Դրօշակ վառելու առթիւ հնչած «վախ-վախ»ը։
Դոկտ. Մինաս Գոճայեան, Լոս Անճելըս, 19 Ապրիլ 2023
Կարգ մը հայեր, որոնց մէջ «փոլիթիքոսներ», հեռուստացոյցի մեկնաբաններ, «հոս-հոսներ» ու «ինտելիգենտներ», արդէն կրնամ ըսել թէ կորսնցուցեր են իրենց չափն ու չափորոշիչները, մաշուեր են որպէս ՀԱՅԿԵԱՆ սերունդի զաւակներ, մրցումի մէջ են մտեր «դրօշակ այրողը» մեղադրելու արշաւին մէջ եւ «լրջօրէն մտահոգուեր են» մեր ազգի ու հանրապետութեան վարկով։
-Ի՜նչ պիտի ըսեն հիմա քաղաքակիրթ ժողովուրդները…
– Ի՜նչ վայրենի ու անհանդուրժող են եղեր այս հայերը…
– Համաշխարհային կարծիքը շատ վատ պիտի անդրադառնայ դրօշակը վառելու առթիւ…
– Մեռա՜նք, գացինք, վա՜յ մեզ…խայտառակուեցա՜նք…եւ այլն։
Այս ի՞նչ վայնասուն է, որ կը լսուի հայկական հեռուստակայաններէն՝ Երեւանէն Լոս Անճելըս եւ այլուր։ Յանկարծ հայկական «թասիպն» ու պատիւը փրկելու տենդով բռնուեր են ոմանք։ Մի՞թէ այս է հայ խօսնակի, մեկնաբանի, քաղաքական վերլուծաբանի կոչումը։ Իսկ Երեւանէն նորելուկ նախկին պատգամաւոր մը (Ա.Ս.) հռետորական շեշտով մը անտեղի կերպով կը գրէ. «Ադրբեջանական դրօշ եք վառում Երեւանու՞մ, լուսառատ եւ անվտանգ դահլիճու՞մ: Դէ, այդքան խիզախ էք, զինուորական համազգեստ հագէք ու գնացէք սահման»: Ուրիշ մըն ալ (Դ.Գ.) հայրենասիրութեան սրտառուչ խօսք մը գլտորելով կը գրէ. «Ո՞րն է իրական հայրենասիրութիւնը, դրօշ վառե՞լը, թէ՞ Արթուր Դաւթեանի պէս հայկական յաղթանակը բոլորի աչքը մտցնելը»։
Բերանի ծամօն դարձաւ վշտացած, հաւանաբար նաեւ ազգական կամ ընկեր կորսնցուցած «դրօշակ վառողի» արարքը։ Մելան է, որ կը հոսի, միտքեր եւ ուղեղներ են, որոնք այս խնդրով կլանուած, չեն հետեւիր «ազգընտիր» վարչապետի ու իր վարչախումբի անպատասխանատու եւ խիստ վնասակար յայտարարութիւններուն, որոնցմէ վերջինը լսեցինք Ապրիլ 15-ին Ազգային ժողովի ամպիոնէն։ Ահա թէ ինչ ըսած էր ան՝ 2018-ի «քալող» հերոսը. «Հայաստանը, 2007 թուականին Մատրիտեան սկզբունքները ընդունելով որպէս Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հիմք, Լեռնային Ղարաբաղը ճանաչել է Ադրբեջանի մաս»։ Մեկնաբանութեան չի կարօտիր Ն.Փ.ի կատարեալ խակութիւնը, որուն սպառիչ պատասխան մը տուաւ այդ տարիներու գլխաւոր բանագնաց, արտաքին գործերու նախկին նախարար Վարդան Օսկանեան։
«Դրօշակ վառելու» դէպքը լաւ առիթ մը ընձեռած է գրչակներու եւ թութակներու, որպէսզի զանգուածներուն միտքերը շեղեն այս իշխանութիւններու ապիկար եւ ստորացուցիչ քաղաքականութենէն։
Կը խօսին համաշխարհային կարծիքի ի վնաս հայութեան դառնալու վախէն ու մտմտուքէն։ Համաշխարհային կարծիքը ինքն իրեն չի՛ ծնիր, այլ յատուկ խմբակներ, հիմնարկներ, լոպպիիստական հաստատութիւններ (ընդհանրապէս գնուած կամ վարձուած), շահագրգիռ երկիրներու յատուկ սպասարկութիւններ կը ստեղծեն այդ տրամադրութիւնը, քանզի «դրամը տուողը տուտուկը կը չալէ»։
– Համաշխարհային կարծի՜քը, մեր պատի՜ւը, անունը…խայտառակ եղանք, մէկ լումայի արժէք ունեցանք,- կ՚աղաղակեն հոս ու հոն։
Իսկ երբեւէ մտածե՞ր են «վայ-վայական» հայրենասէրները թէ այդ հանրային կարծիքը ինչո՞ւ բերանը փակեց, լեզուն զսպեց, մատին ետեւ պահուըտեցաւ, երբ հայ մարզիկներ ենթարկուեցան բազում յարձակումներու եւ նուաստացումներու։ Այդ «միջազգային կարծիքը» ինչպէ՞ս արձագանգեց Հունգարիոյ մէջ հայ երիտասարդի կացինահարման առթիւ, երբ այդ քստմնելի ոճիրը կատարուեցաւ Եւրոպայի պորտին մէջ, եւ մանաւանդ ի՞նչ դատապարտելի խօսքեր ըրաւ այդ նոյն «միջազգային հանրութիւնը», երբ դատապարտեալը (մէկ գաւաթ նաւթի կամ քարիւղի փոխարէն) յանձնուեցաւ Ատրպէյճանին, ապա Պաքուի օդակայանը ոտք կոխելուն պէս հերոսի կոչումին արժանացաւ Ալիեւի կողմէ։
Մէջբերենք «դրօշակ վառողի» խօսքը. «Իմ ցանկութիւնը եղել է այն, որ ՀՀ մայրաքաղաք Երեւանում չծածանուի Ատրբեյճանի դրօշը եւ ամենակարեւորը, որ երբեք չմտածեն, որ հայերը սովորում են կամ յարմարւում են ինչ–որ իրավիճակների: Ես ցաւում եմ այն կարծիքների համար, որոնք մտածում են՝ իմ արարքը վատ կարող է անդրադառնալ սահմանում կանգնած մեր տղաների վրայ: Ես աղօթում եմ այդ տղաների ու այն մարդկանց համար, որոնք պահում են սահմանները՝ որպէս ՀՀ քաղաքացի: Եթէ կան այդպիսի մարդիկ, որոնք կարծում են, որ պէտք է չանէի, որովհետեւ… թող կարծեն իրենց տանը ու փակցնելով Ատրպէյճանի դրօշն իրենց տանը՝ փարատուեն դրանով», («Առաւօտ», Ապրիլ 15)։
Պարզ թուարկում մը կատարենք թուրք-ազերի-թաթար վայրագութիւններու (առնուած «Առաւօտ»էն)։
1984-ին, տակաւին Խորհրդային տարիներուն, «Արարատ»ի եւ Պաքու «Նեւթչի»ի միջեւ խաղի ժամանակ ատրպէյճանցիները շրջափակեր էին մարզադաշտը եւ հայ մարզիկները սպաննելու կոչեր կ՚ընէին։
1985-ին, դարձեալ ֆութպոլի խաղերէն առաջ, Շուշիի ջարդերու 65-րդ տարելիցի առիթով (1920) ատրպէյճանցիները Պաքու մէջ թռուցիկներ տարածեր էին։ Ապրիլ 21-ի խաղը թէեւ անցաւ ոստիկաններու խիստ հսկողութեան տակ, սակայն հանդերձարանին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնամարտ։
2005 թուականի Նոյեմբերին, Կիպրոսի մէջ ընթացող քարաթէի աշխարհի երիտասարդական եւ պատանեկան առաջնութեան բացման ժամանակ Թուրքպէյճանի հաւաքականի մարզիկները յանկարծակի յարձակեցան Հայաստանի հաւաքականի վրայ: Բացի այդ, այս վայրենիները մէկ կողմ կը հրեն կիպրոսցի այն պատանին, որ բռնած էր «Հայաստան» ցուցանակը։
2011 թուականի Հոկտեմբերին, Պաքուի մէջ բռնցքամարտի աշխարհի առաջնութեան ժամանակ, այսպէս կոչուած «Ղարաբաղի ազատագրման կազմակերպութեան» անդամները կը ներխուժեն մարզահամերգային համալիր եւ քարեր կը նետեն հայկական պատուիրակութեան ուղղութեամբ:
2015-ի Ապրիլին, ատրպէյճանցի մարզիկ Պախտիար Ապպասովը սամպոյի աշխարհի բաժակի պարգեւատրման արարողութեան ՀՀ օրհներգը հնչելու ատեն ցուցադրաբար կքած ու նստած է։
Պարոնայք «քննադատներ», ջուր մի՛ լեցնէք Ալիեւա-Էրտողանեան ջրաղացին։
(Աւարտելէ առաջ խոհ մը՝ ինչո՞ւ չդատապարտենք նաեւ Սողոմոն Թեհլիրեանը, որ Գերմանիոյ սիրտին մէջ զգետնեց հրէշածին դահիճ ու ցեղասպան Թալէաթը, չէ՞ որ օտարներուն աչքին ահաբեկիչ պիտի երեւային հայերը…)։
********
ԳԵՂԱՐԴ-ի խմբագրութեան ծանօթագրութիւնը. Վերոնշեալ գրութիւնը արձանագրուած էր ապրիլ 19-ին: Այնուհետեւ տեղադրուեցաւ «Նեմեսիս» յուշակոթողը: Տարօրինակ է ՀՀ-ի վարչապետին արտայայտութիւնը ի պատասխան Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին: Ըստ երեւոյթին վարչապետը տեղեակ չէ օսմանեան դատարանի 1919-ի վճիռէն, որ կը դատապարտէ երիտթուրք եղեռնագործերը:
******
1 comment
Այս աժան (cheap) հայրենասիրութիւնը ուրիշին ծախեցէք, հայը ատոր համը լաւ կը ճանչնայ: