Հեղինակ՝ Դոկտ. Համբարձում Մ. Աղպաշեան
Դոկտ. Մինաս Գոճայեան, Վեն Նայս, Կալիֆորնիա, 30 մարտ 2021
Ահաւասիկ իր տեսակին մէջ քիչ պատահող հրատարակութիւն մը եւս արաբերէն լեզուով՝ «Իրաքահայերու Արդի Պատմութիւն» ( التاريخ الحديث للعراقيين الارمن): Արդարեւ, համարձակութիւնը կ’ունենամ ըսելու թէ Միջին Արեւելքի հայերս անցնող տասնամեակներուն ընթացքին խիստ թերացած ենք մեր մշակոյթն ու պատմութիւնը արաբերէն լեզուով ըստ արժանւոյն ներկայացնելու մեր նեղ օրերուն տուն ու տեղ, ապաստան եւ ինքնութիւն տուած Արաբ ասպնջական ժողովուրդին: Նոյնը կարելի ըսել նաեւ Իրանի առնչութեամբ, որովհետեւ շատ քիչ բան տուած ենք պարսկերէնով մեզ յարգող եւ գնահատող Իրանցի ժողովուրդին: Այս առումով մեծապէս ողջունելի է Դոկտ. Համբարձում Աղպաշեանի ներկայացուող գիրքը, որուն ամբողջ արաբերէն բնագիրը մուտքագրած է ինք:
Հայերու ներկայութեան պատմութիւնը Իրաքի (Միջագետք) մէջ կ’երկարի մինչեւ Արտաշիսեան թագաւորութեան ժամանակները (200-60-ականները Ք.Ա.), երբ հայ առեւտրականներ լաստերով Եփրատի եւ Տիգրիսի վրայով աշխոյժ առեւտուր կ’ընէին հարաւի ժողովուրդներուն հետ: Այնուհետեւ զգալի թիւով հայութեան ներկայութիւն մը նկատուեցաւ Աբբասեան թագաւորութեան շրջանին, երբ Պաղտատը դարձաւ երրորդ խալիֆայութեան մայրաքաղաքը: Հայկական աշխուժութիւն նկատուեցաւ նաեւ Պասրա առեւտրաշահ նաւահանգիստին մէջ, ուր 1222-ին արդէն հիմնուած էր Հայաստանեայց եկեղեցւոյ թեմ:
Իրաքի քանի մը քաղաքներու մէջ հայ համայնքներ կը զօրանան եւ կը բարգաւաճին 17-րդ դարու սկիզբներէն` Շահ Աբբասի յայտնի տեղահանութեան պատճառով: Հայոց դէմ գործադրուած ցեղասպանութեան հետեւանքով հայերու հազարաւոր խլեակներ ապաստան գտան նաեւ Իրաքի մէջ՝ յատկապէս հիւսիսային գաւառներու մէջ, ուր յետագային շատ արագ կերպով վերապրում մը սկսաւ եւ հայեր հիմնեցին իրենց դպրոցները, եկեղեցիները եւ այլ համայնքային կառոյցներ:
«Իրաքահայերու Արդի Պատմութիւն» գրքին շնորհիւ Իրաքն ու մնացեալ արաբախօս արեւելքը բաւական լաւ պատկերացում մը կը կազմէ հայոց գոյատեւման, անցած ճանապարհին, բերած նպաստին՝ երկրի տնտեսական, մշակութային եւ կրթական ասպարէզներուն մէջ:
Դոկտ. Հ. Աղպաշեան յառաջաբանին մէջ կը գրէ. «Այս գիրքի նպատակն է Իրաքի ժողովուրդի բոլոր խաւերը (Արաբ, Քիւրտ, Թուրքման եւ Իրաքահայեր, որոնք կը նախընտրեն արաբերէն կարդալ) տեղեակ պահել Իրաքահայերու արդի հարուստ պատմութեան մասին»: Իրօք, գիրքին մէջ ընդգրկուած եւ ներկայացուած են իրենց բանագաւառներուն մէջ փայլած հարիւրաւոր հայերու տնտեսական գործունէութիւններու մասին, արհեստաւորներու և սեփական գործատուներու մասին. բժիշկներու, ատամնաբոյժներու եւ դեղագործներու մասին, նաեւ երկրաչափներու և համալսարանական դասախօսներու մասին. երաժիշտները, դերասանները, երգիչները, գեղարուեստական գործիչները, քանդակագործներն ու գիտնականները նոյնպէս ունեցած են իրենց գործօն մասը Իրաքէն ներս: Գիրքը հարստացուած է 525 նկարներով:
Առաջին մասը կ՚ընդգրկէ 9 գլուխ, ուր կը հանդիպինք պատմական ակնարկի, գաղթականներու Իրաք ժամանումի, ընկերային կեանքի զարգացման, զանազան համայնքներու գոյացման, կրթութեան, ակումբներու, մամուլի, հրատարակութիւններու եւ քաղաքական գործունէութեան մասին: Երկրորդ մասը կ՚ընդգրկէ 6 գլուխ, ուր ցոյց կը տրուի գաղթական հայերու ներդրումը Իրաքեան հայրենիքին։
Գիրքին յառաջաբանը գրած է Ֆրանսայի Թեմի Բարեջան Աոաջնորդ Վահան Եպիսկոպոս Յովհաննէսեան (شكرا يا عراق), ուր Իրաքահայերու կողմէ շնորհակալութեան խօսք կ’ուղղէ Իրաքին, որ գրկաբաց ընդունեց գաղթական հայերը:
Գիրքը նուիրուած է հեղինակի հօր՝ Մինաս Աղպաշեանի յիշատակին, «որ տասնմէկ տարեկանին թուրքական բռնութեան տակ գաղթած է Զէյթունէն եւ անապատի ճամբով հասած է Մուսուլ, տարիներ ետք հաստատուած է Պաղտատ, ուր եղած է տեղացի եւ երկրին զաւակը»:
«ԻՐԱՔԱՀԱՅԵՐՈՒ ԱՐԴԻ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ», التاريخ الحديث للعراقيين الارمن (Ալ թարիխ ալ հատիս լիլ’իրաքիին ալ էրմէն), Հ. Մ. Աղպաշեան, Լոս Անճելըս, 2021, Yerevan Printing