
Over the years, Mr. Aghbashian has amassed extensive knowledge of the inner workings of Armenian politics, and has first-hand knowledge of the contemporary and past challenges Armenians face in Armenia, Artsakh, and in Diaspora. The following are samples of his recent columns. As of this issue, he will regularly contribute to Keghart.com, sometimes exclusively.
Keghart Editorial Board welcomes Barouyr Aghbashian.
Մենք Ենք՝ Մեր Ցաւերը
Պարոյր Աղպաշեան, Պէյրութ, Մարտ – Ապրիլ 2011
Սփիւռքն Ալ Պէտք Ունի «Կթան Կով»երու
Անմեղ, բայց ճակատային հարցում մը.
Սփիւռքը պէտք ունի՞ թէ ոչ նիւթական յատկացումներու, ներդրումներու, աղբիւրներու, նպաստներու, որոնք, առնուա՛զն, բարօրութեան, յուսալիութեան կամ գոհունակութեան մթնոլորտ մը ստեղծեն, ազգային կեանքի հեռանկարային յարատեւութեան մէջ:
Պատասխանը, միանշանակ, այո՛ է, եւ այն ալ ինչպէ՜ս:



Over the years, Mr. Aghbashian has amassed extensive knowledge of the inner workings of Armenian politics, and has first-hand knowledge of the contemporary and past challenges Armenians face in Armenia, Artsakh, and in Diaspora. The following are samples of his recent columns. As of this issue, he will regularly contribute to Keghart.com, sometimes exclusively.
Keghart Editorial Board welcomes Barouyr Aghbashian.
Մենք Ենք՝ Մեր Ցաւերը
Պարոյր Աղպաշեան, Պէյրութ, Մարտ – Ապրիլ 2011
Սփիւռքն Ալ Պէտք Ունի «Կթան Կով»երու
Անմեղ, բայց ճակատային հարցում մը.
Սփիւռքը պէտք ունի՞ թէ ոչ նիւթական յատկացումներու, ներդրումներու, աղբիւրներու, նպաստներու, որոնք, առնուա՛զն, բարօրութեան, յուսալիութեան կամ գոհունակութեան մթնոլորտ մը ստեղծեն, ազգային կեանքի հեռանկարային յարատեւութեան մէջ:
Պատասխանը, միանշանակ, այո՛ է, եւ այն ալ ինչպէ՜ս:
Անգամի մը համար, դարձեալ ու դարձեա՛լ, նայինք ազգային մեր կառոյցներու իրավիճակին, որոնց մեծ մասը դալկանալու ու խամրելու տխուր ընթացքի մէջ կը գտնուի, պարզապէս անոր համար, որ անոնք կը տառապին «նիւթական սրսկում»ներու պակասէն:
Մենք աւելին կ՝ըսէինք. այդ կառոյցներու «բնակիչ»ները սկսած են «ծերանալ», տարիքային հասունութեամբ, մտքի կարողութեամբ թէ նորերու անգտանելիութեամբ:
Փետրաթափութիւն մը կը տիրէ ամենուրէք, կրթական, հրապարակագրական, հասարակական, կուսակցական, միութենական թէ արուեստագիտական մարզերէն ներս, ուր չկան մասնագիտական մարդուժեր, տեսլապաշտ պատասխանատուներ, հմուտ գրիչներ, ձեռնհաս ղեկավարներ եւ ազգային գործիչներ:
Եւ ասիկա՝ ոչ թէ անոր համար, որ այդ բարեմասնութիւններով նուիրեալներ ու մասնագէտներ չկան, այլ՝ անոնց վրայ գուրգուրալու հովանաւորներ ու պայմաններ չկան, ինչ որ պատճառ կը դառնայ անոնց իրենց «բախտ»ը փորձելու կամ չուելու այլուր:
Ինչո՞ւ հոս հասանք, ազգային խայտաբղէտ կառոյցները, մեղմ ըսած, տկարացնելով, անշքացնելով, ինչո՞ւ ոչ, նաեւ պարպուելու հաւանականութեան դատապարտելով:
Արջի քաղաքականութիւն խաղալու փորձութեան մէջ պէտք չէ իյնալ, չբաժնելով վերոյիշեալ մատնանշումները, շրջանցելով զանոնք, ժամանակաւոր իրագործումներու (՞) վրայ շեշտը դնելով, մոռնալով որ ատոնք կրնան ըլլալ անցողական, մութ ամպեր կուտակելով արտերկրի հայութեան գլխուն վերեւ:
Այս փշոտ թղթածրարին* վերստին անդրադառնալու պարտաւորութեան տակ գտնուեցանք, ի լուր հետեւեալ հիմնական երեւոյթներուն.
ա. Սփիւռքի ազգային կառոյցները, իրենց գոյութեամբ եւ անձնակազմերով, տակաւ կը մնան կարօտ՝ տնտեսական ներուժերու ու նիւթական նեցուկներու, ապագայական ու շարունակական հիմքերու հզօրացումով:
բ. Արցախի վերաբնակեցման առընչութեամբ, վերջերս, պաշտօնական պատուիրակութեան մը այցելութիւնը Լիբանան, հանդիպումներ ունենալով յատկապէս գործարար շրջանակներու հետ, ապահովելու համար համապատասխան յատկացումներ:
Բնական է, այս զոյգ երեւոյթները, առաջինը իր բարեկարգուելու հրամայականութեամբ, իսկ երկրորդը՝ իր նպաստաւորուելու անհրաժեշտութեամբ, հաւասարապէս կենսունակութիւն են, իւրաքանչիւրը իր պարունակէն ներս:
Սակայն, մեզ մտահոգողը ու չարչրկողը անբարենպաստ եւ անբաղձալի յամեցողութիւնն է Սփիւռքի ազգային կառոյցները պահպանող գործօններուն, ի մասնաւորի անոնց քատրային թիւի եւ որակի վտիտութեամբ:
Ահազանգող չէ՞ հայ ուսուցիչներու նուազումը, հայ լրագրողներու ամլացումը, հայ արուեստագէտներու ստուերացումը, հայ գործիչներու անտեսումը եւ հայ ղեկավարներու նօսրացումը:
Ո՛չ մէկ ազգային կառոյց կրնայ երաշխաւորել իր գոյութիւնը, եթէ դպրոցը, թերթը, մշակոյթը, կուսակցութիւնը, կազմակերպութիւնը պիտի չարժանանայ լուրջ ուշադրութեան ու զօրակցութեան, ամուր ու մնայուն լծակներով, այսինքն՝ տնտեսական լիցքերով:
Առաւել եւս՝ ո՛չ մէկ ազգային կառոյց կրնայ իր դերակատարութիւնը արժեւորել, եթէ անոնք պիտի յանձնուին պատահականութիւններու, անշնորհալիներու, պատեհապաշտներու ու պարագայականներու:
Ուրեմն, ի՞նչ պէտք է ընել, եթէ ոչ ազգային կառոյցներուն տէր կանգնելու յանձնարարութիւն վերցնել ու վճռակամութիւն ցուցաբերել, առաջին հերթին՝
ա. Հիմնադրամներ գտնելով կամ ստեղծելով, որոնք դժուար պէտք չէ ըլլան, այնքան ատեն որ սփիւռքահայ իրականութեան մէջ կան բազմաթիւ գործարարներ ու ձեռներէցներ, աւելի դիպուկ՝ հարուստներ, մեծահարուստներ ու բազմահարուստներ:
բ. Ազգային կառոյցները օժտել մասնագէտ թեկնածուներով, որոնք ազգային յանձնառու ոգի ունին, պատասխանատուութեան գիտակցութիւն ու կարողական նախաձեռնութիւններ:
գ. Ազգային կառոյցներու պատասխանատուները, անձնակազմերը, գործիչները, իւրաքանչիւրը իր դիրքին, հանգամանքին եւ արժանաւորութեան համեմատ, նիւթապէս գնահատել ու վարձատրել, յար եւ նման այլ (կամ օտար) հաստատութիւններու, հիմնարկներու կամ ընկերութիւններու:
Անկարելի՞ են այս բոլորը. երեւակայածի՞ն են, մտածածի՞ն, թէ՞… անծի՞ն:
Ի հարկէ՝ ոչ: Ինչո՞ւ այդպէս պիտի ըլլան, այնքան ատեն որ, «մաշալլա», դրամագլուխով դրամատէրեր, խելքագլուխով խելացի ուժեր կան, իսկ ազգային կառոյցներուն ի՞նչ պէտք է ասոնցմէ աւելին:
Տեսանք ու լսեցինք (եւ ոչ առաջին անգամ), թէ ինչպէս Սփիւռքը չվարանեցաւ ու պիտի չվարանի Արցախին օգնելու եւ ինչպիսի խանդավառութեամբ լծուեցաւ այդ ազգանուէր գործին:
Ինչո՞ւ նոյն ոգին, պատրաստակամութիւնը ու նուիրաբերումը պիտի չցուցաբերուի Սփիւռքի ազգային կառոյցներուն նկատմամբ, քանի անոնք եւս կարիքն ունին երիտասարդանալու, որակաւորուելու, արդիականալու ու մասնագիտանալու:
Անկեղծ ըլլանք. ինչ որ կատարուած էր, կը կատարուի, շնորհակալ ըլլալով հանդերձ, բաւարար չէ՛, ի դէմս այրող ու բազմացող պահանջքներուն, ոչ ալ ճիշդ համեմատեղելի՝ ունեւոր կամ բարերար ազգայիններուն հետ:
Իսկ եթէ ազգային կառոյցները պիտի մնան իրենց «իւղով տապկուելու» պարտաւորութեան տակ, ինչպէ՞ս կ՝ըլլայ, եթէ այս անգամ ալ Սփիւռքը դիմէ Արցախցի ու Հայաստանցի գործարարներուն, որոնց ոմանց հարստութիւնները քաղաք(ներ) շինելու կը հասնին, որպէսզի օգնեն անոնց ծով կարիքներուն:
Հայաստանի մէջ շատ կը խօսուի «կթան կով»երու մասին, իսկ ո՞վ կը կարծէ թէ Սփիւռքը ի՛նք պէտք չունի այդպիսի «կով»երու:
Պէյրութ, 16 Մարտ 2011
* Տեսնել՝ «Սփիւռքը եւս պէ՛տք ունի «թոն»երու», «Նոր Օր», 2 Դեկտեմբեր 2010
Պաշտօնեայ, Պաշտօնակատար, Պաշտօնատէ՜ր
Այս խորագիրը որեւէ զարմանք թող չպատճառէ ոեւէ մէկուն, որովհետեւ այդ իրավիճակները քիչ մը ամէն տեղ կան, ընդ որուն, նաեւ Հայաստանի մէջ, ուր «պաշտօնեայ»ականութիւնը միշտ ի պատուի է, բայց, չկարծուի հասարակ պաշտօնէութեամբ, այլ, անկէ վեր ու վե՜ ր, անհասանելի պաշտօնեաներու… պաշտօնակատարութեամբ ու պաշտօնատիրութեամբ:
Հակառակ այս առընչութեամբ մեր ունեցած «ժլատ» (բայց գէթ հաւաստի) տեղեկութիւններուն, վերջերս վերահասու եղանք նաեւ հայրենական յօդուածի մը՝ «Ինչպէ՞ս են պաշտօնեայ դառնում Հայաստանում», Կարէն Յակոբջանեան, 12 Յունուար 2011, (վերարտատպուած ֆրանսահայ «Նոր Յառաջ»ի 20 Յունուար 2011ին մէջ), ուր աւելի «պերճախօս» տուեալներու ու տեղեկութիւններու դէմ յանդիման գտնուեցանք:
Հիմա, ոմանք, այս տխուր իրականութեան անդրադարձումը կը մեկնաբանեն անով, որ Հայաստանի մէջ սպիտակ կողմերը, սեւերէն աւելին են (կամ հաւասար), մենք ալ կ՝ըսենք. թերեւս, բայց ատիկա ճի՞շդ բանաձեւում է, առարկայակա՞ն մօտեցում է, երբ իրականութեան եւ անիրականութեան միջեւ կան փարսախներով հեռաւորութիւն:
Մենք՝ Սփիւռքի մէջ, կը տառապինք բազմաթիւ «ախտ»երէ եւ չկարծուի թէ ատոնք (միայն) իրարու նկատմամբ գերադասութիւններէ, իրերամերժութիւններէ կամ մրցակցութիւններէ կու գան, այլ՝ իւրաքանչիւր կազմակերպութենէ ներս գոյացած պաշտօնակալութենէն («պիւրոկրատիզմ»էն), որ ընկերութեան մէջ ահաւոր «որդ-ցեց» մըն է, կրծելով մեր իրականութիւնը:
Սակայն, Սփիւռքը՝ Սփիւռք, իր ցաւերով ու յոյզերով, տագնապներով ու մտահոգութիւններով, որոնք միշտ մեր կիզակէտին վրայ կը գտնուին, մինչ բուռ մը հայրենիքը ո՞ւր է, ո՞ւր կ՝երթայ, ղեկավարութիւնը ո՞ւր կը տանի հայ ժողովուրդը:
Իրաւունք կա՞յ թէ չկայ այս մասին արտայայտուելու, խորհրդածելու եւ, ի հարկին, ՔՆՆԱԴԱՏԵԼՈ՛Ւ, երբ իշխանաւորներ ու աւագանիներ, կը շարունակեն, յստակ ըսած, շահագործել իրենց դիրքերը, նախագահականէն մինչեւ խորհրդարանականն ու կառավարականը:
Այս մասին խօսիլը մե՞ղք է, թէ՞՝ արգիլուած, երբ հայրենի ժողովուրդէն ու մանաւանդ «համտեսող»ներէն շատեր կը դժգոհին իշխանութիւներու վարմունքէն ու հովանաւորեալ պաշտօնակալութենէն:
Յօդուածագիր Յակոբջանեան, իրաւացիօրէն կը հարցադրէ. «Ի՞նչ չափանիշներով են նախարար, մարզպետ եւ այլ պաշտօնի նշանակւում մարդիկ», նոյնհետայն յիշեցնելով. «Խօսւում է այն մասին, թէ ոմանց նշանակում են «քէշ» (կանխիկ) փողի դիմաց», իսկ ինչո՞ւ «խօսւում է», որովհետեւ Հայաստանի մէջ գործող կառավարման համակարգը պատուած է գաղտնիութեան եւ անթափանցիկութեան քօղով:
Ահաւասիկ այս վերջին պարագան է, որ ամենէն վտանգաւորն ու աղիտաբերն է, քանի հոն «կը հիւսուին» կամ «կ՝եփին» հարցերն ու թեկնածուները, իսկ ի՞նչ կամ ո՞վքեր պիտի ըլլան ատոնք, եթէ ոչ գործող իշխանութիւններու բացարձակատէրերը, ինչպէս Հանրապետական Կուսակցութեան մենաշնորհեալները, ընդ հովանեաւ Պրն. Սերժ Սարգսեանի:
Գաղտնիք չէ որ, օրինակի համար, Ազգային Ժողովի ու կառավարութեան անդամներուն մեծ մասը «պիզնէսմէն» է (պարկեշտ թէ անպարկեշտ վարկածները մէկ կողմ դրած), հետեւաբար, ինքնըստինքեան արդէն կը պարզուի, թէ անոնք ընտրութիւններու թէ նշանակումներու ժամանակ, ինչպէ՞ս թառած են իրենց աթոռներուն վրայ:
Կ՝ըսուի թէ Օրինաց Երկիր Կուսակցութեան առաջադրած գիւղատնտեսութեան նախարարը (որ վերջերս պաշտօնանկ եղաւ), փոխան «կոկիկ» գումարի նշանակուած է իր պաշտօնին, բայց այն աստիճան «աւերներ» գործած է, որ անհնար էր այլեւս զինք պահել (կամ պաշտպանել), ուստի, մինչեւ իր տուած գումարը «վերստանայ», մնացած է հոն, ապա տուն ճամբուած… պարարտացած քսակով:
