Ապրիլ 24-է Ապրիլ 24

Fox 11 LOS ANGELES, CA (Photo by David McNew/Getty Images)

Դոկդ. Մինաս Գոճայեան, Լոս Անճելըս,  21 Ապրիլ 2022

Նորէն Ապրիլ 24 է, նորէն Ցեղասպանութեան ոգեկոչում, բողոքի երթեր, պատարագ, հոգեհանգիստ, Հոլիվուտի եւ այլ հայահոծ վայրերու մէջ եռագոյն եւ Արցախի դրօշակներով ինքնաշարժային պոռչտան ցոյցեր, յուշարձաններու մօտ արարողութիւններ եւ այլն եւ այլն։

Բարի եկաք՝ հերթական ոգեկոչման նո՛յն արարներ։ Յետո՞յ, յաջորդ օրերո՞ւն, մեր առաքելութիւնը աւարտած նկատելով ամէն մէկս մեր գործի՞ն երթանք։ «Սեւ ծովը նո՞յնն է միշտ» կամ business as usual ?։

Ինծի կը թուի թէ ինքնանպատակ սկսած է դառնալ նաեւ ամենամեայ այս ոգեկոչումը։ Կը նկատեմ նաեւ սփիւռքահայ կազմակերպութիւններու համար արդէն վաղո՜ւց աւանդոյթ դարձած մրցակցութիւն մը – ո՞ր կազմակերպութեան ղեկավարները առաջին շարքին պէտք է նստին, ո՞ր արի-արենուշական խումնբերը պիտի ցուցադրեն իրենք իրենց, որո՞նք աւելի շատ պիտի նկարուին օրուան օտար հիւրերու եւ պատուիրակներուն հետ եւ նման բաներ… Յետո՞յ, յետոյ իւրաքանչիւր քաղաքական թէ հասարակական կազմակերպութիւն իր մամուլին մէջ իր ներկայութիւնը պիտի շեշտէ, «իւրայիններու» նկարները պիտի զետեղէ յատուկ դիրքերով…

Այս բոլորը անտեղի չենք նկատեր անշուշտ, բայց մտահոգուած ենք հետեւեալ առումներով.

ա) Տեղական ոչ-հայկական զանգուածային լրատուութեան ներկայութեամբ ու արձագանգով։

բ) Որոշակի ծրագիրներով կամ քայլերով, որոնք պէտք է յաջորդեն եւ կամ նախորդած պէտք է ըլլային ոգեկոչման արարողութիւններէն առաջ։

գ) Երիտասարդներու կամ համալսարանականներու կարելի շատ մասնակցութիւն։

դ) Մեր միջավայրնին մէջ տարբեր բնագաւառներու մէջ հանրածանօթ հայ եւ ոչ-հայ դէմքերու ներկայութիւն։

Այս տարի մեր ժողովուրդը կը դիմագրաւէ պատմականօրէն ճակատագրական զարգացումներ ի դէմս Ռուսաստանի Դաշնութիւն ընդ Ուկրաինա (+Արեւմուտք) արիւնալի առճակատման, Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ տարածաշրջանին մէջ միահեծանութիւն հաստատելու բացայայտ ճիգերուն, Արցախի եւ ՀՀ սահմանամերձ տարածքներու վրայ Ատրպէյճանի մաշեցնող մանր յարձակումներուն եւ իրենց անպատիժ մնալուն, ՌԴ իբր թէ խաղաղապահ ուժերու կրաւորական դիրքին եւ նման իրականութիւններու։ Ի՞նչ կ՚ընենք եւ կամ ի՞նչ կ՚ըսենք ամենէն վտանգաւոր ու անդառնալի վնասներու մասին, որոնք կրնան գալ ՀՀ ներկայիս իշխանութիւններու անխոհեմ, պարտուողական, զիջողական, «նշանաձօղերու իջեցման» քաղաքականութենէն։ Ա՛ՅՍ պէտք է ըլլայ ընթացիկ տարուայ ոգեկոչման մեր հիմնական առանցքը։

Արդեօք պիտի խօսուի՞ այս մասին, ակնարկութիւններ պիտի ըլլա՞ն ՀՀ-Մոսկովեան հանդիպումներուն, որոնց մասին շատ քիչ կը հաղորդուի եւ շատ բաներ կը մնան քօղածածկոյթի տակ, որպէսզի օր մըն ալ պարզուի թէ սաինչ կամ նաինչ «բանակցութիւններու» ընթացքին Քրեմլին-Պաքու-Անգարա եռեակը մեր կոկորդէն վար սահեցուցած է ստրկացնող պայմաններ։ Արդէն նման արարներ նորութիւն մը ըլլալէ դադրած են՝ մեզ դնելով կատարուած իրականութիւններու առջեւ։

Ապրիլ 24, ոգեկոչո՜ւմ, միօրեայ կամ շատ շատ երկօրեայ արարողութիւններով տետրակը փակել ու երթալը եթէ պիտի ըլլայ նպատակը, ապա ի զուր վատնած պիտի ըլլանք մեր ժամանակն ու նիւթականը։

Fox 11 LOS ANGELES, CA (Photo by David McNew/Getty Images)
Leave a Reply

Comments containing inappropriate remarks, personal attacks and derogatory expressions will be discarded.

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You May Also Like