«Հալեպն ընկավ. ի՞նչ կլինի հետո»

Ընդառաջելով «Գեղարդ»ի ընթերցողներէն Արամի առաջարկին ձեզի կը  ներկայացնենք Աբրահամ Գասպարեանի մեկնաբանութիւնները 
Հալէպի վերջին եղելութիւններուն մասին:

Արամ կը գրէ.- 
«Աբրահամ Գասպարեանի (ծնեալ՝ Հալէպ) այս տեսաերիզը (արեւելահայէն) բազմաթիւ տեղեկութիւններ կը հաղորդէ Թուրքիոյ 
կատարած միջամտութեան մասին Հալէպի անկումին կապակցութեամբ: Տրուած մանրամասնութիւնները եւ 
մեկնաբանութիւնները նաեւ այլ տեղական ու միջազգային ուժերու վերաբերեալ համապարփակ պատկեացում մը կը ներկայացնեն: 
Կ’արժէ ունկնդրել:»
1 comment
  1. Ասոնք ընդդիմադիրներ չեն, վարձկան ահաբեկիչներ եւ Մահմեդական ծայրահեղական խմբավորումներ են։ Գաիտա եւ Իսիս կը պատկանին!
    Այս “ընդդիմադիրները” ուրկէ՞ եկած են: Ո՞վ իրենց կը մարզէ, զենք եւ զինամթերք կը հայթայթէ. Ի՞նչ նպատակով։ Իտլիպը որու՞ն իշխանութեան տակ է. Ո՞վ իրենց կը պաշտպանէ եւ դրամական օգնութիւն կ’ուտայ.- Թուրքիան, Հրեաստան Ամերիկայ։ Ընդդիմադիրները երբ զենքով պատերազմին իրենց կառավարութեան եւ Սուրիոյ բանակին դէմ, այլեւս ընդդիմադիր չեն սեպուիր, ահաբեկիչ կ’անուանուին։
    Արցախի պատերազմին Թուրքիան Սուրիայէն (ՎՃԱՐՈՎԻ) ահաբեկիչներ չբերա՞ւ Ազերիներուն հետ պատերազմելու Հայաստանի եւ Արցախի բանակին դէմ:
    Ես Եգիպտահայ եմ եւ շատ լաւ գիտեմ տարբերութիւնը ընդդիմադիրներուն եւ ահաբեկիչներուն միջեւ։ 2012-ին Arab Spring-ին Ամերիկայի քաջալերութեամբ Մահմեդական Եղբայրութիւն կազմակերպութիւնը իշխանութեան տիրացաւ բայց միայն մեկ տարի տեւեց։ Երկիրը ետ տարին, մահմեդական ծայրահեղ օրենքներ պարտադրեցին։ 15 միլիոն Քրիստոնեայ Ղպտիներուն հալածեցին, սպանեցին եւ 90-է աւելի եկեղեցիներ այրեցին։ Եգիպտոսի կառավարութիւնը եւ բանակը 4-5 տարիներ հետո կարողացաւ զանոնք ոչնչացնել եւ օրենք կանոն վերահաստատել։ Տեսնենք ասոնց վերջը ինչ պիտի ըլլայ։

Leave a Reply

Comments containing inappropriate remarks, personal attacks and derogatory expressions will be discarded.

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You May Also Like