Արդարութեան եւ ազատութեան մարտիկը՝ Գասպար Տէրտէրեան

Ձախին՝ Յակոբ Պօղոսեան իսկ աջին՝ Մեթր Գասպար Տէրտէրեան

Վկայութիւն Մեթր Գասպար Տէրտէրեանի Մասին

Տոքթ. Տիգրան Ժ. Աբրահամեան, Օնթարիօ, Հոկտեմբեր 2021

Կը յիշեմ այսօրուան պէս: Հայկական ցեղասպանութեան յիսնամեակը (1965) նախորդող երկու տարիներու ընթացքին խլրտում մը կը ձեւաւորուէր լիբանանահայ ուսանողութեան եւ ընդհանրապէս երիտասարդ մտաւորականներու շարքերէն ներս: Առաջին կարգի վրայ էին ձախակողմեան-մարքսիստ պիտակաւորուածները, որոնք «արժանացան» կարգ մը ներգաղութային քաղաքական հոսանքներու ղեկավարութեան անհեթեթ պարսաւանքներուն, ամբաստանութիւններուն, սպառնալիքներուն եւ ֆիզիքական բռնութեան:

Ի՞նչ էր «մեղքը» այդ երիտասարդներուն: Անոնք, ի շարս այլ ներկուսակցական պահանջքներու, համարձակած էին բարձրախօսելու ցեղասպանութեան յիսնամեակը հաւաքաբար համագաղութային չափանիշով ոգեկոչելու գաղափարի մասին: Գասպար Տէրտէրեան իր ազդու ոճով, գիտելիքներու ճոխութեամբ, փաստերու թուարկումով, համամարդկային բարոյամշակութային արժէքներու խիստ գիտակցութեամբ, իրաւազրկուած ժողովուրդներու իրաւունքներու վերառումով եւ իրաւաբանական սոկրատեան «տիալեկթիկ» ճկունութեամբ օժտուած՝ դարձաւ վերոյիշեալ ընդյատակեայ  շարժումին գլխաւոր մղիչն ու բանբերը:

Շարք մը շաղակրատող (charlatan) եսակեդրոն անձեր, աթոռամոլ ու ազգային գաղափարական մրցակցութիւնը կորսնցնելու ախտէն վարակուած անհատներ ու շրջանակներ, որոնց նիւթաբարոյական աղբիւները կասկածի տակ էին, խծբծանքի ենթարկեցին Գասպար Տէրտէրեանը: Անոնք լպիրշաբար համարձակեցան ամբաստանութիւններ «շռայլել» աստ ու անդ յանկերգելով, որ Գասպարը ապազգային աղբիւրներու գործակալ մըն էր: Ի հեճուկս բոլոր սադրանքներու, Գասպար Տէրտէրեան ուսուցիչը, գաղափարական ընկերը, համագաղութային անսակարկ առաջնորդը, առանց զիջելու իր որդեգրած մարքսիստական վարդապետութիւնը, տարիներու ընթացքին իր մտաւոր հեղինակութիւնը ընկալելի դարձուց համակիր եւ այլ շրջանակներու, իր շուրջ համախմբելով մտաւորականներու փաղանգ մը ու ազգային մտահոգութեամբ տառապող ոչ-արհեստաւարժներու հոյլ մը:

Պատահական չէր Գասպարի տասնամեակներ առաջ «Տարագիր Արեւմտահայերու Քոնկրես»ի (ՏԱՀՔ) ստեղծման մարտակոչը, որուն յարեցան այլախոհ շարք մը մտաւորականներ: Ան անպայմանօրէն պարտադիր չէր նկատեր իր կողմէ սահմանուած տարազներու ընդունումը: Պատրաստ էր երկխօսութեան եւ նոր չափանիշերու որդեգրումին համաձայն միջազգային քաղաքականութեան ելեւէջներուն: Ան կը շեշտէր հողային պահանջներու հետապնդումը միջազգային իրաւարար ատեաններու միջոցով, պայմանաւ որ տարագիր արեւմտահայութեան հետնորդները ունենան իրենց միջազցայնօրէն ճանցուած կազմակերպութիւնը, հենած բազմահարիւր, բազմահազար, բազմամիլիոն պահանջատէրերու զօրակցութեան վրայ: Երազ մըն էր գուցէ, որ ցարդ չէ իրականացած. սակայն ո՞վ կարող է գուշակել ապագայ միջ-պետական յարաբերութիւններուն եւ աշխարհաքաղաքական դարձուածքներուն բնոյթը, կամ բարենպաստ անկիւնադարձերը: Մինչ այդ անհրաժեշտ է, որ ՏԱՀՔ-ի ոգին առոյգ մնայ ի հեճուկս աշխարհակուլ այլասերման եւ ուծացումին: Բախտորոշ օրեր կ’ապրինք եւ այդ կոչին գործադրութեան նախանշանները կը նշմարենք «Արեւմտահայերու Ազգային Խորհուրդ»ի հիմնադրութեան սաղմնային նախնական աշխատանքերուն ու «Արեւմտահայերու Ազգային Քոնկրեսի» տասնամեայ գործունէութեան մէջ:

Մեթր Գասպար Տէրտէրեան մեկնեցաւ այս աշխարհէն, սակայն իր կոչը կը շարունակէ թեւաւորել արեւմտահայերու հոգիներուն մէջ: Յաւերժ յարգանք աննկուն մաքառողին՝ գաղափարական երէց ընկերոջս՝ Գասպարին:

ԳԱՍՊԱՐ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆԻ ԿԱՅԾԸ

Դոկտ. Մինաս Գոճայեան, Լոս Անճելըս, Հոկտեմբեր 2021

Երիտասարդ էր: Աչուըներուն կայծը երկինքի աստղերէն էր որ կը ծորէր,
Եւ հասակին ձեւերը մարմարներուն զօրութիւններէն էր կերտուած…
Մտածումը մարդկային արդարութեան էջերէն յստակօրէն ջահավառեալ…
Ճակտին վրայ իրենց ցաւի եւ բարութեան ծաղկըներն ունէին: (Սիամանթօ)

Իմ մարդակերտում-հայակերտումիս մէջ կարեւոր դեր կատարսծ են ընտանիքս, դպրոցներս, ուսուցիչներս, իսկ մարդասիրական եւ ընկերային արդարութեան համար պայքարողի դաստիարակութեան մէջ մեծագոյն դերը կը պատկանի յատկապէս «մարդկային արդարութեան էջերէն յստակօրէն ջահավառեալ» երկու  մեծութիւններու՝ երկու եղբայրներ Արմենակ եւ Գասպար Տէրտէրեաններուն: Ատենին արտայայտուած եմ Արմենակին մասին իր վաղաժամ մահուան առթիւ, հիմա կարգը եկաւ Գասպարին, կամ հարիւրաւորներու համար՝ իսկական «Մեթրին»՝ Գասպար Տէրտէրեանին, «ընկեր Գասպարին» կամ առանց որեւէ մակդիրի՝ պարզապէս՝ «Գասպարին»: Գաղափարակից ընկերային շրջանակին մէջ պարզապէս կ’ըսէինք. «Գասպարը ատենին կը մատնանշէր որ…»: Վե՛րջ, բացատրութեան եւ աւելորդ մեկնաբանութեան կարիք չկար եւ ամէն ինչ հասկնալի էր եւ պէտք էր լրջօրէն հաշուի առնուէր «Մեթրին» ըսածը:

Ո՞ւր էր «գաղտնիքը»: Գաղտնիք չկար: Պատասխանը պէտք էր փնտռել իր դաւանած անշեղ գաղափարախօսութեան (բայց ոչ տոկմայի) մէջ: Իր համար ճշմարտութիւնը մէկ էր, այսինքն՝ եթէ սա դիմացի սարը Մեծ Մասիսն է, ուրեմն Քիլիմանճարօն չէ՛:

Նոր Լիբանան մը

Աշակերտներ էինք իր յաճախած վարժարանին մէջ իր աւարտելէն վեց տարի ետք: Մեր հայկական «փակ» թաղերէն ետք արագօրէն մեր աչքը կը սկսէր բացուիլ աշխարհին, այլեւս «Զարթօնք» եւ «Արարատ» օրաթերթերը միակ աղբիւրը չէին աշխարհաճանաչման, հիմա արդէն կար ՀԲԸՄ Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանը իր ծանրախոհ տնօրէնով, Զարեհ Մելքոնեանով, Գերսամ Ահարոնեանով, Վահէ-Վահեանով: Բայց բան մը պակաս էր, այդ ալ  գաղափարի մը կամ իտէալի մը կերպարն էր:

Նոր էինք ելած 1958-ի Լիբանանի լլկիչ քաղաքացիական բախումներէն, իսկ հայերուս պարագային այսպէս կոչուած «հնչակ-դաշնակ» եղբայրասպան կռիւներէն (եղբայրասպան բառը կը գործածեմ ամենայն զգուշաւորութեամբ, որովհետեւ իրականութեան մէջ կար նախայարձակ կողմ…): Լիբանանեան հայրենիքը կ’աշխատէր բուժել վէրքերը, չորցնել արցունքները եւ լծուիլ նոր Լիբանանի վերակառուցման: Յաջորդող տարիներուն երկիրը, ինչպէս կ’ըսեն, «դրամ հոսեցաւ», արեւմտեան Պէյրութը գլուխը առաւ գնաց, «համրայիզմ»(*) մը սկսաւ եւ երկիրը խորացաւ քաղքենիութեան եւ արեւմտեան բարքերու կոյր ու խելացնոր կապկումի մը յորձանուտին մէջ: Խորացան ընկերային անհաւասարութիւնն ու անկէ բխող հակասութիւնները: Եւ այս բոլորը «պաղ պատերազմի», «արեւելք-արեւմուտքի», դրամատիրութիւն-ընկերվարութիւն պայքարի խորքին վրայ: Խօսքի ազատութեան համեմատաբար ազատ պայմաններու տակ լիբանանեան եւ արաբական աշխարհի մէջ կը շօշափուէին ընկերվարութեան, ընկերվարական երկիրներու ձեռք ձգած «յաջողութիւններու» մասին նորութիւններ, եւ տեղի կ’ունենային քննարկումներ:

Հայ համայնքը նոյնպէս կը գտնուէր այս փնտռտուքին մէջ, մանաւանդ որ «երկաթէ վարագոյրը» քիչ մը բացուած կը թուէր, հայրենի թերթեր, Երեւանի ձայնասփիւռը («Երեւա՛նն է խօսում»), հայրենի արուեստագէտներու, երաժիշտներու եւ գրողներու այցելութիւնները հայութեան սիրտերը կը լեցնէին հպարտութեամբ: Ահաւասիկ այս մթնոլորտին մէջ էր որ մեր դպրոցին մէջ (ՀԲԸՄ Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարան) իր ներկայութիւնը կը զգացնէր իւրայատուկ շարժում մը, որուն անդամներուն ուշադրութեան կեդրոնին մէջ պիտի յայտնուէի ես՝ ուրիշ դասընկերներու կամ աւագ ընկերներու հետ:

Մամուլի եւ հրապարակագրութեան բնագաւառին մէջ այլեւս իրենց ամուր դիրքը գրաւած էին «Նայիրի»ն, «Սփիւռք»ը, «Մեր Նշանաբանն է Յառաջ» թերթերը: Նոր խօսքեր կը հնչէին, նոր վերլուծումներ եւ մեկնաբանութիւններ լոյս կը տեսնէին, իսկ համաշխարհային գետնի վրայ նոր մագլցում կ’արձանագրէին տարատնկեալ Իսրայէլ պետութիւնը ընդ Արաբական աշխարհ, ԱՄՆ լլկիչ պատերազմը Վիեթնամի մէջ, հիփփիական շարժումներ, «Պիթըլզ» ները կ’երգէին հասարակ աշխատաւորի սէրն ու տուայտանքները (“It’s Been a Hard Day’s Night” եւայլն), մինչ Եւրոպան փնտռտուքներու մէջ էր տակաւին:

