1966-ին, ճիշդ ատենին, «հայաստանասէրներու» կամ «յառաջդիմական ճակատ»ին պատկանող երիտասարդ Ժիրայր Դանիէլեան մատը վէրքին վրայ դնելով, Խորհրդային Հայաստանի եւ սփիւռքի «հայաստանասէր ճակատ»ի ղեկավարութիւնը զգաստութեան կը հրաւիրէր եւ արդարութիւն կը պահանջէր՝ ուսանողներու ընտրութեան առթիւ կիրարկուող տարօրինակ եւ հակաժողովրդավարական մօտեցումներու պատճառով զրկուած արժանաւորներու անունէն։ Այս ներածական պարբերութիւնը գրողն ալ այդ զրկուողներէն եղած է, մինչեւ որ չորս տարի ետք բոլորովին այլ պայմաններու բերումով յաջողած է մեկնիլ Հայրենիք եւ դառնալ ուսուցիչ, դասախօս եւ հրապարակագիր։ (Խմբագրութեան կողմէ՝ Մ.Գ.)
Ժիր-Այր, Յառաջ գրական, հասարակական շաբաթաթերթ, Պէյրութ, 27 մարտ 1966
Վերջին տասնամեակին Հայրենիք-Սփիւռք յարաբերութիւնները հաստատեցին իրապէս նոր զարգացում: Հայրենիք-Սփիւռք յարաբերութեանց շրջագիծէն ներս, տասնամեակ մը առաջ, կ’արձանագրուէր աննախընթաց երեւոյթ մը. Հայրենիքը՝ առաջին անգամ ըլլալով, իր պետական համալսարանի դռները կը բանար սփիւռքահայ ուսումնատենչ ուսանող-ուսանողուհիներուն առջեւ:
Առաջին բախտաւորները մեկնեցան ընդհանուր խանդավառ մթնոլորտի մէջ: Ապա տարիներէ ի վեր նոր եւ աւելի մեծ խումբեր կը շարունակեն մեկնիլ: Մեկնեցան անոնք, ու ղրկեցին խանդավառ նամակներ ու յօդուածներ: Սփիւռքի թերթերը լայնօրէն անդրադարձան երեւոյթին ու մեկնաբանեցին զայն: Իսկ այսօր, արդէն բնական երեւոյթ դարձած է սփիւռքահայ ուսանողներու մեկնումը Երեւան՝ պետական համալսարանին կամ ուսումնական բարձրագոյն հաստատութեան մը մէջ ամբողջացնելու համար իրենց ուսումը: Առաջին մեկնողները, արդէն վկայուած որպէս բժիշկ, մասնագէտ-ինժենէօր, մանկավարժ եւն., վերադարձած են ու լծուած գործի, եւ ուրախալի է այս պարագան: Բայց, մնաց կէտ մը անբացատրելի եւ անբնական:
Հայրենիք մեկնեցան նաեւ այնպիսիներ, (եւ դժբախտաբար ասոնց թիւը մեծ է), որոնց մեկնումը կարելի չէ արդարացնել եւ ըմբռնել որեւէ ձեւով, իսկ մերժուեցան ուրիշներ, որոնք արժանի էին եւ կը լրացնէին բոլոր պայմանները՝ ընդունուելու համար որեւէ համալսարան, եւ որոնց միակ փափաքն էր, տարիներով փայփայուած երազը՝ ուսանիլ Հայրենիքի մէջ: Անուններ յիշատակել դժուար պիտի չըլլար բնաւ, եթէ այդ յիշատակումներէն աւելի կարեւոր չըլլար մատնանշումը երեւոյթին: Մեկնողներուն կարեւոր մէկ տոկոսը համալսարանական դառնալու պայմաններուն նուազագոյնը իսկ չունէր: Բայց մեկնեցան: Անոնցմէ շատեր ձախողութիւններ արձանագրեցին, դասարան կրկնեցին, վարկաբեկուեցան, ըրին ամէն բան, բացի այն բանէն՝ որուն համար գացեր էին, բայց շարունակեցին մնալ … ուսանո՜ղ:
