Դոկտ. Մինաս Գոճայեան, Լոս Անճելըս, 3 Յուլիս 2020
Ինչ որ տուի ուրիշին, վերադարձաւ անուշցած
Վ.Թէքէեան
Երկարամեայ ուսուցիչի մը կեանքը լի է հպարտառիթ անակնկալներով, որոնք եթէ ինչ որ չափով արդիւնքն են ուսուցիչին տուած դաստիարակութեան եւ ուսման, կը դառնան քաղցրահամ եւ Վահան Թէքեանի խօսքերով՝
– Ինչ որ տուի ուրիշին, վերադարձաւ անուշցած:
Էլնամակ մը եւ ապա հեռախօսազանգ մը զիս կը տանէր 15 տարի ետ, երբ այդ տարի ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի (ԱՄՆ, Քալիֆորնիա) ԺԱ. դասարանի աշկերտները գլուխս հաւաքած կը տանէի տասնօրեայ հայրենի շրջագայութիւն-ուխտագնացութեան: Ակնոցներուն ետին բացայայտօրէն հետաքրքիր աշակերտ մը՝ Պիոն անունով, միշտ հարցումներ կը հարցնէր: Սիրով եւ երբեմն ալ համբերութեամբ կը պատասխանէի: Ան աւարտեց յաջորդ տարի եւ այլեւս անունը չլսեցի, բացի այն պահերէն, երբ կը հանդիպէի իր պատուական մեծհօր եւ մեծմօր՝ Տէր եւ Տիկ. Նուպար եւ Մարօ Յակոբեաններուն: Եւ այսպէս օր մըն ալ կ’իմանայի թէ ուսման համար նախընտրեր է երթալ Աւստրալիա եւ hետեւիլ հոգեբանութեան…Ուրախ լուր մը՝ ի հարկէ:
Հեռաձայնողը Պիոն Միլոյեանն էր: Շուտով կը պարզուէր, որ ան զբաղեր է եւ մտադրեր է նուիրուիլ հայ գրականութիւնը անգլերէնի թարգմանելու գործին…: Ասկէ աւելի ուրախ լուր մը կրնա՞ր իմանալ ուսուցիչ մը, այս պարագային ես եւ կինս:
Հպարտութեամբ կը խօսէր թէ ինք եւ իր համալասարանական ընկերուհին՝ Օրդ. Քիմպըրլի Մըքֆարլէնը անգլերէնի թարգմանած են Րաֆիի «Ջալալէդդին»ը, «Հարեմ»ը, «Մի օրավար հող»ը եւ աշխուժօրէն ու հաւատով լծուած են երկուքով միասին հարստացնել անգլերէն ընթերցող հասարակութեան գրադարանը:
– Սիրտս կը նեղուէր,- կը գրէր ինծի Պիոն,- որ նոր սերունդի հայերն ու օտարները գրեթէ ոչինչ գիտեն հայ գրականութեան մասին եւ հրապարակի վրայ գտնուողներէն ալ լուր չունին, մինչդեռ հայ գրականութիւնը հրամցնելիք շատ երկեր ունի անգլերէն ընթերցողներուն ու համաշխարհային գրականութեան:
Ճիշդ էր Պիոն. այս պակասը իր մաշկին վրայ զգացեր էր հեռաւոր Աւստրալիայի իր յաճախած համալսարանին մէջ, ուր կը հանդիպի ծանրակշիռ աւտրալիացի ուսանողիի մը, որ իր նման կը սիրէր կարդալ եւ աշխարհը ճանչնալ գրականութեան ընդմէջէն: Ճաշակները բռներ էին: Շատ չանցած միասնական ջանքերով կը հիմնեն SOPHENE հրատարակչական հաստատութիւնը եւ իրար ետեւէ լոյս կ’ընծայեն հայութեան մասին տարբեր ժամանակներուն գրուած անգլերէն գիրքեր եւ թարգմանութիւններ:
Պիոնն ու Քիմպըրլին այնքան կը խորանան ու կը խանդավառուին որ վերջինս կ’որոշէ ջուրը աղբիւրէն խմել եւ կը սկսի հետեւիլ ՀԲԸՄ-ի Հայերէն տեսալսողական առցանց դասընթացքներուն (AGBU AVC)՝ հիմնուած համակարգիչի աշխարհին մէջ մասնագիտացած Երուանդ Զօրեանի ջանքերով:
Աչքէ կ’անցընեմ տրամադրութեանս տակ գտնուող իրենց թարգմանութեամբ կատարուած Րաֆֆիի «Հարեմ»ը եւ «Ջալալէդդինը», «Խենթը», եւ «Պարոյր Հայկազն»ը, ապա նոր խմբագրութեամբ 1831-ին հրատարակուած Չարլզ Նիւմանի (Charles Neumann) թարգմանութեան վերահրատարակութիւնը, Վահրամ Րապունիի «Պատմութիւն Ռուբենեանց»ը (“History of the Rubenian Dynasty”), Ստրաբոյի ( Ն.Ք. 64-24 Ք.Ե.) բազմահատոր “Geographica”-ի Միջին Արեւելքի նուիրուած գիրքը, որ կարեւոր աղբիւր մըն է Հայաստանի եւ Միջին Արեւելքի ժողովուրդներու պատմութեան համար (“The Near East”):
– Մենք կը նախընտրենք որ հայերը եւ անոնք, որոնք գիտեն հայերէն խօսիլ եւ կարդալ, թարգմանութեան կողքին ունենան նաեւ հայերէն բնագիրը։ Ուրեմն թարգմանութիւններուն դիմաց բնագիրն ալ կը տպենք։ Դժբախտաբար սփիւռքահայերուն եւ մանաւանդ նոր սերունդին մեծամասնութիւնը մեր հարուստ հայ գրականութեան մասին չի գիտեր, բացի այդ, հետաքրքրուած չէ։ Այս թարգմանութիւնները կատարելով, կը յուսանք մեր գրականութիւնը ներկայացնել ոչ միայն հայերէն չգիտցող հայերուն, այլեւ օտարներուն, որոնք թիւով աւելի շատ են:
Հայ գրականութիւնը օտար լեզուներով թարգմանելը հայ մշակոյթի ծանօթացման ուղղութեամբ տարուած կարեւոր ծրագիր մըն է: Պահ մը երեւակայենք որ Ե. Դարուն Մեսրոպ Մաշտոց, Սահակ Պարթեւն ու իրենց սաները թարգմանած չըլլային յունա-հռոմէական եւ ասորերէն լեզուներով գրուած գլուխգործոցները՝ սկսելով Աւետարանէն: Գրականութիւնը, որպէս ժողովուրդներու եւ քաղաքակրթութիւններու միջեւ հաղորդակցութեան կարեւոր միջոց, զգալի աւանդ կը բերեն ազգերու միջեւ փոխ-հասկացողութեան, բարեկամութեան եւ համատեղ գոյակցութեան:
Այս գիտակցութեամբ եւ հաւատով Պիոն Միլոյեան կը գրէ ինծի.
– Հարիւրաւոր տարիներէ իվեր ուրիշ ազգերու գրականութիւնը կը գովեն(ռուսական, ֆրանսական, հնդկական, նիկերիական եւ այլն…), որովհետեւ կը հաւնին եւ սրտի մօտ կ’ընդունին։ Հայ գրականութիւնը նոյնպէս օր մը պէտք է հասնի ցանկալի բարձունքին։ Ուրիշ ո՞վ, եթէ ոչ մենք՝ հայերս պէտք է յաջողինք լոյսին բերել մեր վէպերն ու պատմութիւնները:
Links
www.sophenearmeniaca.com
www.sophenearmenianlibrary.com
1 comment
Ուրախալի է լսել, որ հայ գրական գործերը թարգմանվում են և հասանելի են դառնում օտարալեզու ընթերցողներին: Ողջույններս և լավագույն բարեմաղթանքներս եմ հղում հրատարակիչներին ու թարգմանիչներին:
Սիրով՝ Անահիտ Արփեն, գրող, թարգմանիչ, կինոխմբագիր