Անոր տեղը նշանակուած նոր նախարարը, որ կ՝ըսուի թէ յաջողած գործարար մըն է, կրնա՞յ ըլլալ որ «առանց պայման»ի հոն հասաւ, առաւել եւս, իր անձնական հասոյթները ձգելով ու միա՞յն նուիրուելով պետական-հասարակական ծառայութեան, մինչ իր պաշտօնակիցները կը շարունակեն իրենց դիրքերը շահագործել ու նորանոր հարստութիւններ դիզել:
Իշխող կուսակցութիւններու անդամներուն զեխ ու շռայլ կեանքը ինչպէ՞ս բացատրել կամ մեկնաբանել – շքեղ դղեակներէն մինչեւ «լիւքս» ինքնաշարժեր, վայելքի շրջապտոյտներ, շահաբեր գործարքներ, նաեւ «զգլխիչ» գրասենեակներու եւ ընկերութիւններու հիմնում:
Ասոնք ի՞նչ միջոցներով կ ՝ըլլան. մարդ որքան միամիտ կամ… բթամիտ ըլլալու է, կարծելու թէ պարկեշտ ճամբաներով կամ «հալալ» քրտինքով, մանաւանդ որ նոյն այդ կուսակցութիւնները, արդէն այժմէն ազդանշանը տուած են խորհրդարանական ու նախագահական ընտրութիւններուն, պահելու իրենց իշխանութիւնները եւ «ռիմոթ-քոնթրոլ»ները:
Դեսպաններ նշանակելու կամ տեղադրելու փաթեթը խայտառակութեան ուրիշ թղթածրար մըն է, որուն կարգ մը մանրամասները… փշաքաղիչ են, երբ ծանօթ են անոնց գործուղման խորհրդաւոր ծալքերը:
Սակայն, ուշագրաւ կէտ մըն է նաեւ գործող վարչապետին եղբօր, Չինաստանի մէջ, դեսպան նշանակուելու պարագան: Թեկնածու մը, որուն անունին շուրջ հարցականներ շատ կան, նոյնինքն հայրենական տեղեկատուական մարզերէն ներս, իսկ աւելի հետաքրքրականը, Չինաստանի մէջ «քաուչուկ»ի արտադրութիւնը ըլլալով առատ եւ աժան, արդեօ՞ք նոր դեսպանը փորձութիւններու պիտի չենթարկուի, մանաւանդ որ եղբայրը… մե՜ նծ ուղղութեամբ մեծ հետաքրքրութիւններ ունի:
Յօդուածագիրը իրաւացիօրէն կը գոռայ. «Ա՜ յ քեզ զուգադիպութիւն…»:
Ընդունելի թէ ոչ, հաւատալ թէ ոչ, իրական թէ ոչ, ո՞վ կրնայ անտարբեր մնալ կամ ինքզինք հաւկոյր ձեւացնել, թէ ասոնք չեն պատահիր, երբ ամէն ինչ զգալի ու տեսանելի է, իսկ Հայաստանի մէջ, ժողովրդային շշուկներն ու զրոյցները, մի՛շտ, ամբողջ իրականութեան մը տխուր պատկերը կը ցոլացնեն:
Վստահաբար, շատեր կրնան առարկել, թէ ո՞ւր չկան նման վերիվայրումներ – Լիբանանի՞ մէջ, ճիշդ է, կա՛ն, բայց ատոնք ո՞րքանով կ՝արդարացնեն շահագործումներու ախորժակները ու ժողովուրդին պարտադրուած հիասթափութիւնները, երբ պաշտօնեան կը դառնայ պաշտօնակատար, ապա՝ պաշտօնատէր, ժողովրդավարութիւնը շփոթելով սակաւատիրութեան ու բռնատիրութեամբ հետ, որովհետեւ փտածութիւնը վարէն չէ, այլ…:
Պէյրութ, 27 Մարտ 2011
Հայաստան-Սփիւռք Եւ … Արհեստավարութիւն
Վերջերս, առիթը եղաւ ծանօթանալու ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան մամուլի ու հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան մէկ հաղորդագրութեան, ուր կը յայտարարուի, թէ «Հայաստանի իշխանութիւնները չեն միջամտում Սփիւռքի ներքին գործերին»:
Այդպէս ալ պիտի ըլլար ու պէ՛տք է ըլլայ:
Նոյնն ալ ճիշդ է Սփիւռքի պարագային:
Սակայն, ասոնք «տոկմատիկ» չեն կրնար ըլլալ, երբ խօսքը հայ ժողովուրդին գոյակեցութեան մասին է, համագործակցութեան եւ յարաբերութեան, Հայաստանէն դէպի Սփիւռք եւ՝ հակառակը:
Ասկէ ալ կը սկսի հարցադրումը. ինչպէ՞ս, ի՞նչ հիմունքներով եւ ինչպիսի՞ չափանիշերով:
Անշուշտ, դժուար է յստակ ու կտրուկ բանաձեւումներ գտնել կամ պարզ ու մեկին բնորոշումներ կատարել, բայց կարելի է հասարակ-յայտարարներ գտնել, առանց մոռնալու որ մեր դիմաց կը գտնուի պետականութիւն, բայց նաեւ առանց անտեսելու Սփիւռքի գոյութեան խճանկարային բարդութիւնը:
Հարցը այն է, թէ ինչպէ՞ս պէտք է տեղի ունենայ այդ մերձեցումը, ընդելուզումը, միաձուլումը, առանց պետականութեան վարկաբեկումին, նոյնքան ալ առանց սփիւռքահայութեան անշքացումին, բայց մանաւանդ մէկը կամ միւսի հաշւոյն կամ խաչաձեւումին:
Ըստ էութեան, դիւրին չէ այս բոլորը, բայց, անկարելի ալ չէ, եթէ հաւասարակշիռ, չափաւորեալ ու համահասկացողական եզրերը գտնուին, առաջանա՛ն, այնքան ատեն որ՝ գերխնդիրը, հայ ժողովուրդին գերագոյն շահերն են, իրենց լաւագոյն դրսեւորումներով եւ արդիւնքներով:
Հայրենի իշխանութիւնները իրաւունք չունին Սփիւռքը նկատելու «աղբիւր» կամ «պարունակ», որուն հետ կարելի է վերաբերուիլ ոչ-իրապաշտ սկզբունքներով, երբեմն ալ պատահականօրէն, իսկ Սփիւռքը բացարձակապէս իրաւունք չունի Հայաստանը նկատելու ամէն ինչի «բանալի»ն եւ իր երազները իրականացնող շահագործելի պատուանդան:
Թէ ինչպէ՞ս այս բեւեռները պէտք է զիրար ամբողջացնեն կամ լրացնեն, ինչպէ՞ս պէտք է մէկը կամ միւսը դառնայ իրար զօդող կամուրջ, ահա հոս է «ելք» գտնելու անհրաժեշտութիւնն ու հրամայականութիւնը:
Մեր կարծիքով, դժբախտաբար, տակաւին կարելի չէ եղած հասնիլ կամ մօտենալ այս հանգրուանին, պարզապէս անոր համար, որ մերթ Հայաստանէն հնչած, մերթ Սփիւռքէն լսուած յայտարարութիւններուն մէջ, կայ իրարու նկատմամբ, եթէ ոչ անվստահութեան, բայց զգուշաւորութեան տրամադրութիւն, գոնէ կարգ մը հիմնահարցերու պարագային:
Ասիկա ճշմարտութիւն մըն է, որքան ալ ոմանք տհաճ կամ անընդունելի նկատեն, բայց, ոչ ոք կրնայ շրջանցել զայն, մեկնելով պատճառաբանութիւններէ եւ առարկութիւններէ, որոնք, առնուազն, անհամոզիչ կրնան ըլլալ կամ՝ ե՛ն:
Այս հաղորդագրութիւնը, որ, ըստ էութեան, բազմաթիւ մտածումներու ու մտորումներու առիթ տուող արձանագրութիւն մըն է, ինքնին չի՞ հաստատեր, թէ կայ «ապառողջ» իրավիճակ մը, որուն նկատմամբ կարելի չէ անցնիլ անտարբերութեամբ, այլապէս, ինչո՞ւ Սփիւռքի նախարարութիւնը այս «յստակացում»ները կ՝ընէ, իսկ Սփիւռքը՝ «առիթ» կու տայ անոնց:
Հարցը, այս կամ այն կողմին հետ ըլլալը, պաշտպանելը կամ քննադատելը չէ, այլ՝ ցոյց տալ, որ տեղէ մը սկսուած է ու կը շարունակուի «սխալ» ճամբայ մը, իսկ, իրօք, սխա՞լ է ատոր անդրադառնալը եւ ճիշդ ուղին փնտռելու միջոցներ գտնելը:
Անկեղծ եւ անկաշկանդ պէտք է ըլլալ. մինչեւ հիմա, օրինակի համար, հայկական դեսպանութիւններու մեծ մասը չկրցաւ հասկնալ Սփիւռքը, իր «տարտ»երով ու «խաթըր»ներով:
Նոյնը կարելի է ըսել Սփիւռքի պարագային, թէեւ շատեր կը կարծեն, թէ այս կամ այն առիթով հայրենիք այցելելով, «համա»ներու մասնակցելով, արդէն իսկ ամէն ինչ «կլլած» կ՝ըլլան:
Բայց, միթէ՞ ասոնք են չափանիշերը, համակարգերը կամ ուղեգիծերը, հասնելու բաղձալիին եւ օրինակելիին:
Հայաստանի իշխանութիւնները, յանձինն Սփիւռքի նախարարութեան, կը փորձեն արհեստավարժ մօտեցում մը ցուցաբերել, ինչ որ ճիշդ ընտրանքն է, բայց, ինչպէ՞ս կրնայ ատիկա արդիւնաւորուիլ եւ իրականանալ, երբ կայ փոխադարձ ճանաչողութեան պակաս մը, որուն վրայ… անվստահելիութեան նման բան մը:
Ի միջի այլոց դիտարկում մը. այս քանի անգամ ականջալուր կ՝ըլլանք, ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան կից ատեանի մը կազմութեան մասին, երբեմն նաեւ նշելով թէ անդամները հայկական սփիւռքին ծանօթ մարդիկ են:
Չենք ուզեր վիճիլ (թէեւ այս պարագան ալ հարցադրումներու տեղի տուող քննարկելի օրակարգ մըն է), բայց, այս «ատեան»ը, Սփիւռքի հասկացողութեամբ, շատ անհարազատ ու խորթ է. ատեա՞ն, զով դատելու կամ դատապարտելու համար: Արդեօք, հայերէն լեզուի բազմահարուստ ու բազմահոմանիշ բառապաշարին մէջ, չկա՞ր այլ՝ ընդունելի, հասկնալի ու համազօր եզր մը:
Արեւմտահայերէնով, երբ որ «ատեան» կ՝ըսուի, վճռատեան, դատարան երթալու ուղին կը բռնուի, հետեւաբար, անոնք որոնք Սփիւռքի նախարարութեան «ատեան»ին մաս կը կազմեն, այն տպաւորութիւնը կը տրուի, որ Սփիւռքը… կը դատեն:
