Important Gathering on Status of Churches in the Holy Land / Invitation

Յարգելի սրտցաւ հայրենակից,

Այսու կը տեղեկացնենք Ձեզի, որ յառաջիկայ Երեքշաբթի, Մարտ 22-ին, չափազանց կարեւոր եւ այժմէական հանդիպում մը կազմակերպուած է Պաղեստինցի յայտնի հայասէր մտաւորական, Պեթղեհէմի  Dar al-Kalima համալսարանի հիմնադիր եւ Նախագահ, Լութերական եկեղեցւոյ Աւագ Հովիւ, համաշխարհայնօրէն ճանչցուած աստուածաբան եւ հասարակական գործիչ Վեր. Միթրի Ռահիպի հետ։

Մեծարգոյ հիւրը ԱՄՆ կը գտնուի քրիստոնէապատկան սրբավայրերու գծով բացատրասկան աշխատանքներ կատարելու նպատակով։ Ան, իր գործընկերուհիին՝ Դոկտ. Վարսէն Աղաբէկեանին  հետ լրջօրէն կը զբաղի Երուսաղէմի հայապատկան կալուածներու պահպանման խնդրով։ Կ՚աւելցնենք նաեւ որ Աստուածաբան (University  at  Marburg, German) Վեր. Միթրի Ռահիպ յաճախ հարցազրոյցի հրաւիրուած է հերուստատեսային ընկերութիւններու եւ մամուլի ներկայացուցիչներու կողմէ (CNN, ABC, CBS, 60 Minutes, BBC, ARD, ZDF, DW, BR, Premiere, Raiuno, Stern, The Economist, Newsweek, Al-Jazeera, al-Mayadin, Vanity Fair):

Ձեր ներկայութիւնը խիստ փափաքելի է՝ նկատի առնելով որ Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութեան «Կովերու պարտէզ» կոչուած հայապատկան կալուածի ապագան խիստ վտանգուած է։

Երեքշաբթի, 22 Մարտ, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, ԹՄՄ Պէշկէօթիւրեան շէնքին մէջ։

Համեստ հիւրասիրութիւն։

1901, N. Allen Avenue
Altadena, CA 91001

Armenian Rights Council of America

Դոկտ. Վարսէն Աղաբէկեան հեղինակն է “A Palestinian Armenian” հատորին՝ ներկայացուած հանրայայտ հրապարակագիր Ժիրայր Թիւթիւնճեանի կողմէ:

PETITION

Save the Lands

ՍՐՏԱԳԻՆ ԿՈՉ ԵՒ ՍՏՈՐԱԳՐԱՀԱՒԱՔ ՓՐԿԵՆՔ ՀԱՅԵՐԷՆԸ

1 comment
Leave a Reply

Comments containing inappropriate remarks, personal attacks and derogatory expressions will be discarded.

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You May Also Like
Read More

Տեսե՞լ եք

Լևոն Բաբաջանյան, Երևան, 5 Դեկտեմբեր 2021 «Տեսե՞լ եք նրա բնակարանը, խլուրդի ծակուռ… Բայց անցիր նրա երկիրը։ Ինչ հիասքանչ վանքեր, հոյակապ աշտարակներ, գողտրիկ խաչքարեր» Դերենիկ Դեմիրճյան, «Հայը» Դերենիկ Դեմիրճյանի՝ հային բնութագրող այս խոսքերը եկան…
Read More