Արեւմտահայոց Ազգային Համագումարի Նախապատրաստման Միջազգային Կազմակերպչական Կոմիտէի Յայտարարութիւնը

Կազմկոմիտէ, Երեւան, 19 Սեպտեմբեր 2009
2009 թ. Սեպտեմբեր 18-19 Երեւանի մէջ կայացաւ Կազմակերպչական Կոմիտէի հերթական 11-րդ նիստը: Նիստին մասնակցեցան Կոմիտէի անդամները Ֆրանսայէն, ԱՄՆ-էն, Զուիցերիայէն, Աւստրիայէն, Հայաստանի Հանրապետութենէն եւ Ռուսաստանէն: Անոնք քննարկեցին Կոմիտէի նախորդ նիստէն ետք կատարուած գործունէութեան արդիւնքները՝ առնչուած Համագումարի նախապատրաստական աշխատանքներուն հետ, նպատակ ունենալով Համագումարը կայացնել ոչ ուշ քան 2010 թ Նոյեմբերին Փարիզի (Սեւրի) մէջ: Մանրամասնութիւնները պիտի յստակացուին յաջորդ նիստին, որ պիտի կայանայ Ժընեւի մէջ 18-19 Դեկտեմբեր 2009-ին:
Կազմակերպչական Կոմիտէն անգամ մը եւս կը հաստատէ Նախաձեռնող խումբի Ուղերձի հայեցակարգային դրոյթները, որոնք հրատարակուած են 2006 թ. հայկական զանգուածային լրատուական միջոցներու մէջ (Երեւանի մէջ՝  ՙՀայաստանի Հանրապետութիւն՚  Հոկտեմբեր 25-ին, ՙԿոլոս Արմենի՚ Հոկտեմբեր 31-ին, Լոս Անճելոսի մէջ ՙՆոր Կեանք՚՝Նոյեմբեր 16-ին, Փարիզի մէջ ՙEurope and Orient՚  N 3, Կազմակերպչական Կոմիտէի Յայտարարութիւնը ՙՀայաստանի Հանրապետութիւն՚ 2007-ի Յունուար 16-ին, եւայլն), եւ որոնցմէ հիմնականներն են՝

•    Միասնական հայ ժողովուրդի՝ համայն հայութեան երկու հատուածներու՝ Հայաստանի Հանրապետութեան Արցախի հետ եւ Սփիւռքի՝ արեւմտահայերու (Օսմանեան կայսրութեան հայ քաղաքացիներու ժառանգներու) միջեւ դերերու բաշխումը, աշխատանքներու բաժանումն ու համաձայնեցուած փոխգործակցութիւնը այն հիմնական պայմաններն են, որոնք կրնան ապահովել Հայկական Հարցի յաջող եւ արդիւնաւէտ լուծումը՝ անոր արեւելահայկական եւ արեւմտահայկական դրոյթներով:

Արեւելահայկական տեսակէտ (ՀՀ, Արցախ, Նախիջեւան, Կարս, Ճաւախք)
•    Հայաստանի Հանրապետութեան Արցախի հետ յարաճուն, կայուն եւ անվտանգ զարգացում, ժողովուդդի կենսամակարդակի աճ, երկրին մէջ ժողովրդավարական եւ ազատական գաղափարներու իրական կենսագործում, հայեենադարձութիւն, դրացիներու  հետ յարաբերութիւններու բարելաւում, համաշխարհային հանրութեան մէջ երկրի ներգրաւում, եւ այլն:
•    Հասնիլ այն բանին, որ համաշխարհային հանրութիւնը ճանչնայ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութիւնը վերականգնելու իրաւունքը, որ ոտնահարուած է անոր մասնատմամբ 1920 թ. խորհրդա-թրքական արշաւանքներու հետեւանքով եւ ամրագրուած է 1921 թ. Մարտի 16-ին եւ Խորհրդա-թրքական պայմանագրով եւ Յուլիս 5-ի եւ 7-ի Ռուսաստանի Կոմունիստական (պոլշեւիկներու) Կուսակցութեան (ՌԿ(բ)Կ) Կովկասեան պիւրոյի որոշումներով:
•    Արցախի ազատագրուած տարածքներու իրաւական (տէ եուրէ) միացումը Հայաստանի Հանրապետութեան հետ:
Արեւմտահայկական տեսակէտ (Արեւմտեան Հայաստան, Կիլիկիա, տարագիր արեւմտահայութիւն)
•    Հիմնել  Արեւմտեան Հայաստանի՝ Մեծ Եղեռնէն փրկուած արեւմտահայերու (Օսմանեան կայսրութեան հայ քաղաքացիներու ժառանգներու ) Լիազօր Ներկայացուցչական մարմիններ (Արեւմտահայոց Ազգային Ժողով, Արեւմտահայոց Ազգային Խորհուրդ)՝ միջազգային կազմակերպութիւններու մօտ իրենց շահերը անմիջականօրէն ներկայացնելու եւ օրինական իրաւունքները պաշտպանելու համար, կապեր հաստատելու թրքական իշխանութիւններու հետ, բանակցութիւններ վարելու շահագրգիռ այլ կողմերու հետ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան փաստի միջազգային ճանաչման, դատապարտման, հասցուած բարոյական, նիւթական եւ տարածքային վնասը հատուցելու համար, եւ այլն:
•    Հասնիլ այն բանին, որ Օսմանեան կայսրութեան հայ քաղաքացիներու ժառանգները կարողանան անարգել եւ անվտանգ վերադառնալ իրենց հայրենիքը եւ կամ ըստ իրենց ցանկութեան ստանալ վնասուց հատուցում:
•    Փրկել, պահպանել եւ զարգացնել արեւմտահայերու ազգային ինքնագիտակցութիւնը, լեզուն եւ աւանդոյթները:
•    Պահպանել եւ վերականգնել հայկական ճարհարապետութեան եւ մշակոյթի յուշարձանները Արեւմտեան Հայաստանի, Կիլիկիոյ մէջ եւ ժամանակակից Թուրքիոյ այլ տարածքներուն վրայ, եւ այլն:Համայն հայութեան կարողութիւններու եւ ջանքերու միաբանումն ու գործունէութիւններու համաձայնեցումը հնարաւոր կը դառնան պաղ պատերազմի աւարտէն ետք, յետխորհրդային ազատութիւններու եւ վերականգնուած հայկական պետականութեան պայմաններուն տակ, հայոց ժամանակակից ազգային-պետական քաղաքական մտածողութեան ձեւաւորման գործընթացին շնորհիւ:Համաշխարհային հայութեան հաւաքական կամքի եւ միտքի, անոր ներուժի ծրագրուած եւ արդիւնաւէտ օգտագործումը համահայկական նպատակներու իրագործման համար կը յանգեցնէ միջազգային կեանքի մէջ ինքնուրոյն հայկական գործօնի ձեւաւորման, ինչ որ հնարաւորութիւն կ՝ընձեռէ հայ ժողովուրդին ինքնուրոյն կերպով տնօրինելու իր ճակատագիրը, պայմաններ կը ստեղծէ անոր անվտանգ եւ հեռանկարային զարգացման համար:

Կազմկոմիտէի Նախագահ՝
Անուշաւան ԴանիէլեանԿազմկոմիտէի Գործադիր Տնօրէն՝
Կարէն Միքայէլեան
 
5 comments
    1. we can do it
      Well, at least someone is trying to do something, unlike people like you!!
      Don’t be a pessimist, we can do things right if we all think positive for a change…

    2. Of course self-appointed
      Dear Vahe,

      Any individual who makes a proposal or provides an opinion is self-appointed. That’s a self-evident fact. It’s neither a criticism nor an evaluation. Your statement and this message are made by self-appointed people too.

      Does making a proposal on its own diminish the importance of what’s being proposed? I don’t think so.

      Mr. Mikaelyan and his friends have taken an initiative which is very timely given the less than satisafactory condition of the status-quo. Some people may agree others may not. A response to the content would have been more appropriate than a dismissive statement.

      I gather you have serious grounds to dispute the proposal, and that surely people would like to hear.

      Paregamoren,

      Nareg

  1. This is a good start. 

    This is a good start.  Finally someone is doing something.  It is very easy to sit on the sidelines and criticize but it would take time and effort to take the initiative to start something and contribute. 

    My only suggestion would be that we should elect people to this committee based on what they know and how they can contribute, rather than whom they know and what political affiliation they have.  I am surprised that it took about 100 years to actually do something. 

    Best of luck to you and anything I can do to help, please don’t hesitate to ask.

  2. A holy mission

    This is a holy nationaI mission. Thank you for a timely and excellent initiative. I join you if I can be of any help in any way.

    God Bless You.
     

    Avedis Kalayjian

Comments are closed.

You May Also Like