«ԱՇԽԱՐՀԻՆ ՄԻ ՆՈՐ ՄԱՔՐՈՒԹԻՒՆ Է ՊԷՏՔ» (Պ.Ս.) -Բ-

Դոկտ. Մինաս Գոճայեան, Լոս Անճելըս, 18 Յունուար 2021

Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցին, վերջին երկու գահակալներէն՝ Վազգէն Ա.ի եւ Գարեգին Ա.ի վախճանումէն ետք եկեղեցին կորսնցուց իր իսկական առաքելական եւ ազգային դիմագիծը: Սա ես կ’ըսեմ որպէս Բանասիրական Գիտութիւններու Դոկտոր, 38 տարուայ մանկավարժ-դաստիարակ, քանի մը տարի Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութենէն ներս պաշտօնավարած անձ, մեր եկեղեցւոյ պատմութիւնը բաւական լաւ ուսումնասիրած, Զ. դարու հայ մատենագրութեան եւ «Գիրք Թղթոց»ի հետ առնչուող դէպքերու եւ հանգամանքներու գծով բաւական պրպտումներ կատարած, հայկական եկեղեցական գլխաւոր կոթողները բազմիցս շրջած մարդ՝ նկարահանման եւ ուխտագնացութեան նպատակներով (Պատմական Հայաստան, Կիլիկիա, Հայաստանի Հանրապետութիւն, Արցախ, Վրաստան եւ այլուր):

Ունեցած եմ հոգեշահ հանդիպումներ կաթողիկոսներու, բարձրաստիճան հոգեւորականներու, համեստ եւ քրիստոսանուէր քահանաներու եւ վարդապետներու հետ:

Հայաստանեայց եկեղեցին կատարած է պետութեան մը դերը եւ համազօր գործունէութիւններ, եղած է հաւատացեալ ժողովուրդին մէջ եւ անոր անբաժան մասը: Նոյնը կրնամ ըսել նաեւ մեր Կաթողիկէ, Մխիթարեան եւ Աւետարական քոյր եւ հարազատ եկեղեցիներու մասին:

Ցաւօք սրտի, ըստ իմ չափանիշերուս եւ դատողութեանս, վերջին տասնամեակներուն Հայց. եկեղեցին վերածուած է հիմնարկի, ուր զանազան բախտախնդիր անձեր, աշխարհական թէ սքեմակիր, զայն վերածած են աշխարհիկ փառաւոր կեանք մը ապրելու հոյակապ միջավայրի մը կամ շահաբեր հիմնարկութիւն-ձեռնարկի մը: Այս ընթացքին մի՛շտ ալ եղած են իսկական եւ աստուածաշնորհ հոգեւորականներ, որոնք հաւատարիմ մնացած են եւ կը մնան իրենց կոչումին ու երդումին եւ այդ իսկ պատճառով անոնցմէ շատեր հալածուած կամ մեկուսացուած են տիրող հոգեւոր վերնախաւին եւ անոր սատարողներուն կողմէ:

Հոս ու հոն շքեղ եկեղեցիներ, տաճարներ եւ յարակից (երբեմն պալատանման) կառոյցներ շինելը միայն մէկ մասն է Հայաստանեայց եկեղեցւոյ գործունէութեան: Պիտի նախընտրէի ունենալ ո՛չ թէ լոկ մեր սին փառասիրութիւնները եւ մեր քաղքենի «ԵՍ»ը շոյող նորակառոյց եկեղեցիներ, այլ ունենալ ժողովուրդին սրտին եւ հոգիին մէջ ամրօրէն հաստատուած ԵԿԵՂԵՑԻ: Ցաւօք սրտի Թադէոս եւ Բարթողիմէոս առաքեալներու կողմէ հիմնուած մեր հոգեւոր տունը շատերու համար դարձեր է քաղաքականութիւն խաղալու, առեւտուր ընելու, ցուցադրանքներ կազմակերպելու հաստատութիւն մը, որ տասնամեակներով քամած է յատկապէս սփիւռքի բարեսիրտ բարերարներուն եւ հաւատացեալմներուն գրպանները:

«Մի նոր մաքրութիւն է պէտք» նաեւ մեր առաքելակերտ հաստատութենէն ներս:

Ո՜ւր են իմ մանկութեան, պատանեկութեան եւ երիտասարդութեան տարիներու այն համեստ եկեղեցիները իրենց անպաճոյճ խորաններով, միամիտ ու անմեղ հայեացքով Աստուածածնի նկարներով ու Մանուկ Քրիստոսի երկինք յարած մեծ մեծ աչքերով:

Ո՜ւր են մեր աշխատաւորական թաղերու համեստ ու ժողովուրդին ծոցէն ելած համեստ քահանաները, ժամկոչներն ու դպրապետները, որոնք արեգակէն առաջ զարթնելով կը կատարէին եկեղեցւոյ լուսաւորութիւնն ու կը հնչեցնէին առաւօտեան ժամերգութեան զանգերը…

Ո՜ւր են Ս. Ծնունդէն ու Ս. Յարութեան տօներէն ետք մեր աղքատիկ տուները այցելող հոգեւոր սպասաւորները, որոնք աղը, ջուրն ու նշխարը օրհնելէ ետք՝ քաշուելով կ’ընդունէին մեր տատիկներուն համեստ նուէրները (ժամուցները),ապա անոնց մեկնումէն ետք մեր հաւատացեալ մամիկները խնկամանը կը պտըտցնէին կիսամութ սենեակներուն մէջ՝ չարը քշելով ընտանեկան բոյներէն դուրս:

Ո՜ւր են տակաւին կիրակնօրեայ դպրոցները, ուր իրենց կոչումին գիտակից եւ հազիւ երկրորդական մը աւարտած մեր ուսուցիչ-ուսուցչուհիները («օրիորդները»), ծխատէր քահանան եւ երբեմն ալ վարդապետ մը Աստուածաշնչային ընթերցումներէն ետք աշակերտներուս հետ վոլիպոլ եւ պասքեթպոլ կը խաղային…

Ա՛յս էր Եկեղեցին, որուն երկիւղածութեամբ կը մօտենային հաւատացեալ զանգուածները: Կը յիշեմ, Պէյրութի Խալիլ Պատաուի թաղի Ս. Յարութիւն  եկեղեցւոյ նախկին կօշկակար, բայց ետքը Աստուծոյ սպասաւորութեան մտած Տ. Պսակ Քահանայ Եթերեանը, որ երբ մեր թաղերէն կ’անցնէր իր տպաւորիչ քայլուածքով, դուրսը նստած կանայք ոտքի կ’ելլէին, «Օրհնեա՜ տէր» կ’ըսէին, կօշկակարներն ու արհեստաւորները նոյնպէս ոտքի կ’ելլէին, մինչեւ իսկ արաբ մետաղահաւաքները (խուրտաճի)՝ «մարհապա ապունա» ըսելով (բարեւ, տէր հայր): Կը յիշեմ, Տ. Պսակ յաճախ կը մտնէր կօշկակարներու արհեստանոցները, սքեմը կը հաւաքէր, խորհուրդներ կու տար գործաւորներուն եւ կը զրուցէր հետերնին…

Այդ օրերը պատմութիւն դարձած են վաղուց եւ նոր ժամանակները նոր պայմաններու մէջ դրած են մեզ, բայց համեստ մարդը համեստ մնացած է, իրաւ հոգեւորականը շարունակած է նախորդ երանելիներուն աւանդը: Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմէն ետք եկան նոր ժամանակներ եւ մենք տեսանք իրաւ հոգեւորականներ: Թուեմ քանի մը հատը՝ զիս կնքող եւ ետքը Հայաստան գաղթած Տ. Թորոս Քահանայ Մաճառեանը, մեր գրաբարի ու դասական գրականութեան (մատենագրութիւն) դասաւանդած Հ. Գէորգ Վրդ. Կարպիսեանը, մեզ պսակող բարի, ազնիւ ու հոգատար Տ. Յովսէփ Աւագ Քհնյ. Յակոբեանը, Կիպրոսի Առաջնորդ, երաժիշտ եւ մտաւորական Առաջնորդ Զարեհ Արք. Ազնաւուրեանը, զինք յաջորդած Տ. Եղիշէ Ծ. Վարդապետ Մանճիկեանը, մեր ընտանիքին հարազատ դարձած Տ. Նարեկ. Արք. Ալեմեզեանը, Տ. Սահակ եւ որդին Տ. Շնորհք Աւագ քհնյ. Տեմիրճեանները, բանասէր Տ. Զաւէն Աւագ Քհնյ. Արզումանեանը, երաժիշտ ու մտաւորական Տ. Զենոբ Աւագ Քհնյ. Նալպանտեանը, հայագէտ Տ. Տաճատ Ծ. Վրդ. Եարտըմեանը, Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութենէն (Երուսաղէմ) Տ. Արիս Արք. Շիրվանեանը, Լուսարարապետ Հ. Սեւան Արք. Ղարիպեանը, բանասէր-դասախօս Տ. Գրիգոր Ծ. Վրդ. Մագսուտեանը եւ ուրիշներ: (*)

Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցին, ինչպէս մեր մայրենի լեզուն, տարագիր հայութիւնը իրար զօդող եւ հայ համայնքները ոտքի պահող պանծալի  հաստատութիւնը եղած է, իսկ խորհրդային շրջանին, հակառակ այդ մեծ ու հզօր երկրին մէջ անիմաստ ու աննպատակ կրօնական անհանդուրժողութեան, հայրենահայութեան մեծամասնութեան մէջ կրցած է իր թաքուն եւ ջերմ անկիւնը ունենալ: Պատմութիւնը արձանագրած է Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գէորգ Ե. Չորեքճեանի եւ Վազգէն Ա. Կաթողիկոսներու անունները՝ առաջինը՝ Բ. Համաշխարհային Պատերազմի տարիներուն Հայրենիքի եւ սփիւռքի հայութիւնը ոգեւորելով մասնակցելու  հիթլերեան Գերմանիոյ դէմ պատերազմին, իսկ երկրորդը շուրջ քառասուն տարուայ գահակալութեան տարիներուն  իր ճկուն եւ դիւանագէտ քաղաքակութեամբ խորհրդային տարիներուն կրցած է շէնցնել ու պայծառացնել մեր Հայց. եկեղեցին:

Գալով Սիսի կաթողիկոսութեան, հոս նոյնպէս մեր նորագոյն պատմութեան մէջ դարասկզբին հրապարակ իջած Գարեգին Վրդ. Յովսէփեանց Աւարայրի երգիչ Եղիշէ Պատմիչի նման զէնքն ու խաչը բռնած առաջնորդած է մեր Հայաստանեայց եկեղեցին:

Հետեւաբար, երբ վերջին առնուազն երկու տասնամեականերու ընթացքին ականատես եղանք Ա. Դարուն ստեղծուած եկեղեցւոյ մէջ բոյն դրած ախտերուն՝ քաղքենիութեան, մեծամտութեան, անհանդուրժողութեան, մարմնապաշտութեան, նիւթապաշտութեան եւ Մեծն Նարեկացիի թուարկած բազմաթիւ մեղքերու: Մեր նման մտածողները, որպէս հարազատ զաւակները մեր սրբազնագոյն հաստատութեան, իրաւունք կը վերապահենք պահանջելու որ Հայց. եկեղեցին վերադառնայ իր առաքելատիպ օրերուն, դառնայ շարունակողը Մեծն Ներսէսի, Շնորհալիի, Վազգէն Ա.ի աստուածաբարոյ օրերուն:

Մաքրե՛նք մեր Եկեղեցին, որովհետեւ Ան մեծ գործ ունի կատարելու նոր Հայաստանի եւ նոր հայերու կերտման մէջ՝ ի մասնաւորի վերջին ամիսներու ողբերգական ու նուաստացուցիչ, ինչու չէ նաեւ մեր հաւատարիմ հայորդիներու անձնազոհութեան «բազում գործք արութեան» (Մ. Խորենացի) արարքներէն ետք:

Ծանօթ.- Այս յօդուածի Ա. մասը կարդալ keghart.org5 Յունուար 2021 թիւին մէջ:

(*) Մեր յօդուածը նուիրուած ըլլալով Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ, այստեղ չենք անդրադարձած Հայ Կաթողիկէ եւ Աւետարանական եկեղեցականներու դրուատանքի արժանի անձերու:

Leave a Reply

Comments containing inappropriate remarks, personal attacks and derogatory expressions will be discarded.

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You May Also Like