Interests of Our Church

The below public notice was received on July 16th. For reasons provided in Act Now. Not tomorrow.  it was withheld. The "Church Crisis" is out in the open now, and the notice may be relevant to the unfolding events surrounding the church.-Editor, 8 August 2013
 
THE TIME HAS COME TO STOP SLANDERING
AND TO THINK OF THE FUTURE OF
OUR CHURCH AND COMMUNITY

 
On June 18th His Holiness Karekin II, Catholicos of All Armenians, issued a letter ratifying the election of the Diocesan Council, the Election Committee and the Audit Committee members that took place on May 25th at the Diocesan Assembly meeting. He did not however ratify the election of Primate. Primate-elect Fr. Aren Jebejian then had no choice but to gracefully resign.

Recognizing the present turmoil in our community as a result of the contested election, His Holiness has appointed Archbishop Nathan Hovhannessian to oversee the Canadian Diocese for a period of time and has mandated him to organize new elections for Primate.
 

The below public notice was received on July 16th. For reasons provided in Act Now. Not tomorrow.  it was withheld. The "Church Crisis" is out in the open now, and the notice may be relevant to the unfolding events surrounding the church.-Editor, 8 August 2013
 
THE TIME HAS COME TO STOP SLANDERING
AND TO THINK OF THE FUTURE OF
OUR CHURCH AND COMMUNITY

 
On June 18th His Holiness Karekin II, Catholicos of All Armenians, issued a letter ratifying the election of the Diocesan Council, the Election Committee and the Audit Committee members that took place on May 25th at the Diocesan Assembly meeting. He did not however ratify the election of Primate. Primate-elect Fr. Aren Jebejian then had no choice but to gracefully resign.

Recognizing the present turmoil in our community as a result of the contested election, His Holiness has appointed Archbishop Nathan Hovhannessian to oversee the Canadian Diocese for a period of time and has mandated him to organize new elections for Primate.
 

Bishop Bagrat Galstanian left Canada a month ago, and His Holiness has appointed him Director of the Armenian Church Social Doctrine Department at the Mother See of Holy Etchmiadzin. But still on June 22nd the same few people who were responsible for Bishop Galstanian’s election defeat issued their third mass e-mail slandering him with false accusations.

Abaka Weekly in its July 8th issue also published an article written by these people, in which they continue with their shameful personal attacks on Bishop Galstanian. They mistakenly think that by discrediting him it will somehow justify what they did to a beloved Christian leader at the Diocesan Assembly in May. These negative attacks have outraged people.

For the sake of our church and all Canadian Armenians, these attacks must immediately stop and be replaced by respect for our Christian values and our Armenian heritage.

The time has come to heal the deep wounds of our community. We must now constructively work together with Archbishop Hovhannessian in the best interests of our church.

Ana Afeyan, Levon Afeyan, Taro Alepian, Walter Asatoorian, Arsineh Attarian, Diran Avedian, Hratch Banis, Arden Dervishian, Harry Dikranian, Seti Hamalian, Oskan Hazarabedian, Boghos Kichian, Anahid Manoukian, John Manoukian, Sossi Manoukian, Marcelle Meterissian, Sarkis Meterissian, Naira Movsesyan, Emma Nersisyan, Gayane Nersisyan, Garo Nichanian, Harout Ohanessian, Albert Yeghikian.

*****

Քանի Մը Դիտողութիւններ` “Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ խումբ մը հաւատացեալներ”-ու անունով ստորագրուած հաւաքական նամակին վերաբերեալ

Ծանօթացանք Ֆրանսայի Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ խումբ մը խիստ մտահոգ հաւատացեալներու կողմէ պատրաստուած Հաւաքական Նամակի բովանդա­կութեան հետ, որ հրատարակուած էր «Նոր Յառաջ» երկօրեայ թերթին մէջ, (Շաբաթ, Յուլիս 27, 2013 – թիւ 536): Հաւաքական սոյն նամակը տրամադրելի դարձած է նաեւ հա­մացանցային տարբերակով: Առ այս մեր դիտողութիւնները.

