Դոկտ. Մինաս Գոճայեան, 15 Օգոստոս 2022, Լոս Անճելըս
Խորհրդածութեանս առի՞թը, խնդրեմ կարդալ սա տողերը։
“Integration of Armenians in Karabakh into the Azerbaijani society is the only humanitarian way forward, the former US ambassador to Azerbaijan, Matthew Bryza told Trend“.
(Ղարաբաղի մէջ հայերու ընդելուզումը (իմա՝ ձուլումը, ամբողջին մաս կազմելը) Ատրպեճանի հասարակութեան մէջ միակ մարդասիրական ճանապարհն է, Trend-ին ըսած է Ատրպեճանի մէջ ԱՄՆ նախկին դեսպան Մեթիու Պրայզան։)
Այսպիսի առիթներով է որ հայկական առածը կ՚ըսէ. «Աղուէսէն վկայութիւն ուզեցին՝ պոչը բերաւ»։
ԱՄՆ-ի լաւագոյն իրաւաբանական եւ քաղաքագիտութեանց հաստատութիւններ հետեւած այս «տոն ժուան» դիւանագէտը կը կարծէ գտած ըլլալ Արցախի հայութեան բարօրութեան ու փրկութեան լաւագոյն բանալին, եւ հանդէս կու գայ վերոնշեալ յայտարարութեամբ։ Շնորհակալութի՜ւն դիւանագիտական ասպարէզի «աղուէսին»։ Իր անցեալը հարեւանցիօրէն ուսումնասիրողը պիտի չզարմանայ Մաթէոսի «աւետարանի» յայտարարութեան վրայ, որովհետեւ ուրիշ առիթներով համը առած է ան նավթատոլարի՝ իր երկրորդ ամուսնութեան առթիւ՝ Իսթամպուլի մէջ։ Սա նաեւ ԱՄՆ-ի այն խորհրդականներէն էր Լեհաստանի մէջ, որ խորհուրդներ կու տար Solidarity շարժման։ Կ՚ընդունիմ որ միջակէն բարձր ամերիկացի մըն է, վասնզի կը խօսի ռուսերէն, լեհերէն, հաւանաբար նաեւ թուրքպէյճաներէն։
Ուրեմն ԱՄՆ-ի այս «մարդասէ՜ր» դիւանագէտը օգնելու փորձ ընելու փոխարէն ճիշդ հակառակը՝ մեր գլխուն փորձանք կ՚ըլլայ։
Իմ նման Միջին Արեւելքի քաղաքական եւ ռազմական վերիվայրումներու մէջ ապրած մարդոց համար այսպիսիները կը նկատուին միջազգային սիոնիզմի եւ նավթատոլարածարաւներու բանբերի տիպար օրինակներ։ Հոսկէ ալ կը շարունակենք մեր մտորումները։
ա) Արդեօ՞ք նոյն մարդասիրական (հումանիտար) խորհուրդը պիտի տար ուկրաինացիներուն՝ համախոհութեամբ ապրիլ Պուտինա-լավրովեան ՌԴ-ի հետ։
բ) Արդեօ՞ք նոյն խրատը պիտի տար Կիպրոսի մէկ երրորդը զաւթած բայց բնակչութեան մէկ չորրորդը հանդիսացող թուրքերուն կամ յոյներուն պիտի առաջարկէ՞ր խաղաղութեամբ ու համակերպութեամբ ապրիլ երկիրը զաւթած Թուրքիոյ հանրապետութեան ուժերու հովանիին տակ։
գ) Հրեաները սխա՞լ ըրին որ չմիաձուլուեցան սպանացիներու, փորթուկալցիներու, ֆրանսացիներու, արաբական երկիրներու եւ գերմանախօս ժողովուրդներու մէջ։
դ) Այս փողկապաւոր դիւանագէտը որեւէ գաղափար ունի՞ կամ թէ գիտէ՞ ինչ կը նշանակէ հայրենի պատմական հող, թէ որքան կարեւոր է նախնեաց հողերու եւ բնակարաններու մէջ ապրիլ ու պահպանել ազգային առանձնայատկութիւններն ու ինքնութիւնը, թէ՞ իր համար նշանակութիւն չունի թէ ԱՄՆ-ի ո՞ր նահանգին մէջ ապրեր է, Թեքսաս թէ՞ Ալասքա, քանի որ տեղաբնիկի գիտակցութիւն չունի ինք, այսօր Այովա, վաղը՝ Արիզոնա։
Դիւրին է խորհուրդ տալը, մանաւանդ մեր պարագային մէջ գտնուող ազգի մը, երբ ռուս-թուրք-ազերի/թաթար եռեակին կողմէ բծախնդրօրէն հաւաքագրուած եւ մամոնային ծախուած օլիգարխներ, յաջողեցան պարտութեան մատնել 1990-ականներուն պատուաբեր յաղթանակ տարած մեր ազգին։ Դիւրին է խորհուրդ տալ եւ ըսել. «եթէ այս թաղը չես հաւնիր, գնայ միւս թաղը ապրիր…»։ Պրայզաներուն համար ամէն տեղ հայրենիք է, ուր փողը առատօրէն կը հոսի, իրենց համար հայրենիք է Պաքուն, Փարիզը, Նիւ Եորքը, Իսթամպուլը, վաղը՝ Քապուլը…։ Ինչ կայ որ։
Հիմա մեր ականաւոր թղթակիցներէն մէկը սիոնիզմի պատգամաբերներուն հարց կու տայ.
-Ի միջի այլոց ինչու՞ Եգիպտոսի, Իրաքի, Եմենի, Մարոկի հրեաները բնակություն կը հաստատեն պատերազմէն աւերված երկրի մէջ, փոխանակ ձուլուելու այն երկրներու մէջ, ուր իրենք ծնած էին և ուր դարեր շարունակ շատ լաւ յաջողութիւններ ունէին…: (Ժ. Թ.)
Հետեւեալ դրուագները Մ. Պրայզայի կեանքէն ցոյց կու տան ինչպիսի՞ դիւանագէտի հետ գործ ունի ՀՀ-ն եւ առհասարակ հայ ժողովուրդը։
ա) Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտության կարգավորման ԵԱՀԿ (OSCE) Մինսքի Խումբին բանակցային գործընթացին ընթացքին Մ. Պրայզայի աննպաստ եւ կողմնակալ արտայայտութիւններուն առթիւ «Հայ Դատի» ատենապետ Քեն Հաչիքեան բողոքի նամակով մը դիմեց Պետ Քարտուղարուհի Հիլըրի Քլինթընին։
բ) 2012-ին ԱՄՆ-ի Ծերակոյտը (Սենատը) չվաւերացուց Մ. Պրայզայի նշանակումը իր հայցած պաշտօնին արտաքին գործերու նախարարութենէն ներս։ Իր նշանակումին դէմ խստօրէն արգելք կեցան հայկական լոպիիստական կազմակերպութիւններ եւ այլ ծերակուտականներ՝ իր բացայայտ ատրպէյճանամէտ կողմնորոշումներուն եւ Ատրպէյճանի կարգ մը պետական այրերու հետ ունեցած հարցական կապերու պատճառով։
գ) Պրայզայի երկրորդ ամուսնութեան առթիւ (թուրք Զէյնօ Պարանի հետ-կասկածելի ծագումով կին մը) Ատրպէյճանի Տնտեսական զարգացման նախարար Հէյտար Պապաեւ նշանակալի քարիւղահամ գումար մը «նուիրած է» Իսթամպուլի մէջ կայացած հարսանեաց հանդէսին։
ԱՄՆ-ի եւ զինակից երկիրներու մէջ ապրող, բարգաւաճող եւ ընտրական որոշ ձայն ունեցող մեր հայրենակիցներուն եւ մեր ոչ-հայ բարեկամներուն կը մնայ աչալրջօրէն հետեւիլ իրենց երկիրներու մէջ գտնուող եւ զանազան տիտղոսներ ու հանգամանքներ ունեցող պրայզաներուն, որպէսզի դիմակազերծուին յաչս իրենց ապրած երկիրներու մարդասէր ու ժողովրդավար հոսանքներու։ (Այսքանը կարծեմ կրնանք ընել, մանաւանդ այն «ուժերը», որոնք իրենց քիթը կը մտցնեն ՀՀ-ի գործերուն մէջ։)
Հետաքրքրական պիտի ըլլար իմանալ թէ ի՞նչ պիտի ըսէր ԱՄՆ-ի նախագահ Վ. Վիլսոնը Մ. Պրայզային, եթէ հրաշքով մը յայտնուէր այս օրերուն…