Վարժարանին մէջ այս շրջանին յանկարծ «խումբ մը տղաք» կը կազմակերպէին հայկական երկրորդական վարժարաններու մասնակցութեամբ «Քիչ մը ամէն բան» կոչուած հանդէս մը: Առաջին անգամ ըլլալով զանազան կուսակցութիւններու եւ յարանուանութիւններու «հովանաւորութիւնը» վայելող դպրոցները կը յայտնուէին մեր վարժարանի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ: Նոր սկիզբ մը կամ մեկնարկ մըն էր սա, իսկ ինծի եւ կարգ մը ընկերներուս համար ինքնագիտակցութեան գալու առողջարար ցնցում մը:

«Ուսանողացը»

Տակաւին մեր վարժարանի հիմնադրութեան տարիներէն, «յառաջդիմական-ձախակողմեան» հակումներով բարձր կարգի աշակերտներ հիմնած էին կիսաընդհատակեայ «ուսանողաց միութիւն» մը: Յետագային պիտի իմանայինք թէ Գասպարն էր սիրտն ու հոգին: Ահաւասիկ այդ շարժումն էր որ մէկ-երկու սերունդ ետք կ’ընդգրկէր նաեւ զիս: Հոյակապ միջավայր մըն էր, ուր ուսանողներս եւ Դարուհի Յակոբեանի ուսանողուհիները բացի ընկերային հաճերլի երկսեռ հանդիպումներէ՝ կը լսէինք կարճ զեկուցումներ, մեկնաբանութիւններ եւ վերլուծումներ աշխարհի մէջ տեղի ունեցող անցուդարձերու մասին՝ Ժան Փոլ Սարթր, Կարլ Մարքս, Էնգելս, Լենին, Ստեփան Շահումեան, Աղասի Խանճեան, սիոնիզմ, մասոնականութիւն, «պուրժուազիա»…բաներ, որոնց մասին պատմութեան դասերուն երբեք չէինք լսեր: Ես, ի շարս այլ ընկերներու, այս «խմբակին» մէջ գտանք մեր ԵՐԿՐՈՐԴ ԴՊՐՈՑԸ, դպրոց մը, ուրուն սիրտն ու հոգին Գասպարն էր եւ այլ՝ Գասպարէն տարիքով փոքր տղաք ու աղջիկներ:

Շուտով մենք դարձանք «նոր դպրոցի» մը սաները եւ հոն թրծուեցանք ու դարձանք ինչ որ ենք այսօր որպէս հայրենասէր բժիշկներ, ճարտարագէտներ, գործարարներ, քանի մը ուսուցիչ-դասախօսներ, կուսակցութիւններէ եւ միութիւններէ ներս գործօն անդամ-անդամուհիներ, խմբագիրներ ու լրագրողներ:

«Ուսանողաց»ը ճիւղաւորուեցաւ նաեւ Հայաստանէն ներս բարձրագոյն ուսում ստացող  սփիւռքահայ ուսանողներու շրջանակին մէջ: «Ուսանողացի» միջավայրէն դուրս եկան «Երիտասարդ Հայ.»ի խմբագիրներ, լրագրողներ, նոյն խմբակին արգանդէն ծնաւ Armenian International Magazine-ը եւ այլ ձեռնարկներ ու ծրագիրներ:

Ոգին Գասպարն էր, Արմենակ Տէրտէրեանը, Յակոբ Պօղոսեանը, Տիգրան Աբրահամեանը (keghart.org) եւ ուրիշներ: Այս խմբակն էր որ ոտքի պահեց Լիբանանի եւ Սուրիոյ հայրենասէր յառաջդիմականներու շարժումը, ուսանողաց կամ համալսարանականներու եւ համալսարանաւարտներու միութիւնները:

Մեթր Գասպար Տէրտէրեանն էր կայծ տուողը. «ՄԵՐ ԳԱՍՊԱՐԸ»ը կ’ապրի՛:

 

(*) Արեւմտեան Պէյրութի Համրա փողոցը կը գտնուի Ամերիկեան համալսարանին շատ մօտ: Այստեղ արագօրէն բացուեցան շարժապատկերի սրահներ, սրճարաններ, զբօսավայրեր, ուր կարելի էր կարծել թէ կը գտնուիս Փարիզի կամ Լոնտոնի ճեմափողոցներուն մէջ, ուր կարելի էր զոյգերով զբօսնել՝ առանց հանդիպելու խեթ հայեացքներու եւ «ազատ» զգալ: Քիչ մը Եւրոպա էր Համրան:

ՓՈԽԱՆ ԴԱՄԲԱՆԱԿԱՆԻ*

Մեթր Գասպար Տէրտէրեանի մահուան քառասունքին առիթով

ՍԱՐԳԻՍ Յ. ՄԻՆԱՍԵԱՆ, Կիրակի, Հոկտեմբեր 3, 2021, Ս. Պետրոս եկեղեցւոյ լսարան

Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան, Յովակիմեան-Մանուկեան Մանչերու Երկրորդական Վարժարանի, 1952-53-ի անդրանիկ շրջանաւարտներու 9 հոգինոց խմբակէն, Մեթր Գասպար Տէրտէրեանն ալ անդարձ շիջեցաւ։

Անցեալի կիսամութ ու փայլուն յիշատակներ կը խուժեն, վերականգնելով դասընկերոջս անմոռանալի կերպարը։

Ուսանողական այդ տարիներուն արդէն փիլիսոփայական վերլուծումներ կ՚ընէր։ Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի առաջին տարիէն ետք անցաւ ֆրանսական Université St. Joseph համալսարան, ուրկէ վկայուեցաւ իբրեւ իրաւաբան։ Կը տիրապետէր հայերէն, արաբերէն, ֆրանսերէն եւ անգլերէն լեզուներուն։

Իր մտածողութիւնը կլանուած էր Մարքս-Էնկելսի փիլոսոփայութեամբ։ Հայկական, անգլիական, ֆրանսական եւ արաբական գրականութեանց գլուխ գործոց ստեղծագործութիւնները ծանօթ էին իրեն։ Կը վերլուծէր այլազան երեւոյթներ, կը վիճաբանէր, ու ճարտասանօրէն կը մեկնաբանէր այլազան քաղաքականութիւններ։

***

1915 Ապրիլ 24-ի Հայոց Ցեղասպանութեան ու տարագրութեանց, Պէյրութի Պուրճի  հրապարակի Մայիս 6-ի կախաղաններու, ինչպէս նաեւ Դամասկոսի Մերճէի, ու Պաղտատի հրապարակներուն վրայ կախաղաններու միջեւ, տեսած է ճակատագրակցութիւն, կոչ ուղղելով արաբական ժողովուրդին, հայութեան հետ միասնաբար պայքարելու փանթուրքիզմին դէմ։

Մեթր Գ. Տէրտէրեան հրապարակագրութեամբ, բազմաթիւ յօդուածներով, Գրական Շրջանակի օրացոյց-ուղեցոյցով, արծարծեց եւ հետապնդեց կազմակերպումը տարագիր արեւմտահայութեան, ներկայացուցչական Կեդրոնական Մարմինի մը, որ լիազօր միակ մարմինի մը հանգամանքով, պիտի հետապնդէր Տարագիր Արեւմտահայութեան միջազգային կարգավիճակը, տէր կանգնելով մեր հողային դատին, ընդդէմ զայն լուծարել փորձող թուրք թշնամի պետութեան։

Անիկա կոչ կ՚ուղղէր անյապաղ ձեռնարկելու, վերակազմակերպումին վերածնունդի նուիրական գործին, ազատագրուելով սնամէջ ինքնասիրահարուածութենէն ու խստանման կենսաձեւէն։

Արդարեւ, 20 Նոյեմբեր 2010-ին, Լոս Անճելըսի մէջ տեղի ունեցաւ սփիւռքահայ կառոյցի մը նուիրուած գիտաժողով։ Նման հանդիպում մըն ալ կայացաւ Փարիզի մէջ, 10 Դեկտեմբեր 2011-ին, կազմակերպութեամբ Արեւմտահայերու Ազգային Համագումարին։ […]

***

Շուրջ տարի մը առաջ, երկու նշանակելի յօդուածներով 2020 Նոյեմբերին ու Դեկտեմբերին, Գ. Տէրտէրեան անդրադարձաւ Արցախի եւ Հայաստանի ճակատագրին։ Հարաւային Կովկասը ու Կեդրոնական Ասիան Ռուսական Դաշնութեան անվտանգութեան գօտին ըլլալով, Փութին միջամտեց իր երկրին խաղաղապահ զօրքերը Արցախ ուղարկելով ա՛յն ատեն միայն, երբ ազերի բանակը գրաւած էր 1988-1994-ին կորսնցուցած իր հողամասերը, Հայաստանի եւ Արցախի միացեալ բանակը ծանր կորուստներու ենթարկելով։ Զուգահեռաբար, Մինսքի խմբակի մնացեալ երկու համանախագահներն ալ (Մ. Նահանգներու եւ Ֆրանսայի) զօրաշարժի ենթարկուեցան Փութինի կողմէ, որպէսզի Ռուսաստանի կողմէ պարտադրուած հրադադարը միջազգային պահանջք դառնայ։ Մէկ խօսքով, Ռուսաստան ամէն գնով պիտի պաշտպանէր Արցախը եւ Հայաստանը, որովհետեւ անոնք երաշխիք կը նկատուէին փանթուրքիզմի դէմ, գէթ որոշ ժամանակի մը համար։

Զուգահեռաբար, Գ. Տէրտէրեան կը մատնանշէր նաեւ, թէ միջազգային հանրային իրաւունքը կը պահանջէ, որ ժողովուրդին անկախութեան հռչակումը ճանչցուի ՄԱԿ-ի անդամ պետութիւններուն կողմէ։ Միջազգային Արդարադատ Ատեանին իրաւախոհական դրական կարծիքն ալ մեծապէս պիտի նպաստէր Արցախի միջազգային ճանաչումի աշխատանքին։

Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը անկապտելի, անառարկելի, անժամանցելի եւ անհրաժարելի էր։ Անիկա կարեւոր կը նկատէր ժողովրդահայրենասիրական համակարգի մը ստեղծումը։

***

Համակրելի էր Գասպարին ընկերութիւնը։ Դժբախտաբար, Լիբանանի քաղաքացիական 15 տարիներու պատերազմը (1975-90) անկայուն գոյավիճակ ու ժխտական ազդեցութիւն եւ հետեւանք ունեցան իր վրայ։

Միայնակ, ամփոփուած իր աշխարհին մէջ, անցնող ժամանակին հետ հետզհետէ հիւծեցաւ, մարելով փափախումը իր սրտին, հայրենի ժողովուրդին եւ սփիւռքահայութեան ճակատագրին հետ տագնապող փիլիսոփայ-տեսաբան մեր հայուն։

 

* ՅԳ. Շրջանաւարտ դասարանի սաներն էին Այվազեան Վաչէ, Թորոսեան Լեւոն, Խապայեան Կարապետ, Կարապետեան Սենեքերիմ, Մինասեան Սարգիս, Սահակեան Յակոբ, Պահատրեան Միսաք, Տէրտէրեան Գասպար ու Տեմիրճեան Արսէն։

Գրասէր յիշեալ տղոցմէ 4 հոգի, խորհրդական ունենալով Պրն. Օննիկ Սարգիսեանը, խմորատիպ տպագրութեամբ, հրատարակեցին «Նուիրում» ամսաթերթ-պարբերականը։

Ծանօթութիւն Keghart.org-ի:-

1. Նկարը՝ ձախին Գասպարի գաղափարակից ընկերը Յակոբ Պօղոսեան, իսկ աջին՝ Մեթր Գասպար Տէրտէրեան.

2. Արեւմտահայերու Ազգային Համագումարը հիմնադրուեցաւ 10 Դեկտեմբեր 2011-ին Սեւրի մէջ: Այս տարուայ վերջին կազմակերպութիւնը պիտի նշէ իր գործունէթեան տասնամեակը: Սեղմէք NCWA Activities & Opinions (2009-2018) գաղափար մը կազմելու համար հաստատութեան մասին:

 

Leave a Reply

Comments containing inappropriate remarks, personal attacks and derogatory expressions will be discarded.

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You May Also Like