ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ – ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Archbishop Vicken Aykazian, Archbishop Khajag Barsamian, and Archbishop Kisag Mouradian

5 Նոյեմբեր 2021

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ արտասահմանեան թեմերէն ներս ծառայող՝ Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութեան անդամներս մտահոգութեամբ տեղեկացանք վերջին շրջանին Երուսաղէմ տեղի ունեցող դէպքի մը մասին, որ է «Կովերու պարտէզ»ի տարածքին վարձու տալու եւ անոր վրայ «եօթ աստղանի» հիւրանոց կառուցելու համաձայնագիրի հարցը:

Այս իմաստով վանքաբնակ մեր միաբանակից եղբայրները 27 Հոկտեմբեր 2021-ին հրապարակած են «Յայտարարութիւն» մը, ըստ որուն հակականոնական կը նկատեն «Կովերու պարտէզի» համաձայնագիրը, քանի որ ստորագրուած է առանց Տնօրէն եւ Միաբանական ժողովներու քննարկման եւ վաւերացման: Մեր կարգին մենք եւս կը միանանք անոնց կատարած յայտարարութեան՝ յայտնելով նաեւ մեր անհամաձայնութիւնը վերոյիշեալ տարածքին վրայ «եօթ աստղանի» հիւրանոց կառուցելու համաձայնագրի առնչութեամբ, որ ստորագրուած է՝ ինչպէս կը յիշուի «Յայտարարութեան» մէջ,  8 Յուլիս 2021-ին, Երուսաղէմի Հայ Պատրիարք Տէր Նուրհան Արքեպս. Մանուկեանի, Սուրբ Աթոռոյ Լուսարարապետ Տէր Սեւան Արքեպս. Ղարիպեանի եւ Կալուածոց Տեսուչ Տէր Պարէտ Ծ. Վրդ. Երէցեանի կողմէ:

«Յայտարարութիւն»ը յստակ կերպով կը ներկայացնէ կատարուածը հակականոնական ըլլալու պարագան, մէջբերելով «Կանոն Միաբանական Ուխտի» անտեսուած Յօդ. 67-ը եւ ի մասնաւորի կը յիշատակէ 2015-ին երիցս քուէարկութեամբ հաստատուած կանոնը, զոր աւելի հասկնալի ըլլալու համար կ’արտագրենք ամբողջ պարբերութիւնը.-

«Աւելին՝ ըստ 2015 թուականի երիցս քուէարկութեամբ հաստատուած կանոնի «…մէկէն մինչեւ քսանհինք տարի ժամանակաշրջան ընդգրկող համաձայնագրերը պիտի ստորագրուին նուազագույն երեք անձերու կողմէ՝ Պատրիարք Սրբազան Հօր (Ս. Աթոռը թափուր ըլլալու պարագային, Տեղապահի կամ Պատրիարքական Փոխանորդի), Լուսարարապետի, Տնօրէն ժողովի Ատենապետի եւ Կալուածոց Տեսուչի կողմէ, իսկ քսանհինգէն առաւելագոյնը քառասունինը տարիներուն՝ նուազագոյնը երեք անձերու կողմէ՝ Պատրիարք Սրբազան Հօր (Ս. Աթոռը թափուր ըլլալու պարագային, Տեղապահի կամ Պատրիարքական Փոխանորդի), Լուսարարապետի, Միաբանական Ժողովի Ատենապետի եւ Տնօրէն Ժողովի Ատենապետի կողմէ: Ասոնցմէ Պատրիարք Սրբազան Հօր (կամ Տեղապահի), Միաբանական Ընդհանուր Ժողովի Ատենապետի ստորագրութիւնները պարտաւորիչ են»:

«Կովերու պարտէզ»-ի համաձայնագիրը Պատրիարք եւ Լուսարարապետ Սրբազան Հայրերէն զատ ստորագրած է նաեւ Կալուածոց տեսուչը, որ հակառակ է վերը բերուած կանոնին. Կալուածոց տեսուչը երբեք իրաւունք չունի ստորագրելու 26-49 տարուայ որեւէ համաձայնագիր, առաւել եւս 99 տարուայ համաձայնագիր»:

