համեստ պայմաններու տակ, երբ հոն կրնար շատ աւելին ձեռք բերել ու աւելի բարձրունքներ նուաճել…:

Բացատրեմ: Արուեստասէր ծնողներ ունեցած եմ, խաղալիքի փոխարէն գիրք կը նուիրէին մեզի: Փոքր տարիքէս սիրահարուած էի արուեստին: Երբ նշմարեցի որ ես քրոջս՝ Զեփիւռին նման ստեղծագործական կարողութիւններ չունիմ, ուզեցի արուեստաբան դառնալ… քեզի պէս: Սակայն կարճ ժամանակի ընթացքին անդրադարձայ, որ ժամանակակից արուեստաբանութիւնը աւելի ներանձնական (subjective) բնոյթ կը կրէ քան՝ առարկայական (օbjective): Հնագիտութիւնը ճշգրիտ գիտութիւն է, հիմնուած փաստացի տուեալներու վրայ: Եւ որովհետեւ  կ’ուզէի մնալ արուեստի սահմաններուն մէջ, ընտրեցի հնագիտութիւնը:

Բայց ինչո՞ւ յատկապէս Եգիպտականը:

Երբ առաջին անգամ Լուվր թանգարանը այցելեցի, ու հասայ փարաւոնական տաղաւարը, կածես թէ իմ անցեալի հարազատներուս հանդիպեցայ: Օրեր ետք, երբ վերադարձայ ու երկար ժամեր մնացի եգիպտական բաժնին մէջ, համոզուեցայ որ արուեստի բարձրագոյն գագաթը եգիպտականն է: Տակաւին ոչ մէկ մշակոյթ, կամ արուեստագէտ կրցած է հասնիլ հին եգիպտական մշակոյթի կոթողային վեհութեան, որ անմահանալու, աւելի ճիշդը աստուածանալու բուռն տենչէն մղուած, ոգեղինացումն է գեղարուեստական այն ուժերուն, որոնք կ’արժեւորեն աստուածայինը մարդու մէջ…:

Ըսել կ’ուզես Մարդը կը մարդկայնացնեն…

Ոչ՝ կը ձգտին Մարդը աստուածացնել ու անմահացնել:

Սակայն աստուածանալու ու անմահանալու ձգտումը, գոյութիւն ունէր գրեթէ բոլոր հին մշակոյթներու մօտ… նոյնի’սկ մեր Նարեկացիին…:

Այո, բայց ամէնէն շատ, հին եգիպտացիները կրցած են մօտենալ ու հպիլ անդրաշխարհային ոլորտներու…

Այս յարափոփոխ ու տագնապալից օրերուն, երբ արդէն տասնեակ տարիներու փորձառութիւն ունիմ արուեստի միջազգային ասպարէզին մէջ, շատ լաւ կ’ըմբռնեմ թէ ինչքա՜ն ճիշդ էր Հուրիկը, որուն  եգիպտական մշակոյթի հանդէպ տածած բացառիկ սէրն ու ակնածանքը, անթեղուած էին ի բնէ իր արմատներուն եւ ինքնութեան մէջ: Յետոյ ըմբռնեցի նաեւ  թէ ինչու  յաճախ երազներուս մէջ նախնադարեան ժամանակներու մէջ կ’ապրիմ, թէ ինչու կամովին պեղումներու կը մասնակցէի… եւ կամ թէ ինչու մինչեւ հիմա հնութիւններ կը հաւաքեմ…: Այո’, իմ  գիտակից ու ազատամիտ ընթերցող, որովհետեւ Հուրիկի եւ իմ միջեւ ընդոծին ընդհանրութիւններ կային…:

Հուրիկ եւ Մովսէս Լիւքսորի մէջ,1988-ին

Մեր զրոյցը այնքան հետաքրքրական ու հաճելի կ’ընթանար, որ կը կարծէի թէ գնացքը անընդհատ պիտի  շարունակէ իր երթը… առանց հասնելու Գահիրէ:

Սիրելի Հուրիկ՝

Ամսուայ մը ընթացքին «համալսարանի» մը չափ  բան փոխանցեցիր ինծի, որուն համար երախտապարտ եմ անշուշտ: Համացանցէն կը հետեւիմ եգիպտաբանութեան մէջ ձեռք բերած բացառիկ նուաճումներուդ, որոնց համար հպարտ եմ անշուշտ: Եւ քեզ նման միջազգային համբաւի տիրացած հնագէտ մը ճանչցած ըլլալուս համար, ինքզինքս բախտաւոր կը համարեմ…:

Բայց, այսքանով չի վերջանար հարցը, որ յետ երկրաշարժեան շրջանի քու մարդասիրական գործունէութեան կը վերաբերի…: Թէեւ այս մասին բացայայտումներ պիտի չընեմ, սակայն թոյլ տուր մէջբերում մը կատարել 1989-ին գրած նամակներէդ, ուր կ’ըսես. «Հպարտ եմ եւ երջանիկ իմ հողին վրայ կոխած ըլլալու համար… Գա’յ այն օրը որ Հայը տիրանայ ամէն ինչին որ իրեն կը պատկանի, որուն հասնելու ճամբուն վրայ որքա՜ն կտրիճներ զոհուեցան…»: …Ամէ՜ն… Հուրիկ ջան…հազա՜ր անգամ ամէն…:

Leave a Reply

Comments containing inappropriate remarks, personal attacks and derogatory expressions will be discarded.

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You May Also Like