Դոկտ. Մինաս Գոճայեան, Լոս Անճելըս, 5 Յունուար 2021
«Կռիւը սրբազան բան է, անկէ ազգ մը դուրս կու գայ պարտուած կամ յաղթական, սակայն երկու պարագային ալ դուրս կու գայ»: (Շահան Շահնուր, «Նահանջը առանց երգի»)
Ինը տասնամեակ առաջ գրուած «Նահանջը առանց երգի» վէպի հերոսներէն մէկուն խօսքը այսօր նոր իմաստ կը զգենու մեր ժողովուրդին համար, որովհետեւ Ցեղասպանութենէն ետք երրորդ ծանրագոյն հարուածն է որ կը ստանանք: Երկրորդը Կարսի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկումն էր: Նորէ՛ն պարտութիւն ու նահանջ, նորէն խելակորոյս ժողովուրդ, շուարած ու անճրկած պետութիւն, նորէն զիրար մեղադրող ու դաւաճան անուանող հաւաքականութիւններ եւ նորէ՛ն նոյն կոտրած տաշտակին առջեւ եւ հաւանաբար նոր կորուստներ:
Առ նուազն վերջին 20-22 տարիներուն Հայրենիքի մէջ համատարած ապականութիւնը, բարձիթողութիւնը, աւանդական արժէքներէն կամովին հրաժարումը, հայոց լեզուի, հայ մշակոյթի, Հայ եկեղեցւոյ լաւագոյն աւանդութեանց եւ հայեցի դաստիարակութեան հանդէպ ցոյց տրուած թափթփած ու արհամարհական վերաբերմունքը, խելագար օտարամոլութիւնը (յատկապէս արեւմտեան), Եւրոպայէն ու ԱՄՆ-էն ղրկուած «նոր արժէքներու» կապկումը, «որտեղ հաց այնտեղ կաց»ականութիւնը, սեփական գրպանի շահը՝ ազգի, պետութեան, ազգային բանակին շահերէն վեր դասելը եւ այլ հասարակական ախտեր, մեր երկիրը հասցուցին հերթական խայտառակ պարտութեան եւ մեր նուաստացման: Այսօր հազարաւորներս գլխիկոր կը չափենք մեր ապրած երկիրներու մայթերը:
2020-ը երկրագունդին պատմութեան մէջ պիտի յիշուի որպէս աննախընթաց ողբերգութիւններով լի տարի մը՝ բնական ու մարդկային պատճառներով: Թագաժահրը (COVID-19), Պէյրութի ահաւոր պայթումը, հայերուս համար տարածքային կորուստները, հազարաւոր զոհերը բաւարար են անցնող տարին կոչելու ՍԵՒ ՏԱՐԻ: Հայաստանի Հանրապետութեան գոյութեան կը սպառնան նոր զարգացումներ, նոր շիրիմներու աւելացումներ, ազրպէյճանական նոր սադրանքներ Սիւնիքի տարածքին ուղղութեամբ, որոնք պէտք է հիմնովին ցնցեն մեզ: Ամենայն լրջութեամբ եւ պատասխանատւութեամբ պարտաւոր ենք ԱԶԳՈՎԻՆ միջոցներ գտնել նիւթուող աղէտներէ խուսափելու համար: Ի յարգանս մեր զոհերուն, պահ մը պարզ թուաբանական հաշիւ մը ընենք՝ քանի՜ հայ ընտանիքներ պիտի կազմուէին, քանի՜ հազարաւոր մանուկներ լոյս աշխարհ պիտի գային, նոր բանուորներ, մասնագէտներ, գիտնականներ, արուեստագէտներ ու մարտիկներ պիտի ծնէին, եթէ աւելի խոհեմ ըլլայինք, կազմակերպուած, բնաւ երբեք մորթապաշտ կամ նիւթապաշտ, լրջախոհ, աշխատէինք համակարգուած կերպով եւ առաջնորդուէինք ազգային անվտանգութեան սպառնացող ազդակները յայտնաբերելով ու զանոնք չէզոքացնելով: Գոնէ այսուհետեւ փորձենք նոր կեանք մը սկսիլ, ինքնասրբագրուիլ, չտալ նախապատւութիւնը երկրորդականին՝ ի վնաս առաջնայինին, եւ մեր մէջէն հանել ստորակայութեան ու ճակատագրապաշտութեան ախտը:
Մէկ բան պէտք է յստակացած ըլլայ մեզի համար՝ ասկէ ետք մենք չենք կրնար մեր կեանքը ապրիլ նախկին ըմբռնումներով, մօտեցումներով, չափանիշերով ու ախտահարուած աշխարհայեացքով:
Երկու ամիսէ ի վեր կը լսենք փոխադարձ մեղադրանքներ, ամբաստանութիւններ, հրապարակային անիմաստ ու անհեռանկար պոռչտուքներ (Հայաստանի մէջ կը սիրեն ըսել «փողոցի ակցիաներ»): Ոչ ոք յանցանքի իր բաժինը կ’ընդունի, մի՛շտ իրմէ կամ իրենցմէ դուրս «միւսը» կամ «միւսներն» են մեղաւոր: Երբեմն բարձրաձայն, երբեմն ալ մեր քիթին տակէն տեղի-անտեղի կը մեղադրենք Ռուսաստանի Դաշնութիւնը եւ անոր առաջնորդը, ԱՄՆ-ը, ՆԱԹՕ-ն, Իսրայէլը, Վրաստանը: Յետո՞յ, ի՞նչ է՝ մե՞նք ենք միայն անմեղ գառնուկները, միակ խաբուածը, զոհը:
Ո՛չ մէկ տեղ կը հասցնեն մեզ այս հարայ-հրոցը, աղմուկը, հակառակորդ հայրենակիցը «յօշոտելու» կոչերը, «խաղաղ մարդասիրական անցք տալով» օրուան վարչապետը իր պաշտօնէն հեռացնելու խորհուրդները (կարծես մեծ լաւութիւն մը կը շնորհեն մեծահոգաբար…): 17+X «կուսակցութիւններ» կամ անոնց նման կարգ մը սակաւանդամ համախմբումներ մեծ-մեծ անուններով իրենք իրենց մէջ եւ իրենք իրենց աղմուկէն հիացած թեկնածուներ կ’ընտրեն եւ ազգին հրաշալի փրկութիւնը անոր/անոնց ընտրութեամբ կը պայմանաւորեն:
Այս պարտութիւնը եւ նուաստացումը պիտի չմոռցուի եւ «դամբանի մրուրով» պիտի գրուի մեր պատմութեան մէջ, բայց դարաւոր փորձութիւններու միջով անցած մեր ժողովուրդի ԱՌՈՂՋ, ԱՐԹՈՒՆ, ՀԵՌԱՏԵՍ եւ ԱՆԿԱՇԱՌ խաւերը պէտք է իջնեն հրապարակ եւ պարտադրեն «Հայոց աշխարհին մի նոր մաքրութիւն»՝ սկսելով «վարագոյրին ետեւ թաքնուած» նախագահէն ու անճրկած վարչապետէն:
Կ’ուզե՞նք մեր վէրքերը շուտ բուժուին եւ ոտքի կանգնիլ նորէն ու աշխարհին նայիլ հպարտի ու յաղթողի աչքերով, ուրեմն պէտք է վերադառնալ ԱՌԱՋԻՆ ՔԱՌԱԿՈՒՍԻԻՆ (square 1): Կ’ուզե՞նք որ աշխարհը մեզ աւելի՛ յարգէ, իսկ մենք մեր աչքին բարձրանանք, պէտք է առաջնորդուինք մէկ տեսլականով որ՝ այս կռիւին մէջէն մենք դուրս պէտք է գանք նոր փորձառութեամբ եւ ի վերջոյ նոր ու ազգային՝ հայկական գաղափարախօսութեամբ մը զինուած: Այդ գաղափարախօսութիւնը պիտի դարձնենք այն շաղախը, որ պիտի կառավարէ մեր իւրաքանչիւր քայլը՝ տունէն մինչեւ դպրոց ու աշխատատեղի, մինչեւ կառավարական գրասենեակ ու միջազգային հիմնարկներ:
Պարտաւորուած ենք մեր զինակիցը դարձնել օրինապահութիւնը՝ ընդդէմ ապօրինութեան ու յափշտամոլութեան: Պետական պաշտօնեան, անկախ իր աստիճանէն, կամ որեւէ հասարակական կազմակերպութեան մը վարչարարը, պէտք է իր պաշտօնը ծառայեցնէ Հայրենիքին եւ ոչ թէ իր անձին (հին քարոզ մը…), ինչպէս նաեւ օտար մութ ու գառնուկի մորթի տակ թաքնուած միջազգային «նուիրատուներու» մօտակայ ու հեռակայ նպատակներուն: Արդարեւ, վերջին 20-25 տարիներու ընթացքին Հայրենիք խուժած ՀԿ-երը (Հասարակական Կազմակերպութիւններ, NGO), սունկի պէս աճած բախտախնդիր երիտասարդները, այս արեւուն տակ արագօրէն «մի քանի կոպեկի տէր» դառնալու ցանկութեամբ պաշտօնի տիրանալ ցանկացողներն ու տիրացածները, մեր երկիրը եւ հասարակութիւնը խրեցին ապականութեան եւ վնասակար «նորարարութեան» գիրկը: Այլ խօսքով, օտար, թշնամի ու շահագրգիռ ուժեր իրենց վնասակար դեղահատերը շաքարապատ խաւով մեր իսկ ազգի անդամներուն ձեռքով լեցուցին մեր հասարակութեան ուղեղին մէջ: Օրինակ՝ մինչ Սորոսի հիմնարկութիւնը եւ այլ ԶԼՄ-ներ (որոնք կարգ մը երկիրներու մէջ մերժուեցան եւ արտաքսուեցան), ինչո՞ւ քաղցկեղի պէս տարածում պիտի գտնէին մեր Հայրենիքին մէջ (երանի՜ ատենը գայ եւ այս մարդիկը կանչուին խիստ պատասխանատւութեան եւ հաշուետւութեան), ուր անոնք կամայ թէ ակամայ նոյն վնասակար ծառայութիւնները մատուցին, ծառայութիւններ, որոնք ապականեցին մեր ազգային դեռեւս շարունակուող կենսունակ առանձնայատկութիւններն ու կենցաղը:
Ո՛չ մէկ արդարացում կարելի է գտնել ի տես Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ դարաւոր աւանդութեանց շեղումներուն (որոնք արձանագրուեցան եւ պաշտպանուեցան հովանաւոր միութիւններու կողմէ)՝ վերջին առնուազն երկու տասնամեակներու ընթացքին: Ինչո՞ւ պետականօրէն քրիստոնէութիւնը որպէս պետական կրօնք հռչակած առաջին պետութեան հաւատացեալ հետնորդները հազարներով պիտի հիասթափուէին մեր Տաճարէն ու հեռանային անկէ, իսկ այլ հազարաւորներ իյնային քաղաքական նպատակներով մեր երկիր խուժած աղանդաւորներու գիրկը: Եթէ պիտի վերադառնանք առաջին քառակուսիին եւ նոր որակի մաքրութիւն մը պիտի սկսինք, պարտաւոր ենք անաչառ քննութեան ենթարկել մեր հոգեւոր իշխանութիւնը եւ յատկապէս անոր գլխաւոր դերակատարները՝ սարկաւագներէն մինչեւ եպիսկոպոսներն ու կաթողիկոսները: Հայութեան՝ ժողովրդավարութեան հաւատացող տարրերը, յանձնառու եւ գործօն մտաւորականութիւնը իրենց խօսքը պէտք է ըսեն եւ լծուին մաքրագործման աշխատանքներուն: Կը յիշեցնենք թէ անձը եւ Եկեղեցին նոյնացնելը հակագիտական է ու հակադիալեկտիկական: Եկեղեցին կը բարգաւաճի, Աստուծոյ տունը կ’ուռճանայ, հաւատացեալներու հաւատքը կ’ամրանայ, եթէ հաւատացեալներու հօտը վստահութիւն տածէ իրենց անձը հոգեւոր սպասարկութեան տուած հոգեւորականներու հանդէպ:
Յիշենք վերջին երեք դարերու նշանաւոր հոգեւորականներէն ոմանց անունները՝ Գրիգոր Շղթայակիր Պատրիարք Երուսաղէմի, Ներսէս Աշտարակեցի, Խրիմեան Հայրիկ, Մաղաքիա Արք. Օրմանեան, Կոմիտաս Վարդապետ, Եղիշէ Պատրիարք Դուրեան, Գարեգին Կաթողիկոս Յովսէփեանց, Վազգէն Ա. Կաթողիկոս, ու տակաւին Պէյրութի մեր համեստ թաղերու Աստուծոյ ծառայ մեր ժողովրդանուէր քահանաներն ու վարդապետները, որոնք ազգակերտման, քրիստոսասիրութեան եւ մարդակերտութեան մէջ պատմական դեր կատարեցին եւ պայծառացուցին Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցին: Ու տակաւին կ’աւելցնեմ նաեւ մեր Կաթողիկէ, Մխիթարեան եւ Աւետարանական եկեղեցիներու բազմաթիւ հայրերէն ու Պատուելիներէն՝ Մխիթար Սեբաստացիի, Հ. Ղեւոնդ Ալիշանի, Կարդինալ Աղաջանեանի, յեղափոխական Անդրանիկ Վարդապետ Կռանեանի, Վերապատուելիներ՝ Տիգրան Անդրէասեանի, Տիգրան Խրլոպեանի, Եղիա Քասունիի եւ ուրիշներու անունները… Այո՛, մեզի «մի նոր մաքրութիւն է պէտք»՝ Լուսաւորչակերտ մեր տաճարներէն ներս:
Մեր խայտառակ պարտութենէն ետք մեր ազգի առողջ զաւակներէն շատեր ամօթի զգացումով կը տառապին վերջին շրջանին, երբ մեր թշնամին՝ երդուեալ հակահայ Էրտողանն ու յատկապէս լկտիացած Ալիեւ, նուաստացուցիչ յայտարարութիւններ կ’ընեն (առաջ ալ կ’ընէին), բայց հիմա անոնց լեզուն աւելի՛ երկարեր է եւ իրենց ճառերուն մէջ կը խօսին «ծունկի բերուած» հայութեան մասին ու ցուցամատը թափ տալով խորհուրդ կու տան տեղերնիս հանգիստ նստիլ, եւ դեռ աւելին՝ իրենց ապահովութեան համար չէզոք տարածքներու մասին կը խօսին…Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքներէն ներս…: Տեսէք թէ ի՛նչ լկտիութեան առիթ տուած ենք մենք մեր կարգ մը «գեներալ-գործարարներու» գնչու-բոշայի գործունէութեամբ: Ուրիշ երկիրներու մէջ այս «զինուորականները» գնդակահարութեան արժանի կը դարձնէին…
Ասոնք բաւարար չէին կարծես, Իսրայէլէն ալ ձայներ կը հասնին մեր ականջին թէ՝ վերջին հարիւրամեակներուն հայեր աւելի շատ դաւաճաններ տուած են քան հերոսներ, ապա, շարունակելով մեր վէրքին վրայ աղ ցանել, լկտիաբար կը յայտնեն թէ իրենք հայերուն ալ առաջարկած են եղեր գնել իրենց անօդաչուներէն…
Ուրեմն, ազգային արժանապատւութիւն ունեցող ամէն հայ իր վիրաւորուածութիւնը պէտք է վերածէ նոր որակի ներուժի մը (energy-էներգիա)՝ կարելի արագութեամբ սկսելու համար նոր մաքրութիւն մը՝ սկսելով մեր անձէն եւ շարունակելով մեր հասարակութենէն ներս: