Դոկտ. Մինաս Գոճայեան, Լոս Անճելըս, 20 Յուլիս, 2022
Երկար ատենէ ի վեր ԺԹ. դարու բանաստեղծի յատկանշական վերնագրով այս բանաստեղծութեան վերնագիրը չի պոկուիր ինձմէ, ես ալ՝ իրմէ։ Առաջին անգամ լսած ըլլալս կը յիշեմ իր հայրենի քաղաք Չորք-Մարզպանի նորաբաց վարժարանին մէջ սորված մեծ հօրմէս։ Ձմրան փոթորկոտ ու խոնաւ օրերուն ան, փաթթուած իր բրդեայ ծածկոցով, քանի մը ածուխով տաքցած սենեակին մէջ իբր թէ երգելով, կը մռթմռթար երգը, իսկ ամառներն ալ՝ տանիքի վրայ իր ձեռքով շինուած թախտին վրայ ընկողմանած։ Անոր միւս երգերն էին «Ձախորդ օրերը», «Երգ ազատութեան»ը, «Մեր հայրենիք»ը, «Տրտունջք»ը, «Կիլիկիա»ն, «Ատանա»ն եւ այլ դասական դարձած բանաստեղծութիւններ ու երգեր։ «Է՜հ աշխարհ, աշխարհ» մրմնջելով կը նստէր հազիւ չորս ոտքերու վրայ գործի ծառայող սեղանիկին ու գրի կ՚առնէր իր պատառ պատառ յուշերը…
– Եղբայր եմք մեք, որ մրրկաւ էինք զատուած…
Այս «եղբայրները» սակայն այսօր եւ անցեալին լաւ չեն հասկցած կամ չեն հասկնար զիրար, թէեւ նոյն երգը երգած են ու կ՚երգեն բոլորն ալ։ Հազարաւորներ Հայաստան ներգաղթեցին, իրենց քրտինքը խառնեցին իրենց եղբայրներուն քրտինքին, եւ սակայն չհասկցան զիրար, «անոնք-նրանք, մերինները-ձերոնք, աղբեր-աղբար» մնացին։
Չհասկցան զիրար մեծ երկրաշարժէն ետքն ալ, անկախութենէն առաջ ու ետք, Արցախեան հողերը ազատագրելէն, զանազան պատճառներով հայրենիքէն հեռանալէն եւ ովկիանոսներու ափերուն հաստատուելէն, 44-օրեայէն ետքն ալ, երբ ազգովին ուժգին ապտակ մը կերանք ամէն կողմէն, երբ կորսնցուցինք մեր մատաղ զինուորներն ու նոր հողեր…
Յետո՞յ։ Ասոր վերջը ո՞ւր պիտի հասնի։
Պիտի առարկեն շատեր՝ ըսելով թէ միայն վատն ու ժխտականը կը տեսնեմ, իբր կ՚արհամարհեմ «մրրկաւ զատուած եղբայրներու» բազում յաջողութիւններ, միասնական ճիգեր, մերձեցման փորձեր…
Եթէ այդպէս է՝ ո՞ւր է արդիւնքը։
Արդէն քաներորդ անգամն է որ վերջին քսան-քսանհինգ տարիներուն կրցածիս չափ կը փորձեմ ներկայ ըլլալ «երկու եղբայրներու» զանազան ձեռնարկներուն՝ մշակութային, գեղարուեստական, ազգային-քաղաքական եւ այլն։ Կը հետեւիմ «երկու եղբայրներու» մամուլին, հեռուստահաղորդումներուն…Պատկերը ոչ միայն տխուր է, այլ մտահոգիչ եւ յուահատեցուցիչ։
Գացած եմ «նրանց/անոնց» միջոցառումներին/ձեռնարկներուն, մանկապարտէզի հանդէսներուն, երգ ու պարի համոյթներուն…գլխաւոր բացականերն են նախ «մերինները» (բէյրութցիները, հալէպցիները), եւ արեւմտահայերէնը, եւ սակայն առատօրէն կը լսուին «ազիզը, սաղը, համ…համը»։ Ներկայ կ՚ըլլամ «մերիններուն» հանդէս-ձեռնարկներուն…, հոս ալ զգալիօրէն, եթէ ոչ ամբողջովին, կը բացակային «անոնք՝ հայաստանցիները»։
«Եղբա՞յր եմք մեք»…
Կը լսեմ՝
- Դա, մերոնք չեն…
- Էլի իրանց «բէյրութահայերէնով» ա…
- Ճիշդը կ՚ուզես նէ ես «հայաստանցիներուն լեզուն հեչ չեմ հասկնար, հելէ մէյ մը արագ խօսին…բան չեմ հասկնար։
Մինչեւ հինգ վեց տարի առաջ թատրոնի մէջ անուրանալի վաստակ ունեցող դերասան, բեմադրիչ եւ թատերագէտ Գրիգոր Սաթամեան փորձեց կենդանի պահել արեւմտահայերէն լեզուով թատրոնը այս ափերուն։ Ամէն ջանք թափեցի ներկայ գտնուիլ բոլոր բեմադրութիւններուն եւ երբեմն ալ արձագանգեցի մամուլով։ Ցաւօք սրտի, ամէն անգամ կը նկատէի մեր հայաստանահայ հայրենակիցներուն ի սպառ բացակայութիւնը…
Ինչո՞ւ. արեւմտահայերէնը խո՞րթ է միթէ իրենց ականջին կամ՝ անմիջապէս որ գովազդը կը տեսնեն գրուած դասական ուղղագրութեամբ (բէյրութահայ, հին եւ այլ որակումներով) անմիջապէս կը ստեղծուի տարօրինակ տրամադրութիւն մը՝ «մերոնք չեն…, էլի՛ բէյրութահայերն են…»։ Կամ արդեօ՞ք լայնածաւալ ծանուցումներ չեն ըլլար, «հայաստանեան» հեռատեսիլէն եւ մամուլէն չեն ծանուցուիր…։ Բայց, կը բաւէ որ ԱԼԵՔՍ թատրոնի կամ Լաս Վեկասի շքեղ ու պերճաշուք սրահներու մէջ կիսառապիս երգիչ-երգչուհիներ ելոյթ ունենան, խուռներամ բազմութեամբ կը խուժեն՝ վճարելով աներեւակայելի գումարներ…
Ո՞վ կը մեկնաբանէ այս երեւոյթը։
Քանի մը տարիէ իվեր գեղարուեստական շատ յաջող ձեռնարկ-միջոցառումներ կը կազմակերպեն մեր հայաստանահայ նոր սփիւռքահայերը (գինեձօն-շնորհահանդէս, երգ ու պար, թատերական ներկայացումներ, երգիծական երեկոյներ եւ այլն)։ Այս անգամ ալ գլխաւոր բացական արեւմտահայ սփիւռքն է… Ահաւասիկ ի՛նչ պատասխաններ կամ չքմեղանքներ կը լսեմ.
- Ճանը՛մ, արագ արագ կը խօսին, բան մը չենք հասկնար։
- Շատ ռուսերէն բառեր կը խառնեն։
- Մենք Հայաստան չենք ապրած եւ հոնտեղի կեանքը չենք ճանչցած…մէյ մըն ալ տեսնաս բոլորը կը խնդան ու կը ծափահարեն, մենք ալ ապուշ-ապուշ կը նայինք…
Եւ նմանօրինակ խօսքեր ու պատճառաբանութիւններ։
Քանի մը օր առաջ ներկայ գտնուեցայ մշակութային բարձր մակարդակով պատրաստուած գիրքի շնորհահանդէսի մը։ Հեղինակն էր ակադեմիկոս, գիտնական, ասեղնաբոյժ, բժշկութեան իր ճիւղին մէջ հռչակուած բժիշկ՝ բանաստեղծ Գագիկ Կարապետեանի հերթական գիրքի շնորհահանդէսին՝ Կլենտելի Իրանահայ Միութեան շքեղ շէնքին մէջ։՚
Ելոյթներ ունեցան Լոս Անճելըս հաստատուծ բոլորիս յայտնի երգիչներ, բանաստեղծներ, ասմունքողներ, նոյնիսկ ներկայ էր ծանրաբարձութեան աշխարհի ախոյեան (չեմպիոն) Նազելի Ավդալեանը։ Մէկ կողմէն հոգեպարար ժամեր կ՚ապրէի, կը յիշէի 1960-1980-ական թուականներու Երեւանեան գրական բարձրամակարդակ օրերը, միւս կողմէն…ափսոսանք կ՚ապրէի եւ ինքզինքս կ՚ուտէի… բացի ինձմէ ՈՉ ՄԷԿ ԱՅԼ արեւմտահայ սփիւռքահայ տեսնելով։ Աշխարհի վրայ արեւմտահայերէնի ներկայութիւնը զգացուեցաւ շնորհիւ Վ. Թէքէեանի «Հայու հոգին» բանաստեղծութեան ճիշդ տեղին կատարուած բանաստեղծութեամբ։
Մենք նոյն ժողովուրդի երկու եղբայր հատուածնե՞րն ենք թէ՞ իրարամերժ ու իրար հակադրուող հաւաքականութիւններ։ Եթէ «մրրկաւ էինք զատուած» անցեալին, հիմա ո՞ր մրրիկը կը խանգարէ մեզ, ո՞ր եաթաղանը կախուած է մեր գլխուն կամ ո՞ր ցարը հրամաններ կ՚արձակէ Կրեմլինէն…Կամ՝ արդեօ՞ք բան մը չէ փոխուած մինչեւ օրս՝ նոյն եաթաղանն է, ցարը եւ «մերոնք-ձերոնք»ը։
Ըստ երեւոյթին այդպէս է իրականութիւնը, եթէ խորապէս մտածենք եւ վերլուծենք դէպքերու ընթացքը։
Խնդրեմ, Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայ իշխանութիւնները նախորդներէն ոչ պակաս յամառութեամբ «Հայ-թրքական» եւ «Հայ-ատրպեյճանական» (իմա՝ թաթարական) բարեկամութեան, յարաբերութեանց բնականոնացման (իրենց բառապաշարով՝ նորմալացման) մասին կը խօսին, սահմաններ բանալու գծով անդրադարձներ կը կատարեն այնպէս մը, որ կարծես թէ սփիւռքահայութիւն, հայ դատ, արեւմտահայ սփիւռք եւ անոր կողմէ հրապարակ իջեցուած պահանջատիրութիւն չկայ։ Կարծես թէ ՀՀ-ն միայն հոն ապրող հայութեան «շահերը» կը պաշտպանէ։ Հապա ի՞նչ ըսել այն պարագաներուն, երբ «մի քիչ փող ուղարկեցէք»ի դիմում-խնդրանքներ կը ներկայացնեն սփիւռքին, զոր կ՚արհամարհեն զանազան առիթներով։
Իրօ՞ք «եղբայր եմք մեք»։ Այս ի՞նչ տեսակ եղբայրութիւն է. տակաւին չենք խօսիր ՀՀ քաղաքացիութիւն ստանալու դժուարութիւններու մասին ու տակաւին չենք խօսիր այն մասին, որ նախկին նախագահը գրիչի մէկ հարուածով սահմանադրութեան խոչընդոտ մը ստեղծեց երկքաղաքացիութիւն ունեցող արտերկրի հայ արհեստավարժ անձերու համար պետական բարձր պաշտօններ ստանձնելու գործընթացին մէջ։
Այս ի՞նչ տեսակ եղբայրութիւն է։
Հետեւեաբար կ՚աղերսեմ մեծ Տարօնցիին.
-Հասի՛ր օգնութեան, Օշականի Մեծ Սուրբ։
================
«Եղբայր ենք մեք, որ մրրկաւ էինք զատուած», Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան (1828-1868)
1 comment
Կը ցաւիմ բայց չեմ զարմանար։ Վէրքը շատ հինէն է։ Լուծումը ժամանակն ու այդ ուղղութեամբ աշխատանքն է… Գալով “Եղբայր”բառին. Պուրճ Համմուտ ծնած եմ և նոյն Արեւմտահայերու իրար սպաննելու բազմաթիւ տեսակներու ականատես և ականջալուր եղած եմ։ Պատճառը` Կուսակցական տարակարծութիւնները։ Եւ դեռ աւելին` նոյն կուսակիցներու տարակարծութիւները…։ Զիս հասցուցին տեղ մը` ուր տիրականը եղաւ “ՂԱՐԸՆ ՂԱՐՏԱՇՏԱՆ ԵԱԽԸՆ” (Որովայնը եղբօրմէ աւելի կարեւոր է)։ Աւարտելով` “Եղբայր եմք մեք”ը ՄԱՍՈՆՆԵՐՈՒ ՈՒՂՈՒԱԾ Է (Համաշխարհային) ՈՉ ԹԷ`ՀԱՅՈՑ։ Շնորհակալութիւն առիթին համար։