Ահաւասիկ, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններուն գծով, խիստ անմեղ, բայց յոյժ փորձանաւոր դաշտ մը, որմէ զգուշանալու ու խուսափելու համար, չի բաւեր ինքնաբացատրութիւններ եւ ինքնարդարացումներ ներկայացնելը, այլ՝ թափանցելը անոնց խորքին, այսինքն՝ «Հայաստանը Սփիւռքին եւ Սփիւռքը Հայաստանին» յստակատեսութեամբ ու նպատակասլացութեամբ:
Այս հեզասահութիւններուն եւ անցումներուն ճանապարհը գտնելու համար, պէտք չէ հեռուները երթալ, սխալ մեկնաբանութիւններ կատարելով եւ անտեղի վերագրումներու դիմելով, այն տպաւորութիւնը ձգելով, որ կամուրջը-կամուրջ է, հետեւապէս, անոր վրայէն երկկողմանի երթեւեկողը կրնայ ուզած ատեն եւ ուզած ձեւով երթեւեկել, յետոյ ալ տեղի տալով զո՜ ւր «բախումներու»:
Ճիշդ հասկցուինք. տարուող ճիգերը, ներսէն դուրս կամ դուրսէն ներս, քաջալերելի ու գնահատելի են, բայց, աւելի ամուր եւ յուսալի հիմերու վրայ դնելու համար զանոնք, արհեստավարժ ու մասնագէտ տարրերու համախմբումի անհրաժեշտութիւն կայ, առանց սուզուելու աւանդական, գործընկերական, խնամիական կամ հաշուենկատական ոլորտներու մէջ, որոնք, ուզենք կամ չուզենք, աւերներ պարտադրելու արդիւնքներու կը յանգեցնեն:
Միւս կողմէ, լաւ է ըսուած. նախարարութեան «նպատակն է համագործակցել սփիւռքեան ամէն մի կառոյցի եւ իւրաքանչիւր անհատի հետ…», սակայն, եթէ այդ կառոյցներէն ոմանք փլատակեալ են, բեւեռացած, անհեղինակացած կամ ամլացած, այն ատեն ի՞նչ պիտի ըլլայ (այս ալ քննարկելի ուրիշ թղթածրար մը). պարտաւորութի՞ւն պիտի դառնայ անոնց ալ «տեղ» տալ, քանի «այլընտրանք»ը այդ կը հարկադրէ (՞):
Ասկէ՝ եզրակացութիւն մը.
Հայաստան-Սփիւռք կամուրջներ՝ արհեստավարժութեան եւ արհեստագիտութեան հիմունքներով:
Ասոնցմէ դուրս չի՛ք ապագայականութիւն:
Պէյրութ, 11 Ապրիլ 2011
2 comments
Excellent job.
Excellent job.
Aghbashian
I wish Mr. Aghbashian success on the Keghart.com forum. However, being somewhat familiar with backgrounds such as his (Armenian teacher, Armenian party member, Armenian newspaper editor, and generally serving one or another Armenian party…), I suggest that when there is a point to be made, it should be put across as briefly as possible. Lets get to the punchline, so to speak. Readers do not have enough time to read. For a successful contribution to this forum, the articles should not remind readers of Armenian board (editorial, party, teachers, etc.) meetings that go on and on until the wee hours of the morning..
I wish you success.
M. Balabanian
Comments are closed.