Սփիւռքի մէջ ալ մասնագէտ մանկավարժներ կան

Օրերուն հետ

Դոկտ. Մինաս Գոճայեան, Լոս Անճելըս, 31 Յուլիս 2020

Մօտիկէն եւ լրջօրէն կը հետեւիմ Հայաստանի լուսաւորութեան եւ կրթութեան նախարարութեան գործունէութեան: Ըսելիքներ ունիմ կարգ մը հարցերու մասին, որոնց ամփոփումը պիտի փորձեմ տալ մօտերս: Կը խօսուի կրօնքի դասանիւթի, Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցուոյ պատմութեան, գրականութեան դասաւանդման եւ մատուցման ոճերու եւ նոր մօտեցումներու մասին եւ կը կարդանք ու կը լսենք փոխադարձ դատապարտումներ, մեղադրանքներ, ժխտումներ, արդարացումներ եւ այլն:

Բարեբախտաբար այս քննարկումները տակաւին նախնական փուլի վրայ կը գտնուին եւ գործադրութեան չեն դրուած՝ Աստուծոյ բարի աչքի շնորհիւ, այլապէս մեր նոր սերունդները իրենց հայկական էութենէն պարպուած պիտի ըլլային տասնամեակ մը ետք, եթէ ըստ կողմի մը ներկայացման մեզի հասած լուրերը վաւերական ըլլան: Մշուշին մէջ կամաց կամաց կը յստականայ «մութ ուժերու եւ հովանաւորներու» կանխամտածուած եւ քաջալերուած խլուրդային աշխատանքներու ուրուագիծը:

Դասագիրք կազմելը, առարկաներ ծրագրաւորելը ազգային եւ պետական ՇԱՏ ԼՈՒՐՋ խնդիր է: Դպրոցն է, որ պիտի ստեղծէ վաղուան հայ քաղաքացին՝ մեր թոռնիկները: Կը տեսնեմ, թէ գիտցող-չգիտցող ձեռքով-ոտքով ինկեր է այս ծրագիրներուն մէջ, յարգելի են քանի մը բացառութիւնները, որոնք բանիմաց մարդիկ են: Նորամուծութիւն բերելը առողջ քայլ է, բայց արտառոցութեան պէտք չէ վերածուի «նոր մօտեցումներու» արշաւը: Այս խնդիրը ալեկոծած է հրապարակը. ասիկա հաճելի երեւոյթ մը չէ: Կը հարցնեմ՝ ինչպէ՞ս եւ ուրկէ՞ այսպէս պայթեցաւ հրապարակը…: Ինչո՞ւ այսպէս բորբոքուեցաւ խնդիր մը եւ սկսանք զիրար փնովել:

Կը կարծեմ թէ մեր նախարարութիւնը աշխատանքի այլ ոճ մը պէտք է ընտրէ այսուհետեւ, որպէսզի կիրքերը չբորբոքին եւ չվերածուին քաղաքական նպատակներու ծառայող հում նիւթի, ինչպէս կ’արտայայտուին պետական կարգ մը պաշտօնեաներ: Կը կարծեմ, թէ նման խնդիրներու եւ ծրագիրներու մէջ ՊԷՏՔ Է ԸՆԴԳՐԿԵԼ ՆԱԵՒ ՍՓԻՒՌՔԻ ՄԷՋ ԲԱՐՁՐ ՄԱԿԱՐԴԱԿԻ ՄԸ ՎՐԱՅ ՀԵՂԻՆԱԿՈՒԹԻՒՆ ԴԱՐՁԱԾ ՄԱՍՆԱԳԷՏՆԵՐ, որոնք հարուստ փորձ կուտակած են թէ՛ «արեւելեան», թէ՛ «արեւմտեան» եւ թէ՛ հայկական մանկավարժական աշխարհէն ներս: Մենք հարուստ փորձ ունինք այս ուղղութեամբ եւ փափաքելի պիտի ըլլար որ մենք նոյնպէս, գոնէ «խորհրդականի կարգով», մեր նպաստը բերէինք այս գործին: Հաւատացէք որ մեր պետութիւնը միայն կը շահի ասկէ: Մենք ո՛չ դրամ կ’ուզենք, ո՛չ ալ կ’ուզենք մեր հայրենակիցներու «հացին» պատճառ դառնալ: Քա՜ւ լիցի: Մենք ալ մարդ ենք եւ հայ, ուստի մենք ալ կրնանք կաթիլ մը զուլալ ջուր աւելցնել ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ծրագիրներուն աւազանին մէջ:

ԾԻՐԱՆԻ ԵՒ ՁՄԵՐՈՒԿԻ ՊԱՏԵՐԱԶՄ

«Սատկած կատուին վրայ դանակ չեն բարձրացներ…»: (Ժող. Առած)

Ազգին ծոցէն ծնած Զօրավար Անդրանիկ միշտ խորհուրդ կու տար, կը յորդորէր, նոյնիսկ կը հրահանգէր ձեռք չտալ կանանց, երեխաներուն, ծերերուն եւ անզէն քիւրտին ու թուրքին, «մեր թշնամին ասկեարն է» կ“ըսէր: Մեծ իմաստութիւն կայ այս խօսքին մէջ, որ կը բխէր իր ուժին վստահ հայ քաջամարտիկի ու զինուորականի դաստիարակութենէն ու հոգիէն: Այդպէս ըրին Խոճալուի դէպքերու ժամանակ հայ ազատամարտիկները, որոնց վեհանձն արարքը խեղաթիւրման փորձի ենթարկուեցաւ թուրքազերի պարտեալներու կողմէ:

Այս օրերուն, երբ մեր հերոս բանակայինները ոչ միայն կասեցուցին մեր ակամայ հարեւաններուն հերթական նախայարձակումները, թշնամիին մեծ ու փոքր բորենիները դիմեցին ամէնէն ստոր միջոցներու եւ երկրին առաջին խանումէն սկսելով կոչեր նետեցին հրապարակ, որպէսզի…ծիրանի պատերազմ մը սկսին Մոսկուայի մէջ՝ քրտինքով իրենց բերքը վաճարող հայերու վրայ: Սեւաչեայ խանումին կամ «տիւնեայ կէօզէլին» (աշխարհագեղեցկուհի) կոչին անսալով իր հմայյքէն տարուած ցեղակիցները յարձակեցան պատահական հայերու վրայ եւ խոշտանգեցին՝ չխնայելով տկար կանանց ու ծերերուն: Մահմետականներու սուրբ գիրքն անգամ կը դատապարտէ նման արարքները: Բայց այս գայլերու եւ բորենիներու վոհմակները ոչ մէկ սրբութիւն ճանչնալով ըրին ինչ որ կրնային…ռազմադաշտէն հեռու, Մոսկուայի մէջ: Ա՛յս է իրենց գազանաբարոյ բնազդը: Ասոնք չեն փոխուիր:

Բնականաբար այս բոլորէն վրդովուած ու խորապէս վիրաւորուած հայեր պիտի պատասխանէին թրքազերիավարի՝ «ակն ընդ ական, ատամն ընդ ատաման» կարգախօսին հետեւելով: Կ“ուզեմ  հաւատալ որ թշնամիին ներկայացուցիչները ստացան վրիժառու հայերու յղած պատգամը:

Բայց ես պիտի ուզէի որ մենք վեր մնայինք նման վրէժխնդրական ռազմավարութիւններէ եւ պատերազմը փոխադրէինք հանրային կարծիքի դաշտ, մտնէինք զանգուածային լրատուութեանց ցանցերէն ներս՝ Անդրանիկին վայել արարքներով:

Գիւղական կամ անգրագէտ «տէրտէրի» անողնաշար քարոզ չէ որ կը կարդամ, այլ Խրիմեան Հայրիկի եւ Գարեգին Վրդ. Յովսէփեանցի ու նմաններու ոգիով: Այս տարիներուն, երբ արար աշխարհը կախուած է իր բջջայիններէն ու համակարգիչներէն եւ մարդիկ գրեթէ ամէն վայրկեան կը  հետեւին զգայացունց լուրերու, հաւատացէք որ դիպուկ զէնք մըն է, որ կ“առաջարկեմ:

Օրինակ, ես պիտի ուզէի որ հայավարի մեր կեցուածքը ցոյց տայինք նաեւ հետեւեալ կերպ եւ փոխանակ ձմերուկները խեղճ ու կրակ թուրքազերիի գլխուն ջարդելու, մօտենայինք իրեն եւ ըսէինք. «Նայէ՛, ա՛յ զաւալլը Մեհմետ, ձերինները դանակ կը քաշեն ծիրան ծախող քու նման գիւղացիներու վրայ, կ“արգիլեն մեր ծիրանի վաճառքը, կ“անարգեն մեր անմեղ քաղաքացիները, բայց ահաւասիկ մենք եկեր ենք քեզմէ ձմերուկ գնելու, մեղք ես, հաւանաբար Մուղանի դաշտին մէջ ընտանիք պիտի ապրեցնես, տուն պիտի պահես…»: Պատկերացուցէք թէ ինչպիսի արձագանգ պիտի գտնէր մեր արարքը, եթէ նման տեսանիւթ մը տարածէինք առցանց մամուլէն մէջ:

Կը շեշտեմ, ես հլու-հնազանդ ու անկամ քրիստոնեայի սին քարոզ չեմ կարդար, այլ պատերազմի ու կռուի այլ որակ մը կ“առաջարկեմ: Հիմա ալ ուշ չէ մտնել ռուսական շուկայ, մօտենալ սեխ ու ձմերուկ վաճառող խեղճ ու կրակ գիւղացիին եւ արար աշխարհ ցոյց տալ պայքարի ու վրէժի ՄԵՐ ոճը:

Մի՛շտ յիշենք անզուգական Զօրավարի խօսքը՝ Անդրանիկի պատգամը, որ մեր թշնամին «ասկեարն» է եւ մենք պէտք եղած դասը կու տանք անոր աւելի՛ ուժգնութեամբ ու դիպուկ կերպով:

Leave a Reply

Comments containing inappropriate remarks, personal attacks and derogatory expressions will be discarded.

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You May Also Like
Read More

«Հայկական Փողոց»

Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան, Նիկոսիա, 23 Յունիս 2016  «Ուրբաթ Օրերը Աշխատանքը Կը Դանդաղի» Պուէնոս Այրես, Արժանթին: Մայիս 2016: Իջեւանած…
Read More