Րաֆֆի Ճիկերեանի յիշատակին
Մ. Ս. Հերկելեան, Մոնթրէալ 11 Փետրուար 2021
Րաֆֆի ջան՝
Տրուած ըլլալով որ ես կը հաւատամ հոգիի անմահութեան, գիտեմ որ դուն կաս եւ կրնամ զրուցել հետդ թէկուզ՝ միակողմանիօրէն:
Միայն վերջերս էր որ լսեցի մահուանդ գոյժը… ու լաւ ու հաւատարիմ ընկեր մը եւս կորսնցուցած ըլլալու ցաւը ապրեցայ: Գիտես, սկսեալ Արցախէն մինչեւ Լիբանան եւ այլուր, վերջին ամիսներուն պատկառելի թիւով ազգային գործիչներ, հոգեւորակակններ ու այլ արժանաւոր հայորդիներ կորսնցուցինք, որոնցմէ մէկը եղար դուն, որ փնտռուած ներկայութիւն մըն էիր Լիբանանահայ գաղութէն ներս, յատկապէս իբրեւ ճատրակի վարպետ եւ ուսուցիչ: Այնքան կը սիրէիր ու մերուած էիր ճատրակին, որ օր մը երբ բջջային թիւդ փոխած էիր, կատակով առաջարկեցիր որ Րաֆֆի Ճատրակեան գրեմ: Այդպէս ալ ըրի…: Ճատրակը քու աշխարհդ էր, քու էութիւնդ եւ պատահական չէր, որ անոր ուսուցումը կը համարէիր անհրաժեշտութիւն, որովհետեւ հայ երեխային ոչ միայն մարտահրաւէրները դիմագրաւելու կամք ու կուռ տրամաբանութիւն կը սորվեցնէր, այլեւ ապագայի դիւանագէտներ կը պատրաստէր, որոնց պակասը անհրաժեշտաբար կը զգացուի յատկապէս՝ այս օրերուն: Այդ պատճառով ալ ոչ միայն կը գործակցէիր ՀԲԸՄ-ի եւ ՀՄԸՄ-ի հետ, այլեւ հարկ եղած պարագաներուն չէիր զլանար քու օգնութիւնը որեւէ միութեան, որովhետեւ հայրենասիրութիւնդ պայմանաւորուած էր նաեւ մարդկայնականութեամբ: Այո՛, մարդասիրական հասկացողութիւն կը ցուցաբերէիր ներհայկական ու նոյնի’սկ ընկերային հարցերու նկատմամբ, ու կը փորձէիր եթէ ոչ արդարացնել, այլ առնուազն բացատրել դիմացինի գործած յանցանքը: Ըսածս հաստատելու համար կ’ուզեմ յիշեցնել քեզի յատանշական դէպք մը Փարիզի մեր ընկերական կեանքէն:
1977-ի ամառն էր: Կ’ապրէիր «Սիթէ Ունիվերսիթէի» Հայ Ուսանողաց Ոստանը, ուր ժամանակաւոր բնակելու իրաւունք տուած էր ինծի օրուայ տնօրէն՝ Զաւէն Եկաւեան, որ ծանօթացուց մեզ: Առաջին մէկ օրէն ընկերացանք եւ դուն, ըլլայ թանգարաններու, հնավայրերու եւ այլ տեսարժան վայրերու պարագային, յաճախ կ’ուղեկցէիր ինծի եւ երբեմն ալ, շահեկան եւ հետաքրքրական տեղեկութիւններ կը փոխանցէիր անոնց մասին: Սակայն խնդիրը այդ չէ:
Օր մը ընկերներով գացինք Օփերա՝ ներկայ ըլլալու համար Պերլինէն նոր ժամանած Հերպըրթ Ֆոն-Գարայանի համերգին: Ուշ մնացինք: Վերադարձին գետնուղին փակ էր արդէն եւ մենք նիւթապէս ի վիճակի չէինք թաքսի վարձելու: Որոշեցինք քալելով երթալ մի՜նչեւ «Սիթէ Ունիվերսիթէ», որ կը նշանակէր թէ բաւականին երկար ճանապարհ պիտի կտրէինք…:
Ճանապարհին կատակելով ու քիչ մըն ալ աղմկելով կ’ընթանայինք, երբ նշմարեցինք որ երիտասարդ մը կին մը կը ծեծէ: Թէեւ բոլորս ալ խղճահարուեցանք, սակայն ես ուզեցի միջամտել ու ազատել կինը: Տղաքը, որոնց մէջ նաեւ դուն, խորհուրդ չտուիք, բացատրելով որ հոս Փարիզ է եւ անիմաստ տեղը կրնամ խնդիրներու մէջ իյնալ: Քիչ ետք սակայն երբ իմացայ, թէ այդ կինը տղուն մայրն է, արիւնս գլուխս խուժեց: Վազելով գացի, բռնեցի եւ գետին տապալելով, սկսայ այնքան զօրաւոր կերպով հարուածել, որ մայրը զինք ծեծող զաւակը ազատելու համար վրաս յարձակեցաւ ու դուն հազիւ կրցար ազատել զիս կնոջ ձեռքէն: Բոլորս սկսանք վազելով փախիլ…:
Երբ «Սիթէ» հասանք ու սուրճը խմելէ ետք մեր ընկերները մեկնեցան, դուն ըսիր. «Ստիպուած եմ զգուշացնելու քեզ, որովհետեւ անկախ անկէ որ ըրածդ կրնար բոլորիս ալ վնասել, այս երկրին մէջ «վերապահութիւններ» կան մեր մասին, ու պէտք է որ ապացուցենք որ մենք վայրագ ժողովուրդ չենք…: Տղուն ծեծելով, մեծ սխալ մը ըրիր, սակայն մօրը հանդէպ բարեացակամ գտնուեցար, ու հակառակ ծեծ ուտելուդ՝ բնաւ ձեռք չբարձրացուցիր անոր վրայ»:
Իմ լաւ ընկե՛ր, թէ՛ առաջին եւ թէ՛ երկրորդ իմ հակադարձութիւնները բնազդային էին, որոնք հաւանաբար կու գային իմ սերունդի ստացած դաստիարակութենէն, որուն համաձայն, մէկ կողմէ «Մայրութիւնը սրբութիւն է» եւ միւս կողմէ «Կանանց երբեք ձեռք տալու չէ՛, ջա՛ն ֆիտան»: Իսկ դուն այդ ընկերական խրատը գիտակցաբար ըրիր, որովհետեւ քու մարդկայնական վերաբերմունքը՝ պայմանաւորուած էր նաեւ հայրենասիրութեամբ եւ հակառակը:
Ոչ միայն քու, այլ նաեւ քոյրերուդ (Անիին, Ռուբինային ու Սիլվային) ազգին ու հայ մշակոյթին, անսակարկօրէն ծառայելու նուիրուածութիւնը եւս ա’յդ կ’ապացուցանէ:
Ազգային գետնի վրայ, շատ դժուար ու անփառունակ օրեր կ’ապրինք, իմ բարի ու վեհանձն ընկեր: Ճի’շդ է որ մենք քիչ առիթներով միայն զիրար կը տեսնէինք, սակայն մեր հանդիպումները կ’ըլլային ջերմ ու Փարիզեան յիշողութիւններով ու կատակներով համեմուած: Ոչ միայն ինծի, այլ առհասարակ Լիբանանահայ գաղութին համար շօշափելի կորուստ է վաղաժամ մեկնումդ: Սակայն դուն բախտաւոր եղար որ չտեսար ազգային մեր վերջին աղէտը, որ իր անձնատուական պարտութեամբ, փաստօրէն ցեղասպանութեան շարունակութիւնն է ու կը շարունակուի, այս անգամ … «հայերու» ձեռքով, Հայրենի հողի վրայ եւ հակամարդկային դաժանութեամբ: Յատկապէս մշակութային գետնի վրայ: Նոյնի’սկ ճատրակի դասաւանդումը արգիլեցին դպրոցներէն ներս: Մեր բոլորիս ցաւն ու վիշտը այնքան խորն է ու բաց, որ մէկ բան միայն կրնամ ըսել քեզի իմ «բախտաւոր» ընկեր. կրնաս հանգիստ ննջել, որովհետեւ ի վերջոյ, մենք կը հաւատանք մեր ազգային մարդասիրական բնոյթի հայրենասիրութեան յաղթանակին, որուն ջատագովներէն ու յանձնառուներէն մէկն էիր դուն: