Դոկտ. Մինաս Գոճայեան և Տօքթ. Տիգրան Աբրահամեան, 18 Դեկտեմբեր 2021
Թէ ուզում ես երգդ լսեն,
Ժամանակիդ շունչը դարձիր: (Չարենց)
Խորհրդային Միութեան (ԽՍՀՄ ՍՍՀՄ, ԽՄ) փլուզումէն ետք աշխարհը դարձաւ միաբեւեռ, գոնէ այդպէս կը հաւատան ոմանք: Իրականութիւնը եկաւ ցոյց տալու թէ այդպէս չէ, վասնզի հեռաւոր Արեւելքի մէջ իւրայատուկ բեւեռ դառնալու նշաններ ցոյց կու տայ Չինաստանը: Ոմանք չեն թաքցներ իրենց ափսոսանքը երկու բեւեռներէն Խորհրդային Միութեան անհետացման համար եւ յոյսեր կը տածեն թէ անհետացող վիթխարի ուժին ժառանգորդը՝ Ռուսաստանի Դաշնութիւնը (ՌԴ), առաջնորդ Պուտինի գլխաւորութեամբ, պիտի վերաճի հզօր բեւեռի:
Նախ՝ ԽՍՀՄ-ի անկումը գուշակելի դարձած էր դեռ 70-ական թուականներուն, երբ մենք ուսանողներ էինք Խորհրդային Հայաստանի (ԽՀ) բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններէն ներս: Սա ուրիշ թեմա է ի հարկէ, որուն շուրջ կրնանք անդրադառնալ յետագային: Ցաւոք սրտի ԽՄ-ի կազմալուծման պատճառները կ’երեւան նաեւ այսօր ՌԴ-էն ներս՝ բոլոր բնագաւառներու մէջ, եւ այդ զգալի նահանջը պատճառ կ’ըլլայ աշխատաւոր ժողովուրդի օր ըստ օրէ աւելի ծանր տնտեսական կացութեան: Այդ անկումը իր յոռեգոյն անդրադարձը կ’ունենայ նաեւ «պզտիկ» ու խեղճացուած Հայաստանի Հանրապետութեան (ՀՀ) ժողովուրդին վրայ:
Հարկաւոր կը զգանք այստեղ արձանագրել թէ մենք չենք ուրանար այն ապահովութիւնը որ Խորհրդային Հայաստանը ունեցաւ Պաղ պատերազմի տասնամեակներուն եւ չենք անտեսեր այն մշակութային, տնտեսական եւ գիտական վերելքը, որ ապրեցաւ Խորհրդային Միութեան հովանիին տակ քանի մը տասնամեակներու ընթացքին ՝ յետ-Ստալինեան շրջանին:
Այսօր սակայն իրականութիւն է սա փաստը, թէ ՀՀ-ի մէջ ՌԴ-ի անմիջական ջանքերով, ուղղակի եւ անուղղակի միջամտութիւններով Քոչարեանա-Սարգսեանական տարիներուն մեր երկրի հիմնական տնտեսական եւ ուժային միջոցներու (ելետրականութիւն, կազամուղ եւ մատակարարում, հանքեր…) կարեւոր տոկոսը անցաւ ՌԴ-ին եւ այդ վարչակարգին ողնաշարը հանդիսացող օլիգարխներու եւ կամ վերջիններուն հետ գործակցող, երբեմն ալ ոչ բոլորովին անկախ, հայ սակաւապետներու (օլիգարխներու) ձեռքը: Եթէ ոչ օրինականօրէն (de jure), իրականօրէն (de facto) ՀՀ-ն վերածուեցաւ կիսագաղութի:
Դրամատիրական կառավարելի մրցակցութիւն գրեթէ չստեղծուեցաւ, այլ տնտեսական կառոյցները անցան խումբ մը մարդոց ձեռքը՝ որոնց մեծ մասը կ’առաջնորդուէր կռփողական ճորտատիրական սանձարձակութիւններով: Այս բոլորը, առաւել եւս վերջին պատերազմն ու հազարաւոր զոհերը ՀՀ-ն եւ Արցախը հասցուցին նիւթական ծանրագոյն կացութեան՝ պատճառ դառնալով աշխատող բազուկներու եւ մասնագէտներու աղէտալի արտագաղթի: Այլ խօսքով՝ տնտեսապէս ընկղմող եւ մէկուսացուող ՌԴ-ի հետ եւ աւելի արագ քայլերով ՀՀ-ն կը յայտնուի խոր աղքատութեան եւ յուսահատութեան գիրկը՝ չըսելու համար հոգեվարքի մէջ:
Թէեւ շատերու համար ափսոսալի, բայց իրական պատկերը խիստ մտահոգիչ է այսօր ՌԴ-ի մէջ: Հակուած ենք մտածելու թէ եթէ մենք ՌԴ-ՀՀ-Թուրքիա-Ատրպեյճան-տարածաշրջան եւ Արեւմուտք քաղաքա-ռազմա-տնտեսական յարաբերութիւններուն եւ հետապնդած շահերուն պիտի մօտենանք պաղ պատերազմի տարիներու՝ Սովետ ընդ Արեւմուտք բախումներու մեր նախկին հայեցակարգով, ապա մեր համոզմամբ դէմ գործած կ’ըլլանք պատմութեան դիալեկտիկային: Վասզնի հիմա մեր երկրագունդի վրայ կը տիրեն այլ ուժեր եւ այլ քաղաքական յարաբերութիւններ եւ հայութիւնը հարկաւոր է իր արեւելումը վերասահմանել՝ հիմնուելով անկախ մեզմէ ստեղծուած նոր համաշխարհային դասաւորումներուն վրայ:
Հետեւաբար, մեր արեւելումներու վերասահմանումով «մէկ օրէն միւսը» կողմ փոխած չենք ըլլար, երբ այսօր կը գտնուինք այլ հրամայականներու եւ մարտահրաւէրներու դիմաց: Դիալեկտիկական (գիտական, տրամախոհական) մօտեցումը կը պարտաւորեցնէ մեզ չկառչիլ մեր նախկին կաղապարներէն եւ մնալ սահմանափակումներու մէջ, յատկապէս ՀՀ եւ Հայ ժողովուրդ-ՌԴ-Արեմուտք-ԱՄՆ-Եւրոպա-Իրան-Հնդկաստան-Չինաստան շղթային մէջ: Այսօր այլ որակի ՌԴ մը կը ներկայանայ հայութեան դիմաց, հսկայ պետութիւն մը, որ իր աւերուող տնտեսութիւնը կը խարսխէ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ որեւէ գնով լաւ յարաբերութիւն ստեղծելու մէջ եւ որրդեգրած է հակաժողորդավարական ու հարկադրական (coercive) դիվանագիտութեան ուղեգիծ մը: Իր ազդեցութիւնը կոպիտ ու հիւլէական ուժի վրայ դրած ՌԴ-ի ղեկավարութիւնը չ’ուզեր հաշտուիլ աշխարհաքաղաքական նոր դրուածքներու հետ, որ այլեւս ՌԴ-Ուկրանիա, ՌԴ-Պելոռուսիա, ՌԴ-Վրաստան, ՌԴ-Արեւելեան Եւրոպա յարաբերութիւնները հիմնովին փոխուած են, որ այլեւս միապետական իշխանութիւններ եւ վարչակարգեր չեն կրնար հարցեր լուծել եւ օգտակար ըլլալ իրենց ժողովուրդներուն:
Կեդրոնանալով ՀՀ-ՌԴ նոր յարաբերութիւններու վրայ, բազմաթիւ փաստեր կան հաւատալու որ այլեւս հայութիւնը չի կրնար «մեծ եբօր» եւ «ռուս քեռիի» հանգամանք տալ այսօրուան Պուտինա-Լավրովեան եւ ռուս օլիգարխիայի (սակաւեպութեան) կողմէ առաջնորդուած ՌԴ-ին:
Երկիրներ, պետութիւններ, ժողովուրդներ աստուածային հրովարտակով կամ կնիքով յաւիտենապէս չեն մնար զինակից, բարեկամ, թանկագին հարեւան եւայլն, եւ ոչ ալ կը շարունակեն յաւիտենական թշնամութիւն, եւ միշտ չէ որ անցեալի տխուր էջերը կը բանան, երբ անոնք քով քովի կու գան բանակցելու եւ ընդհանուր շահերէ ելլելով հասնելու ընդհանուր հասարակ յայտարարի մը: Յիշենք Բրիտանական կայսրութիւն ընդ Ֆրանսական կայսրութիւն հարիւրամեայ պատերազմները, երեսուն-քառասունական թուականներու Գերմանիան եւ Արեւմուտքն ու ԱՄՆ:
Փաստ է որ այլեւս Բ. Պատերազմի եւ յաջորդող տասնամեակներուն ԽՀ-ի (այժմ ՀՀ-ի) հայութիւնը եւ կամ սփիւռքի զանգուածներու մեծամասնութեան մօտ դաշնակից-զինակից-բարեկամ, նոյնիսկ «եղբայրական» յորջորջուած յարաբերութիւնները այլեւս չկան. ընդհակառակը՝ մեր երէկուան «ռազմական դաշնակիցը» ՀՀ-ի եւ Հայ ժողովուրդի հետ իր որդեգրած նոր յետաշրջութեամբ մեզ հարուածեց՝ մեր մէջ իսկ գտնուող օլիգարխ եւ այլազան այլ ուժեր քաջալերելով եւ մեր երկիրն ու Արցախը դնելով ծանրագոյն կացութեան մէջ: Աւելցնենք նաեւ, որ ԽՍՀՄ տարիներուն ալ ամէն ինչ փայլուն չէր եւ ատեն ատեն ռուսական բաղադրիչով տիրապետուած Կրեմլինի ոչ-հայանպաստ դիրքորոշումները վշտացուցած են մեզ եւ շատերու մէջ այդ զգացումը վերաճած է «հակասովետականութեան», մինչ մեր ժողովուրդը անսակարկ նուիրուածութեամբ հանդէս է եկած եւ տուած հարիւր հազարաւոր զոհեր:
Ստորեւ քանի մը տուեալներ, զորս կը կարծենք թէ պէտք չէ անտեսուին.
ա) ՌԴ-ն Ատրպէյճանի հետ կը յարաբերի որպէս գործընկեր՝ ցուցաբերելով մենաշնորհեալ (preferential) վերաբերմունք մը անոր նկատմամբ, մինչ որպէս ՀՀ-ի ռազմավարական դաշնակից անխնամօրէն կը վարուի իր պարտաւորութիւններուն հետ: Բացակայ է թափանցիկութիւնը բանակցութիւններու ընթացքին՝ շփոթութեան մատնելով իր ճակատգրով մտահոգուած հայութիւնը:
բ) Ո՛Չ մէկ աներկդիմի դատապարտում ՌԴ-ի կողմէ ՀՀ-ի վրայ Ատրպէյճանի կատարած նախայարձակումներու մասին: Մինչ Ռուսաստանի դիւանագէտները կը փորձեն վստահեցնել ՀՀ-ի բնակչութիւնը՝ ատրպէյճանական ուժերը կը շարունակեն ռազմավարական դիրքեր գրավել ՀՀ-ի սահմաններէն ներս:
գ) Թէեւ, ՌԴ-ն կը յայտարարէ, որ կ’աշխատի բնականոնացնել ՀՀ եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւնները, ռազմագերիները սակայն կը մնան գերութեան մէջ եւ կ’օգտագործուին որպէս սակարկութեան մանրադրամ: Հակառակ Նոյեմբեր 9, 2020-ի համաձայնութեան, ՌԴ-ն մինչեւ օրս ոչ մէկ արմատական քայլ առած է այդ ուղղութեամբ:
դ) Հավաքական անվտանգության պայմանագրի կազմակերպութիւնը (ՀԱՊԿ), որ գերազանցապէս ՌԴ-ի հսկողութեան ներքեւ է, դարձած է ժամանակավրէպ: ՀԱՊԿ-ի երկու անդամ պետութիւններ (Քիրկիզստանն ու Քազախստանը) գովեցին ու շնորհաւորեցին Ատրպեյճանի “յաղթանակ”ն ու յաջողութիւնները, մինչ որպէս դաշնակից անդամ պէտք է օգնութեան փութային ՀՀ-ին:
ե) Նախայարձակ Ատրպէյճանին առաջարկուած է ՀԱՊԿ-ի անդամ դառնալ, մինչ վերջինիս անդամագրուած ՀՀ-ը յաճախ կ’ենթարկուի սահմանային բռնաբարումներու՝ ՌԴ-եան «խաղաղապահ ուժերու»…անտարբեր նայուածքներուն տակ:
զ) ՌԴ-ն գործօն կերպով առաջ կը մղէ Թուրքիոյ եւ ՀՀ-ի միջեւ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու աշխատանքները՝ ապաշրջափակելով ցամաքային եւ երկաթուղային ճանապարհները, մինչ Ադրպէյճանն ու Թուրքիան դաւադրութիւններ կը հիւսեն անդամահատելու Սիւնիքը «միջանցք» բանալու անուան տակ՝ վտանգելով ՀՀ-ի ինքնիշխանութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը, իսկ ՌԴ-ն ԵՐԲԵՒԻՑԷ բացայայտօրէն ՉԻ ԴԱՏԱՊԱՐՏԵՐ ԱՅՍ ՄՏԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ, այլ անոր փոխարէն շարունակաբար կը շատախօսէ շրջանին մէջ կացութեան բնականոնացման մասին:
է) ՌԴ-ը կանխարգելիչ կերպով ինքզինք կը խցկէ ՀՀ-ի ներկայացուցիչներու այն ճիգերուն մէջ, երբ հայերը կը փորձեն հասարակաց սեղանի մը շուրջ նստիլ Արեւմուտքի իրենց համանման ներկայացուցիչներուն հետ:
ը) Ռուսաստանը խոստումներ կու տայ Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ)` շտապելով լուծել Ատրպէյճանի և Հայաստանի միջեւ առկայ չլուծուած խնդիրները, նախքան ԵԱՀԿ-ի միւս անդամները իրենց ներդրումը կատարեն:
թ) Ավելի քան մէկ տարի անցած է պատերազմի ավարտէն և մէկ տարի ու մէկ ամիս Ատրպէյճանի և Արցախի միջեւ պատերազմը դադրեցնելու նպատակով Ռուսաստանի միջնորդութենէն (9 Նոյեմբեր, 2000): Ռուսաստանը ցայժմ չէ յաջողած սահմանափակել հակամարտութիւնը (կամ չի ցանկար): Ընդհակառակը, կռիւը տեղափոխուած է Արցախէն դէպի ՀՀ-ի սահմանները՝ սպառնալով անոր ինքնիշխանութեան և տարածքային ամբողջականութեան:
Կարելի է երկարել այս շարքը: Օրինակ տակաւին վերջերս Պրն. Պուտինը Թուրքիոյ նախագահի հանդէպ կ’արտայայտուէր մեծ գովասանքով՝ զայն նկատելով ամէնէն կարող եւ բարեկամ քաղաքական դէմքը: Արդեօք զարմանա՞նք, երբ շատեր ականատես ըլլալով այս պայմաններուն՝ կը մտածեն այլընտրանքներու մասին եւ չեն սահմանափակուիր բերանի ծամոց դարձած «բնականոնացնելու» խոստումներով:
ՀՀ-ը, ինչպէս որեւէ ազգային պետութիւն, պարտի առաջնորդուիլ ազգային անվտանգութեան եւ շահերու առաջնահերթութեամբ եւ ոչ թէ նախասիրութիւններով, հետեւաբար հրամայական կը դառնայ հետեւիլ պատմութեան զարգացման տրամաբանութեան (դիալեկտիկա) եւ ըստ այնմ կողմնորոշուիլ:
********
Դիմանկարը՝ Եղիշէ Չարենցի, գործ՝ Մարտիրոս Սարեանի