-Նախ պէտք է բարձր գնահատել քաղաքացիական քաջութիւն ցուցաբերող ֆրան­սահայ այս խումբ մը հաւատացեալներու նախաձեռնութիւնը: Ան երանի թէ ունե­նար զանգաուածային բնոյթ եւ վերածուէր նոյնիսկ բողոքի համազգային շարժումի մը` իր մէջ ներգրավելով ոչ միայն Սփիւռքը, այլ ի մասնաւորի նաեւ Հայաստանի բնակչութեան լայն շրջանակները:

-Վերոյիշեալ հաւաքական նամակը խմբագրող եւ ստորագրող ազնիւ մար­դիկ իրենց վերջին յոյսը դրած են Էջմիածնի Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդին վրայ անվերա­պահօրէն հա­ւատալով, որ ան “անաչառութեամբ կը քննէ կա­ցութիւնը եւ Թեմի պա­տասխանատուներուն հետ միասնաբար կը գտնէ յար­մարագոյն ձեւերը, որ­պէսզի իրաւունք, արդարութիւն, ճշմարտութիւն եւ հե­ղինակութիւններ վե­րականգնին”: Ի~նչ գեղեցիկ խօսքեր` իրական ըլլալու համար: Կործանարար միամտութիւն, չ’ըսելու համար ուղղակի ծանծաղամտու­թիւն մըն է կարծել, որ Էջմիածնի Գերա­գոյն Հոգեւոր Խորհուրդը կրնայ հայ եկեղեցիին մէջ տիրող այսօրուան հոգեւոր սնան­կութեան եւ բարո­յական ճգնա­ժամին բերել դարման մը:

-Արդեօ՞ք գիտեն մեր հաւատացեալ ու միամիտ ֆրանսահայ քոյրերն ու եղբայրնե­րը, որ Էջմիածնի Գերագոյն Հո­գեւոր Խորհուրդի անդամները ընտրուած են ոչ թէ Ազգային-Եկեղեցական Ժողովէն, այլ ապօրինաբար նշանակուած են կաթողիկո­սին կողմէ:

-Գարեգին Բ. Էջմիածնի Գերագոյն Հո­գեւոր Խորհուրդի կազմը լեցուցած է իր հա­մախոհներով, իր ափէն լափող փառամոլ եպիսկոպոսներու վոհմակով, որոնց ճըն­շող մեծա­մասնութիւնը իրեն պէս եւ իրմէ ալ յոռի ԿԳԲ-ի գործակալներ են` ազնիւ մարդոց բարի զգացումները խեղադիւրելու եւ այլան­դակելու հմտութիւնը ունեցող վարպե­տորդիներ: Ա´յս է իրենց բուն առաքելու­թիւնը` եկեղեցին ծառայեցնել մութ ուժերու տրամադրութիւններուն եւ շա­հերուն:

-Գարեգին Բ., հոգեւոր տարազի տակ ծպտուած, կարկառուն մէկ ներկայացուցիչն է Հայաստանի յանցագործ (մաֆիոզ) շրջանակներու: Իր բիրտ եւ անիրաւ գործե­լաոճը ձախորդ աճպարա­րութիւն մըն է ծածկելու համար իր անտանելի գռեհկու­թիւնը, որ հանրութեան ակներեւ դարձաւ Իլիա Բ. Վրաստանի Կաթողիկո­սին հետ իր ուեցած հանդի­պումին առթիւ:

-Գարեգին Բ.ի Նորվան Սրբազանին ուղղած` “Այո, դու Մայր Աթոռի հետ գործ չու­նես այլեւս” արտայայտութիւնը ուղղակի կարգալուծման սպառնալիք է: Պէտք է յիշեցնել, որ Գարեգին Բ. “կարգալոյծ” հռչակած է, մեր ճշգրիտ հաշուարկով, 165 եկեղեցանաններ, բարձրաստիճան եպիսկոպոս­ներ, վարդապտներ, աբեղա­ներ, քահանայ հայրեր եւ սարկաւագներ: Ասոնցմէ ո´չ մէկուն պարագան ունեցած է “կար­գալուծման” վճիռն արդարացնող կրօնական ծանրակշիռ պատճառ: Գա­րեգին Բ. այս հոգեւոր սպանդը իրականացուցած է միանգամայն առանձին, անիրաւ եւ իր քմահաճ “հայրապետական տնօրինում” կոչուած որոշումով: Ընդհա­կառակը, այն անփառու­նակ քահանան, Նիսի նախկին հոգեւոր հովիւ` Տ. Վաչէ Հայրապետ­եանը, որ ստոյգ պէտք է “կարգալոյծ” ըլլար, Նորվան Սրբազանի հրա­ժարական նամակին մէջ նշուած վկայութեան համաձայն, Գարեգին Բ. անոր սքեմը անամօթաբար համարած է իր անձին պատիւը:

