Դոկտ. Մինաս Գոճայեան, Լոս Անճելըս, 7 Փետրուար 2020
Ո՞վ է այս բացառիկ հայը՝ մոռցուած իր իսկ ազգին կողմէ…
Երուսաղէմէն կը գուժեն, թէ յետ երկարատեւ հիւանդութեան, Յունուարի 30-ին մահացած է հազիւ եօթանասուն տարեկան դարձած, չորք-մարզպանցի ծնողներէ սերած Ալպերթ Աղազարեանը: Հանգուցեալը երկրորդական կրթութիւնը աւարտելէ ետք Երուսաղէմի մէջ, յաճախած է Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանը (AUB)՝ քաղաքագիտութեան մէջ ստանալով մագիստրոսի (MA) աստիճանը: Քանի մը տարի որպէս թարգման եւ մեկնաբան աշխատելէ ետք ԱՄՆ-ի մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ, ուսումը կատարելագործած է տեղւոյն Ճորճթաուն համալսարանէն ներս՝ վկայուելով քաղաքագիտութեան մէջ դոկտորայի աստիճանով:
Երուսաղէմ վերադարձէն ետք պաշտօնավարած է Պաղեստինի «ալ-Քուտս» («Երուսաղէմ») օրաթերթին մէջ որպէս խմբագիր (1973): Երկար տարիներ դասաւանդած է շրջանին մէջ մեծ համբաւ վայելող «Պիրզէյթ» համալսարանէն ներս, նաեւ պաշտօնավարած որպէս նոյն համալսարանի Հանրային Յարաբերութեանց (Public Relations) խօսնակ: Ան փնտռուած դասախօս էր բազմաթիւ հռչակուած համալսարաններու կողմէ: Եղած է պաղեստինեան «Ինթիֆատա»ի ջատագով:
Ալպերթ Աղազարեան հայութեան սիրտերը հպարտութեամբ լեցուց, երբ մասնակցեցաւ Մատրիտի արաբա-իսրայէլեան խորհրդաժողովին (30 Հոկտեմբեր – 1 Նոյեմբեր 1991)՝ Պաղեստինի պատուիրակութեան առաջնորդ դոկտ. Հանան Աշրաուիին հետ՝ որպէս գլխաւոր օգնական եւ բանագնաց:
Ա. Աղազարեան ամուսնացած էր սաղիմահայ Մատլէն Շամմասեանի հետ՝ բախտաւորուելով երեք զաւակներով: Վերջին տարիներուն ան բնակութիւն հաստատած էր Երուսաղէմի Հայոց Վանքի տարածքէն ներս:
Այս տողերը միայն ուրուագիծը կու տան այն անձին, որուն քովէն երբ կը քալէի Երուսաղէմի թէ Ռամալլայի մէջ, կը զգայի թէ ան միայն մտաւորական դրացիս չէր վանքի տարածքէն ներս, թէ ան միայն հաճելի զրուցակից մը չէր, ոչ ալ հեռաւոր զարմիկ մը եւ հայրենակից մը, այլ հանրագիտարանային զարգացմամբ օժտուած հսկայ մը, որուն մէն մի բառն ու նախադասութիւնը կշիռ ունէր:
Ալպերթ Աղազարեան Երուսաղէմի, Պաղեստինի եւ ընդհանրապէս արաբական աշխարհի եզակի անձնաւորութիւններէն մէկն էր, ճարտար բանագնաց մը եւ արդարութեան մարտիկ մը, իսկական «քալող հանրագիտարան» մը: Պատահական չէր, որ C-Span-ը զայն կ’ընտրէր որպէս այն գիտակ անձը, որ կրնար 1990-ական թուականներու Երուսաղէմը աշխարհին ներկայացնել՝ առանց վախի ու հաշուենկատութեան եւ յատկապէս առանց վախնալու կամ զգուշանալու իսրայէլեան հեղինակութիւններէն: Ան այն անձն էր, որու կ’այցելէին Մարկրիթ Թաչըր եւ այլ՝ ԱՄՆ-ի ու Եւրոպայի քաղաքական ասպարէզի յատենի մեծութիւններ: Կը բաւէր աչք մը նետել իր գրադարանին վրայ, որպէսզի ճանչնայիք իր մեծութիւնը:
Բազմաթիւ լեզուներու տիրապետած էր ան. արաբերէնը իր տարերքն էր, անգլերէնը աշխարհին խօսելու եւ դիւանագիտական ասպարէզին մէջ իր գիտակութիւնը պարտադրելու լեզուն էր, ֆրանսերէնը, թրքերէնը, եբրայերէնը եւ անշուշտ հայերէնը անոր համար գաղտնիքներ չունէին:
Ալպերթ Աղազարեան, որպէս տարածաշրջանի ամէնէն լուրջ ու ծանրակշիռ անհատականութիւններէն մէկը, առաջիններէն էր, որ քաջաբար ընդդիմացաւ իսրայէլեան հեղինակութիւններու 1985-ին արձակած Զինուորական թիւ 854 hրամանին (Military Order 854), ըստ որուն՝ իսրայէլեան բարձրագոյն ուսումնական եւ կրթական հաստատութիւնները պէտք է անցնէին Իսրայէլի զինուորական կառավարիչի հրամանատարութեան տակ: Ա. Աղազարեան ամբողջ էութեամբ դէմ ելաւ այս հակաժողովրդական հրամանին եւ քննադատեց զայն՝ պնդելով կաճառականներու (academicians) ազատութեան վրայ: Ան պաշտպանեց նաեւ միջազգային կաճառականներու՝ Պաղեստինի մէջ աշխատանքային վիզա ստանալու իրաւունքը:
Յորդանանի եւ Պաղեստին/Իսրայէլի հայութեան սիրտը հպարտութեամբ լեցուեցաւ, երբ անոր շնորհուեցաւ Պելճիքայի Ալպերթ Բ. թագաւորի շքանշանը:
Կը մտածեմ, թէ որքա՜ն Ալպերթ Աղազարեաններ կան արաբական աշխարհի մէջ եւ այլուր, որոնց մասին մեր ազգը տեղեակ չէ, առաւել եւս, դժբախտաբար, հայրենի յաջորդական իշխանութիւնները: Տգիտութեա՞ն վերագրել այս անտեղեակութիւնը, թէ՞ խուսափողականութեան քաղաքական կամ դիւանագիտական ինչ-ինչ հաշիւներէ ելլելով: Ա. Աղազարեան անունը կը ծածանէր ու կը փայլէր Պաղեստինի երկնակամարին վրայ այն տարիներուն, երբ մեր հայրենիքը անցման խառն շրջան մը կ’ապրէր 1990-ական թուականներուն: Եւ ճիշդ այս տարիներուն էր, որ մենք պէտք ունէինք անոր մասնագիտական պատրաստուածութեան: Թող թոյլ տրուի մեզի հարցնել, թէ ո՞ւր էին կարգ մը արաբական երկիրներու խորհրդային դեսպանատուներու մէջ ոչ-արհամարհելի պաշտօն ստանձնած մեր հայրենակիցները: Ո՞ւր էին Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատուներու եւ հիւպատոսութիւններու պետական այրերը այն օրերուն, երբ Աղազարեան Մատրիտ կը մեկնէր Պաղեստինի շահերու պաշտպանութեան առաքելութեամբ: Կորսուած ոսկի՜ առիթներ…
Յաւերժական հանգի՜ստ հոգիիդ, սիրելի՛ Ալպերթ, քու սիրած ու պաշտպանած Երուսաղէմի հայկական Ս. Փրկիչ վանքի գերեզմանատան մէջ:
Քեզմով միշտ հիացած հեռաւոր զարմիկդ ու դրացիդ՝
Մինաս Գոճայեան