Լուսարձակի տակ
ԳԵՂԱՐԴ, 22 Ապրիլ 2020
Դարձեալ Ապրիլ 24 է: Այս տարի, հայկական աւանդական շրջանակները, պսակաձեւ ժահրի համավարակին «շնորհիւ», որոշապէս ազատ պիտի ըլլան քառնաւալի, կամ, առնուազն, ամէն կիրակի կրկնուող պատարագի բնոյթ ստացած ձեռնարկներ կազմակերպելու տաղտուկէն: Առցանց քանի մը ձեւական բաներ կազմակերպել, դարձեալ խօսքով բռունցք ճօճել թուրքին դէմ, կոտորածներ վերյիշեցնել եւ … նման բաներ: Մէկ խօսքով՝ զբաղիլ քաղաքական գիջութեամբ, եւ՝ բաւարարուիլ ինքնագոհ:
Մեր համոզումով, հայ հասարակութիւնը ուղեկորոյս է եւ կը խարխափի իր պայքարի ճիշդ ուղին գտած չըլլալով: Մեծ Եղեռնի 100-ամեակին նախորդած տարիներուն, այդ «յոբելեանական» տարելիցի օրերուն ու անոր յաջորդող ամիսներուն դարձեալ եւ դարձեալ շեշտը դրուեցաւ հայոց ցեղասպանութիւնը միջազգային հանրութեան ու յատկապէս Թուրքիոյ ճանչցնել տալու գաղափարին վրայ՝ զայն ներկայացնելով իբրեւ հայութեան սեւեռակէտը (idée fixe): Միայն շատ քիչեր խօսեցան այդ ճանաչման անհեռանկարային ըլլալուն կամ անոր ետին թաքնուած դաւադրութեան մասին: Առ այսօր, աւանդական կուսակցութիւնները այդ ճանաչումը կը նկատեն Հայ Դատի եթէ ոչ ամբողջական լուծումը, ապա անոր լուծման առաջին փուլը, որուն իբր թէ պիտի հետեւին միւս փուլերը՝ հողային պահանջատիրութիւնը, նիւթական վնասներու հատուցում եւ այլն: Ուրիշներ, ինչպէս Արամ Ա. կաթողիկոս, Հ. Հ.ի Գիտութիւններու Ազգային Կաճառի Պատմութեան Հիմնարկի տնօրէն Աշոտ Մելքոնեան, խօսեցան ու կը շարունակեն խօսիլ ճանաչումէն պահանջատիրութեան փուլին անցնելու անհրաժեշտութեան մասին: Այդպիսիք կ’անգիտանան կամ անգիտանալ կը ձեւացնեն այն փաստը, որ տասնամեակներ առաջ, հայ մտաւորականներ եւ խմբաւորումներ (Սիմոն Սիմոնեան, Գէորգ Աճեմեան, Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակ եւ այլք) Հայ Դատի բովանդակութիւնը կը նկատէին հողայի՛ն պահանջատիրութիւնը եւ ոչ թէ հայոց ցեղասպանութեան քաղաքական մուրացկանութիւնը, երջանկայիշատակ հայրապետ Մկրտիչ Ա. Խրիմեան Հայրիկի պատկերաւոր արտայայտութեամբ՝ «թղթէ շերեփ»ը:
Առ այսօր, երեսուն պետութիւն իբրեւ թէ ճանչցած է հայոց ցեղասպանութիւնը: So what! Դեռ չենք քննարկեր այն փաստը, որ բացի Լիբանանէն (այն ալ՝ բաւական լղոզուած), միւս «ճանաչումները» իրաւական ու քաղաքական առումով յոյժ խոցելի են, հայրենահանուած հայոց անժամանցելի իրաւունքներուն մասին չեն ակնարկեր իսկ: Օրինակ՝ Սուրիոյ խորհրդարանի վերջերս քուէարկած բանաձեւին մէջ նոյնիսկ կը բացակայի ցեղասպանին անունը՝ «թուրք» բառը, չկայ նոյնիսկ «Թուրքիա» անունը. ան փոխարինուած է «Օսմանեան պետութիւն»-ով:
Դեռեւս 1987 թուականի Փետրուարին լոյս տեսած, արժանայիշատակ Ճոն Կիրակոսեանի «Երիտթուրքերը պատմութեան դատաստանի առաջ» ռուսերէն միհատորեակի հայերէն թարգմանութեան յառաջաբանին մէջ կը յայտնէինք հետեւեալ համոզումները: Այն պետութիւնները որոնք կը ճանչնան հայոց ցեղասպանութիւնը եւ կ’ընդունին հայոց՝ իրենց հայրենիք վերադառնալու եւ հոն իրենց ազգային պետութիւնն ունենալու իրաւունքը՝ կը նկատենք մեր ազգի ԲԱՐԵԿԱՄ, անոնք, որ այս երկու պայմաններն ընդունելով գործնապէս կը սատարեն հայոց ազատագրական պայքարին՝ կը նկատենք մեր ազգի ԴԱՇՆԱԿԻՑ, իսկ միայն հայոց ցեղասպանութիւնն ընդունողները կը նկատենք ՇԱՏ ԱՒԵԼԻ ՎՏԱՆԳԱՒՈՐ ԹՇՆԱՄԻ, քան ընդհանրապէս չճանչցողները, քանի որ ճանաչման խեղկատակութեամբ կը նպատակադրեն թմրեցնել հայ զանգուածներուն զգօնութիւնը, պատրանք ստեղծել, թէ ան այս կրիայի ընթացքով կրնայ հասնիլ արդարութեան:
Կազմաւորուելու եւ ամրապնդուելու համար, երեխան կարիքն ունի կաթի, նախընտրաբար՝ մօր կաթին: Ան սնունդ չի ստանար եթէ անոր բերանը խցկուի կերպընկալէ ծծակը, զոր ան որքան ալ ծծէ, սնունդ չի ստանար, կ’ունենայ միայն այն պատրանքը, թէ մօր պտուկն է որ կը ծծէ: Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման խեղկատակութիւնը կը նմանի կերպընկալէ այդ ծծակին, որ մեծ ու փոքր պետութիւնները կը դնեն հայ ազգի բերնին մէջ, մինչդեռ մեր մօրական կաթը ՀԱՅՐԵՆԻ ՀՈՂն է, միայն անկէ՛ գալիք սնունդը կրնայ երաշխաւորել իբրեւ ուրոյն ազգ մեր գոյատեւումը այս արեւին տակ:
Պէտք է այլեւս ջանքեր չթափել հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղութեամբ. այդ՝ քաղաքական գիջութիւն է: Այդ ճանաչումը Հայ Դատին հետ ուղղակի առնչութիւն ՉՈՒՆԻ, ան միջազգային հանրութեան եւ պետութիւններու բարոյականութեա՛ն հարցն է (անշուշտ՝ եթէ այդպիսի բարոյականութիւն գոյութիւն ունի…): Մեր խնդիրը, աւելի որոշակի՝ Հայ Դատին բովանդակութիւնը, ամբողջովին ուրիշ է. ան հետեւեալ երեք գործօններուն եռամիասնութիւնն է.
-
- Հայոց հայրենիքի – նոյնն է թէ Հայաստանի, Հայկական Լեռնաշխարհի, Հայկական Բարձրաւանդակի – տարածքի ամբողջական ազատագրութիւնը:
- Այդ տարածքին վրայ բացառապէս հայկական գերիշխանութեան հաստատումը (ոչ մէկ հայ-քրտական, հայ-թրքական կամ ուրիշ համադաշնութիւն կամ հայկական գերիշխանութեան օտարում):
- Այդ հայրենի հողին վրայ աշխարհասփիւռ հայութեան համահաւաքն է:
Այնքան ատեն, որ այս երեք գործօններէն որեւէ մէկը չէ իրագործուած՝ Հայ Դատը կը մնայ անլոյծ, եւ մեր ազգի յաջորդական սերունդներուն պարտաւորութիւնը կը մնայ անոնց իրագործումը, նոյնիսկ … հազար տարի ետք:
Ընթերցողը պիտի նկատէ, որ Հայ Դատի մեր սահմանման մէջ, հայոց ցեղասպանութիւնն ու անոր միջազգային ճանաչումը բնաւ չեն յիշատակուիր: Եւ արդէն, Սան Սթեֆանոյի 1878-ի պայմանագիրին 16-րդ եւ նոյն տարուան Պերլինի վեհաժողովի վաւերացուցած 61-րդ յօդուածներուն փաստն իսկ կը հաստատէ մեր դատողութեան տրամաբանութեան ճշդութիւնը. 1878-էն առաջ թէեւ հայոց փոքրածաւալ կոտորածներ տեղի ունեցան Օսմանեան պետութեան մէջ, համատարած ցեղասպանութիւն չէր եղած, սակայն 1878-ին Հայկական Հարցը արդէն կը մտնէր միջազգային դիւանագիտութեան ոլորտ: Հայոց ցեղասպանութիւնը Հայկական Հարցի գլխացաւանքէն ազատելու թրքական ծրագիրի իրականացումն էր:
Մեծ եղեռնի 105-րդ տարելիցին եկէ՛ք ազգովին յայտարարենք՝ Ո՛Չ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՄՈՒՐԱՑԿԱՆՈՒԹԵԱՆ, ԱՅՈ՛ ԱԶԱՏԱԳՐԱԿԱՆ ՊԱՅՔԱՐԻՆ: