Դոկտ. Մինաս Գոճայեան, Լոս Անճելըս, 4 Յունուար 2023
Ա. Դրուագ – Կարս. Չարենցի տունը
«Գիշերն ամբողջ հիւանդ խելագար ես երազեցի»…Չարենցի տունը տեսնել։ 2011-ի Յուլիս ամիսն էր։ Կը շարունակուէր առաջին ուխտագնացութիւնս ի Պատմական Հայաստան։ Գրաւեալ Մասիսներու լանջին այդ գիշեր ես անբացատրելի մղձաւանջի մը մէջ կը գտնուէի։ Կարծես չէին բաւեր այն ծանր ապրումները, որոնք այդ երեկոյ, այս մութ եւ համարեա խաւար լանջերուն, ուշքս ու միտքս կը պտըտէին աստուածաշնչային լերան միւս կողմը գտնուող լուսաւոր Երեւանի եւ մերձակայ վայրերու մէջ ապրող հարազատներուս եւ դասընկերներուս շուրջ։ Քանի կը մօտենային արշալոյսի ժամերը, այնքան աւելի ուժգին կը զգայի անհամբերութեան տրոփները կրծքավանդակիս տակ։
Յաջորդ օրը ճամբայ պիտի ելլէինք Բայազիդի ամրոցի, քաղաքամայր Անիի եւ Կարսի ուղղութեամբ։
Կարս՝ Եղիշէ Չարենցի քաղաքը, յաճախած դպրոցը, սէրերը, «Երկիր Նաիրի»ի կերպարները, «Մազութի Համօն», Կարսի Բագրատունեաց բերդը, Առաքելոց եկեղեցին, հապա Վարդանի կամուրջը, անուններ ու վայրեր, որոնց մասին սորվեր էինք այնպիսի ուսուցիչներէ ու դասախօսներէ, որոնք…հազիւ թէ անոնց սեւ ու սպիտակ նկարներն էին տեսեր։ Բայց մենք սիրեր ու կապուեր էինք այդ վայրերուն, որովհետեւ Չարենցի անուան հետ կ՚առնչուէին։
Եւ ահա՛, ամառնային շոգ օր մը, մեր մարդատար ինքնաշարժը կանգ կ՚առնէր Առաքելոց արքայական փոքրիկ եկեղեցւոյ կայանատեղին, իսկ ես կը շտապէի մէկ վայրկեան առաջ գտնել Վարդանի կամուրջը եւ հոնկէ դիտել բերդն ու Կարսի գետակի (Ղարսայ չայ) ափերուն տակաւին կիսափուլ կանգնած մէկ եւ երկու յարկանի հայոց բնակարանները։ Ձախիս՝ յայտնի էր արդէն, գմբէթաւոր տունը բաղնիքը պէտք է ըլլար, աջին, սա տուներէն մէկը՝ Չարենցի բնակարանը։ Ծոցիս մէջ ամուր պահած նկարին շնորհիւ կը կողմնորոշուիմ ու գրեթէ վազելով ինքզինքս կը գտնեմ խարխուլ, բայց տակաւին տունի նմանող հարիւրամեայ շինութեան մը առջեւ։ Ա՛յս պէտք է ըլլայ Չարենցի հօր՝ Աբգար աղա Սողոմոնեանի տունը։
Կարս. Չարենցի տունը
Տնտնալով մօտեցող թուրք մը (որ պարզուեցաւ թէ քուրդ մըն էր), քթին տակէն քմծիծաղով հարցուց թէ «Էրմէնի շա՚՛երի (արաբ.՝ բանաստեղծ, հայ բանաստեղծ) տո՞ւնը կը փնտռեմ։ Հաստատակամ պատասխանիս վրայ շարունակեց. «Ճիշդ առջեւը կեցած ես…», ապա ձեռքիս պատկերին նայելով, կարծելով մոգական թուղթ մըն է, որ գաղտնիքներ կը պարունակէ, շարունակեց. «ոսկիներուն պահուած տեղը եթէ կը փնտռես, շա՜տ ես ուշացած…»։ Ինծի կը մնար իմացած թուրքերէնովս յայտնել թէ այս ամբողջ տունը ոսկի է, եթէ պահեն ու պահպանեն եւ վրան ալ տախտակ մը փակցնեն նշելով, որուն տունն ըլլալը։ Իր զարմացական նայուածքին վրայ աւելցուցի. «Եթէ այդպէս ընէք, աշխարհի չորս կողմերէն ամէն տարի հազարաւոր մարդիկ պիտի այցելեն հոս եւ դուք դրամ պիտի շահիք…»։
– Եա՜,- շշմեցաւ մարդը,– փեյղամպե՞ր է ինչ է այդ մարդը (մարգարէ՞ է, ինչ է…)
– Էրմէնիներուս համար «փեյղամպեր»էն աւելի բարձր մէկն է: Լաւ մտածէ ըսածիս վրայ…։
Կարսի անհեթեթ անկումէն 90 տարի ետք գլխիկոր կանգնած կը մնամ «Նայիրեան պոէտի» անմխիթար տան մուտքին ու կ՚արտասանեմ.
«Գիշերն ամբողջ հիւանդ խելագար, ես երազեցի արեւի մասին»…։
«Կ՚ուզեմ հիմի փչէ զուռնէն հարբած ըլնեմ մինչեւ էգուց»…։
Ապա ծոցէս կը հանեմ նօթագրութեան տետրակս ու կ՚ընթերցեմ։ Ինքզինքս պատրաստած ըլլալով այս «գրական հանդիպում-ծիսակատարութեան»՝ կը կարդամ.
Դուք, որ վատնեցիք մեր գանձը հետին –
Մեզ թողիք տկլոր ու բոկոտն, ու խեղճ,
Եւ գլուխը մեր թեքեցիք գետին,
Եւ նախատինքը մեր դէմքը թրջեց –
Երգում ենք ահա ձեզ փառք ու պատիւ՝
Չորեքթաթ կեցած ձեր կառքի առջեւ: (1929)
Ի՜նչ իմանայի այդ պահուն որ տասնամեակ մը ետք այս տողերը այնքա՜ն հարազատ կերպով պիտի արտայայտէին շատերուս տրամադրութիւնները…
Երկու ժամ թափառելէ ետք Կարսի մայր պողոտայի մայթերուն վրայ, մեր խումբը հրաժեշտ կու տայ երբեմնի այդ հայրենի ոստանին՝ երգելով.
– Կարս, Կարս, Կարս, հայրենի հարս,
Ե՞րբ դու նորից Մայր Հայաստան պիտ՚ վերադառնաս…
125 տարի անցած է «խելագար» ու «արեւահամ» Չարենցի ծնունդէն ու տակաւին «մեր գայլը կ՚ոռնայ» այս լուսին-մահիկի տակ, որ երբեմն եաթաղանի տեսքով կը կախուի այս օտար երկինքներէն վար։
Բ. Դրուագ – «Կոմիտասի պատը»
1974-1975-ին, այն ատենուան Լենինի պողոտայի (այժմ Մաշտոցի պողոտայ) վրայ պզտիկ խուց մը վարձած էի, որպէսզի մօտ ըլլայի թէ՛ Մատենադարանին եւ թէ՛ ԵՊՀ-ին։ Մեր դասարանցիներէն ուսանող ընկերուհի մը յայտնեց թէ «բնակարանէս» քիչ մը անդին թիւ 17 շէնքին մէջ աշխատանքի անցած է Եղիշէ Չարենցի նորաբաց տուն-թանգարանին մէջ։
Չարենցի տուն-թանգարանը ընդամէնը ոտքով հինգ վայրկեան անդին էր։ Բախտաւոր զգացի այսքան մօտիկ գտնուելուս համար «Նաիրեան պոէտին»։ Առաջին անգամ խոր երկիւղածութեամբ մտայ բանաստեղծին բնակարանը եւ շուտով դարձայ անոր «մշտական» այցելուն եւ օգնական աշխատողը։ Տնօրէնուհին Նուարդ Բաղդասարեանն էր, գործին գիտակ, բծախնդիր եւ կարգապահ կին մը։ Մտերմութեան համար շատ ժամանակ չպահանջուեցաւ։ Այսպիսով ես՝ Լիբանանէն