Սոյն գիրով կը միանանք մեր միաբանակից եղբայրներուն՝ ըսելու համար, որ Կալուածոց Տեսուչ Տէր ՊարԷտ Ծ. Վրդ. Երէցեանի կատարած յայտարարութիւնները Պատրիարքութեան ֆէյսպուքեան էջին վրայ, պնդելով որ թէ՛ Տնօրէն Ժողովը եւ թէ՛ Միաբանական Ընդհանուր Ժողովը տուած են իրենց համաձայնութիւնը եւ օրհնութիւնը, ճիշդ չեն: Կը պահանջենք որ նուազագոյն այս նիւթին մասին կատարուած ատենագրութիւնը տպուի եւ բաժնուի Միաբանութեան արտասահման ծառայող անդամներուն:

Ուստի, մեր խնդրանքն ու յորդորն է մեր Սրբազան Պատրիաքին՝ Նուրհան Սրբազանին, ինչպէս նաեւ Լուսարարապետ՝ Սեւան Սրբազանին եւ Կալուածոց  Տեսուչին որ չեղեալ նկատեն իրենց ստորագրած համաձայնագիրը, նախ ի շահ Սրբոց Յակոբեանց մեր Միաբանութեան, ապա նաեւ ի շահ Հայ Եկեղեցւոյ եւ Հայ Ժողովուրդին:

Վանքը, Միաբանութիւնն ու մեր հաստատութիւններն են զոր պիտի ժառանգեն մեր ապագայ սերունդները: Մնայունը մեր թողելիք ժառանգութիւններն են, ըլլան անոնք նիւթական կամ բարոյական: Եթէ լաւ գործեր կատարենք, մեզ բարի պիտի յիշեն, իսկ եթէ սխալ ու չար գործեր կատարենք, հաւանաբար նոյնիսկ չյիշեն եւ կամ անիծեն: Ուստի ըլլանք ու դառնանք այն անձերէն, որոնք երանելի են եւ ունին ու թողած են յիշատակ մը Սիոնի բարձունքին կամ Երուսաղէմի մէջ:

Գիսակ Արք. Մուրատեան Արժանթինայի Հայոց թեմի առաջնորդ

Խաժակ Արք. Պարսամեան  Վատիկանի Մայր Աթոռի ներկայացուցիչ եւ Արեւմտեան  Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ

Վիգէն Արք. Այքազեան Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Պատուիրակ, Ուաշինկթոն

Արիս Արք. Շիրվանեան Մայր Աթոռ Սբ. Էջմիածին

Գուսան Վրդ. Ալճանեան Զուիցերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդական տեղապահ

Բագրատ Ծ. Վրդ. Պուրճէքեան ԱՄՆ-ի Հայոց Արեւմտեան թեմ

Սեղմէք  Save the Lands յայտնելու համար ձեր զօրակցութիւնը
2 comments
  1. Երուսաղէմը Ձեր կարօտը ունի, հասէք անոր օգնութեան։ Արժանապատիւ հայրեր, 3 Արքեպիսկոպոսեր եւ 3 Ծայրագույն Վարդապետներ, ձեր զօրակցութիւնը ձեր
    12 եղբայրներուն Երուսաղէմի մէջ այս օրերուն շատ կարեւոր էր։ Ժամը հասաւ, որ անձնապէս Երուսաղէմ ժամանէք եւ ազատէք մեր Երուսաղէմի Սուրբ Աթոռը։
    Վերջ տուէք այս խայտառակ վիճակին եւ հրաժարեցուցէք Պատրիարք Նուրհան Մանուկեանն ու Պարէտը։ ՀԱՍԷՔ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ:

  2. Kudos to our reverend fathers from the Vatican to Argentina, from Switzerland to Washington, east and west coast of USA for their courageous act of solidarity with their twelve outspoken brethren in Jerusalem who demand what’s just for our treasured land.
    It’s time for our political and social organizations to speak up. What’s holding them back?

Leave a Reply

Comments containing inappropriate remarks, personal attacks and derogatory expressions will be discarded.

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You May Also Like
Read More

ՄԻԱԿՈՒՌ

«․․․Օ՜, խաղատուն դարձած հայրենական մեր տուն, Ցեխերի մէջ ընկած մագաղաթեայ մատեան, Կախաղանի սիւնից կախուած անկախութիւն, Մեր յոյս երազների…
Read More