-Իւրաքանչիւր հաստատութիւն, ցանկացած ընկերութիւն կամ կազմակերպութիւն, նոյնիսկ պետութիւններ` ունին համակարգ ընտրելու կամ նշանակելու համար իրենց պատասխանատու նախա­գահը, առաջնորդը, ղեկավարը կամ տնօրէնը: Ձա­խոր­դութեան, չարաշահումի կամ վստահուած պաշտօնը չ’արդարացնելու պա­րագաներուն նոյն այդ կազմակերպութիւնները միաժամանակ ստեղծած են նաեւ համակարգ մը զրկելու համար իրենց նախա­գահը, առաջնորդը, ղեկավարը կամ տնօրէնը համապատաս­խան պաշտօնէն: Եզր կաթողիկոսէն եւ Յովհաննէս Ը. Կար­բեցիէն ետք, Գարեգին Բ. եղաւ ամենաանժողովրդական, չսիրուած եւ, հակա­ռակ իր շինարարական մեծա­միտ ճիգերուն, եկեղեցաքանդ կաթողիկոսը:

-Գարեգին Բ. “ընտրուած”, ներեցէք, ամերիկահայ իր հարճէն առատօրէն շռայլուած ընտրակաշառքներով գնուած է Ազգային-Եկե­ղեցական ժողովէն: Այսպէս կոչուած կաթողիկոսական իր “ընտրութիւնը” իրականացած է Ազգային Ժողովին մէջ պե­տական այրերու անարգ ոճիրին, անոնց թափած արեան անէծքին վրայ: Գարեգին Բ.ի կաթողիկոսանալը սկիզբէն արդէն պիղծ եւ անիծեալ եղելութիւն մըն էր:

-Հայց. Առաք. Ս. Եկեղեցւոյ Ազգային-Եկեղեցական Ժողովը, որ բացարձակ իրա­ւասութիւնը ունի ընտ­րելու կաթողիկոս մը, ունի նաեւ գերագոյն հեղինակութիւնը զայն գահընկեց ընե­լու:

-Կաթողիկոսի ծանր մեղանչումներու, յանցագործութիւններու եւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցիին սրբազան առաքելութիւնը վտանգելու առթիւ, ոեւէ հեղի­նակաւոր եպիսկոպոս մը կամ նոյնիսկ պատկառելի աշխարհական մը, այսպիսի անհրաժեշտութեան մը պարագային, իրաւասու է հրաւիրելու Ազգային-Եկեղեցա­կան ժողովը, որ կը կազմէ Հայ Եկեղեցւոյ բացարձակ կրօնական եւ իրաւական հեղինակութիւնը: Հայ եկեղեցւոյ պատմութիւնը այս մասին արձանագրած է անառարկելի քանի մը իրաւական նախադէպեր (jurisprudences):

-Սակայն Ազգային-Եկեղեցական Ժողովը, բառին բուն իմաստով, պէտք է ըլլայ ա­զատ, անաչառ, եւ զերծ ամէն տեսակ խեղաթիւրող ազդեցութիւններէ: Պետութիւնը պէտք չէ ճնշէ անոր, պէտք չէ պարտադրէ իր թեկնածուն, ինչպէս պատահեցաւ նա­խորդ երկու ժողովներուն առթիւ, այլ յարգէ պատգամաւոր­ներու ազգային-եկեկե­ցական եւ հոգեւոր առաքելութիւնը: Այս պարագային միայն կ’ապահովուի Ազգա­յին-Եկեղեցական Ժողովի “սրբագումար” ըլլալու հանգամանքը, այլապէս ան կը ծնանի վիժուածք մը, ինչպէս պատահեցաւ վերջինիս փաստով:      

-Այսօր, աւելի քան երբեք, շատերու հայեացքը սեւեռած է Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կա­թողիկոսի յուսալի հեղինակութեան վրայ: Ատենին, երբ Սահակ Բ. Խապայեան տարագիր դարձած էր Սիսի իր պատմական Աթոռէն, Գէորգ Ե. Սու­րէնեան չէր զլացած իր օրհնութիւնը շնորհելու անոր, որպէսզի Մեծի Տանն Կի­լիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը գոյատեւէ Լիբանանի Անթիլիաս աւանին մէջ, նաեւ ապագայի հեռանկարով` Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի Ընդհանրական Հայրապետու­թեան ապահովութեան համար:

-Հիմա ժամանակն է, որ անպայման սահմանափակուի Գարեգին Բ.ի սնաձարձակ հեղինակութիւնը եւ, ի հարկին, ապահովուի անոր գահընկէցութիւնը, կանխար­գիլելու համար Հայ Եկեղեց­ւոյ դարաւոր կալուածէն ներս իրականացող հոգեւոր-բարոյական աւերը:

-Առկից ձեր ուշադրութեան կը յանձնենք արածարծուած նիւթին հետ առնչութիւն ունեցող նամակները:

Գանատայի Հայ Առաք. Ս. Եկեղեցւոյ խումբ մը հաւատացեալներ

Գանատա, 29, 07. 2013

You May Also Like