եկած ուսանողս, ազատ ելք ու մուտք կ՚ունենայի Չարենցի բնակարանին սենեակներէն ներս ու ամէն անգամ ինքզինքս զգալու այնքան մօտիկ անոր գրասեղանին, գորգապատ նստարաններուն (թախտ), բաճկոնին, ծխամորճին, Պուտտայի արձանիկներուն, կնոջ, դուստրերուն եւ այլ հարազատներու նկարներուն, ինչպէս հայրը՝ Աբգար աղան, Լենինկրատ ապրող աչազուրկ քոյրը…
Կրնա՞ք պատկերացնել թէ ի՞նչ զգացում կը պարուրէր զիս, երբ յաճախ մատներուս վրայ կը քալէի Չարենցի իսկ օգնութեամբ շարուած տախտակամածին վրայ, որպէսզի պատերէն կախուած նկարներն ու գրասեղանի փոշին առնուէր եւ յետոյ հարազատի մը նման նստիլ տնօրէնուհիին քով ու ծխել, սուրճ խմել, ուխտաւորներ դիմաւորել, վկայութիւններ լսել բանաստեղծի վերջին տարիներու կեանքէն եւ տնային կալանքի մասին։
Հրաշքներու չեմ հաւատար, բայց ի՞նչ ըսել այն տեսարանին, որ պարզուեցաւ մեր աչքին առջեւ եւ երկար ատեն մնաց մեր յիշողութեան մէջ։ Բազմաթիւ էին չհաւատացողները, որոնք իրենց աչքերով տեսնելով եւ Թովմաս առաքեալի նման մատով դպնալէ ետք գլուխնին օրօրելով կը մեկնէին՝ ուրիշներուն պատմելու համար իրենց տեսածը։
Ի՞նչ էր պատահեր։ Օր մը առաջ աշխատակիցները, ես ալ իրենց հետ, կարծեմ կտաւատի ձէթով մաքրեր էինք առաստաղէն վար պատին փակցուած պազալթէ սալիկներով շարքը, որուն աջ կողմը Կոմիտաս-Չարենց սիրտէ սիրտ հոգեկապակցութիւնը պիտի ցուցադրուէր. արդէն բաներ մը կախուած էին։
Քսեցինք, վերջացուցինք, «ցտեսութեան ու սուրճ-ծխախոտի» արարողութիւնն ալ կատարելէ ետք մեկնեցանք մեր տուները։
1975-ի աշնան էր, երբ հազիւ սկսեր էինք դիմաւորել Երեւանի աշունը, «շշուկն ու մշուշը», «աշնան մշուշում շշուկ ու շրշիւնը…։ Ո՞վ չէ կարօտցած այսօր Երեւանեան աշունը, Յաղթանակի զբօսայգիի եւ Օղակաձեւ այգիի կարմրադեղին զգեստներ հագած պուրակները…
Այդպիսի աշնանային առաւօտ մըն էր, երբ տանտիրուհիիս հեռաձայնը հնչեց, որուն յաջորդեց անոր զիլ կանչը.
– Մինա՜ս, շուտ արի, քեզ են կանչում Չարենցի տուն-թանգարանից…
Սիրտս վեր թռաւ. չըլլա՜յ թէ կրակ-մրակ կամ գողութիւն պատահած ըլլայ։
– Այո՛, լսում եմ Տիկ. Բաղդասարեան, ի՞նչ է պատահել,- կը հարցնեմ տագնապած։
– Հրա՛շք, Մինաս ջան, պարզապէս հրաշք։ Շուտ արի «ապարատով» (լուսանկարչական գործիք)։
Տանտիրուհիս 1930-1940-ական թուականներու օպերային երգչուհի, շաքարախտով հիւանդ Թուշիկ Խաչատուրեանն էր, որ լաւ կը յիշէր Չարենցն ալ, կինն ալ, բանտարկութիւններն ու այլ մանրամասնութիւններ ալ։
– Ի՞նչ է պատահել, հօ վատ բան չի եղել…։ Ի՞նչ է, մահից յետո՞յ էլ հանգիստ չեն թողնում նրան…
Երկու բառով փոխանցեցի լսածս եւ մի քանի վայրկեանէն զարկի թանգարանին դուռը։
– Արի՛, Մինաս ջան, ուղիղ գնա՛ «Կոմիտասի պատը», եւ տե՛ս թէ ի՞նչ է յայտնուել,– արտորանքով ու առանց նախաբանի ինծի դիմեց Տիկ. Նուարդ։
Հաւանաբար կեանքիս ամէնէն անմոռանալի, ցնցող ու զարմանահրաշ պահերէն մէկն էր, որուն ականատես կ՚ըլլայի։ Պազալթէ սալաքարերու վրայ վերէն վար յայտնուեր էին ուրուագծեր, մարդկային շարժուձեւեր, պարողներու շարժումներ…Կոմիտասն էր կարծես, ճիշդ այն Կոմիտաս վարդապետը, զոր նկարած էր «Անլռելի զանգակատուն»ի նկարիչ Գրիգոր Խանջեանը։ Հո՛ն էր ան՝ Մեծն Վարդապետը, որ խելացնոր կը պարէր կարծես ի տես իր զոհերուն՝ Սոնաներուն, Յասմիկներուն եւ հայ կոյսերուն…
– Սա հրաշք չէ ապա ի՞նչ է, հը՞, շո՛ւտ արա, նկարի, քանի չի ցնդել, քանի չեն եկել «ինչ որ տեղից»…
Ուրիշ բան չէր մնար ընել մեզի, եթէ ոչ իրար հաւատացնել թէ իրիկունը ինքը՝ Կոմիտաս վարդապետն էր անաղմուկ եկեր եւ իր «ստորագրութիւնը» դրեր։
Խորհրդաւոր պատը բաւական ատեն մնաց հոն եւ թանգարանին տնօրէնութիւնը խիստ զգուշութեամբ արտայայտուեցաւ այս երեւոյթին մասին։ Այցելեց միայն հարիւր տոկոս վստահելի ընտրանի մը, որոնց մէջ նոյնինքն Խանջեանը…։ Նկարիչը երկար դիտեց «իր ստեղծագործութիւնը», չհաւատաց, հարցումներ տուաւ, խիստ կասկածով մօտեցաւ, նոյնիսկ շօշափեց, եւ ոչ մէկ կասկած ունենալով «հրաշքի» բնածին ըլլալու վրայ, մտաւ գրասենեակ ու սկսաւ ներկաները դիտել աղերսանքով։
Չարենցն ու Կոմիտասը զիրար գտած էին Նայիրեան աստուածներու վերին տնօրինութեամբ։
Ափսոս որ միառժամանակ ետք խամրեցան ուրուագծերը՝ կտաւատի իւղի ցնդելուն հետեւանքով։
Այսօր Մաշտոցի պողոտայի թիւ 17 շէնքին մէկ մասը վերածուած է թանգարանի, ունի փոքրիկ հանդիսասրահ մը, իսկ Չարենցի թոռնուհին՝ Գոհարը հոն աշխատանքի անցած է որպէս աւագ գիտաշխատող։
Չարենցի ծննդեան 125-ամեակին առթիւ պիտի յիշեմ իր խօսքերը.
Ես եկել եմ դարերից ու գնում եմ յաղթական
Դէպի դարերը նորից՝ դէպի վառուող Ապագան:
1 comment
Yes. They are unforgettable memories for all of us. I have downloaded a part of it in my Facebook page (If you allow me). Thank you.
Varvara G. Gasparyan, Ed.D.