Դարձան նաեւ տեւապէս ճամբորդող, նաւն ու օդանաւը սիրող թռչուններ: Գացին անոնք եւ առաջին տարին եթէ անգամ մը իրենց հարազատները տեսնելու եկան, երկրորդ տարին եկան երկու անգամ, երրորդ տարին՝ երեք կամ աւելի անգամներ: Եթէ իրենք չեկան եւ կամ ալ չկրցան գալ, անպակաս եղան հեռագիրներ՝ զանոնք կրկին բերելու համար «գուժելով» ընտանեկան մօտիկ պարագայի մը մահամերձ վիճակը, մահը եւ կամ «աւետելու»՝ նշանտուքի կամ հարսնիքի մը պարագան: Ու եկան անոնք հեւ ի հեւ, օգտուելով իրենց ուսանողի հանգամանքէն, ու մեկնեցան նոյն սփիւռքահայ ուսանողի հանգամանքը շահագործելով: Եկան ու գացին, նոյնիսկ լուռ հանդուրժողութեամբը իրենց պատասխանատուներուն եւ դասատուներուն:
Ինչպէ՛ս գացին այս համալսարանի պայմանները չլրացնողները: Գացին, որովհետեւ կը վայելէին թիկունքը «զօրաւոր միջնորդներու»: Գացին այնպիսիներ որոնք, մէկ օրէն միւսը, հրաշքով ութերորդ դասարանէն անցան տասնմէկերորդի եւ «ստացան» երկրորդական վարժարանի վկայական: Գացին առանց քննութիւն անցընելու, երբ քննութիւն տալը տարրական պայման է որեւէ համալսարան դիմողի: Այսպէս, ցաւալի է հաստատել որ գացին փաստօրէն վրիպած աշակերտներ՝ գրաւելով տեղը արժանաւորներուն, որոնք ունէին ամէն յարմարութիւն եւ տուեալ, յաջողակ էին ու աշխատասէր, չքաւոր էին բայց խելացի: Եւ սակայն անոնց կը պակսէր կարեւորագոյնը՝ «ամենակալ միջնորդը»: Անոնցմէ կը պահանջուէր լիբանանեան պետական պաքալորէա, երբ մեկնողներէն – շուրջ 100 ուսանող – հազիւ երեքը ունէին պահանջուածը:
Գացին այս ձախողածները: Ոմանք բացակայեցան դասերէ, եւ ամավերջին, երբեմն առանց քննութեան, ստացան առաւելագոյն գնահատականը՝ գերազանց: Ու շարունակեցին երթեւեկել Հայաստանէն – Լիբանան, Լիբանանէն – Հայաստան, երբեմն շեղելով ճամբէն, հանդիպելու համար Փարիզ, Իտալիա, Պելճիքա եւ այլուր:
Իսկ մնացողնե՞րը, արժանինե՞րը… Եթէ չկարողացան իրենց միջոցներով տեղաւորուիլ տեղ մը, հրաժեշտ տուին ուսումին՝ դառնութեամբ. իսկ «բախտաւորները» որսացուեցան օտար հաստատութիւններու եւ կազմակերպութիւններու կողմէ, եւ փոխանակ բռնելու Երեւանի ապահով ճամբան, բռնեցին անհանգրուան հեռուներու ճամբան: Այս տգեղ երեւոյթին պատասխանատուները ուսանողներէն աւելի անոնցմով զբաղող մարմիններն ու անձերն են, անոնց հանդուրժողութիւնը:
Հայրենիքի եւ սփիւռքի մէջ ուսանողներու գործով զբաղող պատասխանատուները հարկ է որ լրջօրէն անդրադառնան այս տխուր երեւոյթին եւ գտնեն ճիշդ ձեւը ուսանողներու ընտրութիւնը եւ կեանքը իր պատշաճ հունին մէջ եւ բարձրութեան վրայ դնելու համար:
Եթէ այս ցաւառիթ մատնանշումները կ’ըլլան յատկապէս այս օրերուն, այդ անոր համար է, որ բազմաթիւ ուսանողներ այս շրջանին արդէն կը սկսին ներկայացնել իրենց դիմումնագրերը՝ ընդունուելու համար Երեւանի պետական համալսարանը, անոր համար մանաւանդ, որ արժանաւորները արժանանան այս մեծ բախտաւորութեան եւ ի զուր չվատնուին այնքա՜ն նիւթական ու բարոյական բարիք ու աշխատանք:
Սփիւռք-Հայրենիք յարաբերութիւններու մէջ կարեւոր տեղ ունի ուսանողներու պարագան, որ ամէն տարի կը զարգանայ աւելի, եւ որ անհրաժեշտ է կանոնաւորել, լրջացնել, վարկաւորել: Այլապէս վատնուած ոյժերը կը մնան անպտուղ: